ՄԱՐՈՒՇ ԵՐԱՄԵԱՆ. «ՀԱՅԱՍՏԱՆԷՆ ԴՈՒՐՍ ՀԱՅԵՐԷՆԻ ՈՒՍՈՒՑԻՉ ԸԼԼԱԼ՝ ԿԸ ՆՄԱՆԻ ԱՐՑԱԽԻ ՄԷՋ ԶԻՆՈՒՈՐ ԸԼԼԱԼՈՒ»
Արեւմտահայերէնով ստեղծագործող, մտածող եւ արմտահայերէնը իր առօրեային հիմնականը դարձրած Սփիւռքի սակաւ մտաւորականներէն է Մարուշ (Մարուշ Երամեան): Հալէպ ծնած, հոն ուսուցչութիւն ըրած եւ գիրքեր տպագրած գրողին նոյնպէս պատերազմը հանեց իր ծննդավայրէն եւ Մարուշ կարճ ժամանակ մը Երեւանի մէջ մնալէն ետք այսօր կը պաշտօնավարէ Գահիրէի Կիւլպէնկեան-Նուպարեան վարժարանին մէջ, իբրեւ աւագ ուսուցչուհի: Այս ամրան արձակուրդին ան կը գտնուէր Երեւանի մէջ, եւ օգտուելով առիթէն զրոյց մը ունեցանք ԺԱՄԱՆԱԿ-ի համար խօսելով թէ՛ դժուարութիւններուն եւ թէ՛ ալ այն լաւատեսութեան մասին, որ այս օրերուն միակ փրկութիւնն է առօրեայ հոգերով ամէնուր ապրող հայ մարդուն համար:
-Ո՞րն է այսօր Մարուշ գրողի, մտաւորականի հիմնական մտահոգութիւնը. գրելու հա՞րցն է, մեր ժողովուրդի ընդհանուր մտահոգութիւննե՞րն են, թէ՞ կան այլ մտահոգութիւններ:
-Անցեալ օրը դեռ կը մտածէի, որ այսքան տառապանքի մէջ, երբ այսքան մարդիկ տուները ձգած-ելած են, մանաւանդ՝ հալէպահայութեան պարագային, այսքան աշխարհի չորս կողմը կռիւ, սով, անգործութիւն, եւ այլն, վերջ ի վերջոյ ըսի, որ ի՞նչ իմաստ ունի գեղարուեստական գրականութեամբ զբաղիլը: Սիրտ ունի՞ս գրելու: Ինչո՞վ պիտի գրես, արիւնո՞վ, մորթի՞ վրայ, եւ ի վերջոյ ո՞վ պիտի կարդայ, ո՞վ սիրտ ունի կարդալու: Վերջին հաշուով կը հասնիս հոն, ուր մարդիկ պիտի կարդա՞ն, թէ՞ պիտի չկարդան, որովհետեւ կը գրես, որ մարդիկ կարդան, չես գրեր դուն քեզի համար, թէ ոչ՝ չէիր հրատարակեր:
-Անիմա՞ստ կը տեսնես այսինքն գեղարուեստական գրականութիւնը այս օրերուն:
-Ոչ թէ անիմաստ կը տեսնեմ, այլ կը զգամ, որ տեղ մը կեցած եմ, որ ընտրութիւն պէտք է կատարեմ: Այսինքն ոչ միայն ինծի՝ իբրեւ գրողի, այլ կը կարծեմ, որ ամբողջ մարդկութիւնը շատ խոշոր անկիւնադարձի մը վրայ կեցած է, որովհետեւ մեր սորված բոլոր սկզբունքները արդէն կարծես հարցադրումի կ՚ենթարկուին. արդեօք ճի՞շդ էին մեր որդեգրած սկզբունքները, թէ՞ պէտք էր ուրիշ ձեւով ապրէինք: Որովհետեւ երբ որ ազնիւ ես, երբ որ աշխատասէր ես, երբ որ մարդ ես, կը տեսնես, որ տեղ չես ունենար, ընտանիքդ անգործ կը մնայ, զաւակներդ դպրոցի դրամ չեն ունենար եւ այլն: Կը սկսիս մտածել, որ երբ որ քու ամբողջ առօրեադ, քու ամբողջ էութիւնդ իբրեւ մարդ հարցադրումի տակ է, արդէն գեղարուեստականը երկրորդական կը մնայ: Բայց միւս կողմէն ալ չես կրնար չգրել, կ՚ըսես, եթէ գրող եմ, ժամանակը պիտի թափանցեմ, ժամանակը բռնեմ տեղ մը: Ժամանակին Վահէ Օշականը շատ գեղեցիկ խօսք մը ըսած է. «Երբ որ քաղաքացին եւ ոստիկանը կը կռուին, դուն չես կրնար մայթին վրայ կենալ եւ «գարուն» երգել»: Շատ ճիշդ է ատիկա: Շատ հանգուցային էական հարցադրումներու առջեւ ենք:
-Բայց այն տեսակէտը կայ, որ ար-ւեստը, գիրը, գրականութիւնը նման ճգնաժամային պահերուն փրկութիւն են:
-Փրկութիւն է այն իմաստով, որ սեպենք թէ ես գրեցի, ինքզինքս փրկեցի, կարդացող պիտի ըլլա՞յ...: Կարդացող կ՚ըլլայ, որովհետեւ կարդացողին համար ալ ատիկա մխիթարութիւն է: Կը նշանակէ դուն ի՞նչ պիտի գրես, կը գրես այն, ինչ որ կայ, այն ինչ որ կը տեսնես, որ խորքին մէջ ծայրայեղօրէն յուսահատական է, թէ՞ այդ բոլորը պիտի շրջանցես եւ գրես քու սկզբունքներուդ մասին: Իբրեւ գրողի քու դերդ է, որ հարցադրումի կ՚ենթակուիս:
-Սուրիոյ պատերազմը շա՞տ փոխած է քեզ, թէ՞ նոյնը մնացած ես, եւ առհասարակ, ո՞րքանով կրնայ փոխել պատերազմը մարդ մը:
-Երբ որ այդ էական հարցադրումները կ՚ունենաս, չես կրնար նոյնը մնալ: Միւս կողմէն, ես շրջանի մը մէջ կ՚ապրէի, ուր շէնքիս մէջ տասը տունէն եօթը տուներու բնակիչները իսլամ էին, երեքը քրիստոնեայ էին: Այդ մարդիկը մինչեւ այսօր կը հարցնեն ինծի, տունիս կը նային, այսինքն, այդ ինչ որ կը պատահի Սուրիոյ մէջ, ինչ որ կը խօսուի, իբրեւ մամուլի նիւթ, իրականութիւն չէ: Մէկ կողմէն ատիկա կը տեսնեմ, միւս կողմէն կը տեսնեմ, որ մարդը հոն մարդ մնացեր է: Այսինքն, լաւ կէտեր ալ կան, եւ այդ ամբողջ պատերազմի շրջանին, որ ես հոն էի, այդ երեք տարին, մինչեւ 2014 թուականը, սկսայ դիմատետրի վրայ շատ փոքրիկ բաներ գրել, Ժխտականներուն դրականները իմաստով, որովհետեւ անընդհատ կը փորձէի այդ ժխտական մթնոլորտին մէջ դրական կէտեր գտնել: Եւ անկեղծօրէն՝ կը գտնէի: Կը տեսնես, որ ապրելու բնազդը այնքան զօրաւոր է, որ մարդիկ կը շարունակեն լաւ բան փնտռել, լաւ բանով սնանիլ, լաւով ապրիլ, հակառակ ամբողջ տակնուվրայութեան եւ այլն, ասիկա կ՚երեւի որոշ հաւասարա-կըշռութիւն մը կը պահէ մէջս, բայց ըսեմ որ առաջ ես անվերապահ հաւատացող էի մարդ արարածին, հիմա այդքան անվերապահ չեմ, շատ վերապահ եմ, որ մարդը, որքան ալ կրնայ լաւ ըլլալ, կրնայ չար ալ ըլլայ, այսօր այդ ալ կը մտածեմ:
Այսօր այդ ալ կը մտածէի, որ չարութիւնը արուեստի պէս եւ արուեստի չափ ստեղծագործական արարք մըն է: Անդրադարձայ եւ ասիկա ուղղակի գիւտ էր ինծի համար:
-Ի՞նչ կ՚ըլլայ սուրիահայ գաղութին ապագան: Կը վերադառնա՞յ իր նախկին օրերուն, թէ՞ այլ ձեւ մը կը ստանայ:
-Նայէ՛, կը վերադառնայ: Բայց նախկի՞ն օրերուն, չեմ գիտեր: Նոր բանի կը վերադառնայ: Նոր բան մը կ՚ըլլայ: Ես կը կարծեմ, որ եթէ դադրի այս պատերազմը (պէ՛տք է դադրի), եւ եթէ Հալէպը մնայ Սուրիոյ տարածքին (որովհետեւ այլ վախեր ալ կան), ես կը կարծեմ, որ կը մնայ գաղութը եւ ուրիշ ձեւով կը մնայ, նոյն ձեւով չի մնար, բայց կը մնայ: Հոն ներուժ մը կայ, որոշ դրուածք մը կայ, որ դիւրին չէ արմատախիլ ընելը:
-Իսկ Գանատա, Ամերիկա, Եւրոպա գացողները ետ կը վերադառնա՞ն:
-Հաւանաբար այդ երկիրները գացողները ետ չեն գար, թերեւս անոնց ծնողները, որոնք տարիքոտ են եւ չեն աշխատիր, անոնք ետ գան, որովհետեւ կեանքը շատ հաճելի է Հալէպի մէջ, շատ հանդարտ է, այդ արեւմուտքի հեւքը չկայ:
-Դուն կը վերադառնա՞ս:
-Իմ պարագաս շատ տարբեր է, որովհետեւ ես իմ երկու զաւակներէս զատ հոն բացարձակապէս հարազատ չունիմ, ո՛չ ծնողք, ո՛չ ամուսին, ո՛չ քոյրեր, եղբայրներ: Ես միս-մինակս ըլլալով չեմ կրնար երթալ Հալէպ. ի վերջոյ, ես հոն եմ, ուր որ զաւակներս են, ես, այսինքն, ընդհանուր օրինակ չեմ: Բայց սիրով պիտի ուզէի երթալ, որովհետեւ Երեւանի մէջ այս տունն ալ իմս է, քսան տարիէ աւելի մենք այս տունը ունինք, բայց ինծի համար տուն որ կ՚ըսե՛ս, Հալէպի տունն է: Կարծես հոս ժամանակաւոր եկած նստած եմ, գրադարանս հոն է, հինգ հազարէ աւելի գիրք ունիմ, եթէ բան մը պիտի գրեմ, գիրքերս չկան, աղբիւրներս չկան:
-Զանազան վայրերու մէջ երբ կը տեսնես հալէպահայերը, երբ կը խօսիս անոնց հետ, անոնց տրամադրութիւնները ինչպէ՞ս են, ինչպէ՞ս կը տեսնես: Շա՞տ ընկճած է պատերազմը զիրենք, այս անորոշութիւնը, տեղահանութիւնը…
-Կ՚երեւի ծանրագոյն բաժինը այս անորոշութիւնն է:
Եթէ իմանանք, որ ասկէ մինչեւ երեք տարի ետք վերջ կը գտնէ ամէն բան, կը դիմանանք, կը համբերենք: Բայց անընդհատ այսպէս օդառկախ մնալ, ատիկա դժուար է: Արդէն հինգ տարի է՝ սկսեր է պատերազմը, վերջը չ՚երեւիր: Մարդիկ ինչ ունէին, չունէին, կորսնցուցին: Բայց հակառակ անոր, եկան Հայաստան, մնացին, վերադարձան, մարդիկ Պէյրութ ալ մնացին մէկ-երկու տարի, Հալէպ վերադարձան: Տնտեսական հարցեր էին՝ շատ սուղ էր: Հալէպ, հակառակ այս ամէն ինչին կը մնայ Հայաստանէն աւելի աժան: Հայաստան շատ սուղ է ապրիլը, կենսաձեւը, որովհետեւ ապրուստի ամենէն էական բաները սուղ են:
-Կարծիքներ կային, որ պէտք է գտնը-ւէր կառոյց մը, կազմակերպութիւն մը, որ Հայաստանի մէջ պահէր սուրիահայ գաղութը, որպէսզի ան ցաք ու ցրիւ չըլլար, եւ քանի որ այդպէս չեղաւ, այդ մէկը շատ քննադարտութեան նիւթ կը դառնայ: Դուն ի՞նչ կարծիք ունիս:
-Այո, շատ ճիշդ կ՚ըլլար, որովհետեւ ատիկա երկու կողմերուն ալ շատ օգտակար կ՚ըլլար՝ թէ՛ Հայաստանին եւ թէ՛ հալէպահայերուն: Եւ հալէպահայուն տեսակը իբրեւ մարդու, շատ բարձր արժանապատ-ւութիւն ունի եւ շատ աշխատասէր է: Երբ հոս եկան, սկսան օգնութիւն ստանալ, մարդիկ շատ յստակօրէն ըսին՝ մենք օգնութիւն չենք ուզեր, մեզի գործ տուէք, մենք աշխատինք: Շատեր գործ բացին, այստեղի պատմութիւնները գիտես, մէկը կու գայ, հարիւր առ 30-ը, 40-ը, 50-ը կ՚ուզէ, միւսը կը խոչընդոտէ, արգելք կ՚ըլլայ՝ յոգնեցան…:
Շատերը առաջին անգամն է, որ Հայաստան կու գային, «հայրենիք, հայրենիք» ըսելով եկան, յուսահատ եւ յուսախաբ եղան: Այդ տեսակի մարդիկը անգամ մըն ալ իրենց երեսը Հայաստան չեն դարձներ: Շատ ափսոսալի է: Կրնային ընել, որովհետեւ պետական այրերը ինչ որ ունին (իրենց ունեցած դրամը չեմ նայիր, այլ իւրաքանչիւրին ունեցած երեք-չորս-հինգ ապարանաքանման տուները, որ կան, չորսին մէջն ալ միաժամանակ չեն կրնար ապրիլ, չէ՞), թող գոհանային մէկ հատով եւ մնացած երեքը ոչ թէ հալէպահայերուն տային, ընդհանրապէս Հայաստանի վրայ ծախսէին, որովհետեւ Հայաստանի ժողովուրդն ալ կը գաղթէ, ափսոս է ասիկա: Ես անձնապէս կ՚ուզէի, որ իմ զաւակներս հոս մնային: Աղջիկս եկաւ հոս երեք տարի մնաց, ինքն ալ, ամուսինն ալ բարձր մասնագիտութեան տէր մարդիկ են, շատ ազնիւ, շատ աշխատասէր մարդիկ են, գործ գտան, բայց այդ գործը գոհացում չտուաւ իրենց, չէր ապրեցներ այնպէս, ինչպէս իրենք կ՚ուզեն: Ի վերջոյ, մուրացկան չես, կեանքի որոշ մակարդակ մը ունիս, չես ուզեր անկէ վար իջնել: Եւ ի վերջոյ կ՚ըսես՝ այսքան տարի ես ուսաներ եմ, ինզքինքիս վրայ աշխատեր եմ, յարմար կեանք մը պիտի չունենա՞մ...: Այս է, որ չ՚ըլլար: Շատ կը հանդիպիս մարդոց, մէկը կ՚ըսէ. «Ես գիտաշխատող եմ, բայց այսինչ գործը կ՚ընեմ»: Ինչո՞ւ պէտք է այդպէս ըլլայ երկիրը: Ինչո՞ւ երկիրը իր ժողովուրդը պիտի չկարենայ պահել:
-Դուն յաճախ կու գաս Հայաստան, ինչպէ՞ս կը տեսնես, Հայաստանը կը զարգանա՞յ տարուէ տարի, յառաջացում կը տեսնե՞ս:
-Եթէ արտաքինով պիտի դատես, մակերեսով, անշուշտ, առաջ կ՚երթայ, շատ գեղեցիկ է: Բայց կեանքը այդ չէ: Նախ կարեւոր է, որ երկիր մը միջին դասակարգ մը ունենայ, եւ այդ միջին դասակարգը օրէնքով պէտք է ամենաբարձր տոկոսը կազմէ, եւ այդ միջին դասակարգը կարենայ միջին կեանք ապրիլ: Միջին կեանք, համեմատած ոչ թէ աղքատին, այլ՝ հարուստին հետ: Այսօր ո՞ւր է այդ միջին դասակարգը՝ Հայաստանի մէջ: Միջինէն վար են մարդիկ: Քանի՞ տոկոսը կը կազմեն հարուստները: Տա՞սը:
Ես ամբողջ կեանքս Սուրիա ապրած եմ, երբեք չեմ ըսեր՝ Սուրիոյ պետութիւնը կատարեալ պետութիւն է, ո՛չ: Հոն ալ կ՚ուտէին, այս կ՚ընէին, այն կ՚ընէին: Բայց, եթէ կէսը կ՚ուտէին, կէսն ալ ժողովուրդին վրայ կը թափէին: Գիւղ չկար, ուր հոսանք չըլլար, գիւղ չկար, ուր ջուր չըլլար, դպրոց չըլլար: Ալ չեմ ըսեր ճամբաները, օդանաւ իջնելիք ճամբաներ էին քաղաքները իրարու հետ կապող ճամբաները: Հայաստանի մէջ Ախթալա գացինք, չպատմեմ ինչ ճամբաներէ անցանք: Դրամ եկած է, որ ճամբեզրին պէտքարաններ սարքեն, չկա՛ն, մէկ հատ չկայ: Փոսերու վրայ տախտակներու վրայ կեցած են մարդիկ պէտքերը հոգալու եւ ամէն վայրկեան կը վախնաս, որ կ՚իյնաս մէջը: Սարսափելի բան է, ամենէն յետամնաց երկրին մէջ ասանկ բան չկայ: Այս բաները երբ կը տեսնեմ, ուղղակի կը բարկանամ, ի վերջոյ, ուտելն ալ կշտանալու չափ պիտի ուտես, չէ՞: Անկեղծօրէն, չեմ հասկնար:
-Այս հանգրուանին Եգիպտոս ես: Իբրեւ հնագոյն հայկական համայնքներէն մէկը, Եգիպտոսի մէջ տակաւին կ՚երեւի՞ հզօր հայկական հետքը:
-Այո՛, անշուշտ, որովհետեւ կառոյցները տակաւին կը մնան. հին գերեզմանատուն մը ունին, որ գերեզմանատուն չէ այլեւս, որովհետեւ հոն նոր թաղումներ չեն ըլլար: Սքանչելի վայր մըն է, Սիրանոյշ դերասանուհին հոն թաղուած է, Արփիար Արփիրարեանը, Վահան Թէքէեանը, Երուանդ Օտեանը, Համօ Օհանջանեանը, փոքրիկ պանթէոն մը կայ դաշնակցական գործիչներու:
Հոն, դժբախտաբար, ժամանակին եղեր է երկու դպրոց, հիմա միացեր է, մէկ դպրոց է՝ «Գալուստեան-Նուպարեան» ազգային վարժարան անունով: Գաղութին թիւը այդ-քան մեծ չէ, բայց շատ-շատ եռանդուն գաղութ մըն է: Ունին երեք թերթեր, երեք ակումբներ: Գաղութին մէջ օտար ամուսնութիւններուն տոկոսը շատ բարձր է, այդ պատճառով խառն ամուսնութիւններէն եկած շատ աշակերտներ կան դպրոցին մէջ, որոնց տնային լեզուն արաբերէնն է, այդ է հարցը: Հիմա դասարանին կէսը այդպիսի տղաք են, որոնք իրենց առօրեան արաբերէնով կ՚ապրին, հետեւաբար հայերէնին կը վերաբերին որպէս օտար լեզու: Կան աշակերտներ, որոնց տնային լեզուն հայերէնն է՝ մայրենին: Տարբեր մեթոտներով պիտի սորվին այս աշակերտները, եւ ասիկա պատճառ կը դառնայ, որ ըսենք այն աշակերտները, որոնք հայերէնի մէջ են, եւ իրենց համար այդ մէկը մայրենին է եւ արագ-արագ կ՚ընթանան, կը սկսին ձանձրանալ, երբ որ դուն ուշադրութիւնդ պիտի դարձնես միւսներուն վրայ: Այսպիսի խնդիրներ կան, բայց ամենամեծ մտահոգութիւնը, անշուշտ, խառն ամուսնութիւններն են:
-Շուտով վերամուտ է նաեւ Հայաստանէն դուրս գործող հայկական բոլոր դպրոցներուն համար: Իբրեւ հայերէնի ուսուցիչ, ի՞նչ կ՚ըսես Հայաստանէն դուրս հայկական դպրոցին ծառայողներուն, նուիրեալներուն:
-Նախ կ՚ըսեմ, որ Հայաստանէն դուրս հայերէն լեզուի ուսուցչութիւն ընելը, ուսուցիչ ըլլալը, Արցախի մէջ զինուորութեան կը նմանի: Բայց բոլոր ուսուցիչներն ալ, որոնք հայերէնի ուսուցիչ են, գիտեն, որ իրենց գործը գործէ աւելի բան մըն է, Հայաստանի մէջ ալ: Այսինքն, նուիրում է: Բայց... բայցը հոն է, որ մենք կը շարունակենք հայերէնը դասական մեթոտներով սորվեցնել: Այս օրերուն չես կրնար հայերէնը այլեւս դասական մեթոտներով սորվեցնել, որովհետեւ անգլերէնը ամենէն մոտեռն ձեւերով կը սորվին՝ նոր մօտեցումներ, ձեւեր, համացանց, այս, այն... հայերէնը պիտի փորձես այդպէս ընել: Եւ ի վերջոյ, իւրաքանչիւր ուսուցիչ իր գաղութի դպրոցի աշակերտներուն համեմատ պիտի ընէ, ինչ որ ընէ: Օրինակ, ինծի համար շատ աւելի կարեւոր է, որ Եգիպտոսի դպրոցին մէջ տղաք կարենան իրենց մտածածը ճշգրիտ արտայայտել հայերէնով, քան գիտնան. ։Ես այսօր դպրոց գացի, ես վաղը դպրոց պիտի երթամ՜ը քերականօրէն ինչպէ՞ս կը վերլուծեն, որ կարեւոր չէ այդքան, որքան միտքը հանգիստ արտայայտելը: «Գիրքը պէտք է վերջացնենք»։ Այս մօտեցումը որդեգրած են մեր դպրոցներուն մէջ. է՛, մի վերջացներ: Գլխուդ վրայ պետական հսկողութիւն մը չկայ: Ես երբ գացի, իբրեւ աւագ ուսուցչուհի՝ վերահսկելու համար, յետոյ բարձր կարգերու ուսուցչուհին հիւանդացաւ, ստիպուած այդ դասարանները առի, կը փորձեմ նորութիւններ, նոր մօտեցումներ որդեգրել, մտածել, խօսիլ տալ հայերէնով: