ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԱՐՑԱԽԻ ԹԵՄԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԱՆԴԱՄՆԵՐԸ
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ շաբաթավերջին հիւրընկալեց Արցախի թեմական խորհուրդի անդամներն ու Թեմակալ առաջնորդ Տ. Վրթանէս Եպսկ. Աբրահամեանը։ Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Արցախի ժողովուրդի իրաւունքներու պաշտպանութեան, անոնց ընկերային կացութեան եւ բարոյահոգեբանական վիճակին առընչուած հարցեր։ Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ Եկեղեցւոյ կողմէ ձեռնարկուած աջակցութեան ծրագրերուն։
Վեհափառ Հայարապետը թեմակալ առաջնորդին ու թեմական խորհուրդի անդամներուն յորդորեց՝ շարունակել Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի համապատասխան կառոյցներու եւ սփիւռքի թեմերու հետ համագործակցութիւնը հնարաւոր բոլոր միջոցներով, որպէսզի միջազգային եւ միջեկեղեցական կառոյցներուն առջեւ բարձրաձայնուին Արցախի ժողովուրդի իրաւունքներու պահապանման, Արցախի հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան պահպանման հիմնախնդիրները։