ՊԱԼԱԹՈՒ ՄԷՋ Ս. ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ՏՕՆԻՆ ԱՌԹԻՒ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ
Պալաթի Ս. Հրեշտակապետաց եկեղեցւոյ մէջ, Ս. Վարդանանց տօնին առթիւ, երէկ արարողութիւններուն հանդիսապետեց Տ. Յարութիւն Վարդապետ Տամատեան, որ մատոյց Ս. Պատարագը եւ խօսեցաւ օրուան քարոզը։ Ս. Պատարագին ներկայ էին Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քահանայ Տամատեան, Տ. Ներսէս Քահանայ Այվազեան եւ Տ. Մելքոն Քահանայ Փընարճեան։
Արարողութեան ընթացքին կատարուեցաւ Հայրապետական մաղթանք, որու ընթացքին առ Աստուած աղօթք բարձրացուեցաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի անսասանութեան եւ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետի արեւշատութեան համար։ Պատարագիչ հայր սուրբը օրուան քարոզին մէջ անդրադարձաւ Վեհափառ Հայրապետի անուանակոչութեան տօնի նշանակութեան։
Ս. Պատարագի աւարտին, ատենապետ Արիս Տեմիրի կողմէ գլխաւորուած թաղային խորհուրդը սիրոյ սեղանով մը հիւրընկալեց հոգեւոր հայրերը։