ՀԱՅԵՐԷՆ ԱՌԱՋԻՆ ՏՊԱԳԻՐ ԲԱՌԱՐԱՆԸ՝ 325 ՏԱՐԵԿԱՆ
Լրացաւ հայագէտ, բառարանագիր եւ հրատարակիչ Երեմիա Մեղրեցիի «Բառգիրք հայոց» բառարանի 325-ամեակը: Երեք դար առաջ Իտալիոյ Լիվոռնօ քաղաքին մէջ տպագրուած այս գիրքը հայերէն առաջին տպագիր ընդարձակ բառարանն է, որ մեզի հասած է բազմաթիւ ձեռագրերով, սակայն ձեռագրերէն միայն մէկուն հիմքի վրայ հրատարակուած է տպագիր օրինակը:
Թէոդիկի «Տիպ ու տառ»ի եւ աւելի հնագոյն աղբիւրներու մէջ իտալական Լիվոռնօ քաղաքը կը յիշատակուի նաեւ Ալիկոռնա եւ Լիպուռնի անուններով, ուր հայերը տպագրութեան նշանակալի պատմութիւն կերտած են: Անվիճելի է, որ տակաւին 1698 թուականին իրադարձութիւն էր հայերէն բառարանի մը հրատարակութիւնը, որ եղած է իր ժամանակի միակ տպագիր բացատրական բառարանը, ունեցած է լայն գործածութիւն եւ նկատուած է նաեւ ուսումնական նիւթերուն կից յանձնարարելի գիրք մը: Բառարանը գործածուած է յետագայ դարերու կարգ մը հայ եւ օտար բառարանագիրներու կողմէ: Հայոց լեզուի, լեզուաբանութեան պատմութեան, հին ձեռագիր եւ տպագիր բառարաններու հետ կապուած բազմաթիւ հարցերու ուսումնասիրութեան տեսակէտէ «Բառգիրք հայոց»ը այսօր ալ կարեւոր աղբիւր մըն է եւ պահած է իր նշանակութիւնը:
344 էջէ եւ շուրջ 8500 բառայօդուածէ կազմուած բառարանին մէջ առկայ է յիշատակարան մը, ինչպէս նաեւ բնակավայրերու անուններու բացատրական բառացանկ մը՝ «Աշխարհացոյց» խորագրով: Յիշատակարանին մէջ բառարանագիրը կը նկարագրէ իր կատարած աշխատանքին ընթացքը, կը գրէ, որ բառարանը տպագրուած է Ամսթերտամէն Իտալիոյ Ալիկոռնա քաղաք փոխադրուած «Սուրբ Էջմիածին եւ Սուրբ Սարգիս զօրավար» անունը կրող հայկական տպարանին մէջ: Տպաքանակը յայտնի չէ, սակայն ստոյգ է, որ բառարանը մեծ պահանջարկ ունեցած է, եւ զայն գրեթէ անփոփոխ կերպով վերահրատարակուած է Պոլսոյ մէջ՝ 1728 թուականին:
Երեմիա Մեղրեցիի (Երեմիա Վարդապետ) ծննդեան եւ մահուան թուականները անյայտ են: Հայագէտը եղած է Էջմիածնի միաբանութեան անդամ, ունեցած է բառարան գրելու փորձ, եւ մինչեւ առաջին բառարանի հրատարակութիւնը կազմած է Աստուածաշունչի ընդարձակ, ամբողջական բացատրական բառարանը (համաբարբառ), որ ձեռագիր վիճակի մէջ կը պահուի Մաշտոցեան Մատենադարանին մէջ: Ըլլալով նաեւ հրատարակիչ, Երեմիա Մեղրեցին նոյն թուականին՝ 1698-ին հրատարակած է «Աղուէսագիրք»ը:
Ծանօթ է, որ աշխարհի մէջ բառարանագրութիւնը սկզբնաւորուած է նախքան Քրիստոս Գ. հազարամեակին՝ Հին Արեւելքի խոշոր մշակութային կեդրոններէն մէկուն՝ Միջագետքի մէջ, շումերներու կողմէ:
Ոսկեդարուն (Ե. դարուն)՝ հայոց գիրերու գիւտէն ետք, երբ ծաղկում կ՚ապրէր հայ գրականութիւնը, ոչ մէկ հայկական բառարանագիտական աշխատանք գոյութիւն ունէր։ Բառարաններու նմանող ցանկեր կը կազմուէին թարգմանական գործերուն մէջ: Յայտնի է, որ գրերու գիւտէն ետք առաջինը հայերէնի թարգմանուած է Աստուածաշունչը, որու թարգմանութեան ընթացքին եբրայերէն, յունարէն, ասորերէն եւ այլ լեզուներու պատկանող օտար բառեր կը բացատրուէին տեղւոյն վրայ՝ նոյն բառի կողքին:
Եւ միայն Զ.-Ժ. դարերուն յայտնուեցան իմաստասիրական, բնախօսական եւ այլ բառեր՝ իրենց բացատրութիւններով։ Այդ ժամանակուընէ մնացած է հայատառ յունարէն բառացանկ մը եւ լատին-հայերէն բառացանկ մը՝ հայերէն բառերու նաեւ լատինատառ գրութեամբ, որոնցմէ ոչ մէկը այբբենացուած է։
ԺԱ.-ԺԶ. դարերուն կը սկսի զարգանալ հայ բառարանագիտութիւնը: Մինչեւ Երեմիա Մեղրեցիի տպագիր բառարանը, գոյութիւն ունեցած են ձեռագիր բառարաններ. օրինակ՝ Արիստակէս Գրիչի ուղղագրական բառարանը, որ գրուած է ԺԲ. դարուն:
Հայ բառարանագրութիւնը հարուստ պատմութիւն ունեցած է, քանի որ մեր պատմիչները, շարադրելով հայերու եւ օտարներու պատմութիւնը, յաճախ գործածած են օտար բառեր եւ իրենց պատմութիւններուն կից ջանացած են տալ այդ բառերուն բացատրութիւնները: Հին ձեռագիր մատեաններու մէջ յաճախ լուսանցքները գործածուած են՝ օտար բառերը բացատրելու համար:
ԺԷ.-Ի. դարերուն մատենակից բառարաններէն բացի, աշխարհի 45 հայագիտական կեդրոններու մէջ աւելի քան 280 հայագէտներ հրատարակած են 320 բառարան։ Երեմիա Մեղրեցիի բառարանը դասական իմաստով առաջին ընդարձակ տպագիր բառարանն է, ուր հայերէն բառերը բացատրուած են հոմանիշներով, սակայն մինչ այդ տպուած է լատիներէնին առընչուած ուրիշ բառարան մը, որ Ֆրանչեսքոս Ռիվոլայի հայերէն-լատիներէն բառարանն էր (լոյս տեսած 1621-ին)։
Երեմիա Մեղրեցիի բառարանին մէջ ներառուած են մինչ այդ ձեռագիր մատեաններու մէջ երեւցած բոլոր բառարանային նիւթերը: Մասնագէտներ, գնահատելով Երեմիա Մեղրեցիի կատարած հսկայածաւալ աշխատանքը, այնուհանդերձ, բառարանին մէջ նկատած են անստոյգ բառեր, գրչագրական եւ տպագրական վրիպումներ: Հակառակ այդ աղաւաղումներուն, «Բառգիրք հայոց»ը բարձր գնահատած են Մխիթարեան հայրերը, մանաւանդ Մխիթար Սեբաստացին, նաեւ առաջին այդ բառարանէն օգտուելով հրատարակած են հայ բառարանագիտութեան թագն ու պսակը՝ «Բառգիրք հայկազեան լեզուի»ն, որ յայտնի է «Հայկազեան» բառարան անունով: «Բառգիրք հայկազեան լեզուի»ի առաջին հատորը կը տպագրուի 1749-ին, ապա 1769 թուականին՝ երկրորդ հատորը։
Եւրոպական գիտական չափանիշներով կազմուած այդ բառարանը մինչեւ հիմա անգերազանցելի կը մնայ, իսկ Մխիթար Սեբաստացին արդի գիտութեան մէջ կը նկատուի հայ բառարանագիտութեան հայրը:
ԺԹ. դարու 80-ական թուականներուն արդէն Պոլիսը կը դառնայ հայ բառարանագիտութեան կեդրոն։ Միայն 1880-1914 թուականներուն Պոլսոյ մէջ կը հրատարակուին եւ կը վերահրատակուին 49 բառարան։ Բառարանագիտութեան կեդրոն եղած է նաեւ Երեւանը. 20-րդ դարու վերջին Երեւանի մէջ լոյս տեսած է 63 բառարան:
Գրելով հնագոյն եւ արդի բառարաններու մասին, անհնար է շրջանցել այսօր թուային հարթակի վրայ գոյութիւն ունեցող ամենամեծ բառարաններու հաւաքածոն՝ «Նայիրի»ն, որ կ՚ընդգրկէ 11 թուային եւ 129 պատկերահանուած բառարան, երեք գիրք: «Նայիրի» կայքը հայերէնի համացանցային բառարաններու ամենախոշոր գրադարանն է։
Տարիներու ընթացքին «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի աջակցութեամբ ստեղծուած եւ յետագային նաեւ այլ աջակիցներ ներգրաւուած այս բառարանային ծրագիրը զարգացում ապրած է եւ այժմ անոր շտեմարանին մէջ կան թէ՛ արեւելահայերէն, թէ՛ արեւմտահայերէն, թէ՛ երկլեզու բառարաններ։ «Նայիրի»ի մէջ թուայնացուած են գրաբարի, միջին հայերէնի, արդի հայերէնի բոլոր բացատրական, ուղղագրական, ուղղախօսական, հոմանիշներու, ստուգաբանական, բարբառներու, դարձուածաբանութեան, փոխառեալ բառերու, ազգանուններու, անձնանուններու, տարածուած աշխարհագրական տեղանուններու, բուսանուններու, յապաւումներու, խոհանոցային բառամթերքի եւ բազում այլ բառարաններ, ինչպէս նաեւ՝ օտար լեզուներէ հայերէն եւ հակառակը կազմուած բոլոր ծանօթ հայկական բառարանները: Յատկանշական է, որ «Նայիրի»ն անվճար հասանելի է ամէն մարդու, ունի որոնման լայն համակարգ, յուշարար եւ այլ նորագոյն գործիքներ: Այսօր «Նայիրի»ն դարձած է գրի, լրագրութեան հետ կապ ունեցող ամէն մարդու կեանքի անբաժան մասը. ստեղնաշարին մէկ հպումով կը գտնենք անհրաժեշտ բառի մը բացատրութիւնը, եւ երթալով անցեալ՝ անգին կը գնահատենք աշխատանքը բոլոր այն բառարանագիրներուն, որոնք տարիներով տքնած են՝ բառարաններ կազմելու, ատոնք ուրիշ բառարաններու հետ համադրելու, բառերու իմաստները հնարաւորինս բացատրելու ջանադիր գործը կատարելով:
ԱՃԱՌԵԱՆԸ ԻԲՐԵՒ ԲԱՌԱՐԱՆԱԳԻՐ
Ժամանակակից հայերէնը անհնար է պատկերացնել առանց Հրաչեայ Աճառեանի բառարանագիտական աշխատանքի եւ անմահ լեզուաբանի կազմած բառարաններու, որոնք քիչ է ըսել թէ միայն բառարաններ են դասական իմաստով: Ատոնցմէ ամէն մէկը համայնագիտարան մըն է, որոնց մէջ անուանի գիտնականը շռայլօրէն ներդրած է լեզուի մասին իր անսահման հարուստ գիտելիքները: Հրաչեայ Աճառեան, անխօս, տաղանդաւոր լեզուաբան եւ հայագէտ էր, հայագիտութեան ո՛ր ճիւղին մէջ գործած է՝ եղած է անթերի նուիրեալ, բայց հայագիտութեան բազում ճիւղերու մէջ անոր նախընտրած-սիրելի ոլորտը եղած է բառագիտական, բառարանագրական գործը, որուն հանդէպ նուիրումը կ՚երեւի իր բոլոր գործերուն մէջ:
Ծնած ըլլալով Պոլիս՝ բառերուն հետ աշխատանքը Աճառեան սկսած է տակաւին Պոլսոյ բազմագոյն միջավայրին մէջ, որ լեզուներու եւ մշակոյթներու կեդրոն ու խառնարան էր: Իր կենսագրութենէն կը տեղեկանանք, որ բառերու հաւաքագրմամբ սկսած է զբաղուիլ տակաւին Պոլսոյ Կեդրոնական վարժարանի չորրորդ դասարանի աշակերտ եղած ժամանակ:
Աճառեանի բառարանագրական առաջին աշխատութիւնը եղած է «Թրքերէնէ փոխառեալ բառեր հայերէնի մէջ» բառարանը, որ հրատարակուած է 1902 թուականին՝ «Էմինեան ազգագրական ժողովածու»ի մէջ՝ կազմելով այդ ժողովածոյի Գ. հատորը։ Բառարանի ներածականին մէջ Աճառեան կը նշէ, որ թրքերէնէ ամենէն շատն ու ամենէն ուժգինը ազդուած է Պոլսոյ բարբառը։ Այդ պատճառով ալ լեզուագէտը իր աշխատութեան համար հիմք ընդունած է Պոլսոյ բարբառը:
Գիտական այս բառարանէն ետք Հրաչեայ Աճառեան կազմած է «Հայերէն գաւառական բառարան»ը, որ այսօր լեզուաբանութեան այդ ճիւղին մէջ կիրառուող լաւագոյն բառարանն է: Բառարան ըլլալէ զատ այս գիրքին մէջ Աճառեան գաւառաբարբառներուն քով հիւթեղ կերպով կը ներկայացնէ հայ ժողովուրդի բարքը, սովորութիւնները, խաղերը, հաւատալիքները, կենցաղային, ընտանեկան եւ այլ աւանդոյթներ:
Եւ, անշուշտ, Հրաչեայ Աճաոեանի բառարանագրական գործունէութեան գլուխ-գործոցը «Հայերէն արմատական բառարան»ն է, որ հայ բառարանագրութեան անսասան սիւներէն մէկն է եւ մեր լեզուի ուսումնասիրութեան ոչ մէկ ճիւղ առաջ կ՚երթար՝ առանց «Արմատական»ի ուսումնասիրութեան: Նոյն «Արմատական»ի բառերու հաւաքագրումն է, որ Աճառեան սկսած է Կեդրոնականի աշակերտ եղած տարիներէն՝ 1891 թուականէն: Իր ամբողջ գործունէութեան ընթացքին ան օրնիբուն կ՚աշխատէր եւ կը հարստացնէր այս աշխատանքը՝ հասցնելով զայն համաշխարհային գիտական ուսումնասիրութեան մը մակարդակին: «Արմատական բառարան»ը հիմք ծառայած է նաեւ օտար լեզուաբաններու համար եւ անոնք մէկ անգամ չէ, որ իրենց հիացմունքը արտայայտած են Աճառեանի անձին եւ գործին հանդէպ: Որքան գնահատելի է հայ լեզուաբանի անբասիր ամենօրեայ աշխատանքը, նոյնքան ցաւալի է այն ոդիսականը, որ արժանացաւ «Արմատական»ը՝ մինչեւ հրատարակուիլը:
1895 թուականէն սկսած Աճառեանը տասնեակ մարդոց ու կազմակերպութիւններու կը դիմէ՝ «Հայերէն արմատական բառարան»ի հրատարակութիւնը իրականութիւն դարձնելու համար, կը համաձայնի նոյնիսկ ոչ նպաստաւոր պայմաններու հետ, բայց ոչ մէկ արդիւնքի կը հասնի: Հայագէտ Երուանդ Տէր-Մինասեանին՝ Մայր Աթոռի տպարանի այն ժամանակուայ տնօրէնին 1909 թուականին գրած նամակներէն պարզ կը դառնայ, որ Աճառեան համաձայն է իր ստացած «Տիգրանեան» մրցանակի կէսը՝ հազար ռուբլին, յատկացնել բառարանի տպագրական ծախսի եւ ամբողջ աշխատանքի սրբագրութեան: Պարսկաստանէն հրաւիրուելով Երեւանի Պետական համալսարան, իբրեւ դասախօս, Աճառեան կրկին իր ամենօրեայ մտածումներու առարկան դարձուցած էր բառարանի տպագրութիւնը: Եւ գնահատելի է, որ համալսարանի տնօրէն Յակոբ Յովհաննիսեանի ջանքերով 1926 թուականին կը սկսի այդ աշխատութեան ապակետիպ հրատարակութիւնը՝ 400 օրինակ տպաքանակով եւ ամբողջութեամբ կ՚աւարտուի 1935 թուականին: Տպագրութեան այս ձեւը կը տարբերէր պարզ տպագրութենէն, քանի որ ձեռագիրը կը փոխանցուէր յատուկ ապակիի վրայ եւ կը բազմացուէր: Բայց հեղինակը համաձայն էր նոյնիսկ այդ տպագրութեան, միայն թէ հրատարակուէր իր կեանքի գործը: Եւ ինք՝ Աճառեան, անձամբ կը մասնակցէր տպարանային աշխատանքներուն, իր ձեռագրով ամէն օր ապակետիպի համար կը պատրաստէր չորս էջ, աշխատանքէն արտագրութիւն կը կատարէր: Համեստ ու պարզ կեանքով ապրող լեզուաբանը նաեւ ինք տպարանէն կը վերցնէր պատրաստի օրինակները եւ կը հասցնէր բաժանորդներուն: Ապակետիպը կը տպուի սակաւաթիւ տպաքանակով, որ անշուշտ, բաւարար չէր: «Արամատական»ի հանդէպ հետաքրքրութիւնը օրէ օր կը մեծնայ եւ նոյն Երեւանի Պետական համալսարանը կը վերահրատարակէ զայն 25 հազար տպաքանակով։ Բառարանը վերահրատակուած է նաեւ Աճառեանի մահէն ետք, սփիւռքի մէջ նոյնպէս տպուած եւ տարածուած է:
«Հայերէն արմատական բառարան»ի հրատարակութիւնը աւարտելով՝ Աճառեան կը ձեռնարկէ մէկ այլ ծաւալուն գործի՝ կը կազմէ հայոց անձնանուններու հինգհատորեայ բառարանը։ Ինչպէս յատուկ է Աճառեանին, ան սոսկ միայն բառը չի տար, այլ՝ կը ստուգաբանէ, ցոյց կու տայ այդ բառին կրած ժամանակային փոփոխութիւնները, կը նշէ տուեալ անձնանունը կրող նշանաւոր անձեր եւ այլ յատկանշական մանրամասնութիւններ: Իր տեսակին մէջ անձնանուններու բառարանը եզակի երեւոյթ է. անոր մէջ հաւաքուած եւ ուսումնասիրուած են Ե.-Թ. դարերուն հայ մատենագրութեան մեջ յիշատակուած բոլոր անձնանունները, 1500-1700 թուականներու պատմութեան եւ գրականութեան համար կարեւոր դէմքերու, ինչպէս նաեւ կաթողիկոսներու, պատրիարքներու, նշանաւոր ճանապարհորդներու եւ այլ անուններ։
Աճառեանի անձնանուններու բառարանի հիմքին վրայ յետոյ ստեղծուած են նորագոյն անուններու բառարաններ, սակայն հայոց անձնանունները ամբողջութեամբ կարելի է գտնել աճառեանական օրինակին մէջ: Մեր հասարակութեան՝ որոշակի արժէքներ կրող խաւի մը համար այսօր նորոյթ դարձած է նորածինի համար իւրայատուկ հայկական անուն փնտռել այդ բառարանին մէջ:
Աճառեան իր արժէքաւոր ներդրումը ունի նաեւ մասնագիտական բառարաններ կազմելու գործին մէջ, կազմած է ռուս-հայերէն շինարարական եզրերու բառարանը եւ, առհասարակ, մասնակցութիւն ունեցած է իր ժամանակաշրջանի լեզուաբանութեան ասպարէզի բառակազմական եւ բառարանագիտական աշխատանքներուն:
Եւ կրկին անդրադառնալով հայոց առաջին տպագիր ընդարձակ բառարանին՝ Երեմիա Մեղրեցիի «Բառգիրք հայոց»ին, նշենք, որ Աճառեան, բառարանագիտական իր ուսումնասիրութիւններուն մէջ անդրադարձած եւ արժեւորած է տակաւին ԺԷ. դարուն ստեղծուած հայոց առաջին տպագիր բառարանը:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Երեւան