ՀԱԿԱՊԱՏԿԵՐ ՔԱՆԴԱԿԸ

Կեանքի մէջ կան անհամար բեւեռներ, հակասութիւններ. ինչպէս՝ գիշեր ու ցերեկ, տաք ու պաղ, թաց ու չոր, սպիտակ ու սեւ… Այս հակասութիւնները նաեւ կեանքի շարունակութեան անհրաժեշտ տարրերն են։ Կան նաեւ հակասութիւններ, որոնք տեղի կ՚ունենան մարդկային նախասիրութիւններու հետ կապուած. լաւ կամ վատ, դժուար կամ դիւրին… Մարդ ինքն է, որ կը նախընտրէ բարին կամ չարը։ 

Հայտարապատի, Հնդկաստան, Սալար Ժունկ թանգարանի երկրորդ յարկը կայ թաքուն մնացած հետաքրքրաշարժ փայտէ քանդակ մը… Մարդ մը կանգնած է ամբարտաւանօրէն եւ կը դիտէ գտնուած սենեակը։ Անոր ետեւի հայելիին կը ցոլանայ համեստ կին մը՝ գլուխը քիչ մը խոնարհած։ Այս բարձրարուեստ արձանը քանդակուած է փայտի կոճղի վրայ եւ որուն առանձնայատկութիւնը երեւելի կը դառնայ միայն հայելիի մը առջեւ դրուած ժամանակ։ Ի՜նչ երեւակայական թռիչք… Այս անհաւատալի արձանի երկու կերպարները, որոնք 19-րդ դարուն անյայտ ֆրանսացի նկարիչի մը կողմէ ստեղծագործուած են, կ՚ենթադրուի՝ որպէս մարդկութեան «երկբեւեռ» բնոյթի համադրումը։

Գրականութեան սիրահարներ անմիջապէս կը հասկնան, թէ ինչ կը ներկայացնեն այս հակապատկեր կերպարները։ Հմայիչ «զոյգը» ակնյայտօրէն Կէօթէի «Ֆաուստ» գիրքի գլխաւոր հերոսներն են. Մեֆիսթոֆելես եւ Մարկարեթթա։ Մէկ կողմը՝ երկար պեխերով ու սատանայական քմծիծաղով յստակ Մեֆիսթոֆելեսն է (աւելի յայտնի է որպէս սատանայ), իսկ միւս կողմը՝ հայելի ցոլացմամբ՝ սատանային նայելէ հրաժարող Կրեթչըն։ 1808 թուականին լոյս տեսած «Ֆաուստ»ը բարիի եւ չարի պայքարի մասին է։ 

Ֆասուստը իր կեանքի գնով համաձայնութիւն կը կնքէ սատանային հետ, որպէսզի անվերջ գիտելիք ունենայ եւ վայելէ կեանքի բոլոր քմահաճութիւնները։ Երբ ան սիրահարուեցաւ Կրեթչընի, որ յայտնի է որպէս Մարկարեթթա, իր կնքած համաձայնութիւնը կ՚ունենայ սարսափելի հետեւանքներ։ Սա ողբերգական դասական հեքիաթ մըն է, քանի որ Ֆաուստ սատանային կը հետեւի իր անձնական նկրտումները յագեցնելու համար, բայց շատ ուշ կը մնայ հասկնալու համար իր գործած սխալները։ 

«ՖԱՈՒՍՏԻ ՄԱՍԻՆ»

Եոհան Վոլֆկանկ ֆոն Կէօթէի «Ֆաուստ»ը անփոխարինելի տեղ ունի համաշխարհային դասական գրականութեան մէջ։ «Ֆաուստ» կը համարուի Կէօթէի բոլոր աշխատութիւններու համադրումը։ Հեղինակը այս վէպը գրի առած է շատ երիտասարդ տարիքին, իսկ աւելի վերջ, երբ ան «հասունցած» է, կրկին աչքէ անցուցած ու վերադասաւորած է գիրքի վերջնական ձեւը։ 

«Ֆաուստ»ը, որ հետքեր կը պարունակէ Կէօթէի ներաշխարհի եւ կեանքի մասին, կը պատմէ մարդկութիւնը խորհրդանշող Ֆաուստի եւ սատանայի միջեւ պայքարը։ Կէօթէ 18 տարեկան հասակին՝ «Ուրֆաուստ» անունանելով գրելու սկսած գիրքը աւարտած է 80 տարեկանին՝ զայն վերանուանելով «Ֆաուստ»։ Ան իր այս ստեղծագործութեան պատմութիւնը կերտելու ճանապարհին ներշնչուած է հին պատմութենէ մը։ Սատանայի հետ համաձայնութիւն կնքող մարդկութեան նիւթը նախորդ դարերու բազմաթիւ պատմութիւններու առարկայ դարձած է։ 

Կէօթէէն առաջ ալ բազում հեղինակներու ստեղծագործութեան նիւթ դարձած «Ֆաուստ»ը «Տոքթոր Ֆաուստուս» անունով նախապէս օգտագործուած է անգլիացի գրող Քրիստոֆըր Մարլոուի (1564-1593) կողմէ։ Հակառակ, որ այս երկու հեղինակներու գիրքերու նիւթերը գրեթէ նոյն են, իրադարձութիւններու զարգացումն ու աւարտը բացայայտօրէն տարբեր են։ Մարլոու, Ֆաուստը կը պատկերացնէ՝ որպէս սատանայի հետ կնքած համաձայնութեան հետեւանքով պարտուած կողմ։ Բայց եւ այնպէս, Կէօթէն Ֆաուստի կերպարը ձեւակերպած է որպէս այն անձնաւորութիւնը, որ չի պարտուիր սատանայ Մեֆիսթոֆելեսի։ 

Ֆաուստ շատ յաջող մարդ մըն է, որ դժգոհ է իր կեանքէն։ Ան իր ամբողջ կեանքը նուիրած է փիլիսոփայութեան, բժշկութեան, բնագիտութեան ուսումնասիրման եւ երկրի գաղտնիքները բացայայտելու նպատակով «մսխած» է իր երիտասարդական տարիները։ Ան վերանայելով իր կեանքի ամբողջ տեւողութեան, կ՚անդրադառնայ այն ցնցիչ իրողութեան, թէ ան չէ կրցած ապրիլ իր փափաքած կեանքը։ Պատահական չէ, որ ան ունի աշխարհի զանազան կողմերէն բազում աշակերտներ։ Բայց եւ այնպէս, Ֆաուստ միշտ տխուր է։ Ան կը գիտակցի, թէ իր գիտելիքները ովկիանոսի մը միայն մէկ կաթիլը կը կազմեն եւ բնութեան մէջ տակաւին ջուրի երես հանուելիք անհուն գաղտնիքներ կան։ Անոր ձգտումները մեծ են. մարդոց համար որոնել գեղեցիկն ու կատարեալը, նաեւ կառուցել դրախտը երկրի վրայ։ Ան Մեֆիստոֆելեսի հետ կը կնքէ իր կեանքի գնով համաձայնագիր մը, որով իրեն պիտի շնորհուին անսահման գիտելիքներ եւ աշխարհիկ հաճոյքներ, վայելքներ։ Ան կը սիրահարուի Մարկարեթթա անունով աղջկայ մը, որու հետ ան ամուսնութենէ դուրս երեխայ մը կ՚ունենայ։ Ամոթահարուած Մարկարեթթան խեղդամահ կ՚ընէ իր զաւակը եւ կը բանտարկուի։ Ֆաուստ կը փորձէ անոր օգնել, որպէսզի փախչի բանտէն, բայց Մարկարեթթան կը մերժէ այդ առաջարկը։ Ֆաուստ իր բարի գործերու շնորհիւ կը բարձրանայ երկինք, ուր կը միանայ Մարկարեթթային։

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Երկուշաբթի, Մարտ 1, 2021