ՀԻՄՆԱԽՆԴԻՐՆԵՐՈՒ ՀԵՏՔԵՐՈՎ
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի բարձր նախագահութեամբ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ գումարուած Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի (ԳՀԽ) ժողովը երէկ հասաւ իր աւարտին։ Ընդլայնուած կազմով եռօրեայ նստաշրջանի առաջին փուլի աշխատանքներուն մասնակցած էր նաեւ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան՝ որպէս ատենապետ։ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան Տեղեկատուական համակարգը երէկ հրապարակեց մամլոյ հաղորդագրութիւն մը, ըստ որու՝ նիստերը վարելու հրաւիրուած էր Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան։
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Վարչատնտեսական բաժնի տնօրէն Տ. Մուշեղ Եպսկ. Պապայեան զեկուցում մը ներկայացուց մայրավանքի տարածքէն ներս ձեռնարկուած բարեկարգման ու շինարարական աշխատանքներու ընթացքին շուրջ։ ԳՀԽ-ի անդամները գոհունակութիւն յայտնեցին՝ կարեւորելով համայն հայութեան հոգեւոր կեդրոնի բարեզարդման ու պայծառութեան ուղղեալ ջանքերը։
Սփիւռքէ ներս ազգային ինքնութեան պահպանման հիմնախնդիրներուն մասին զեկուցեց՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Եկեղեցական-հայեցակարգային գրասենեակի տնօրէն Տ. Վազգէն Արք. Միրզախանեան։ Այս կապակցութեամբ ան անդրադարձաւ սփիւռքի համայնքներէն ներս ազգային ինքնութեան, հայեցի կրթութեան, հայոց լեզուի եւ մշակոյթի անաղարտ պահպանման մարտահրաւէրներուն՝ ներառեալ անոնց յաղթահարման ճանապարհին եկեղեցւոյ եւ սփիւռքի ազգային կառոյցներու դերակատարութիւնը։
Ընդգծելով Հայաստանի եւ սփիւռքի մէջ երիտասարդութեան ներգրաւմամբ համայնքներու ամրապնդման, կրթական նոր ծրագրերու մշակման եւ իրագործման, դպրոցներու եւ մշակութային կեդրոններու զարգացման անհրաժեշտութիւնը, ազգային ինքնութեան պահպանման ու հոգեւոր արժէքներու ամրապնդման հրամայականը՝ ԳՀԽ թելադրեց այս հարցին վերաբերեալ կատարել համակողմանի ուսումնասիրութիւն մը։
Հայաստանի առկայ մարտահրաւէրներուն եւ անոնց յաղթահարման ուղղեալ ջանքերուն, Արցախէն տեղահանուած հայերու իրաւունքներու պաշտպանութեան, Արցախի հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան դէմ Ատրպէյճանի ոտնձգութիւններուն եւ յուշարձաններու պաշտպանութեան առընչութեամբ զեկուցեց Արցախի թեմի առաջնորդ Տ. Վրթանէս Եպսկ. Աբրահամեան, որմէ վերջ արտայայտուեցան նաեւ դեսպան Արտակ Ապիտոնեան, Իրաւունքի եւ արդարութեան կեդրոն «Թաթոյեան» հիմնարկի տնօրէն Արման Թաթոյեան, Արցախի մարդու իրաւանց պաշտպան Գեղամ Ստեփանեան եւ Հայկական ճարտարապետութիւնը ուսումնասիրող հիմնադրամի փոխ-տնօրէն Ռաֆֆի Քորթոշեան։
ԳՀԽ-ի անդամները մտահոգութիւն յայտնեցին Հայաստանի անվտանգային եւ ներքին քաղաքական հիմնախնդիրներուն կապակցութեամբ։ Ժողովականները կարեւորեցին ազգային միասնութեան եւ համախմբման անհրաժեշտութիւնը՝ ի նպաստ Հայաստանի զօրացման եւ ինքնիշխանութեան պահպանման։
Ժողովականները հաստատեցին, որ ցարդ Ատրպէյճանի մէջ ապօրինաբար ի պահ դրուած գերիներու եւ պատանդներու վերադարձի, Արցախի հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան պահպանման, Արցախի տեղահանեալ հայերու իրաւունքներու պաշտպանութեան, Ատրպէյճանի գործողութիւններու դատապարտման հիմնախնդիրները պէտք է արծարծուած պահուին միջազգային օրակարգին վրայ՝ զուգահեռ աշխատանքներ տանելով համազգային միաբանութեան, ազգային ներուժի կեդրոնացման, Հայաստան-սփիւռք գործակցութեան պատշաճ կազմակերպման ուղղութեամբ։ ԳՀԽ վերահաստատեց իր յանձնառութիւնը՝ աջակցելու համար այն բոլոր նախաձեռնութիւններուն, որոնք ուղղուած են հայ ժողովուրդի իրաւունքներու պաշտպանութեան, ազգային ինքնութեան պահպանման եւ տարածաշրջանէն ներս խաղաղութեան հաստատման։
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Քրիստոնէական դաստիարակութեան կեդրոնի տնօրէն Տ. Զաքարիա Ծ. Վրդ. Բաղումեան ժողովականներուն ներկայացուց Կիրակնօրեայ դպրոցներու կրթական ծրագրի ճանապարհային քարտէսը, որու նպատակն է Կիրակնօրեայ դպրոցներու գործունէութեան համակարգումն ու մատաղ սերունդի հոգեւոր կրթութեան ու դաստիարակութեան արդիւնաւէտութեան բարձրացումը։ Այս զեկոյցի լոյսին տակ ԳՀԽ թելադրեց մշակել ու հաստատել միասնական կրթական ծրագրեր, որոնք կը համապատասխանեն ժամանակակից պահանջներուն եւ կը խթանեն երեխաներու հոգեւոր-բարոյական նկարագրի եւ գիտակցութեան կերտման, ազգային արժէքներու պահպանման։
ԳՀԽ քննարկեց նաեւ Եկեղեցական-ներկայացուցչական ժողովի (ԵՆԺ) գումարման հարցը։ Անդրադարձ կատարուեցաւ ժողովի նախապատրաստական աշխատանքներուն. ինչպէս՝ օրակարգի ձեւաւորում, պատգամաւորներու ընտրութիւն եւ կազմակերպչական հարցեր։ ԳՀԽ-ի նստաշրջանին քննարկման առարկայ դարձան նաեւ թեմերու գործունէութեան, եկեղեցւոյ կանոնական ու վարչական կեանքին վերաբերեալ այլ հարցեր։
Նստաշրջանը աւարտին հասաւ Վեհափառ Հայրապետի օրհնութեան խօսքով եւ աղօթքով։
ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՂՕԹՔ
Միւս կողմէ, Նորին Սրբութեան տնօրինութեամբ, այս կիրակի, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի, Հայաստանի եւ սփիւռքի թեմերու բոլոր եկեղեցիներուն մէջ, Ս. Պատարագի ընթացքին համահայկական աղօթք պիտի կատարուի՝ Ատրպէյճանի կողմէ առեւանգուած, գերեվարուած եւ Պաքուի մէջ շինծու մեղադրանքներով ապօրինաբար պահուող զինուորականներու, քաղաքացիներու եւ Արցախի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան ներկայացուցիչներուն համար։
Հարկ է նշել, որ Վեհափառ Հայրապետի կոչին ընդառաջ՝ Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդն ու Եւրոպայի եկեղեցիներու քոնֆերանսը յորդորած են իրենց անդամներուն ու բոլոր բարի կամքի տէր մարդոց՝ նոյեմբերի 10-ին միանալու Հայաստանի եւ Արցախի հայութեան ձօնուած աղօթքի օրուան։
Եկեղեցական
- 11/27/2024