ԿԻՒՄՐԻԻ ՄԷՋ ՎԵՐԱՕԾՈՒՄ
Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ Շիրակի թեմէն ներս շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ շատ յատկանշական իրադարձութիւն մը, որ հոգեւոր հրճուանքի առիթ հանդիսացաւ։ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի հանդիսապետութեամբ վերաօծուեցաւ ու պաշտամունքի վերաբացուեցաւ Կիւմրիի Սուրբ Ամենափրկիչ եկեղեցին, որ քաղաքի ամենայատկանշական կառոյցներէն մին է։ 1988 թուականի մեծ երկրաշարժին վնասուած այս եկեղեցւոյ վերանորոգութեան աշխատանքները սկսած էին 1999 թուականին։ Երկարատեւ գործընթացը ի վերջոյ եզրափակուեցաւ եւ շաբաթ՝ երկրաշարժի 36-րդ տարելիցին այս եկեղեցին վերաբացուեցաւ պաշտամունքի։ Հաւատացեալներու երկրպագութեան համար այս առթիւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնէն Կիւմրի տարուած էր Փրկչի խաչափայտի մասունքը, ինչ որ յաւելեալ խորք մը տուաւ արարողութեան։
Վեհափառ Հայրապետի հանդիսապետութեամբ կատարուած օծումէն ու պաշտամունքի վերաբացումէն վերջ, Շիրակի թեմակալ առաջնորդ Տ. Միքայէլ Արք. Աջապահեան մատուցեց անդրանիկ Ս. Պատարագը։
«Սիրելիներ, որքան անսասան պահենք ու ամուր պահենք մեր հաւատքը, այնքան զօրութիւն պիտի ունենանք միասնաբար մեր կեանքի նեղութիւնները յաղթահարելու, հեռու վանելու քինախնդրութիւնը, վախն ու խարդավանքը եւ մեզ պատած վշտերու ու կորուստներու խաւարի մէջ արշալոյս բանալու։ Վերականգնուած Սուրբ Ամենափրկիչ տաճարը այս իրողութեան հոյակերտ վկան ու ապացոյցն է», ըսաւ Նորին Սրբութիւնը պատգամին մէջ։
Արարողութեան ընթացքին տեղի ունեցաւ նաեւ պարգեւաբաշխութիւն, որու ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը գնահատեց այն բոլոր անձնաւորութիւնները, որոնք իրենց նպաստը բերած էին այս սրբավայրի վերականգնման ու պաշտամունքի վերաբացման։
Մինչ այդ, յաւարտ անդրանիկ Ս. Պատարագի, Վեհափառ Հայրապետի նախագահութեամբ կատարուեցաւ հոգեհանգստեան կարգ՝ ի յիշատակ 1988 թուականի մեծ երկրաշարժի անմեղ զոհերուն։