ԱՄԵՆԱՎՏԱՆԳԱՒՈՐ ՃԱՆԱՊԱՐՀԸ
Երբեք վախցա՞ծ էք որեւէ ճանապարհէ։ Հաւանաբար գիշերը առանձին քալած էք ճանապարհով մը, որ չափազանց մեկուսի կամ չափազանց վտանգաւոր է: Այդ պահուն կը խորհիք, թէ ձեր կեանքը վտանգի տակ է: Անհանգստացած ու վախցած էք: Այս վայրը, թերեւս, կրնայ ըլլալ քաղաքի մարդաշատ թաղը։ Այս պարագային դուք կը վախնաք ժողովուրդէն, այլ ո՛չ թէ անորոշութենէ։ Կ՚անհանգստանաք ու վտանգի տակ կը զգաք:
Ձեր քալած ուղին գուցէ կամաւոր չէիք ընտրած: Այլընտրանք մը կար։ Սա բնական է, այլընտրանքները շատ են։ Այնքան ճանապարհ կայ, թէ ամենաանվտանգը ընտրելը հմտութիւն մըն է: Հիմա գիտակցաբար ու պատրաստակամօրէն կը մտնենք ճանապարհ մը. քայլելու համար չէ, այլ՝ մտածելու։
Ներկայ դարուն աշխարհի մեծամասնութեան ընտրած ճանապարհը սխալ հաղորդակցութիւնն է։ Երբ մարդը անցնի այս ճանապարհէն, հազուադէպ չէ, որ ան վերադառնայ եւ ուրիշ ճամբայ մը նախընտրէ: Երբ մենք հաղորդակցութիւնը կը սահմանափակենք, կը վտանգենք մեր կեանքը, մարդկային կեանքը եւ ընդհանրապէս մարդկութիւնը: Մինչ աշխարհի բազմաթիւ երկիրներ կը մտածեն սահմանները փակելու մասին, այդ երկիրներու քաղաքացիները թշնամիներ կը փնտռեն։ Մեր ընտրած ճանապարհը կրնայ այլ անուանումներ ունենալ. ինչպէս՝ օտարացում, սխալ հաղորդակցութիւն, թշնամանք, ատելութիւն, մերժում, եսամոլութիւն, խայտառակութիւն, յիմարութիւն…
Սահմանափակուիլը, պատեր կառուցելը եւ մերժումը մեզ միայն զոհ կը դարձնէ: Իսկ միւս կողմէ, լաւը միշտ կը միաւորէ: Մենք սա կրնանք տեսնել մեր սիրած ամէն ինչի մէջ: Մենք կ՚ուզենք ըլլալ մեր սիրածներուն հետ։ Հաղորդակցութենէն հրաժարիլը կը նշանակէ անտեսել պատկերի բովանդակութիւնը եւ ժխտել զայն: Այս ճանապարհով քալելը մեզ կը տանի դէպի «ես»ի մոլորութեան։ Սա ամենավտանգաւոր ճանապարհն է։ Ի՞նչ կ՚ակնկալէք ամենավտանգաւոր ճանապարհէն. մահը՞, կործանումը՞ կամ վախը՞…
Մարդը, որու հիմքը հաղորդակցութիւնն է, կ՚անհետանայ չհաղորդակցելու ճանապարհին վրայ։ Աշխարհի վրայ բազմաթիւ են զիրար մերժող երկիրներ եւ ամէն օր կը յառաջանան քաղաքական պառակտումներ, որոնց կը գումարուին նորերը։ Անոնք, որոնք կը հաւաքուին, կը մէկտեղուին, յաճախ դրդուած են հասարակաց թշնամիի մը կողմէ: Երբ զանոնք միաւորող ուժը թշնամութիւնն է, ապա հաստատուած միութիւնները կը լուծարուին իրենց մէջ։
Մեր հասակ առած վայրը, աշխատած միջավայրը, դաստիարակութիւնն ու կրթութիւնը, մեր համոզումները, մեր տարբերութիւնները, մեր արժէքները հիմնական տարրերն են, որոնք կ՚ազդեն հաղորդակցութեան վրայ: Բացի զարգացող փորձագիտութենէն, հաղորդակցութիւններու անջատման պատճառներէն են նաեւ ինքնավստահութեան եւ վստահութեան խնդիրները։ Հաղորդակցութեան վրայ ազդող հիմնական տարրն է վստահութեան զգացումը, ինչ որ կը սկսի ընտանիքէն եւ կը ձեւաւորուի ծնողներու վերաբերմունքով։ Առողջ հաղորդակցութեան համար շատ կարեւոր է անհատներու միջեւ հաստատուած վստահութիւնը։
Շարունակաբար փոփոխուող աշխարհի մէջ շատ մը բաներ փոխարինուած են նորարարութիւններով: Ներկայիս մարդիկ բաւարար կը համարեն զիրար լսել եւ տեսնել համացանցի միջոցով՝ դէմ առ դէմ հանդիպելու փոխարէն: Բոլորս կը շտապենք, միշտ աւելի լաւը ձեռք բերելու համար մրցավազքի մէջ ենք։ Երբ երեկոյեան հաւաքուինք ընթրիքի սեղանի շուրջ, ոչ ոք կը խօսի, բոլորիս սեղանակից է բջիջային հեռաձայն մը։ Մեր մեծերէն միշտ կը լսենք, որ հին տօները աւելի խանդավառ էին։ Նախապէս տօները ընտանիքներու համախմբան պատճառ էին, բոլորը անհամբեր կը սպասէին տարուան այդ օրերուն, որպէսզի երկար ու հաճելի ժամանակ ունենային իրարու հետ: Հիմա տօները կը նշանակեն արձակուրդ։ Մարդիկ սկսան նախընտրել ու աւելի արժէքաւոր համարել իրենք իրենց ժամանակ յատկացնելը: Փողոցները մարդիկ անհանդուրժող են. նայեցէք մարդոց երեսներուն, գրեթէ բոլորը դժգոհ ու խոժոռ են։ Նոյնիսկ մօտաւոր անցեալին փողոցները ժպտացող ու զիրար ողջունող մարդիկ կային, հիմա բոլորը օտար են իրարու։
Ներքին հաղորդակցութիւնը, զոր մենք կը հաստատենք մենք մեզի հետ՝ կապուած է մեր սեփական կեանքի փորձառութեան հետ: Հետեւաբար, պէտք է հանդուրժելու կարողութիւն ունենալ, որպէսզի բազմաթիւ տարբեր յատկանիշներով, գիտելիքներով, սեռական եւ մշակութային ինքնութեամբ մարդիկ կարողանան շփուիլ իրարու հետ եւ հասկնան զիրար։ Բոլորս պէտք ունինք ընթանալու ճիշդ ճանապարհով, որ կ՚անցնի հաղորդակցութենէն, շփումէն, հանդուրժողութենէն ու հասկացողութենէն։
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ