ՓԱՓԱԶԵԱՆ. ՄԵԾ ՊՈԼՍԱՀԱՅԸ

Յոբելեանները առիթ կ՚ըլլան վերյիշելու մշակոյթի, գիտութեան մեր մեծերը, որոնց անունները մեր ժողովուրդին պատմութեան լուսապսակներն են: Այդ անուններէն է Վահրամ Փափազեան, որուն ծննդեան 130 եւ մահուան 50-ամեակները կը լրանան այս տարի: Մեծ պոլսահայը՝ հայ թատրոնին պարծանքը, մեր բեմին փառքը, Շէյքսփիրը հայացուցած արուեստագէտը… Այսպիսի կոչումներ եւ գնահատականներ ստացած է Վահրամ Փափազեան իր կեանքի օրերուն, իր մահէն ետք եւ իր բեմական ու գրական գործունէութեամբ այսօր կը շարունակէ մնալ հայ թատրոնին փառապանծ պատմութիւնը կերտողներէն մին: Ան, բացի տաղանդաւոր դերասան մը ըլլալէ, նաեւ տաղանդաւոր գրող մըն էր: Հեղինակած է բազում գիրքեր, որոնք հիմնականօրէն յուշագրութիւններ են, հրաշալի գրական ժանր մը, որուն միջոցաւ արուեստագէտը պատմած է իր ծննդավայրին, խաղացած դերերուն, Խորհրդային Հայաստանի մէջ յայտնուելուն մանրամասնութիւնները: Մինչեւ իր կեանքին վերջաւորութիւնը Փափազեան գրած է, եւ այդ գրութիւնները լոյս տեսած են հատորներու մէջ, որոնք այսօր կը զարդարեն հայ մեծերուն յուշագրութեան շարքը:

Փափազեան իր մահկանացուն կնքած է 1968 թուականին՝ Սեն Փեթերսպուրկ, երբ Երեւանի մէջ կը պատրաստուէին մեծ շուքով տօնել անոր 80-ամեակը: Պոլիսէն դեգերելով բազում քաղաքներու մէջ, երկար տարիներ ապրելով նաեւ Հայաստան, ան իր կեանքին վերջին տարիներուն բնակութիւն հաստատած էր Սեն Փեթերսպուրկ: Առանձնատան մէջ, ուր կը բնակէր, արդէն իսկ վատառողջ դերասանին այցելութեան գացած էր գրականագէտ Ռուբէն Զարեան: Յետագային Վահրամ Փափազեանին դուստրը՝ Մարիա Փափազեան, այդ հանդիպումին մասին գրած է.

«Մեզի համար դժուար այդ օրերուն, ինչպէս միշտ, հաւատարիմ մեր երկարամեայ բարեկամութեան, մեզի հիւր եկաւ Ռուբէն Վարոսովիչ Զարեանը: Ան կենդանութեան շունչ հաղորդեց մեր տան: Հայրիկը աշխուժացաւ, սկսաւ մեծ հետաքրքրութեամբ հարցեր տալ բոլոր նորութիւններուն մասին եւ ուշադիր լսեց Ռուբէնին: Ան կարծես մոռցած էր իր հիւանդութիւնը, ուրախ էր ու սրամիտ, կը խօսէր ծրագիրներուն մասին, եւ երբ Ռուբէն Վարոսովիչ անսպասելիօրէն հիւանդացաւ, հայրիկը կշտամբեց զայն՝ հիւսիսի նկատմամբ թեթեւամիտ վերաբերմունքին համար, անհանգստանալով անոր առողջութենէն: Բժիշկին, որ յաճախ կ՚այցելէր հայրիկին, անընդհատ կը կրկնէր՝ «Ո՛չ, ո՛չ Լիւտմիլա Պաւլովնա, առաջին հերթին իմ թանկագին ընկերը քննեցէք, ես արդէն առողջ եմ, իսկ ահա ան Երեւանէն եկած է թեթեւ անձրեւանոցով՝ տղայական թեթեւամտութիւն…»: Հայրիկը կը պատրաստուէր մեկնիլ յոբելեանի եւ, բաժնուելով Ռուբէնէն, պայմանաւորուեցաւ մօտալուտ հանդիպումի համար: Ատիկա կամքի դրսեւորման անոր վերջին ճիգն էր»:

Մարիա Փափազեան իր հօր մասին գրած է ուրիշ թանկագին յուշեր ալ, որոնք Փափազեանի մահէն տասը տարի ետք՝ 1978 թուականին, լոյս տեսան «Յուշերու թեւերով» գիրքով:

2004 թուականին Վահրամ Փափազեանի արխիւը՝ կազմուած լուսանկարներէ, նամակներէ, անոր խաղացած ներկայացումներու ազդագրերէ, կենսագրական եւ այլ փաստաթուղթերէ, ձեռագիր գրութիւններէ, Սեն Փեթերսպուրկէն բերուեցաւ Երեւան եւ յանձնուեցաւ Հայաստանի Պետական արխիւ՝ դառնալով Հայաստանի Հանրապետութեան սեփականութիւնը: Այդ արխիւին մէջ էր նաեւ անոր դստեր արխիւը:

Հետաքրքրական ուղի մըն է Փափազեանի դեգերումներուն ուղին՝ Պոլիսէն մինչեւ Սեն Փեթերսպուրկ: Իսկ Խորհրդային Հայաստանի մէջ ան յայտնուած է բազում վայրերու մէջ աշխատելէ ետք:

Ծնած է Պոլիս՝ 1888 թուականին, միջին խաւի պատկանող ընտանիքի մը մէջ։ Անոր հայրը՝ Գամերը, որ այդ ժամանակ եղած է հեռագրատան պաշտօնեայ, ունեցած է որդիին ուսումը ապահովելու հնարաւորութիւն: Յիշատակութիւն մը կայ Պոլիս լոյս տեսնող անգլերէն «Լեվանտ հերըլտ» թերթէն՝ նուիրուած Էսաեան վարժարանի աւարտական երեկոյին: Երեկոյին «մեխը» նկատելով Վահրամը, յօդուածագիրը խորհուրդ կու տայ «ամբողջութեամբ նուիրուիլ թատերական արուեստին, որուն համար ան ոչ միայն տուեալներ ունի, այլ կոչուած է անոր համար»: Փափազեան ուսանած է Սաքըզաղաճի ու Մոտայի Մխիթարեան վարժարաններուն, Վենետիկի Մուրատ-Ռափայէլեան վարժարանին, ապա՝ Միլանոյի Գեղարուեստական ակադեմիոյ մէջ:

Վենետիկի մէջ ան ուսանած է երկու տարի (1905-1907 թուականներու միջեւ) եւ Մխիթարեանները, զգալով անոր թատերական ջիղը, զօրացուցին միտքը, ճաշակն ու գեղարուեստի սէրը, ատկէ ետք է, որ Փափազեան յայտնուած է Միլանոյի Գեղարուեստական ակադեմիոյ մէջ։ Ուսումնառութեան ժամանակ (1908-1911 թուականներու միջեւ), ամրան ամիսներուն, ան ուսումնական ծրագրին համընթաց հաղորդակցած է իտալական թատրոնի ծանօթ դերասաններուն հետ, ներգրաւուած է անոնց խումբերուն մէջ: Մինչ այդ Փափազեան, թեթեւ յարաբերութիւններ ունեցած է կովկասահայ թատրոնին հետ։ 1907 թուականին ան յայտնուած է Փարիզ եւ Շիրվանզատէի ու Աբէլեանի խորհուրդներով մեկնած է Պաքու։

Վերադառնալով Իտալիա՝ Փափազեան կէս տարի շրջագայած է իտալական թատերախումբի մը հետ։ Այդ ժամանակէն սկսած է անոր դերասանական կեանքը։ Երիտասարդ դերասանը յայտնուած է ծննդավայր Պոլսոյ մէջ այն ժամանակ, երբ երկրին մէջ սահմանադրութիւն հռչակուած էր։ Ուրիշ արգելքներու հետ վերացած էր նաեւ ներկայացումներ տալու արգելքը։ Եւ Վահրամ Փափազեան հանդէս եկած է Օթելլոյի դերով։ Օթելլոյին յաջորդած են «Սանդուխտ կոյսը» ապա հատուածներ «Սիդ», «Արծուիկ» թատրերգութիւններէն։ Ելոյթներ ունեցած է հայրենի քաղաքին մէջ, յետոյ ներկայացումներ Ռոտոսթոյի մէջ, իսկ յետոյ՝ Աթէնք, Ճենովա՝ իտալական թատերախումբերու հետ: Կրկին վերադարձած եւ խաղացած է ծննդավայր Պոլսոյ մէջ, ապա մեկնած է Սոֆիա, պուլկարական ուրիշ քաղաքներ, Զմիւռնիա: Հիւրախաղերու աւարտին Փափազեան կրկին Պոլիս վերադարձած է, ուր «Հայ տրամաթիք»ի թատերախումբով շրջած է Թրակիա, Մակեդոնիա, Ալպանիա եւ այլուր։

1913 թուականին ան ստացած է իր կեանքի կարեւոր հրաւէրներէն մին՝ Թիֆլիզի Հայ տրամաթիքական ընկերութենէն։ «Հայ տրամաթիք ընկերութեան» գործունէութիւնը Պոլսոյ մէջ ան անհեռանկար համարած է, լքած է հայրենի քաղաքը եւ համոզուած, որ այդպէսով կը փրկէ իր դերասանական ապագան։ Պոլիսէն Թիֆլիզ փոխադրուելով, ան ըստ էութեան, բոլորեց իր դերասանական կեանքին առաջին շրջանը:

1913-1922 թուականները կարելի է նկատել Փափազեանի դերասանական կեանքին երկրորդ շրջանը։

1920 թուականին Փափազեան վերջին անգամ կը յայտնուի իր ծննդավայրին մէջ եւ այնուհետեւ կը մեկնի Խորհրդային Հայաստան։ Այստեղ՝ Երեւանի նորաստեղծ պետական թատրոնին մէջ անոր առջեւ կը բացուին դռները, եւ ան մէկը միւսին ետեւէն կը կերտէ դերեր: Հակառակ անոր, որ ընդունելութիւնը շատ բուռն էր, բայց դերասանը յաջորդ տարուընէ հանդէս կու գայ Թիֆլիզի եւ Պաքուի հայկական թատրոններուն մէջ: Մանաւանդ Թիֆլիզի մէջ անոր գործունէութիւնը արդիւնաւէտ կ՚ըլլայ, եւ ան կը գլխաւորէ հայկական թատրոնը:

Իբրեւ Շէյքսփիրի «Օթելլօ»ի հանրա-րահռչակ դերակատար, Օթելլոյի դերով ան փայլեցաւ 1928 թուականին՝ Մոսկուայի Մեծ թատրոնին մէջ՝ Փոքր թատրոնի դերասաններու խաղընկերութեամբ, ապա 1932 թուականին Փարիզի մէջ՝ Ատելիյէ թատրոնի դերասաններու խաղընկերութեամբ։ Այս ժամանակաշրջանը Փափազեանին եւ անոր կերտած Օթելլոյին ամենէն փառաւոր ժամանակն էր։

1932-1954 թուականներուն բնակութիւն հաստատելով Սեն Փեթերսպուրկի մէջ, Փափազեան իր նշանաւոր կերպարներով, եւ աւելի յաճախ՝ Օթելլոյով, շրջած է Խորհրդային Միութեան տարածքը: Երկրորդ Աշխարհամարտին ան գտնուած է պաշարուած Սեն Փեթերսպուրկ՝ հանդէս բերելով կամքի մեծ ուժ: Կրցած է դաժան պատերազմի  իրողութիւնը յաղթահարելով՝ ելոյթներ ունենալ զինուորներուն համար:

Բազմաթիւ դերերով Վահրամ Փափազեան տակաւին քանի մը տարի շրջագայեցաւ Անդրկովկասի, ապա եւ Խորհրդային Միութեան մեծաթիւ քաղաքներուն մէջ՝ ամէնուրեք գտնելով իր արուեստը գնահատող հանդիսատես։ Վերջապէս, 1954 թուականին դերասանը գտաւ իր հանգրուանը Երեւանի մէջ, Սունդուկեանի անուան թատրոնէն ներս։ Այդ ժամանակ ան կրճատեց շրջագայութիւններուն տեւողութիւնը եւ շառաւիղը, իր թատերաբեմը միայն Անդրկովկասը դարձնելով։ Իբրեւ Սունդուկեանի անուան թատրոնի դերասան Փափազեան մասնակցեցաւ հայկական արուեստի 1956 թուականի մոսկովեան տասնօրեակին եւ արժանացաւ Սովետական Միութեան Ժողովրդական արուեստագէտի կոչումին։ Ան նկարահանուած է նաեւ շարժանկարներու մէջ՝ իր անունը դրոշմելով ոչ միայն հայկական, այլ նաեւ ողջ խորհրդային արուեստին մէջ: Փափազեան յուղարկաւորուած է Երեւանի Կոմիտասի անուան հայ մեծերու պանթէոնին մէջ: Անոր շիրիմը ուխտատեղի է՝ թատերական գործիչներու, թատրոնի սիրահարներու եւ մեծն Փափազեանի արուեստը գնահատողներուն համար։

ԱՅԴ ԶԱՐՄԱՆԱԼԻ ՀԱՅԸ

Մարտիրոս Սարեան իր յիշողութիւններուն մէջ, զանազան առիթներով տուած հարցազրոյցներուն ընթացքին, թերթերուն ու ամսագիրներուն պատուիրած յօդուածներուն մէջ, ելոյթներուն ընթացքին բազմիցս խօսած է իր ժամանակի մեծերուն մասին: Իր հեղինակած «Արուեստի մասին» գիրքին մէջ Սարեան յիշած է նաեւ մեծն Փափազեանը.

Երբ կ՚ըսեն դերասանական մեծ արուեստ, ես անմիջապէս կը պատկերացնեմ Փափազեանը: Աւելին, անոր անունով կ՚ամփոփուի թատրոն հասկացողութիւնը՝ նախապատմական շրջանէն մինչեւ մեր օրերու իր բովանդակութեամբ: Նախ եւ առաջ Շէյքսփիր, ու մեծ մասամբ՝ Շէյքսփիր: Ու պատահական չէ, որ այդ զարմանալի հայը, այդ զարմանալի մարդը, կենդանութեան օրօք արդէն լեկենտ դարձած է: Չեմ տեսած մէկը, որուն դէմքը Վահրամ Փափազեանի մասին խօսելու պահուն չստանայ նախ խորհրդաւոր, ապա հպարտութեան, սիրոյ եւ հրճուանքի արտայայտութիւն:

Փափազեան ծնունդով այն երջանիկ մահկանացուներէն է, որուն ազգը բաժին հանած է իր հանճարին ամենէն առողջ սերմը: Պոլիս ձեւաւորուած է ան, Ադամեանին, Դուրեանին, Պարոնեանին, Վարուժանին, Զօհրապին, Սիամանթոյին եւ միւսներուն Պոլսոյ մէջ: Ինքն ալ այժմ անոնցմէ մէկն է՝ վերջինը, եւ մասունքի պէս պաշտելի է մեր ժողովուրդին համար…

Վահրամը առաջին անգամ տեսած եմ 1920-ական թուականներուն սկիզբը, Սունդուկեանի թատրոնին բեմին վրայ: Առաջին հանդիպումէն ան զիս հիացուցած է իր արհեստավարժութեամբ: Արհեստը չէ, արհեստավարժութիւնը, այն մեծ բանը, որ շատ քիչեր կը յաջողին ձեռք ձգել: Այդ տեսակէտէն ո՞վ կրնայ մրցիլ անոր հետ: Գոնէ իմ տեսած արուեստագէտներէն ոչ մէկը: Փափազեան սորված է ոչ միայն իր սքանչելի դերասան-ուսուցիչներէն, բոլոր ժամանակներու դասական գրողներէն, այլ վրձինի ու բրիչի հանճարեղ վարպետներէն: Ասիկա յայտնութեան նման բան մըն է: Փափազեանի՝ նոյնիսկ ամենէն մոլեգին շարժման իւրաքանչիւր ակնթարթին մէջ սուր աչքը կարելի է նկատել հելլէն քանդակագործութեան աւարտուն, հաշուարկուած նրբագեղ շարժունութիւնը: Իսկ անոր ստեղծած կերպարներուն հոգեկան իւրաքանչիւր աննշմարելի զեղման մէջ դժուար չէ տեսնել Ռէօնէսանսի վարպետներուն կերտած կերպարներուն խոր մարդկայնութեան ու անխորտակելի հզօրութեան ցոլացումը:

Եւ այդ բոլորը Փափազեանի արուեստին մէջ կը դրսեւորուի հայեացքի մը ապրումով, ռոսլինեան ու տրդատեան աշխարհայեացքով…

Շէյքսփիրը մեզի համար երբեք չէ եղած սոսկ մշակութային երեւոյթ: Մեր ժողովուրդը ուղղակի որդեգրած է զայն, որովհետեւ ի դէմս անոր անմահ երկերուն, գտած է կենաց ու մահուան պայքարով, կործանարար փոթորիկներով, ճակատագրական բախումներով լի իր կենսագրութիւնը արտացոլացնելու միջոց մը եւս: Որդեգրած է, որովհետեւ անոր գործերը նոյնպէս հնարաւորութիւն տուած են արտայայտելու իր սրբազան գաղափարները, անմահանալու յամառ ձգտումը, նոյնիսկ ամենէն դաժան պայմաններու մէջ մաքուր եւ ազնիւ մնալու իր ապշեցուցիչ կարողութիւնը: Փափազեան եղաւ մեր ժողովուրդին այն հանճարեղ զաւակը, որ փոխարինեց Ադամեանը եւ աշխարհի բեմերուն վրայ բարձրացուց հայկական Շէյքսփիրը՝ ազգային ու համամարդկային: Եղաւ այն մարդը, որ Շէյքսփիրը դարձուց իր ժողովուրդին պատմութեան ու հոգիին հայելին՝ այսպիսով անգլիացիներուն ու աշխարհի բոլոր քաղաքակիրթ ժողովուրդներուն ցոյց տալով գրողին բոլորովին ինքնատիպ մեկնութիւնը: Ես կը կարծեմ, թէ 1924 թուականին գծած դիմանկարիս մէջ բացայայտած եմ այդ մարդուն արտաքին ու ներքին արժանիքները:

ՀԱՏՈՒԱԾ ՅՈՒՇԱԳՐՈՒԹԵՆԷՆ

… Եւ երջանիկ օր մը, երբ ես կը թափառէի ամուսնական մղձավանջէն հալածուած եւ իմ անդրանիկ Տեզտեմոնայի անհետացումէն յուսահատ, միտքիս մէջ ձեւակերպելով մօտակայ մեկնումս կրկին Եւրոպա, զիս կեցուց Արուսեակ Դարպասեանը՝ իր պատկառելի մօրը ընկերակցութեամբ, Բերայի գլխաւոր պողոտայի բազմամարդ անկիւնը: Էսաեան վարժարանի՝ իմ աշակերտութեան շրջանէն յետոյ չէի հանդիպած Արուսեակին: Գեղեցիկ ու փարթամ աղջիկ մը եղած էր եւ իր հօրը եղեռական մահէն ետք ուսուցչուհիի պաշտօն կը վարէր քաղաքի ազգային վարժարաններէն մէկուն մէջ:

Լսած էր իմ Տեզտեմոնային անհետացումը եւ ժպիտով առաջարկեց իր մասնակցութիւնը. մայրը ձայնակցեցաւ աղջկան, եւ ես այդ անտարբեր բազմութեան մէջ, այդ փողոցին անկիւնը, նայեցայ Արուսեակին աչքերուն, ինչպէս երբեք չէի նայած, եւ իմ այդ հոգեկան շփոթութեանս մէջէն տեսայ Արուսեակը… ինչպէս երբեք չէի տեսած: Ինչե՜ր կը մեռնին մէկ վայրկեանի մէջ… եւ ինչե՜ր կը ծնին: Եւ այդ նայուածքին մէջ, հոգիիս մէջ ծնաւ այն անդիմադրելի, վտանգաւոր եւ անգնահատելի հոգեվիճակը, որուն հետ կը ծանօթանայի առաջին անգամ կեանքիս մէջ եւ որ այդ աղմկոտ փողոցին մէջ բռնեց կոկորդէս ու տիրապետեց զիս՝ այնպիսի տիրակալութեամբ, որ բռնեցի Արուսեակին ձեռքէն եւ տարի զայն… կամ ան զիս տարաւ, եթէ կ՚ուզես ընթերցող, ուղիղ… մի վախնար ընթերցող, փորձատեղի: Իսկ մայրը ապշած ու քարացած մնաց փողոցին անկիւնը:

Փորձերը կենդանացան. ներկայացումները բոցավառեցան. տակաւին ո՛չ մէկ Օթելլօ այդքան սիրած էր իր Տեզտեմոնան: Վերջապէս եղաւ օր մը, երբ ես սարսափով զգացի, որ մինակ չէի նոյնիսկ այնտեղ, ուր արթիստը միշտ մինակ պէտք է ըլլայ, եթէ արթիստ է բեմին վրայ ստեղծագործելու պահուն. եւ իմ Օթելլոն սկսաւ խանդել իր Տեզտեմոնային... իմ նկատմամբ...

Հանդիսատեսը, որուն ամենատես աչքէն չէ վրիպած եւ որմէ անկարելի է ոչինչ թաք-ցնել, տեսաւ կատարուածը, սիրեց եւ այդ ներկայացման քնքուշ ու սիրազեղ տեսարաններուն իր անօրինակ ոգեւորութեամբ մասնակցեցաւ մեր հոգեկան երանութեան՝ մակագրեց այդ մուրհակին տակ, որուն վրայ մենք՝ երկուքս կ՚ուզէինք մեր կեանքը դնել...

Կեանքը, սակայն, այլ ուղիներ գծած էր երկուքիս համար...

Միակ խաղաղ նաւահանգիստը, ուր կարող էի հանդիպիլ Արուսին՝ մեծ հօրս տունն էր: Ան շատ սիրեց Արուսը: Լեզուանի, առինքնող աղջնակ էր Արուսեակը եւ մարդիկը գրաւելու գաղտնիք մը ունէր: Եւ ան գրաւեց մեծ հայրս. Ծերունին կը նստեցնէր զայն իր ծունկերուն, իր մանուշակին մէջ կը փաթթէր եւ կ՚ըսէր, որ Արուսեակը շէյթանի փետուր ունի իր վրան։ Մեծահարուստ տունէն հարսնցու ընտրելու ծրագրէն հրաժարած էր եւ կ՚ուզէր օրհնել մեզ: Բայց մայրերը ուրիշ ծրագիր կը մշակէին իրենց միտքին մէջ, եւ պատահեցաւ ինչ որ պէտք է պատահէր: Օր մը մեր մայրերը հանդիպում ունեցան... որմէ ետք, Արուսեակին մայրը, օգտուելով իմ բացակայութենէն, գիշեր մը նաւ նստեցաւ իր աղջկան հետ եւ փախցուց իմ Տեզտեմոնան... Պուլկարիա՝ հեռաւոր ազգականուհիի մը մօտ:

Իմ սիրելի, բարի, հանճարեղ ընկերուհիս: Աշխարհի մէջ չեն ապրած երկու սիրտեր այնքան իրարու մօտ, որքան մեր սիրտերը, եւ երբեք երկու աստղեր տարբեր ուղիներով չեն սլացած, ինչպէս մեր աստղերը... եւ վերջին ճանապարհն ալ առանց ինծի գացիր (մահացար), ինչպէս առաջինը՝ դէպի Պուլկարիա: Ինչո՞ւ այդպէս շուտ եւ այդքան հապճեպ, քիչ մըն ալ սպասէիր, գոնէ այդ ճանապարհը միասին երթայինք. գուցէ, այդպիսով, այսքան քարերու մէջ քար մը կը գտնուէր երկուքիս համար, ի՛մ Արուսեակ:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեքշաբթի, Մայիս 1, 2018