ԳՈՒՄԳԱԲՈՒԻ ՄԷՋ ԵԶԱԿԻ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ

Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ երէկ տեղի ունեցաւ եզակի արարողութիւն մը։ Այսպէս Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արքեպսկ. Մաշալեան ստացաւ ծայրագոյն վարդապետութեան տասն աստիճանները։ Պարագաներու բերմամբ Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրը չէր կրցած Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ ծայրագոյն վարդապետի տասն աստիճանները ստանալ աւելի առաջ։

Մայր եկեղեցւոյ երէկուան հանդիսաւոր արարողութեան ընթացքին Նորին Ամենապատուութեան ծայրագոյն վարդապետի աստիճանները շնորհեց Կրետէի տեսուչ Տ. Եզնիկ Արքեպսկ. Պետրոսեան։ Խարտաւիլակն էր Տ. Արամ Արքեպսկ. Աթէշեան։

Արարողութեան մասնակցեցան նաեւ Պատրիարքական Աթոռի հոգեւորականաց դասու գրեթէ բոլոր անդամները՝ որոնք շնորհաւորեցին Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրը։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 9, 2024