ՅՈՒՍԱԴՐԻՉ ՍԿԶԲՆԱՔԱՅԼ

Ե­րե­ւա­նի ա­ռա­ջին մի­ջազ­գա­յին օ­փե­րա­յի փա­ռա­տօ­նը եզ­րա­փա­կուե­ցաւ ե­րէկ ե­րե­կո­յեան։ Ան­ցեալ շաբ­թուան երկ­րորդ կէ­սին այս նա­խա­ձեռ­նու­թիւ­նը ար­ժա­նա­ցաւ ե­րաժշ­տա­սէր­նե­րու ան­մի­ջա­կան հե­տաքրք­րու­թեան։ Հայ մե­ծա­նուն թե­նոր Գե­ղամ Գրի­գո­րեա­նի յի­շա­տա­կին ձօ­նուած ծրագ­րին մաս­նակ­ցու­թիւն բե­րին մի­ջազ­գա­յին բազ­մա­թիւ ծա­նօթ ա­րուես­տա­գէտ­ներ։ Փա­ռա­տօ­նը կեան­քի կո­չուե­ցաւ Հա­յաս­տա­նի Ա­ռա­ջին տի­կին Ռի­թա Սարգ­սեա­նի հո­վա­նա­ւո­րու­թեան ներ­քեւ։

Ի­րե­րա­յա­ջորդ ձեռ­նարկ­նե­րու շար­քին վառ պա­հե­րէն մին էր Գե­ղամ Գրի­գո­րեա­նի դըս-տեր՝ Յաս­միկ Գրի­գո­րեա­նի մաս­նակ­ցու­թիւ­նը։ Ան մեկ­նա­բա­նեց «Ա­նուշ» օ­փե­րա­յէն հատուած մը, ինչ որ արժանացաւ ջերմ ծա­փա­հարութիւններու։

Երկուշաբթի, Մայիս 1, 2017