ԱՂԹԱՄԱՐԻ ՄԷՋ ՏԱՐԵԿԱՆ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ. «ԿԵԱՆՔԸ ԱՆՄԱՀ Է, ԻՍԿ ՄԱՐԴԻԿ ՄԱՀԿԱՆԱՑՈՒ ԵՆ»
Երէկ, Վանայ լիճի Աղթամար կղզիի պատմական Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ տարեկան Ս. Պատարագը։ Վերանորոգութենէ վերջ այժմ թանգարանի վերածուած այս եկեղեցին հայկական ճարտարապետական ժառանգութեան միջնադարեան գլուխգործոցներէն մին կը համարուի։ Ուստի, դէպի Վան տարեկան ուխտագնացութիւնները միշտ արտասովոր հոգեւոր հրճուանքի առիթ կը դառնան թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան շաբաթավերջին գլխաւորեց դէպի Վան տարեկան ուխտագնացութիւնը։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը այս առթիւ քաղաքավարական այցելութիւն մը տուաւ Վանի կուսակալ Օզան Պալճըին։ Նորին Ամենապատուութիւնը ուխտի այց մըն ալ տուաւ պատմական Վարագայ վանքը, որ նոյնպէս Վանի շրջանի եզակի սրբավայրերէն եւ ճարտարապետական գլուխգործոցներէն մին եղած է։ Երէկուան Ս. Պատարագէն առաջ, շաբաթ երեկոյեան Վանի մէջ հոգեւոր հայրերն ու ուխտաւորները համախմբուեցան սիրոյ սեղանի մը շուրջ, որու հիւրընկալն էր Կէտիկփաշայի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Մանուկ Գալայճը։
Երէկ առաւօտ, շաբաթավերջի ուխտագնացութեան հոգեւոր հրճուանքը գագաթնակէտին հասաւ, երբ Վանայ լիճի պատմական Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ հերթական Ս. Պատարագը մատուցուեցաւ՝ ըստ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ ծէսին ու վարդապետութեան։ Նորին Ամենապատուութիւնը նախագահեց Ս. Պատարագին, զոր մատոյց Պատրիարքարանի լուսարարապետ Տ. Տրդատ Աւ. Քհնյ. Ուզունեան։ Ներկայ էին նաեւ Տ. Գասպար Աբեղայ Կարապետեան եւ Տ. Գէորգ Աւ. Քհնյ. Չընարեան, որ սպասարկեց Ս. Սեղանին։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Կէտիկփաշայի եկեղեցւոյ Զուարթնոց դպրաց դաս-երգչախումբին կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Ատրուշան Սրկ. Հալաճեանի եւ երգեհոնահարութեամբ Արտէն Զէյֆիեանի։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին Հրաչեայ Սրկ. Սուրէնեան, Սարվէն Սրկ. Պըչաքճեան եւ այլ կիսասարկաւագներ եւ դպիրներ։
Բոլոր ուխտաւորները հոգեւոր անբացատրելի ապրումներով հետեւեցան Ս. Պատարագին, որու ընթացքին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը տուաւ օրուան պատգամը։ Մասնաւորապէս արտասահմանէն փութացած ուխտաւորներուն տեսակէտէ մթնոլորտը բացառիկ էր եւ անոնցմէ շատեր ստացան Ս. Հաղորդութիւն։ Նորին Ամենապատուութիւնը քարոզին մէջ ըսաւ. «Կեանքը անմահ է, սակայն, մարդիկ մահկանացու են։ Այս պատճառով կարեւոր է մտածել անցեալ կեանքի եւ մնացեալ օրերու ու զանոնք արժեւորելու մասին։ Մնացեալ կեանքի եւ ապագայի մասին մտածելու համար սքանչելի շարժառիթ մըն է Աղթամարի Ս. Խաչ տաճարը։ Հազար տարի առաջ մարդիկ ապրեցան, սակայն, իրենց ետին թողեցին այս տաճարը։ Այս տաճարը մեզի կ՚ըսէ. «Անցաւոր ուխտաւոր ես դուն ալ, դուն ալ բան մը ըրէ։ Դաս առ զիս կառուցողներէն»։ Աստուածաշունչի կարեւոր հերոսները ճամբորդներ են։ Ամէն ճամբորդ երթալու հասցէ մը ունի։ Ամէն քրիստոնեայի համար այդ հասցէն խաչն է, որ մկրտութեան ատեն դրոշմուեցաւ մեր մարմնին վրայ ու մեր շիրիմներուն վրայ ալ կը դրուի խաչի նշանը»։
Յաւարտ Ս. Պատարագի կատարուեցաւ հոգեհանգստեան կարգ։ Մասնաւորապէս յիշատակուեցան այս պատմական եկեղեցւոյ կառուցման բարերար Գագիկ Արծրունի արքան, տաճարի ճարտարապետ Մանուէլ Վարդապետը եւ Աղթամարի մէջ գահակալած Ամենայն Հայոց կաթողիկոսները։
Հուսկ, եկեղեցականաց թափօրը դուրս եկաւ տաճարէն, որու բակին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր անդաստան՝ միշտ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր հանդիսապետութեամբ։ Նորին Ամենապատուութեան վերջին աղօթքով արձակուեցան բոլորը եւ կրօնական արարողութիւններու աւարտին Վանայ լիճի ափին սարքուած բացօթեայ սիրոյ սեղանին շուրջ ալ ստեղծուեցաւ բարձր տրամադրութիւն։
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը երէկ երեկոյեան վերադարձաւ քաղաքս։