ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ԲԱՐՔԵՐ

Ամերիկայի տարածքին՝ մայիսին դպրոցական տարեշրջանը կ՚աւարտի, շրջանաւարտից հանդէսներով։ Մեր այսօրուան նիւթը այս տարուան շրջանաւարտից համդէսներուն մասին է, առաջին երկուքը՝ երկրորդական վարժարանի, իսկ երրորդը՝ համալսարանի։ Այս անգամ՝ մեր նիւթը կը ներկայացնէ դրական երեւոյթներ։

ՄԱՐԴՈՒ ՄԸ ԻՐԱՒՈՒՆՔԸ՝ ՉԻ՛ ԿՈՐՍՈՒԻՐ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ՄԷՋ…

2019 թուականը բախտորոշ թուական մը եղաւ երկու վեթերան բանակայիններու համար, (տես նկարը)։ Նկարի ձախին՝ 95 տարեկան Ճօ Փերիկոնն է, իսկ աջին՝ 85 տարեկան Ուիլիըմ Առնոլտ Կրետաքը։ Իսկ ի՞նչ է հասարակաց գիծը, որ այս երկու վեթերանները կը կապէ իրարու։ Հիմա թոյլ տուէք բացատրեմ։

Ճօ՝ 1943-ին, Ֆլորիտա նահանգի Թամփա քաղաքի Հիլզպորոհ երկրորդական վարժարանի աւարտական դասարանի աշակերտ էր երբ ամերիկեան բանակին զինուորագրուելով՝ կ՚երթայ Եւրոպա, մասնակցելու Համաշխարհային երրորդ պատերազմին։ Դժբախտաբար՝ ան իր վկայականը չի կրնար առնել, բացակայելով շրջանաւարտից հանդէսէն։

Գալով Ուիլիըմին՝ ան ալ 1953-ին, Թենըսի նահանգի Չըրչ Հիլ քաղաքի երկրորդական վարժարանի աւարտական դասարանի աշակերտ էր, երբ ամերիկեան բանակին զինուորագրուելով՝ կ՚երթայ Քորէա, մասնակցելու այդ երկրի պատերազմին ընդդէմ համայնավարութեան։ Նմանապէս ան ալ՝ իր վկայականը չի կրնար առնել, բացակայելով շրջանաւարտից հանդէսէն։

Ճոյին թոռնիկը՝ Լոս Անճելըսի շրջանի դատաւոր Թոմ Փալերմօ, քանիցս լսելով մեծ հօր վկայական չկարենալ առնելու տխուր պարագան, որ զինք տանջած է աւելի քան 75 տարի, կը դիմէ վերոյիշեալ դպրոցի տնօրէնութեան եւ կը խնդրէ, որ ներառեն իր մեծ հայրը, այս տարուան շրջանաւարտներու ցանկին մէջ։

Եւ ահա ի՜նչ հրաշք, դպրոցի տնօրէն Կերի Պրէյտի ընդառաջելով այդ խնդրանքին, Ճոյին կը շնորհէ երկրորդական վարժարան աւարտած ըլլալու վկայականը, 76 տարի անցնելէ ետք… Ճոյին ուրախութիւնը անսահման էր, երբ ան ստացաւ իր վկայականը, 18 տարեկան շրջանաւարտներուն հետ։

Նոյնպէս ալ Ուիլիըմին կը շնորհուի՝ երկրորդական վարժարան աւարտած ըլլալու վկայականը, ճիշդ 66 տարի ետք! Բայց այս պարագային ո՞վ միջամտած է իրեն, յայտնի չէ։ Հայկական ասացուածքը կ՚ըսէ. «Աւելի լաւ ուշ, քան երբեք։» Ուրեմն, պատիւս արժանաւորաց!

ԽՂՃԱՄԻՏ ՄԵԾԱՀԱՐՈՒՍՏԸ…

Morehouse College-ը պատմականօրէն սեւամորթ այր ամերիկացիներու համալսարան մը եղած է՝ որ հիմնուած է 141 տարիներ առաջ, Ճորճիա նահանգի Աթլանթա քաղաքին մէջ։

Այս տարուան վերոյիշեալ համալսարանի շրջանաւարտից հանդէսին գլխաւոր բանախօսն էր մեծահարուստ սեւամորթ ամերիկացի մը (տես նկարը), որուն անունն է Ռապըրթ Սմիթհ։

Շրջանաւարտ աշակերտներուն ուղղուած իր ուղերձին մէջ՝ Ռապըրթ Սմիթհ հետեւեալը ըսած է., «Ընտանիքիս ութ սերունդներուն անունով՝ որոնք ապրած են այս երկրին մէջ, կ՚ուզենք քիչ մը վառելանիւթ դնել ձեր ինքնաշարժին մէջ»։ Այսինքն՝ իր ընտանիքը կը հաստատէր հիմնադրամ մը, որ պիտի վճարէր 396 շրջանաւարտներուն փոխ առած (student loans) դպրոցական պարտքերը… Սա հսկայական գումար մը պէտք է եղած ըլլայ, չէ՞։

Կրնա՞ք երեւակայել շրջանաւարտներուն անսահման ուրախութիւնը։ Անոնք այս անակնկալ, բայց հաճելի յայտարարութիւնը ընդունեցին յոտնկայս ծափահարութիւններով եւ MVP բացականչութիւններով՝ որ կը նշանակէ Most Valued Person, այսինքն՝ Ամենէն արժէքաւոր անձը։

Ռապըրթ Սմիթհ աւելցուց սակայն, թէ իր ակնկալութիւնն է, որ այս դասարանի աշակերտներն ալ իրենց կարգին, հետեւին իր օրինակին եւ ժամանակի ընթացքին անոնք ալ օգտակար հանդիսանան, գալիք սերունդներու շրջանաւարտներուն։ Իմ համեստ կարծիքով, շատ արդար է այս խնդրանքը, չէ՞ք խորհիր!

Հիմա հետաքրքրական է գիտնալ, որ շրջանաւարտներուն մէջ կա՞ր աշակերտ մը, որուն դպրոցական ծախսերէն գոյացած պարտքը հասած էր 100 հազար տոլարի։

Չմոռնամ յիշելու, որ վերոյիշեալ բարերարը՝ նախապէս համալսարանին նուիրած էր 1.5 միլիոն տոլար։ Սա է բարերարութեան իսկական իմաստը, երբ նուիրատուութիւն մը կը կատարես՝ անոր փոխարէն որեւէ ակնկալութիւն չես ունենար ու վերջ։

Երանի թէ մեր ազգին մէջ ալ գտնուէին նմանօրինակ տիպար մեծահարուստներ…

ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ

Երկուշաբթի, Յուլիս 1, 2019