ԼԵՌՆԱՅԻՆ ԾԱՂԻԿՆԵՐՈՒ ՄԵՂՐ ԵՒ ԱՆՏԱՌԻ ՀԱՏԱՊՏՈՒՂ
Անցեալ շաբաթ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթը Հայաստանի սահմանամերձ Բերդ քաղաքին մէջ մասնակից եղաւ Հայաստանի աւանդական փառատօներէն մէկուն՝ Մեղրի եւ հատապտուղներու փառատօնին:
Ամէն տարի՝ մեղրաքամի այս շրջանին, որ Օգոստոսին սովորաբար կ՚աւարտի, եւ կ՚ամբարուի մեղրը, Բերդ քաղաքին մէջ կը մեկնարկէ այս ինքնատիպ փառատօնը, որու ժամանակ կը փառաբանուի հայկական անարատ մեղրը եւ հայոց անտառներու հատապտուղը:
Այս փառատօնը չորս տարուան պատմութիւն ունի, բայց արդէն ճանչցուած դարձած է հայաստանաբնակներուն եւ զբօսաշրջիկներուն քով, ինչի ապացոյցն այդ օրը Բերդ ուղեւորուուղ զբօսաշրջիկներն են:
Մեղրի եւ հատապտուղներու փառատօնը ընդունուած է անուանել Հայաստանի տասնեակ փառատօներու մէջ ամենէն «քաղցրը». այստեղ է, որ մասնակիցներն ու հիւրերը կրնան անվերջ համտեսել բնութեան այդ քաղցր ու անկրկնելի բարիքը: Փառատօնի ժամանակ մասնակիցները հնարաւորութիւն ունին մեղրի մասին իրենց հարցումները տեղւոյն վրայ ուղղել մեղուապահներուն եւ մեղուաբոյծներուն:
Այս տարուան փառատօնը իւրայատուկ էր, քանի որ համընկնեցաւ Աստուածածնայ Վերափոխման տօնին, եւ փառատօնին սկսելէն առաջ Տաւուշի Թեմի նորանշանակ առաջնորդ Տ. Բագրատ Եպիսկոպոս Գալստանեան Բերդի տարածքաշրջանի հոգեւոր հովիւ Տ. Արամ Քահանայ Միրզոյեանի հետ Բերդի Սորանի կոչուող այգիին մէջ խաղողօրհնէք կատարեց. օրհնուած խաղողը բաժնուեցաւ փառատօնի մասնակիցներուն:
Չորս տարի առաջ, նախաձեռնելով այս փառատօնին՝ «Տաւուշի հոգեւոր վերածնունդ» հիմնադրամի նախագահ Հայկ Չոպանեան նպատակ ունէր ուշադրութիւն հրաւիրել Հայաստանի այս հեռաւոր շրջանին վրայ: ԺԱՄԱՆԱԿ-ի հետ զրոյցի ընթացքին Հայկ Չոպանեան ըսաւ, որ մասամբ յաջողած է իր նպատակին մէջ, սակայն քանի որ փառատօնը ամենամեայ է, տարուէ տարի աւելի շատ մասնակցութիւն կ՚ակնկալուի, եւ փառատօնը կը հարստանայ նոր նախաձեռնութիւններով:
Փառատօնի պատուոյ հիւրերէն էր Ֆրանսայի Լիոն քաղաքէն հայազգի ձեռնարկատէր, խոհարար, Լիոնի L'Alexandrin ճաշարանի հիմնադիր եւ սեփականատէր Ալէն Ալեքսանեան: Ան վերջին տարին կարճ այցերով կը գտնուի Հայաստանի հեռաւոր շրջանները, ուր կիներուն եւ փոքր ձեռնարկատէրերուն կը սորվեցնէ՝ ինչպէ՛ս իրենց ուտելիքը, գիւղական մթերքը եւ արտադրանքը համապատասխանեցնել միջազգային շուկայի պահանջներուն եւ զանոնք դիւրութեամբ հանել վաճառքի: Ինք, իբրեւ ուտելիքի մարզին մէջ կայացած ձեռնարկատէր, յաջողութեան հասած է երիտասարդ տարիքին՝ ժամանակի ընթացիքն կուտակելով փորձ, գիտելիքներ, եւ ահաւասիկ որոշած է այդ հմտութիւնները փոխանցել իր հայրենակիցներուն: Ալէն Ալեքսանեան մասնաւորապէս հիւթերու, տաք եւ պաղ ըմպելիներու, անուշներու, պահածոներու վերաբերեալ խորհուրդներ կու տայ գիւղացիներուն: Մեր տուեալներով, արդէն անոր խորհուրդներով եւ թեքնիկով պատրաստուած Լոռիի Ախթալայի շրջանի հիւթերը Ֆրանսա արտահանելու ծրագիր կազմուած է: ԺԱՄԱՆԱԿ-ի հետ զրոյցի ընթացքին Ալէն Ալեքսանեան ըսաւ, որ հայկական պտուղը, բանջարեղէնը անկրկնելի են, բայց անոնցով պատրաստուած պահածոներուն մէջ կը պակսին համեր, որոնք կրնան հետաքրքրել նաեւ օտարները եւ ինք այդ համերը ներդնելու ծրագրեր մշակած է գիւղացիներուն համար:
Բերդի Մեղրի եւ հատապտուղներու փառատօնին ֆրանսահայ նշանաւոր խոհարարը ներկաներուն առջեւ հոնէ, ազնուամորիէ, մոշէ, դեղձէ պատրաստեց ամառնային պաղ թէյ մը, որու մէջ շաքարի փոխարէն մեղր աւելցուց: Ալէն Ալեքսանեան ըսաւ, որ այս ըմպելիքը նոյն համով աշխարհի ոչ մէկ երկրի մէջ հնարաւոր է ստանալ, քանի որ Հայաստանի հատապտուղները առանձնայատուկ անտառային համ մը ունին:
Ալէն Ալեքսանեան նաեւ ըսաւ, որ իր համագործակցութիւնը հայ գիւղացիներու հետ շարունակութիւն պիտի ունենայ եւ ինք, 30 Օգոստոսին Լիոն մեկնելէ առաջ, օգնած է նաեւ 12 Սեպտեմբերին Օձունի մէջ կայանալիք «Օձունի գանձերը» խորագրով փառատօնի ուտեստային մասի նախապատրաստական աշխատանքներուն, որպէսզի ան նոյնպէս գրաւիչ ըլլայ մանաւանդ օտար մասնակիցներու համար: Այդ փառատօնին պիտի ներկայացուին նաեւ ֆրանսահայ խոհարարի բաղադրատոմսերով պատրաստուած հիւթեր եւ պահածոներ:
Մինչ այդ՝ Ալէն Ալեքսանեան վարպետութեան մէկ այլ դասընթացք ալ Երեւանի մէջ ըրաւ՝ ԼՕՖԹ ակումբին մէջ:
Նախորդ տարիներու բոլոր փառատօներուն մասնակցած է նաեւ Հայաստանի մօտ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախկին դեսպան Ճոն Հեֆերն:
Տաւուշի մարզի Արծուաբերդ համայնքի բնակիչ, երեսունհինգ տարուան մեղուաբոյծ Վոլոտիա Գրիգորեան կ՚ըսէ, որ Ճոն Հեֆերն միշտ իրմէ առատ մեղր գնած է: Դեսպանը, փառատօնի առաջին տարին, փորձելով Վոլոտիա Գրիգորեանի պատրաստած մեղրը, յաջորդ տարիներուն նոյնպէս մասնակցած եւ շտապած է ամենէն մեծ քանակութիւնը գնել Վոլոտիա Գրիգորեանէն: Որպէս փորձառու մեղուաբոյծ, Վոլոտիա Գրիգորեան խորհուրդ տուաւ գոց գոյնի մեղր գնել տարիքով մեծահասակներուն համար, իսկ երախաներուն տալ բաց գոյնի մեղր: Ան այդ մէկը բացատրեց մեղրի խտութեամբ եւ բաղադրութեամբ. գոց գոյն մեղրը աւելի խիտ եւ քաղցր է, օժտուած է աւելի մեծ ուժականութեամբ: Մեղուաբոյծը նաեւ ըսաւ, որ այս տարի մեղրը առատ չէ, բնութիւնը բարենպաստ չէ գտնուած մեղուապահներուն համար, բայց ամէն պարագայի, վաճառելու եւ ընտանեկան պաշար միշտ ալ կայ: Մեղուաբոյծը շատ ուրախ է նման փառատօնի գոյութեամբ: Փառատօնի ժամանակ է, որ ան հնարաւորութիւն ունի աւելի շատ մարդու ներկայացնել իր եւ մեղուներու յամառ աշխատասիրութեամբ վաստկած գանձը: «Օրական մէկ դգալ մեղրը կը պահէ շատ մը հիւանդութիւններէ», բժիշկներու պէս բոլոր մասնակիցներուն խորհուրդ կու տան փառատօնին ներկայ մեղուաբոյծները:
Նշենք, որ հայկական մեղրը, տակաւին հին ժամանակներէն, ոսկիի գին ունեցած է: Նոր ուսումնասիրութիւնները փաստած են, որ մեր նախնիները լրջօրէն զբաղած են մեղուպահութեամբ, նոյնիսկ հնագոյն պեղածոներու մէջ փեթակներ եւ մեղուագործական իրեր գտնուած են: Հայաստանը, որ Մետաքսի ճամբուն վրայ կը գտնուի, մեղրով յայտնի եղած է, եւ հայ վաճառականները բազում ապրանքներ փոխանակած են մեղրի հետ: Նոյնիսկ զէնքի հետ հին ատեն մեղր փոխանակած են, այնքան արժէքաւոր եղած է Հայաստանի մեղրը:
Մեղրի եւ հատապտուղներու փառատօնը նպատակադրած է նաեւ վերականգնելու մեղրային Հայաստանի երբեմնի համբաւը: Փառատօնը ուրախութիւն կը պատճառէ նախեւառաջ տեղաբնակներուն, որոնք այդ օրը համախմբուելու առիթ կ՚ունենան, ականատես կ՚ըլլան համերգային ծրագրի, նաեւ հնարաւորութիւն ունին տեսնելու, թէ ի՛նչ արտադրանքներ կան իրենց շրջանին մէջ: Մեղրէ եւ հատապտուղներէ զատ այդ օրը կը վաճառուին նաեւ ձեռագործ աշխատանքներ, մանուկներու ձեռքի գործեր, ուտելիք:
Այս փառատօնի մեղրի բաժնի պատասխանատուն Հայաստանի մէջ հիմնուած «Սահման» հասարակական կազմակերպութիւնն է, որու նախագահ Ճորճ Տապակեան ԺԱՄԱՆԱԿ-ին մանրամասներ փոխանցեց, որ ընկերութիւնը աջակցած է գիւղացիներուն՝ իրենց արտադրանքը աւելի յառաջընթաց ու ժամանակակից դարձնելու ուղղութեամբ: «Սահման» կազմակերպութիւնը հիմնուած է սահմանամերձ շրջաններու մէջ գիւղացիներուն օգնելու համար, որպէսզի գիւղացիները, վտանգի պարագային, չլքեն իրենց հողերը: Գումարները ձեռք կը բերուին հանգանակութիւններու միջոցաւ, հիմնականին Արաբական ծոցի երկիրներու հայկական համայքներէն:
Կազմակերպութիւնը բակային ջերմոցներ տրամադրած է մանաւանդ ամենէն սահմանամերձ եւ վտանգաւոր նկատուող Բերքաբեր գիւղի բնակիչներուն, որպէսզի անոնք բանջարեղէն աճեցնեն, քանի որ ականապատուած հողերու եւ կրակոցներու պատճառով գիւղացիները հնարաւորութիւն չունին ամբողջութեամբ գործածել իրենց միւս հողերը: Ինչպէս տեղեկացուց Ճորճ Տապակեան, նաեւ փեթակներ տրամադրած են գիւղացիներուն, մէկ տարուան դասընթացքներ իրակնացուցած են մեղուապահներուն հետ, թէ ինչպէ՛ս ճիշդ խնամել մեղուները, բուժել, մեղուաքամը ճիշդ կատարել եւայլն:
Իսկ ամենէն կարեւորն է, որ մեղուապահութիւնը այս շրջանին մէջ կը նկատուի հեռանկարային ճիւղ մը եւ շատ մարդիկ իրենց ուժերը կը կեդրոնացնեն այդ ուղղութեամբ։ Պատճառներէն մէկը, որ շրջանը Հայաստանի ամենէն անարատ ու մաքուր բնական շրջաններէն մէկն է, եւ երկրորդ, քանի որ գիւղացիները արդէն չեն կրնար զբաղիլ իրենց պապենական գործով՝ անասնապահութեամբ, քանի որ անասունները չեն կրնար արածել հեռու դաշտերուն մէջ՝ ականապատուած ըլլալու եւ կրակահերթերու պատճառաւ, եւ պատրաստակամ են այլ աշխատանք մը կատարելու, ինչ որ կրնայ ըլլալ մեղուապահութիւնը: Մեղուի պարագային այդ խնդիրը չկայ: Թանկարժէք նեկտարը հաւաքելու համար մեղուն կրնայ հարիւրաւոր քիլօմեթրեր թռչիլ, նոյնիսկ սահմանն ալ անցնիլ եւ ետ գալ: Ան սահման չի ճանչնար եւ այդ առումով մեղուապահութիւնը այս պահուն շրջանին մէջ ամենէն իրատեսական գործն է: Ինչպէս մեզի հետ զրոյցի ընթացքին ըսաւ Հայկ Չոպանեան, զարգացման պարագային, թերեւս Բերդի ապրանքանիշն ալ մեղրը դառնայ:
Սահմանամերձ այս՝ Տաւուշի գիւղացիի կողքին կեցած է նաեւ այլ կազմակերպութիւն մը՝ «Կանաչ Արահետ» ընկերութիւնը: Ընկերութեան նախագահ Նունէ Սողոմոնեան ըսաւ, որ երբ առաջին տարին իրենց ընկերութիւնը մասնակցած է Մեղրի եւ հատապտուղներու փառատօնին, տեսած են, թէ հակառակ անոր, որ փառատօնը նաեւ հատապտուղներու է, բայց հատապտուղ գրեթէ չէ ներկայացուած: Կազմակերպութիւնը նախաձեռնած եւ Նորվեկիոյ կառավարութեան միջոցաւ ազնուամորիի այգիներ տնկած է սահմանամերձ գիւղերուն մէջ, իբրեւ աջակցութիւն գիւղացիներուն:
Փառատօնին գիւղացիները բերած էին ինչպէս իրենց տնամերձ այգիներու մէջ աճեցուած հատապտուղները, այնպէս ալ՝ հեռաւոր սարերու եւ անտառներու մէջ, վայրի եւ ազատ պայմաններու տակ բուսած հատապտուղներ: Կազմակերպութիւնը հայ կիներուն գիտելիքներ տուած է ժամանակակից ոճով ծրարաւորելու, հատապտուղներէ հիւթ, չիր, շարոց, անուշ պատրաստելու եւ վաճառելու ձեւերն ու միջոցները:
Սահմանամերձ այս շրջանի բնակիչները թէ՛ մեղրը եւ թէ հատապտուղները կը ստանան, կը հաւաքեն եւ կ՚ամբարեն սահմանային մշտական լարուածութեան ներքոյ: Տաւուշի գիւղերը՝ Չինարի, Այգեպար, Բերքաբեր եւայլն, յաճախ կ՚ենթարկուին ռմբակոծութիւններու, բայց մարդիկ, ինչպէս նշեցին մեր զրոյցներու ընթացքին, քսան տարիէ աւելի վարժուած են այդ վիճակին եւ մտադիր չեն լքել իրենց գիւղերը: Հողը լքելը դաւաճանութիւն է, կ՚ըսէին գիւղերու բնակիչներ: Անոնք իրենց պապենական հողերու տէրերը կը նկատեն իրենք զիրենք եւ ամենօրեայ պայքար կը տանին՝ հողն ու գիւղերը պահելու նպատակով:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Ընկերամշակութային
- 11/28/2024