Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը 110-րդ Տարեդարձի Սեմին (1906-2016)

Հայ­կա­կան բա­րե­գոր­ծա­կան ընդ­հա­նուր միու­թիւ­նը (ՀԲԸՄ) 110 տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին ան­շա­հախն­դիր նուի­րու­մով ծա­ռա­յեց հայ ժո­ղո­վուր­դի գե­րա­գոյն շա­հե­րու պահ­պան­ման ու մայր հայ­րե­նի­քի բար­գա­ւաճ­ման հա­մար: Ներ­կայ ժա­մա­նակ­նե­րու դժուա­րին պայ­ման­նե­րու-­պահանջք­նե­րու ճնշու­մին տակ կը յու­սանք, որ մեր ազ­նուա­սիրտ ժո­ղո­վուր­դը իր ան­վե­րա­պահ նե­ցուկ­-օ­ժան­դա­կու­թիւ­նը չզլա­նայ մեր մեծ Միու­թեան՝ որ­պէս­զի ան կա­րե­նայ դի­մագ­րա­ւել գա­լիք բո­լոր մար­տահ­րա­ւէր­նե­րը, ինք­նավս­տա­հօ­րէն շա­րու­նա­կէ ծա­ռա­յել մեր ժո­ղո­վուր­դին, ի մաս­նա­ւո­րի ե­րի­տա­սար­դու­թեան հզօ­րաց­ման՝ դա­րեր շա­րու­նակ:

«ՀԲԸՄ-ը վա­ղան­ցիկ կա­ռոյց մը չէ, պայ­մա­նա­ւո­րուած ան­ձե­րով կամ հա­տուա­ծա­յին տե­սա­կէտ­նե­րով. ա­նի­կա ա­ւե­լի վսեմ մարմ­նա­ցումն է ազ­գա­յին գե­րա­գոյն ծա­ռա­յութեանբ զտուած, բիւ­րե­ղա­ցած-սահ­մա­նուած գո­յա­տե­ւե­լու»։

­Տե­ղին է յի­շել, թէ նա­խա­գահ Պերճ Սեդ­րա­կեան խո­հուն ի­մաս­տու­թեամբ, ճար­տա­րօ­րէն կը շա­րու­նա­կէ՝ նա­խա­գահ­ներ Պօ­ղոս Նու­պա­րի, Ա­լեք Մա­նու­կեա­-նի սրբա­զան ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը:

ՀԲԸՄ-ի հիմ­նադ­րու­թեան նպա­տակն էր «հայ ժո­ղո­վուր­դի, մաս­նա­ւո­րա­բար ա­րեւմ­տա­հա­յու­թեան կա­րիք­նե­րուն բա­ւա­րա­րու­մը, Հա­յաս­տա­նի ա­զա­տագ­րու­մը տի­րա­պե­տու­թե­նէն:» Նախա­գահ Սեդ­րա­կեան «Դար մը Պատ­մու­թիւն ՀԲԸ Միու­թեան» գիր­քի նա­խա­բա­նին մէջ կ՚ը­սէ հե­տե­ւեա­լը. «Միու­թեան կա­նո­նա­գի­րը կը նա­խա­տե­սէր ստեղ­ծու­մը ան­ձեռնմ­խե­լի դրա­մա-գըլու­խի մը կազ­մուած ստոյգ նպա­տա­կի հա­մար կա­տա­րուած նուի­րա­տուու­թիւն­նե­րէ, ո­րոնց վրայ պի­տի ա­ւել­նա­յին ան­դա­մավ­ճար­ներ, այլ մուտ­քեր»։

­Նա­խա­գահ Պերճ Սեդ­րա­կեան ար­դա­րա­ցիօ­րէն կը շեշ­տէ, թէ ար­տա­սահ­մա­նի մէջ կազ­մա­կեր­պու­թեան մը յա­ջո­ղու­թիւ­նը, բար­գա­ւա­ճու­մը կ՚ա­պա­հո­վուի իր նիւ­թա­կա­նով, ան­դամ­նե­րով։ Ան­դամ­ներն են, ո­րոնք կ՚ար­ժե­ւո­րեն, կ՚ի­մաս­տա­ւո­րեն միու­թեան մը գո­յու­թեան ի­մաս­տը: ՀԲԸՄ-ի կա­նո­նա­գի­րի յօ­դուած III-ը կը վե­րա­բե­րի ան­դա­մակ­ցու­թեան, որ հիմ­նա­կան-կա­րե­ւո­րա­գոյն ա­ռա­ջին ե­րեք հա­տ-ւած­նե­րէն մէկն է: Ա­ռա­ջի­նը՝ ըլ­լա­լով Միու­թեան ա­նու­նը, երկ­րոր­դը՝ Նպա­տա­կը, իսկ եր­րոր­դը՝ Ան­դա­մակ­ցու­թիւ­նը: Այս­տեղ անհ­րա­ճեշտ է ի մտի ու­նե­նալ այն ա­սա­ցուած­քը, թէ «Ա­ռանց զի­նուո­րի՝ բա­նակ կա­րե­լի չէ ու­նե­նալ:»

Ի մի­ջի այ­լոց հարկ է շեշ­տել, թէ յետ Ե­ղեռ­նի «ա­րեւմ­տա­հա­յու­թիւն» կը նշա­նա­կէ ար­տա­սահ­ման, որ կը պար­փա­կէ այ­սօրուան ան­կախ Հա­յաս­տա­նէն դուրս գտնուող գա­ղութ­նե­րը՝ նե­րա­ռեալ Ռու­սաս­տա­նը:

Ներ­կայ պայ­ման­նե­րով, հայ­րե­նի կա­ռա­վա­րու­թեան պար­տա­ւո­րու­թիւնն է ա­պա­հո­վել հայ­րե­նի ժո­ղո­վուր­դի բար­գա­ւա­ճումն ու գո­յա­տե­ւու­մը: ՀԲԸՄ-ի, Հայ Ե­կե­ղեց­ւոյ,  ազ­գա­յին կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րուն ա­ռաջ­նա­հերթ պար­տա­ւո­րու­թիւնն է ար­տա­սահ­մա­նի մէջ ա­պա­հո­վել ազ­գա­պահ­պա­նու­մը իր ե­կե­ղե­ցի­նե­րով, դպրոց­նե­րով, մշա­կու­թա­յին, ըն­կե­րա­յին ձեռ­նարկ­նե­րով, ինչ­պէս նաեւ մար­զա­կան, սկաու­տա­կան -ե­րի­տա­սար­դա­կան ար­դիա­կան գոր­ծու­նէու­թիւն­նե­րով: Քա­ղա­քա­կիրթ եր­կիր­ներ մի­լիառ­ներ կը ծախ­սեն վե­րո­յի­շեալ գոր­ծու­նէու­թիւն­նե­րով դաս­տիա­րա­կե­լու հա­մար նոր սե­րունդ­նե­րը: Անհ­րա­ժեշտ է, որ մենք ալ մի­ջա­կու­թե­նէ բարձ­րա­նանք, որ­պէս­զի ար­դիա­կան մի­ջոց­նե­րով եւ գոր­ծե­լա­կեր­պով կա­րե­նանք դաս­տիա­րա­կել, խան­դա­վա­ռել եւ հրա­պու­րել մեր նոր սե­րունդ­նե­րը՝ պահ­պա­նե­լու հա­մար մեր մշա­կու­թա­յին հա­րուստ ժա­ռան­գու­թիւ­նը, կեր­տե­լով ա­նոնց մէջ ազ­գա­յին ինք­նու­թեան հպարտ գի­տակ­ցու­թիւ­նը:

Նա­խա­գահ Սեդ­րա­կեան կը յայ­տա­րա­րէ հե­տե­ւեա­լը. «Անհ­ը-րա­ժեշտ է որ ու­սում­նա­սի­րուին նպա­տա­կաս­լաց ծրա­գիր­ներ եւ գոր­ծադ­րուին բարձ­րո­րակ յայ­տա­գիր­ներ, ո­րոնք կ՚ամ­րապն­դեն կա­պը՝ օ­տար երկ­նա­կա­մար­նե­րու տակ հա­սակ նե­տող սե­րունդ­նե­րուն եւ ա­նոնց հայ­րե­նաբ­նակ սերն­դա­կից հա­րա­զատ­նե­րուն մի­ջեւ, ինչ­պէս ՀԲԸ­Մ-ի հայ­կա­կան հա­մա­ցան­ցա­յին հա­մալ­սա­րա­նը, աս­պա­րէ­զա­յին մի­ջազ­գա­յին ծրա­գիր­նե­րը եւ այլն:

Հայ­րե­նի­քը՝ իբր ան­կախ պե­տա­կա­նու­թիւն, պէտք է գործ­նա­կա­նա­պէս զօ­րա­վիգ կանգ­նի ար­տա­սահ­մա­նի իր հայ­րե­նա­կից­նե­րուն, ե­թէ կ՚ակն­կա­լէ, որ գա­լիք սե­րունդ­ներն ալ օ­ժան­դա­կեն հայ­րե­նի­քի բար­գա­ւաճ­ման:

Ինչ­պէս ծա­նօթ է բո­լո­րիս, ՀԲԸՄ-ի հիմ­նուած է 1906-ին ար­տա­սահ­մա­նի մէջ, Ե­գիպ­տոս: Իր ա­ռաջ­նա­հերթ պար­տա­ւո­րու­թիւ­նը ե­ղած է ծա­ռա­յել ար­տա­սահ­մա­նի գա­ղութ­նե­րուն՝ որ­պէս­զի գա­ղութ­ներն ալ ի­րենց կար­գին, մեր Միու­թեան նման, կա­րե­լի ե­ղած չա­փով օգ­տա­կար դառ­նան հայ­րե­նի ժո­ղո­վուր­դին եւ օ­ժան­դա­կեն հայ­րե­նի­քի բար­գա­ւաճ­ման՝ քան­զի զօ­րա­ւոր ար­տա­սահ­մա­նը գրա­ւա­կանն է հայ­րե­նի­քի հզօ­րաց­ման:

Պատ­մու­թեան առ­ջեւ պա­տաս­խա­նա­տու պի­տի ըլ­լանք, ե­թէ ան­տե­սենք ար­տա­սահ­մա­նի կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը: Նաեւ կա­րե­լի չէ մոռ­նալ ար­տա­սահ­ման ապ­րող նոր սե­րունդ­նե­րը, ե­թէ կը սի­րենք եւ կ՚ու­զենք օգ­տա­կար ըլ­լալ մայր հայ­րե­նի­քի բար­գա­ւաճ­ման:

Ար­տա­սահ­մա­նի ա­ւան­դա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րը անհ­րա­ժեշտ է որ զօ­րա­նան, վասն­զի անգ­նա­հա­տե­լի են ա­նոնց ծա­ռա­յու­թիւն­նե­րը մեր ժո­ղո­վուր­դին: Ա­նոնք, դար մը ամ­բողջ ան­սա­կարկ նուի­րու­մով կեն­սու­նակ պա­հե­ցին մեր գա­ղութ­նե­րը ու հայ­րե­նա­սի­րու­թեամբ ներշն­չե­ցին մեր բո­լո­րը: Ո­րե­ւէ ա­ւան­դա­կան կազ­մա­կեր­պու­թեան տկա­րա­ցու­մը խո­րա­պէս ցաւ պէտք է պատ­ճա­ռէ բո­լո­րիս:

Մե­ծա­պէս փա­փա­քե­լի եւ քա­ջա­լե­րիչ է տես­նել ար­տա­սահ­մա­նի ազ­նուա­կան եւ ազ­գա­սէր բա­րե­րար­ներ ու մե­ծա­հա­րուստ­ներ՝ ի­րենց բա­րո­յա­կան ու նիւ­թա­կան օ­ժան­դա­կու­թիւն­նե­րով զօ­րաց­նեն ազ­գա­յին կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րը, որ­պէս­զի ա­նոնք ալ ի­րենց կար­գին կա­րե­նան յա­ջո­ղու­թեամբ նա­ւար­կել ու­ծա­ցու­մի փո­թոր­կա­լի ով­կիա­նո­սին մէջ:

Կ՚ու­զենք շեշ­տել, թէ ՀԲԸՄ-ը կը պատ­կա­նի հա­յու­թեան՝ անխ­տիր: Հիմ­նա­դիր նա­խա­գահ Պօ­ղոս Նու­պար Փա­շա կը յայ­տա­րա­րէ հե­տե­ւեա­լը. «Հայ­կա­կան բա­րե­գոր­ծա­կան ընդ­հա­նուր միու­թիւ­նը իր զօ­րու­թիւ­նը կ՚ո­րո­նէ մեր ազ­գին բո­լոր տար­րե­րու միա­ցու­մին մէջ, ա­ռանց կրօ­նա­կան կամ կու­սակ­ցա­կան խտի­րի…»։

­Յար­գար­ժան նա­խա­գահ Պրն. Պերճ Սեդ­րա­կեան, այժմ ժա­մա­նակն է, որ ՀԲԸՄ-ը Հա­յաս­տա­նի մէջ ու­նե­նայ իր մաս­նա­ճիւ­ղե­րը՝ կի­րար­կե­լով Միու­թեան ծրա­գիր-կա­նո­նա­գի­րը, որ­դեգ­րե­լով միու­թեանս գոր­ծե­լա­կեր­պը եւ յայտ­նա­բե­րե­լով հայ­րե­նաբ­նակ բա­րե­րար­ներ, որ­պէս­զի ա­նոնք ալ ի­րենց կար­գին նպաս­տեն հայ­րե­նի­քի մար­դա­սի­րա­կան ծրա­գիր­նե­րուն: Թե­լադ­րե­լի է հայ­րե­նի մաս­նա­ճիւ­ղե­րէն եւս ու­նե­նալ ազ­գա-նըւէր ու ար­ժա­նա­ւոր ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ Կեդ­րո­նա­կան վար­չու­թեան մէջ: Այս գա­ղա­փա­րին գոր­ծադ­րու­թիւ­նը ձեր նա­խա­գա­հու­թեան շրջա­նին՝ պատ­մա­կան կա­րե­ւոր ի­րա­գոր­ծում մը պի­տի նկա­տուի ՀԲԸՄ-ի 110-րդ տա­րե­դար­ձին ա­ռի­թով:

ԵՆՈՎՔ ՊԱԼԻԿԵԱՆ

ԵՆՈՎՔ ՊԱԼԻԿԵԱՆ

Երեքշաբթի, Մարտ 1, 2016