ԾՈՎՈՒ ՄԱՐԴԻԿ… ԵՐԿՈՒ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ ԵՐՈՒԽԱՆԷՆ
1911 թուականին Ղալաթիոյ «Շանթ» տպարանին մէջ լոյս կը տեսնէ Երուխանի «Կեանքին մէջ» խորագրով ժողովածոն, ուր ամփոփուած նորավէպերը գեղեցիկ ու ծանօթ մեղեդիի պէս հարազատ կը մնան բոլոր ժամանակներուն: Երուխանի նորավէպերուն հերոսները յաճախ ծովու մարդիկ են, որ աչք բացած են ծովու ափին եւ ծովուն հետ հասակ առնելով հիացած՝ ջուրերու ալիքներով ու ձայներով: Ծովը կերակրած է շատերը եւ, Երուխանի այս նորավէպերուն հերոսներն ալ, ծովէն ձուկ եւ մանրախեցգետին բռնած եւ իրենց օրուայ հացը հոգացած են: Երուխան իր հերոսներու միջոցով խորհուրդներ կ՚որոնէ ծովուն անսահման հեռուները, անոր անյատակ խորքերը ու ատոնք կը փոխանցէ ընթերցողներուն:
Կը ներկայացնենք երկու պատմութիւն Երուխանի «Կեանքին մէջ» ժողովածոյէն:
ՔԱՐԻՏԷԶՃԻՆ
Իրիկունները, ժամը տասէն անդին երեւան կ՚ելլէր յանկարծ, իր խռպոտ, ահռելի ձայնին ժխորն զգացնելով, Ղալաթիայի փողոցներէն կատաղի հոսանքի պէս վազող, փրփրացող իրարանցումին մէջէն, բոպիկ, կոշկոռոտ ոտքերն անցուցած իր լայն ծայրակոր եէմէնիները, որոնք հազիւ թէ կիսովին ծածկելով զանոնք, ներբաններուն մորթն ալ կաշիացէր, բրտացեր է ցեխին ու փոշիին մէջ յարատեւ քսկռտումէն:
Իր խոշոր սրունքները կ՚երերային ապայէ փոթուռին մէջ, եւ բուրդէ դեղնագոյն գօտիի մը թոյլ ծալքերը գրեթէ անոր ամբողջ փորը կը ծածկէին: Ամառ ձմեռ նոյն բաճկոնակը կը հագնէր, նոյն կարճուկ սալթան, որ թէեւ կրնար իրարու վրայ գալ եւ գոցել անոր կուրծքը, բայց իր կորովի, հուժկու մարմինին ամեհի ճոխութիւնը ամէնուն ցուցնելու խրոխտ դիտումով մը կարծես, քարիտէզճին միշտ բաց կը թողուր իր կուրծքը, մազերու հոծ շաղապատումով մը սեւցած, մթին: Թխագոյն պեխեր վայելուչ ոլորումով կը վերջանային մինչեւ այտերուն կէսը, որոնց մոյնքը միապաղաղ կարմիր էր, արեւակէզ եւ խորշակահար կարմրութիւն մը: Աչուըներն հրացայտ էին, տարօրինապէս ազդեցիկ: Ճամբան, իր քալուածքին մէջ արհամարհոտ պերեւեթում մը կը դնէր, զոր առաջին ակնարկով կռիւի հրաւէր մը կը կարծէիր: Փողոցէ մը դուրս կ՚ելլէր մէկէն, ու կը սկսէր իր ձեռքը բռնած չավէլային պարունակութիւնը ծանուցանել մեծ պոռչտուքով.
-Քարիտէ՜զ, թազէ՜, թազէ՜:
Ո՜հ, ձեռքի ինչ հիացական ու գրգալի շարժումով կը շոյէր չավէլային մէջ վայելչօրէն շարուած կարմիր միջատները, քարիտէզները, որոնց ամէն մէկը իր հոգիին պէս կը սիրէր, կ՚ըսէր ինք:
Եւ ի՞նչպէս չհաւատալ գորովանքի այդ անհնարին արտայայտութեան, որ անկեղծութեան շեշտով մը դուրս կը թռէր անոր բերնէն:
Իր քարիտէզներուն ամբողջ ցեղագրութիւնը, պատմութիւնը, բարք ու վարքը գոց գիտէր ու բերնուց կ՚ըսէր, այնպիսի ճշմարիտ համոզումով, որ պահ մը դիմացինն ալ հաւատալու փորձութիւն մը կը զգար: Ղալաթիոյ գարեջրատուններն էին իր սովորական վաճառատեղիները եւ որոնց մէջ ալ հանրածանօթ էր «խոշոր ձայնով» քարիտէզճին: Այնքան բուռն էր կարմրուկ միջատներուն վրայ ունեցած սէրը որ, եթէ երբեք մէկը իր գովասանքները ծաղրելու անխոհեմութիւնը ունենար, շատ գէշ վայրկեան մը կ՚անցընէր քարիտէզճիին հետ, որ բնաւ չէր ներեր այդ յանցանքին:
Եւ իրաւցնէ ալ անկարելի էր ախորժագրգիռ սքանչացումով չդիտել փոքրիկ խեցգետիններուն համաչափ, գեղեցիկ այդ դէզը՝ տափակ լայն չավէլային մէջ փռուած, իրարու քով, հատիկ-հատիկ, ոսկիէ զանգակներու պէս, ակնհաճոյ:
Քարիտէզճի Միրիկը ա՛լ հանրածանօթ եղած էր Ղալաթիայի բոլոր գինետուններն ու գարեջրատունները. անոր քարիտէզին նմանը չի կար՝ թէ՛ համեղ եւ թէ՛ մսոտ ըլլալուն: Միրիկ շատ անգամ կը պատուիրէր իր յաճախորդներուն, որ անխնայ կերպով չզատեն քարիտէզները, յարգանքով ստկեն զանոնք, բարակ աղիքները ամենեւին չնետեն, որովհետեւ ուժ կուտան մարմինին, եւ իբր փաստ իր ըսածներուն՝ իր հուժկու իրանը կը ցուցնէր, երդում պատառ ընելով, որ ինք առաջ շատ, շա՛տ նիհար էր, ետքէն քարիտէզ ուտելով այդպէս գիրցած, հաստցած էր: Ամէն մարդ հաճոյքով մտիկ կ՚ընէր Միրիկին այս ճոռոմշատ զրուցութիւններուն եւ հաւատալու ալ հովեր կ՚առնէր: Բայց իր այս ռամկական հռետորութիւնը վսեմ երանգներ կը ստանար յանկարծ, խռպոտ ձայնին քաղցր ելեւէջ մը խառնելու ճիգ մը կը ցուցնէր, ամփոփուելու, կոկիկ երեւնալու ջանքեր կ՚ընէր, բերանը այնչափ մեծ չէր բանար, ոտուըները քիչ մը աւելի կը հրէր եէմէնիներուն մէջ, մազոտ կուրծքը կ՚ուզէր պարտկել բաճկոնակին տակ, ֆէսն աւելի խնամքով կը զետեղէր գանկին վրայ, երբ ներս մտնէր Պիէռ-Հոլ գարեջրատունէն, ուր իրիկունները, ժամը տասնըմէկէն անդին, սեղաններուն շուրջը կուգային կը շարուէին սովորական յաճախորդները, առջեւնին գարեջուրի մէյ-մէկ գաւաթ։
Օր մը, յաճախորդին մէկը, որ միշտ հաճոյք կը զգար Միրիկին հետ խօսակցելէն, զարմացումով նշմարեց, որ իր ամէն ժամանակ տեսած հին եէմէնիներուն տեղ հիմա նորեր հագած էր անիկա, հեգնական շեշտով մը անմիջապէս հարցուց անոր այս տարօրինակ նորութեան շարժառիթը: Միրիկ, որուն բացարձակ անծանօթ էր ամօթխածութեան զգացումը, յանցանք մը ըրած պահուն բռնուող տղու մը խպնոտ եւ երկչոտ շարժումն ըրաւ, շուրջը նայեցաւ՝ այդ հարցումին պատասխանը մէկէն գողնալու ակնկալութիւնով, բայց իր աչքը հանդիպեցաւ երկու սեղան անդին երիտասարդի մը քով նստող մանկամարդ աղջկան մը, որ հարցումը լսած ըլլալով ինքն ալ պատասխանին կը սպասէր:
-Մէկալները հինցեր էին,- ըսաւ մեղմ ու խորունկ հառաչով մը եւ անմիջապէս չավէլան առնելով դուրս ելաւ գարեջրատունէն:
Ա՛լ անկեց ետքը երկու շաբաթի չափ չմտաւ այն գարեջրատունը. միայն, երբ առջեւէն անցնէր, գաղտագողի ակնարկ մը կը նետէր դրան ճեղքէն ներս ու կը փախչէր: Բայց իրիկուն մը, երբ դարձեալ ներս պիտի նայէր, կեցաւ, ձեռքը ճակտին տարաւ, մտածեց, վարանոտ, յետոյ յանկարծ դուռը բացաւ, ներս մտաւ եւ իր սովորութեան համեմատ պտտիլ սկսաւ սեղաններուն առջեւ, մեղմ ձայնով մրմռալով.
-Գըրմըզը քարիտէ՜զ:
Նորէն հոն, նոյն սեղանին առջեւ նստած էին երիտասարդն ու մանկամարդ աղջիկը, սեւ մազերով թխագոյն, շնորհալի սեւազգեաց օրիորդ մը, որուն աչուըներուն սեւեռումի տակ անպատճառ սարսուռ մը կը զգար մարդ: Շաբաթը գրեթէ երեք անգամ հոդ կուգային անոնք, երիտասարդն ու աղջիկը. առաջինը միշտ կուգար ու կը սպասէր երկրորդին. ձեռքի սեղմումէ մը ետք իրարու քով կը նստէին եւ փսփսուք մը կը սկսէր իրենց մէջ:
Երբ Միրիկ իր պտոյտը շարունակելով անոնց առջեւ հասաւ, աղջիկը յանկարծ քովինին դառնալով ըսաւ.
-Քարիտէզ ա՛ռ:
Միրիկին աչուըները վառեցան, ժպիտ մը եկաւ հաստ շըրթունքներուն վրայ ու մարեցաւ, վեր առաւ չավէլան ու մատներովը խառնելով քարիտէզները, ըսաւ ձայնին մէջ աննշմարելի յուզումով մը.
-Քուրիկս, ասանկ քարիտէզ էօմրիդ մէջը կերած չես, համէն հոտէն չես կշտանար, էն աղուորներէն տամ:
Եւ սկսաւ զատել ամենէն խոշորներն ու ամենէն կարմիրները, պնակի մը մէջ լեցուց ու լեցուց, տալու սրտաբուխ աւիւնով մը համակուած, մինչեւ որ պնակին մէջ ալ տեղ չմնաց:
-Քանի՞ փարա է,- հարցուց երիտասարդը:
-Փարա՞,- ըսաւ Միրիկ տեսակ մը զարմացումով,- չէ՛, աս հեղու փարա չեմ ուզեր, համը նայեցէք, էյէր աղէկ ըլլայ նէ, պաշխա վախիդ փարա տուէք:
Եւ չավէլան առնելով, դուրս ելաւ շտապով, թռուցիկ ակնարկ մը նետելէ ետք աղջկան երեսին, որ թեթեւապէս դեղնած էր հիմակ: Մանկամարդուհին քիչ մը ակներեւ անյագութեամբ մը կերաւ Միրիկին կարմրուկ միջատները, ծծեց անոնց ամէն մէկ հատը, կերաւ, իր ճերմակ մանտրտիկ ակռաներուն տակ ճզմելով քարիտէզներուն նուրբ փեճեկները, այն աստիճան, որ քովը նստող երիտասարդը զարմացումով հարցուց.
-Գոհարի՛կ, ես չէի գիտեր, որ այդչափ կը սիրես քարիտէզը:
-Օ՜հ, շատ կը սիրեմ, պզտիկութեանս հայրս միշտ կը բերէր մեզի:
Երբ երկու գիշեր վերջը Միրիկ ներս մտաւ Պիէռ-Հոլէն, մուգ ֆէս մը կը ծածկէր անոր գլուխը, առջի իւղոտ հին ֆէսին տեղ: Գօտին կորսնցուցած էր իր անհոգ թոյլ կապուածքը, ու տեսակ մը վայելչութիւնով ամփոփուած էր անոր կորովի մէջքին վրայ եւ չավէլան ալ, զոր առաջ անփութօրէն աջ կողմէն ի վար կը կախէր, հիմակ ելած էր անոր խոշոր կաշմբուռն ձեռքին վրայ համբարձիկ: Յաճախորդները խորին զարմանքով կը տեսնէին Միրիկին կրած փոփոխութիւնը քանի մը շաբթուան մէջ, կարծես գերբնական զօրութեան մը ազդեցութեամբը. ա՛լ անանկ կոպիտ շարժումներ, բիրտ շեշտեր, կոշտ խօսքեր չունէր. իր սիրելի քարիտէզներուն վրայ իսկ ա՛լ նոյն գորովագին ակնարկը չէր նետեր, ուզողին կուտար, ափին մէջ լեցնելով միջատները, տրուած ստակը առնելով անտարբեր եւ դուրս ելլելով գարեջրատունէն՝ տրտմութեամբ մը համակուած կարծես:
Երբ այն գիշեր ներս մտաւ, ուղղակի մանկամարդ աղջկան սեղանին գնաց, ուր խնդալով հարցուց, թէ ինչպէ՞ս գտած էին իր քարիտէզները:
-Շատ համով էին,- ըսաւ մանկամարդուհին,- նորէն տուր:
Միրիկ դարձեալ տուաւ միշտ շռայլօրէն եւ այս անգամ երթալու պահուն սեւեռուն ակնարկ մը նետեց աղջկան վրայ, որ սարսուռ մը ունեցաւ:
Անկէ վերջ խելացի գաղափար մը յղացաւ քարիտէզճին: Այս ստորին դասակարգի մարդը իր անշնորհ մէջքի գօտիով, իր ապայէ հագուստին կոշտ հիւսկէնովը, այս աղջկան բնական վայելչութեան քովիկը անտեղի ու անպատշաճ բան մը կ՚ըլլար. վազեց պատրաստ հանդերձեղէններու խանութ մը գնելու այն նեղ ու գծուծ զգեստներէն մէկը, զորս իր հսկայ ու խրոխտ մարմինը արհամարհած էր միշտ, անոր վրայ ամէն բան պզտիկ, փտտուկ, ողորմելի կ՚երեւար իր աչքին. հիմա բաղդատութիւն կ՚ընէր եւ իր լայն ու դիմացկուն հագուստներուն գերազանցութիւնը կը հասկնար:
Ակամայ, գրեթէ ցաւով կը բաժնուէր անոնցմէ, կ՚ուրանար իր բոլոր անցեալը ու նոր ի նորոյ կը հագուէր, կերպարանափոխ կ՚ըլլար: Հայելիին առջեւ, ուր գնաց կենալու, ինքզինքը չճանչցաւ. ո՞վ էր անոր մէջի երիտասարդը: Վճարեց ու դուրս ելաւ: Թէ՛ յուսահատ էր, թէ՛ ուրախ:
Այսպէս հագուած սգուած, Միրիկ աղէկ մը մաքրեց իր չավէլան, ամենէն խոշոր, ամենէն կարմիր քարիտէզները դրաւ մէջը, ու սիրտ ի տրոփ, խնդալիր ներս մտաւ Պիէռ-Հոլէն, առանց այլեւս իր խոշոր ձայնովը պոռալու.
-Քարիտէ՜զ:
Գոհարիկ նստած էր երիտասարդին քովը, տրտում երեւոյթով. թաքուն ցաւի մը ճնշումի տակ: Միրիկ, իր քալուածքէն բոլորովին վանելով սովորական կոպիտ ձեւը, շիք երիտասարդի մը ծեքծեքումովը մօտեցաւ անոնց սեղանին եւ վերէն վար գլխով խոնարհութիւն մը ընելէ ետքը, ըսաւ ժպտալով.
-Ասանկ քարիտէզ հիչ կերած չէք, օրիո՛րդ:
Եւ սկսաւ պնակին մէջ լեցունել կարմիր միջատները:
Բայց աղջկան դէմքը, ի տես Միրիկին այդ խնամեալ կերպարանքին, մէկէն ի մէկ խոժոռցած, խիստ արտայայտութիւն մըն էր առած: Անհաճոյ յուսախաբումի մը ենթարկուող մարդու մը դառն կսկիծը կ՚երեւէր դէմքին վրայ: Եւ մինչեւ քարիտէզճին կը շարունակէր լեցունել պնակը, մանկամարդ աղջիկը հարցուց.
-Ատ լաթերդ ինչո՞ւ փոխեր ես:
Եւ պահ մը վարանելէ յետոյ,
-Ա՛լ քարիտէզ չեմ ուտեր,- ըսաւ:
ՁԿՆՈՐՍԻՆ ՍԷՐԸ
Ա.
Առտուները, արեւին ծագելէն առաջ, Կումիկ, ծովերուն վրայ ամառուան տօթերէն եւ ձմեռուան քամիներէն չորցած, կռնծած մորթով քսանհինգ տարու երիտասարդ, նաւակայքին խոնաւ եւ ստուերոտ մթնոլորտը կը շնչէր այն ջերմեռանդութեամբը, զոր հաւատացեալը կ՚ունենայ աղօթատեղիին մէջ, աստուածային պատկերներուն առջեւ: Հոն վերը կը պառկէր, տանիքին թանձր սեւ գերաններուն խաչաձեւումէն կազմուած խցիկ մը, անճանաչ խշտիքի մը վրայ, ողորմելի շնյարկ՝ ուր ան իր խոնջաբեկ անդամները կը փռէր, իբր թէ փետրալից անկողնի մը վրայ ըլլար: Անոր քով, գետինը, վարակի մը ծակը, աշտանակի վերածուած, կիսամաշ մոմ մը կը կրէր, չորս կողմը կոյտ կոյտ հալած եղերով, որոնք մանր պտիկներով վեր կը բարձրանային, հետզհետէ լայնանալով ու տարածուելով: Աթոռակ մը, որուն յարդը տակէն դուրս կը պոռթկար, փոքր արկղ մը, փայտէ կտորուանքներէ յարմարցուած, հայելիի եռանկիւն բեկոր մը՝ որմախորշի մը մէջ տեղաւորուած, ահա ամբողջ կահ կարասին, որուն մէջ Կումիկ կ՚ապրեցնէր իր դժնդակ չարքաշ ամուրիութիւնը:
Արթննալուն պէս, կարճ փոթուռը սրունքներէն վեր քաշելով, վար կը նետուէր, նաւակայքը, ուր կը մակաղէին՝ գիշերն ի բուն՝ նաւակներն ու մակոյկները, իրենց տէրերէն որբ, քով քովի, ձողակերտ ցանցերուն վրայ հանգչած, որոնց ներքեւ ջուրը, զսպուած, կը ծեծկուի, կը խլրտայ մթութեան մէջ խոլ հեծիւններով, խորհրդապահօրէն: Կումիկ ատոնց մէջ իրը ունէր, իր մակոյկը, կուպրով ծեփած պարզ ողնափայտ մը, իր կեանքը, իր հոգին: Անոր կռթնած՝ աչքը նաւակայքին բացուածքէն դուրս, դիտելով Ոսկեղջիւրի հայելին, զոր արեւծագի հովերը քիչ ետքը պիտի գան պարուտակել, սիկառը կը քաշէ ուժգին շնչառութեամբ, մազոտ կուրծքը հոլանի, ոտքը բոպիկ, գլուխը ճենճոտ ֆէսով մը: Թնդանօթաձիգ ռազմիկի ճարտարութեամբ մըն է, որ յետոյ ան իսկոյն լանջքի, թեւերու, թեւճակներու շարժմամբ մը կը հրէ մակոյկը, որ կը քալէ, կ՚առաջանայ, կը սուրայ մինչեւ նաւակայքին բերանը, հոն կապիկի պէս վեր կը շուլլուի Կումիկ եւ մակոյկին մէջ կը ցատկէ, թեւճակները անցընելով: Ու կը բացուի…: Իր տարրին վրայ է:
Իրիկուան, գեղին նաւամատոյցը, չավէլան դրած, հանրութեան կը կարդայ իր ձուկերուն դրուատիքը, նախշուն եւ հրաւիրող: Երբոր չավէլան պարպուի, շիշ մը օղի գրպանած, մակոյկը կը մտնայ եւ թիակի երկու հարուածներու մէջտեղը, օրհնեալ շիշը բերնին տնկելով, վրանբաց երգի մը մռլտուքներովը նաւակայք կը հասնի, հոն, վեր կ՚առնէ մակոյկը, հացի կտորուանքներ կը թխմէ կոկորդէն վար, փարջ մը ջուր կը խմէ ու խցիկը կ՚ելլայ, որ վայրկեան մը կը լուսաւորի գետնատարած աշտանակէն: Բո՛ւֆ, մոմը կը մարի՝ նոր եղեր կաթեցնելով չորսդին, եւ Կումիկ կը խորդայ…:
Բ.
Օր մը, Կումիկ, իրիկուան դէմ, իր դրկից ձկնորս Սերգիսին խուցը մանկամարդ աղջիկ մը տեսաւ, որ բոպիկ ոտքերը երկնցուցած՝ գերանի մը կռթներ էր: Ածուխի պէս սեւ աչուըներ ունէր, թուխ դէմքով, վաւաշոտ շրթունքներով: Երիտասարդ ձկնորսը նայեցաւ անոր, ուշադիր, խորունկ նայւածքով, սրտին ու հոգիին աչուըներովը նայեցաւ: Աղջիկը, անտարբեր, մերկ ոտքովը կատուի մը հետ խաղալով զբաղած, չտեսաւ Կումիկին զննումը:
-Առ, աղջիկս,-ըսաւ ձկնորս Սերգիսը, ծրար մը երկնցնելով աղջկանը,- աման, մօրդ ըսէ չափուխ վլայ, զերէ չամաշըր չունիմ:
Աղջիկը ծռեցաւ, ձեռքովը փայփայեց կատուն, առաւ ծրարը եւ սանդուխքէն իջաւ գնաց: Կումիկ, ներսիդին բան մը զգալով, զոր մինչեւ այն ատեն չէր զգացած, հարցուց Սերգիսին, թէ ո՞վ էր այդ աղջիկը:
-Չամաշըրճի Հոռոփին ախճիկն է… ի՞նչ է ծօ, աչքդ խածա՞ւ…:
Ինչո՜ւս պէտք, ճանըմ,- ըսաւ Կումիկ անտարբեր ձեւանալով եւ իր խցիկը ցատքեց, որ ճիշտ քովն էր:
Հետեւեալ օրը, ծովին վրայ, բազմալար կարթը վարած միջոցին, Կումիկ սեւաչուի աղջիկը կը մտածէր, անոր թափթփած մազերը, վաւաշոտ շրթունքը եւ ոտքին մատուները, որոնք կատուին հետ կը խաղային: Ինքնաբերաբար, մակոյկը վեր քաշելէն յետոյ, նորէն Սերգիսին խուցը ելաւ, փոխանակ իրենին: Աղջիկը հոն չէր: Միւս իրիկունը նորէն ատանկ: Երրորդ գիշերը աղջիկը եկած էր, ծրարը բերելու. գերանին կռթնած, բոպիկ ոտքը մուճակէն դուրս հանելով, նորէն կատուի հետը կը խաղար, անոր բուրդին տաքուկ շօշափումէն կարծես մեղկ հաճոյք մը զգալով: Կումիկ, գունատ եւ մտածկոտ, դուրս ելաւ, իր խուցին դրանը առջեւ կեցաւ: Երբ աղջիկը կ՚երթար, կանչեց.
-Սա իմին չամաշըրներս ալ կը վլա՞ք,- հարցուց:
-Ինչո՞ւ չէ,- ըսաւ աղջիկը ու համարձակ մը Կումիկին խուցը մտաւ: Ձկնորսը խոհուն էր: Նստաւ իր անկողնին վրայ եւ աղջիկն ալ հրաւիրեց նստիլ կոտրած աթոռակին վրայ:
-Բերուզ,- ըսաւ,- սուտ եմ, չամաշըր չունիմ… ամա…
Աղջիկը, զարմացած, մանչուն երեսը կը նայէր:
-Մի՛ սրդողիր, անուշ քուրիկս,- աւելցուց Կումիկ,- չամաշըր չունիմ տալու, ամա ուրիշ բան մը ունիմ ըսելու…:
Աղջիկը ոտքի ելաւ, աչքերը բացած:
-Ինծի կ՚առնե՞ս, Բերուզ,- ըսաւ երիտասարդը պաղատանքով մը ծնրադրելով անոր առջեւ:
Աղջկան նայուածքը մէկէն ի մէկ մեղմացաւ, անուշցաւ, նստաւ նորէն աթոռակին վրայ, երկու ձեռքերովը այտերը բռնած, տղուն նայելով պիշ-պիշ:
-Ասկէց կ՚ելլամ, Բերուզ, դուրսը աղուոր օտա մը կ՚առնեմ,- կը շարունակէր Կումիկը,- քի կարգուինք նէ, ըռահաթ ըլլաս… էկուր չէ մ՚ըսե՛ր, Բերուզ… հոգիդ սիրեմ… չե՛ս խաբուիր:
-Կ՚առնեմ,- ըսաւ Բերուզ, ոտքի ելլալով…- ամա մէյ մը մօրս հարցունեմ…:
-Բէկ աղէկ, հարցո՛ւր:
Ոտքի ելան, Կումիկ անձկոտ փողփողումով մը, Բերուզ՝ իր դէմքի բնական զուարթ արտայայտութիւնովը: Ու բաժնուեցան: Դրանը առջեւ, փիսիկը, որ կը սիրէր այդ աղջիկը, անոր ոտքերուն քսուըռտկեցաւ՝ կռնակը ուռեցնելով: Բերուզ ծռեցաւ, շոյեց անոր կռնակին բուրդը եւ գիշեր բարի ըսելով, ելաւ գնաց:
Գ.
Իր խշտիքին վրայ, այդ երջանիկ գիշերը, ոսկի երազներ երազեց երիտասարդ ձկնորսը, ծրագիրներ պատրաստեց այդ աղուոր սեւաչուի աղջկան սիրտը բոլորովին շահելու համար, վասն զի անոր ոչ այնքան փութկոտ ձեւերը շատ վստահութիւն չէին ներշնչեր իրեն: Ա՛լ դժոխք կ՚երեւնար իրեն նաւակայքին այդ ծակը, ուր կեանքին ծաղիկը ապրեր էր: Իր ապագայ կեանքին յետին մանրամասնութիւններուն իջաւ, մինչեւ իսկ պզտիկ պզտլիկ, կլորիկ մանչու մը ճվոցը լսել կարծեց Բերուզին գրկին վրայէն: Յոյսերու, սարսուռներու, երանութեանց առաջին գիշե՛րը ապրեցաւ Կումիկ, բայց հետեւեալ առտուն նորէն արեւը չէր ծագած, երբոր փոթուռը սրունքներէն վեր քաշելով, իջաւ նաւակայք եւ մակոյկը լողացնելով, ծով ելաւ: Իր եռանդէն ձուկերը տուժեցին, որոնցմէ մեծ քանակութիւնով բռնեց:
-Հա՛յտէ, հա՛յտէ, եկէք, եկէք, նոր մարդ պիտի էւելնայ,- կը մրմռար իր մունջ երէներուն,- Բերուզս ուտել կ՚ո՛ւզէ, կը հասկնա՞ք կոր…:
Եւ ողնափայտին խորը խորակաձուկերուն ոգեսպառ թապլտուքները բոլորովին տարբեր հաճոյք մը կը պարգեւէին հիմա սիրահարուած ձկնորսին: Աղջկան սիրտը բոլորովին գերելու յափշտակութեան մէջ, Կումիկ այդ օրը իր բռնած ձուկերուն լաւագոյններէն մէկ օխայի չափ զատելով, տարաւ իր խուցը պահեց, պնակի մը մէջ: Յետոյ, նաւամատոյցին վրայ, ախորժաբեր հրաւէրներու սաղմոսերգութեան մը ուժովը շուտ մը ծախեց չավէլային պարունակութիւնը եւ օղիին շիշը լեցնելով, մտաւ մակոյկ. ճամբան, մինչեւ նաւակայք, թեւճակի երկու հարուածի մէջտեղ, ըմպեց կենդանատու նեկտարէն, երեւակայութիւնը զինելով, իր պատրաստած առաջին նուէրին ազդեցութեանը վրայ տարապայման խանդավառուած:
Մթնշաղ էր, երբոր նաւակայքէն ներս քշեց մակոյկը: Ընդհանրապէս Բերուզ այդ միջոցներուն կ՚երեւար: Ձկնորսը ոտքը իր խցիկին սանդուխին դրած պահուն, հեռուանց, նաւակայքին խորէն տեսաւ աղջկան շրջազգեստին ծփանքը: Յուզուած, աճապարեց վեր ելաւ սանդուխէն, անկէց խուցը մտնելու եւ իր սրտին հատորը ընդունելու համար: Խուցիկին դռնէն, սակայն, ակնարկ մը նետելով, աղաղակ մը արձակեց եւ ներս խուժեց: Կատուն չորս թաթերովը ձուկերուն վրայ ինկած, - այն ձուկերուն, զորս Կումիկ Բերուզին պիտի մատուցանէր, եւ որոնք, իր մտածումովը, յաղթանակին նուիրագործումը պիտի ըլլային, - կատաղի ախորժակով մը կ՚ուտէր: Կումիկ՝ մոլեգնութեան տագնապի մը ենթակայ՝ ուժգնօրէն բռնեց կատուին պոչէն եւ անգամ մը դարձնելով օդին մէջ, գետինը զարկաւ: Կենդանին, իր խնճոյքին մէջ այդպէս վայրենօրէն ընդհատուած, վայրկեան մը գետնաթաւալ մնաց՝ սրտակտուր մլաւիւն մը արձակելով, բայց ձկնորսը, աղէտին առջեւ, աւելի կատղած, նորից բռնեց զայն ետեւի թաթերէն եւ անոր մարմինովը օդին մէջ շրջանակներ գծելէ յետոյ ցնորագին արագութիւնով՝ զարկաւ հաստ գերանի մը: Կատուին գանկը ճեղքուեցաւ, ըղեղը արիւնին խառնուած, չորս կողմը ցայտեց, եւ մարմինը, զոր ալ ձգեց Կումիկ, անշունչ ինկաւ գետինը, բերանը բաց, արիւնաթաթաւ: Այդ նախճիրին առջեւ, ձկնորսը, հանդարտած, սփոփանքի «օ՜խ» մը արձակեց: Եւ պիտի երթար ձուկերը աչքէ անցընելու, երբ ետին դառնալով, Բերուզը տեսաւ, որ խցիկին դուրսը կայնած, սառած աչուըներով կատուին անշունչ դիակը կը դիտէր: Աղջիկը տժգոյն՝ դռան սեմին վրայ եկաւ:
-Դո՞ւն ըրիր ասիկա, Կումիկ,- հարցուց դողդոջուն ձայնով մը:
-Քեզի համար ձուկ պահեր էի, շունշանորդի հայվանը կ՚ուտէր կոր… վրայ հասայ, իշտէ թո՛ղ նորէն ուտէ նայիմ… փառքը առաւ:
Եւ յետոյ, նորէն ձուկերուն մօտենալով, բռնեց պնակը եւ Բերուզին դարձաւ:
-Նա՛, հոգիս,- ըսաւ,- երկու հատը կերեր է, զարար չունի, վաղը տահա շատ կը պերեմ:
-Չուզէ՛ր,- պատասխանեց աղջիկը՝ կատուին ջախջախուած գանկը դիտելով միշտ եւ յանկարծ երիտասարդին դառնալով.
-Կումի՛կ, -ըսաւ, - մարս խայիլ չըլլար կոր:
-Հէ՞, ի՞նչ կ՚ըսես, Բերուզ, ամա՛ն:
-Մարս խայիլ չըլլար կոր,- կրկնեց աղջիկը ուժգին ու վրիժառու շեշտով մը եւ դուրս ելաւ խցիկէն՝ վերջին ակնարկ մը նետելով արիւնոտ դիակին վրայ…:
Ու վար իջաւ աճապարանքով, Կումիկ, շանթահարուած, կը պոռար վերէն՝ պնակը ձեռքը.
-Բերո՛ւզ, օտքդ պագնեմ…
-Մարըս խայիլ չըլլար կոր,- ըսաւ վերջին անգամ մը մանկամարդ աղջիկ ը եւ նաւակայքին ստուերներուն մէջ անյայտ եղաւ…:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ