ԲԱՐՈՅԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ԿՐՆԱ՞Յ ԲԱՐԵԼԱՒՈՒԻԼ ԺԱՄԱՆԱԿԻ ԸՆԹԱՑՔԻՆ
Ներկայիս բազում մարդիկ կը պնդեն, թէ բարոյականութիւնը նահանջած է. համամիտ չեմ։ Թէ՞ ինչու…
Եթէ ապրէիք երկու դար առաջ, աշխարհի վրայ գրեթէ ամէնուր կար երեք հաւանականութիւն. կա՛մ ստրուկ էիք, կա՛մ ստրկատէր եւ կամ ստրկութիւնը կը համարէիք օրինական եւ բնականոն։ Փողոցը տեսնելով ստրուկ մը կամ անոր տէրը, առանց զարմանալու կամ ձանձրանալու պիտի անցնէիք անոնց քովէն ճիշդ այնպէս՝ ինչպէս այսօր կ՚անցնիք, երբ կը տեսնէք շունը պտտցնող անձ մը։ Արիստոտէլ ու նոյնիսկ բոլոր ժամանակներու մեծանուն հանճարներէն ոմանք ստրկութիւնը կը համարէին օրինական եւ բնականոն։
Բարոյականութեան ընկալման հիմնական խնդիրը հետեւեալն է. չ՚ընդունուիր այն փաստը, թէ ան անընդհատ կը զարգանայ, զարգանալով կը փոխուի եւ իւրաքանչիւր փոփոխութիւն տեղի կ՚ունենայ նախորդի մերժմամբ։ Այլ խնդիր մըն է, որ բարոյականութիւնը յամառօրէն կը փնտռուի անցեալի մէջ։ Պահպանողական յոռետեսութիւնը կը պնդէ, որ բարոյականութիւնը կը գտնուի անցեալին ապրած մարդոց վարքագծի եւ սկզբունքներուն մէջ։ Կը պահանջուի, որ պահպանուին ու կիրառուին անոնք, սակայն սա ամենամեծ խոչընդոտն է բարոյականութեան բարելաւման համար։ Մինչդեռ բարոյականութեան շարժիչ ուժն է զզուանքը։
Մարդկութեան պատմութիւնը կրնայ ըլլալ միայն անբարոյականութեան փաստ, որովհետեւ ան վկայութիւնն է ստրկութեան, բռնութեան, դաժանութեան, խոշտանգումներու, մահապատիժներու, բռնաբարութիւններու, նուաստացման…
Բարոյական բարելաւումը կը պահանջէ մարդկութեան պատմութեան նկատմամբ արգահատանք՝ յատկապէս դադրիլ պարծենալ անցեալով՝ զայն ուղեցոյց ընելով։ Հնարաւոր չէ ըլլալ բարոյականութեան տէր ու կերտել «տրամաբանական» ապագայ՝ առանց արգահատանք զգալու մեր անցեալի նկատմամբ, առանց մեր եւ անցեալին միջեւ սահման դնելու։ Մէկ խօսքով՝ բարոյականութիւնը անցեալի մէջ փնտռուելիք եւ այնտեղ գտնուելիք բան մը չէ, այլ զայն կարելի է կառուցել՝ մերժելով անցեալը եւ արգահատանք զգալով անոր նկատմամբ, նոյնիսկ ներկային:
Հաւանական է, որ ապագային միս ուտելը ստրկութեան նման տարօրինակութիւն համարուի, «վեկանիզմ»ը դառնայ մարդկութեան համընդհանուր ըմբռնումը, մեր թոռները անիծեն բժշկութեան կամ դեղագործութեան նման ոլորտներէ ներս անասուններու վրայ կատարուած փորձերը։ Այս տեսանկիւնէն դիտելով, ինչպէս մենք չենք կրնար ապագայ սերունդներու համար օրինակ ծառայել, այնպէս ալ մեզմէ առաջուանները չեն կրնար մեզի լիարժէք բարոյական ուղեցոյց ըլլալ։ Ի հարկէ, կրնան ըլլալ որոշ մարդիկ կամ հասարակութիւններ, որոնց գաղափարները կամ սկզբունքները օգտակար ըլլան մեզ կարգ մը նիւթերու շուրջ։
Միայն վերջին քանի մը տասնամեակներու ընթացքին կանանց պայքարով այնքան ձեռքբերումներ տեղի ունեցան, որ այլեւս անհնար դարձած է ընդունիլ նոյնիսկ յիսուն տարի առաջ ապրած ոեւէ մարդու սեռային հաւասարութեան վերաբերեալ տեսակէտը: Ներկայիս նոյնիսկ մարդկութեան յառաջընթացին նպաստած մարդոց բոլոր տեսակէտներուն համամիտ գտնուիլը անհնար է։ Անշուշտ, անիմաստ է անցեալի նողկանքը վերագրել որոշ անձի մը կամ հասարակութեան մը:
Այսօր Ժուլիուս Սեզարը ատելը անիմաստ է իր եղբայրը սպաննած ըլլալուն համար։ Ի հարկէ, տրամաբանական չ՚ըլլար ատելութեան կամ զզուանքի բուռն զգացումներ ունենալ՝ դարեր առաջ ապրած անձի մը համար։ Ընդհակառակն, մենք կրնանք ուշադրութիւն կեդրոնացնել այն յատկութիւններուն վրայ, որոնք Սեզարը կը տարբերէին իր ժամանակակիցներէն։ Արգահատանքը պէտք չէ բացասական ապրումներու պատճառ ըլլայ։ Պէտք է գիտակցինք, թէ ժամանակներու հոլովոյթին խորքայնութեամբ հաղորդ դառնանք եւ դասեր քաղենք։
Ուստի կեանքը պէտք է ապրիլ չափաւորութեամբ՝ ներդաշնակելով անցեալը, ներկան ու ապագան։ Եւ այն մարդը, որ կրնայ կատարել այդ ներդաշնակութիւնը, կրնայ յաջողած համարուիլ կեանքի պայքարին մէջ։
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ