ՄԱՐԿՈՍԻ ԱՒԵՏԱՐԱՆ (Ա.)

Առաջին երեք Աւետարանները կը կոչուին համատեսական Աւետարաններ, որոնցմէ երկրորդն է Մարկոսի Աւետարանը։ Անոնք թէեւ իրենց միջեւ տարբերութիւններ ունին, սակայն անոնք իրենց պարունակութեան ու բովանդակութեան գլխաւոր մասերուն մէջ կը նմանին։

1) ՀԵՂԻՆԱԿԸ

Մարկոս ծնած է Լիպիոյ Ապրիադուլոս քաղաքը։

Մարկոսի Աւետարանին հեղինակին մասին, իր Աւետարանէն անկախ ուրիշ տեղեկութիւններ կը գտնենք եւս միւս գիրքերուն մէջ։ Իր անունը Յովհաննէս Մարկոս էր (Հմմտ. Գրծ 12.25)։ Հաւանաբար Յովհաննէս իր հրէական անունն էր, իսկ Մարկոս՝ հռոմէականը։ Կ՚ըսուի նաեւ, թէ Յովհաննէս իր եբրայական անունն է, որ կը նշանակէ «Եհովային գութը», իսկ Մարկոս իր հռոմէական անունն է, որ կը նշանակէ «Մուրճ»։

Մարկոս բնիկ երուսաղէմացի էր եւ բարեկեցիկ ընտանիքի զաւակ։ Ան իր մօր Մարիամի հետ կը բնակէր Երուսաղէմ՝ (որ Երուսաղէմի քրիստոնեայ Եկեղեցիին առաջին անդամներէն էր) բաւական ընդարձակ տան մը մէջ, որ յետագային՝ Եկեղեցւոյ առաջին օրերուն իսկ դարձաւ աշակերտներուն ժողովատեղին (Հմմտ. Գրծ 12.12)։ Հո՛ն էր նաեւ որ Յիսուս Իր աշակերտներուն ոտքերը լուաց, Սուրբ Հաղորդութեան Խորհուրդը հաստատեց եւ այնտե՛ղ էր որ առաքեալները Ս. Հոգին ստացան (Հմմտ. Գրծ 2.1-4)։

Թէեւ Մարկոս իր անունը յայտնապէս չէ յիշած իր Աւետարանին մէջ, սակայն դէպքի մը միջոցաւ ի յայտ եկած է այդ մէկը (Հմմտ. Մր 14.51-52)։ Ըստ այդ դէպքին, անոր մէջ կը տեսնուի պատանի մը, որ կը հետեւի Յիսուսի, երբ ան ձերբակալուած կը տարուէր դէպի քահանայապետին տունը։ Եւ երբ պահակները կը գիտնան, թէ ան իրենց կը հետեւէր, կը փորձեն բռնել զայն, սակայն մազապուրծ ազատած, վերարկուն թողելով անոնց ձեռքը՝ անոնցմէ կը փախչի։ Սակայն այս դէպքը չէ յիշուած միւս Աւետարաններուն մէջ, թերեւս այն պատճառով որ անոնք կարեւոր չեն սեպած զայն Յիսուսի կեանքին ու գործին նկարագրութեանց մէջ։ Մինչ ինք յիշած է սոյն դէպքը, որովհետեւ այդ պատանին նոյնինքն Մարկոսն էր։ Ուրիշ աւանդութեան մըն ալ համաձայն, կ՚ըսուի թէ ինք ալ ներկայ էր Գալիլիոյ Կանա քաղաքին մէջ, եւ ինքն էր նաեւ որ կուժը շալկած էր երբ հանդիպեցաւ Յիսուսի երկու աշակերտներուն Զատկուայ ընթրիքին օրը (Հմմտ. Մր 14.13-14)։

Յիսուսի ձերբակալութենէն քանի մը տարի ետք, երբ Պօղոս եւ Բառնաբաս (որ Մարկոսի եղբօրորդին էր) Անտիոքի հաւատացեալներուն նուէրները բերելու համար Երուսաղէմ եկան, Յովհաննէս Մարկոսը իրենց հետ տարին (Հմմտ. Գրծ 12.25)։ Ժամանակ մը ետք, Անտիոքի մէջ ան Պօղոսի եւ Բառնաբասի միացաւ (Հմմտ. Գրծ 12.25), անոնց առաջին միսիոնարական ճամբորդութեան ընթացքին, որպէս անոնց օգնականն ու ծառայակիցը (Հմմտ. Գրծ 13.1-5)։ Դժբախտաբար սակայն, ան չշարունակեց իր առաքելութիւնը, եւ Պերգէի մէջ զանոնք լքելով՝ վերադարձաւ Երուսաղէմ (Հմմտ. Գրծ 13.13)։ Կայ նաեւ ուրիշ կարծիք մը, ըստ որում կ՚ըսուի, թէ ան հիւանդացած է Պամփիւլիոյ մէջ, եւ ստիպուած վերադարձած է Երուսաղէմ։ Ժամանակ մը ետք, երբ Պօղոս եւ Բառնաբաս դարձեալ կ՚որոշեն ուրիշ առաքելական ճամբորդութիւն մը կատարել, Բառնաբաս կ՚առաջարկէ Մարկոսն ալ իրենց հետ առնել, սակայն Պօղոս զայն յարմար չնկատելով, չի յօժարիր եւ չ՚ընդառաջեր Բառնաբասի խնդրանքին։ Ուստի վէճ մը ծագելով անոնց միջեւ, Բառնաբաս Մարկոսը իր հետ առնելով՝ կ՚երթան Կիպրոս, իսկ Պօղոս իր հետ առնելով Շիղան՝ կ՚երթան Կիլիկիա (Հմմտ. Գրծ 15.36-41)։ Կ՚ըսուի, թէ Մարկոս Երուսաղէմի հաւաքոյթէն ետք անգամ մը եւս գնաց Կիպրոս։

Քանի մը տարի ետք սակայն, Մարկոս կը միանայ Պօղոս առաքեալի հաւատարիմ ծառայակիցներու խումբին (Հմմտ. Կղ 4.10։ Բ.Տմ 4.11, Փլմ 24)։ Ըստ պատմական տուեալներու եւ եկեղեցական հայրապետներու վկայութեանց, Մարկոս երկար ժամանակ ծառայած է նաեւ Հռոմի Եկեղեցիին մէջ։ Ան եղած է նաեւ օգնականը եւ ծառայակիցը Պետրոս առաքեալին։ Կ՚ըսուի, թէ Մարկոս մեկնիչն էր Պետրոսի, որովհետեւ Պետրոս Հռոմի մէջ յունարէն կը քարոզէր, իսկ Մարկոս անոր խօսածները լատիներէնի կը թարգմանէր։

Կ՚ըսուի, թէ Մարկոս այն 70 աշակերտներէն էր, որ Յիսուս ծառայութեան համար ընտրեց, որուն համար ալ կը վկայեն Որոգինէս եւ Ս. Եպիփան, եւ կ՚ըսուի թէ ան Պետրոսի ձեռամբ դարձի եկաւ։

Շատեր այն կարծիքը ունին, թէ Մարկոս ծանօթ էր Հռոմի Եկեղեցւոյ առաջնորդներուն եւ կը խորհին, թէ Աղեքսանդրիոյ Եկեղեցւոյ հիմնադիրը ի՛նք եղած ըլլայ, եւ առաջին եպիսկոպոսը։ Իսկ Եգիպտոսի Ղպտի Եկեղեցւոյ աւանդութեամբ ալ, Մարկոս իրենց Եկեղեցւոյ հիմնադիր առաքեալն է։

Աւանդութիւն մըն ալ գոյութիւն ունի, ըստ որում կ՚ըսուի, թէ ան Աղեքսանդրիայէն գացած է Հռոմ, Պօղոսի եւ Պետրոսի հանդիպելով՝ մնացած է անոնց հետ մինչեւ անոնց նահատակութիւնը (64)։ 65 թուին վերադարձած է Աղեքսանդրիա՝ այնտեղ քրիստոնէական զարգացող հաւատքը գտնելու համար, եւ որոշած է այցելել Դեկապոլիս, եւ ապա դարձեալ վերադարձած է Աղեքսանդրիա եւ նահատակուած այնտեղ՝ Պոքալիա քաղաքին մէջ։ Կ՚ըսուի նաեւ, թէ Աղեքսանդրիոյ մէջ, իբրեւ Աւետարանի վկաներէն մին՝ քաղաքին մէջ քաշկռտուելով մեռած է։

2) ԳԻՐՔԻՆ ՀԱՐԱԶԱՏՈՒԹԻՒՆԸ

Մարկոսի Աւետարանին իր կողմէ գրուած ըլլալուն մասին ո՛չ մէկ առարկութիւն եղած եւ կամ կասկածի տակ առնուած է։ Առաջին դարէն իսկ ան Եկեղեցւոյ կողմէ ընդունուած է որպէս այս Աւետարանին հեղինակը։ Մարկոսի Աւետարանը կանուխէն շրջած է քրիստոնեաներուն մէջ, երկրորդ դարու կիսուն, եւ նոյնիսկ Տատիանոս զայն առած է իր Դիատեսարոնին մէջ։ Միաժամանակ սակայն զայն կը վերագրեն Պետրոս առաքեալի յուշերուն, հիմնուելով այն կարծիքին վրայ, թէ ան եղած է ականատես վկան անոր մէջ յիշուած դէպքերուն։ Մարկոս որ Պետրոսի թարգմանիչը եղած է, ինչ որ անոր խօսածներէն յիշած է Յիսուսի խօսքերէն կամ գործերէն, զանոնք ճշգրտօրէն գրած է։ Իսկ ոմանք կ՚ըսեն, թէ Պետրոս ինքն ալ իր մասնակցութիւնը բերած է Մարկոսի Աւետարանին խմբագրութեան, եւ այդ իսկ պատճառով ալ «Պետրոսի Աւետարան» կոչուած է։ Վերեւ յիշուած այն կարծիքը, որ Պետրոս առաքեալի յուշերուն կը վերագրեն, հայրապետներ եւս կը վկայեն այս մասին իրենց գրութեանց մէջ։ Կարելի է յիշել անոնցմէ մի քանին, ինշպէս օրինակ, Պապիաս, Յուստինոս Վկան, Իրենէոս, Կղեմէս Աղեքսանդրացի, Հիերոնիմոս եւ ուրիշներ, որոնց բոլորին ալ վկայութիւնները համապատասխան են Պետրոսի ըրած ակնարկութեան՝ «իմ որդիս Մարկոս»։ Սակայն այս կարծիքին դէմ բուռն կերպով կը հակազդէ ներկայ ժամանակներու Ղպտի հայրերէն՝ Շնուտա Գ. Պապի կարծիքը, որ հերքելով Պապիասի կարծիքը, թէ Մարկոս բնաւ Քրիստոսը տեսած չէ, կ՚ըսէ թէ Մարկոս Քրիստոսի հետեւող եղա՛ծ է։ Ան կ՚ընդդիմանայ նաեւ այն կարծիքին, որ Մարկոս Պետրոս առաքեալի թարգմանիչը եղած է Հռոմի մէջ, ըսելով թէ Պետրոս առաքեալ չքարոզեց Հռոմի մէջ, այլ՝ Պօղոս առաքեալ, մատնացոյց ընելով Հռոմայեցւոց մէջ յիշուած այն խօսքին, թէ Պօղոս առաքեալ կը փափաքի իրենց մէջ գործել (Հմմտ. Հռ 1.10-11), եւ միաժամանակ պատիւ սեպել աւետարանելը միայն հոն՝ ուր Քրիստոսի անունը չէր լսուած, որպէսզի ուրիշին դրած հիմին վրայ շինած չըլլայ (Հմմտ. Հռ 15.20)։

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 1, 2018