ՄԱՏԵՆԱԴԱՐԱՆԻ ԱՐԱԲԱՏԱՌ ՀԱՒԱՔԱԾՈՆ՝ ՆՈՐ ԼՈՅՍԻ ՏԱԿ
Երեւանի «Մեսրոպ Մաշտոց» մատենադարանին մէջ, հայերէն ձեռագիրներէն զատ, կը պահուին նաեւ այլ հնագոյն լեզուներով ձեռագիրներ, որոնք նոյնպէս պատմական արժէք ունին: Երբ մատենադարանին փոխանցուած է Սուրբ Էջմիածնի Մատենադարանի հայերէն ձեռագիրներու հաւաքածոն, փոխանցուած է նաեւ 1880-ականներուն ձեւաւորուած արաբատառ հաւաքածոն, որ կը պարունակէ արաբերէն, պարսկերէն եւ օսմաներէն ձեռագիրներ: Տարիներու ընթացքին այդ հաւաքածոն համալրուած է նուիրատուութիւններու, այլ ճանապարհով ձեռք ձգուած ձեռագիրներու շնորհիւ, եւ այսօր արդէն արաբատառ հաւաքածոն կը նկատուի մատենադարանի երկրորդ մեծ հաւաքածոն՝ հայերէն ձեռագիրներու հաւաքածոյէն ետք եւ կը պարունակէ շուրջ 2732 միաւոր ձեռագիր:
Արաբատառ հաւաքածոն միշտ գտնուած է ուսումնասիրողներու ուշադրութեան տակ, իսկ վերջերս Հայաստանի Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի նախարարութիւնը երաշխաւորած է գանձատրել «Արաբատառ հաւաքածոյի բժշկագիտական ձեռագիրները» խորագրով գիտական նիւթը: Այս նիւթը ուսումնասիրող գիտական խումբին ղեկավարը «Մեսրոպ Մաշտոց» մատենադարանի Արեւելագիտութեան բաժնի աւագ գիտաշխատող, արաբագէտ, պատմական գիտութիւններու թեկնածու Վեներա Մակարեանն է: Ան այս թեմային նպատակներուն, արդիականութեան, կատարման ընթացքին եւ ակնկալուող արդիւնքներուն մասին պատմած է Մաշտոցեան մատենադարանի Հանրային կապերու բաժնի աշխատակից Կրեթա Գասպարեանին եւ նիւթն ալ լոյս տեսած է Մատենադարանի կայքէջին վրայ:
Վեներա Մակարեան ըսած է, որ մատենադարանի արաբատառ հաւաքածոյին բժշկագիտական ձեռագիրներուն նկարագրութեան եւ ուսումնասիրութեան աշխատանքները Մեսրոպ Մաշտոցի անուան հին ձեռագիրներու կաճառի գիտաշխատողներուն հետ կ՚իրականացուին Քէյմպրիճի համալսարանի ասպիրանտի մը մասնակցութեամբ:
Որպէս ծրագրի ղեկավար եւ արաբագէտ, արաբերէն բժշկագիտական ձեռագիրներու նկարագրութիւնն ու ուսումնասիրութիւնը կը կատարէ Վեներա Մակարեան: Խումբի կատարող Անի Ժոզէֆի Աւետիսեան, որպէս թրքագէտ, օսմանագէտ համապատասխանաբար կը զբաղի օսմաներէն բժշկագիտական ձեռագիրներու նկարագրութեամբ եւ ուսումնասիրութեամբ, իսկ ծրագրի երիտասարդ կատարող Անի Արթուրի Աւետիսեանին վստահուած է եբրայատառ արաբերէն բժշկական ձեռագիրներու նկարագրութիւնը եւ ուսումնասիրութիւնը։
Անի Արթուրի Աւետիսեան ներկայիս Քէյմպրիճի համալսարանի Միջին Արեւելքի ֆաքուլթէի ասպիրանտ է՝ արաբագէտ եւ եբրայագէտ, նախկինին գործորդ (լապորանտ) եղած է մատենադարանի Արեւելագիտութեան բաժնին մէջ:
Խօսելով այս ծրագրի գիտական նորութեան մասին, Վեներա Մակարեան ըսած է, որ ի շարս մատենադարանի ամբողջ ձեռագրային հաւաքածոյին՝ արաբատառ ձեռագիրներու հաւաքածոն նոյնպէս մշտապէս գտնուած է եւ այսօր ալ կը գտնուի աշխարհի զանազան գիտակրթական կառոյցներու՝ ձեռագրագիտական հիմնարկներու, գրադարաններու, թանգարաններու, համալսարաններու եւ անհատ գիտնականներու ուշադրութեան տակ եւ միշտ հետաքրքրութեան շրջանակին մէջ է: Այդ հետաքրքրութիւնը բաւականաչափ սպառելու եւ համաշխարհային հանրութեան մեր ունեցած ձեռագիր ժառանգութիւնը ճիշդ եւ բովանդակալից կերպով ներկայացնելու եւ հետեւաբար այդ ասպարէզին մէջ անոր ուրոյն եւ կայուն տեղը ապահովելու համար մատենադարանի մասնագէտները ձեռնարկած են ձեռագրացուցակներու կազմումին: Այդ մէկը բարդ գործընթաց մըն է, եւ ըստ Վեներա Մակարեանին՝ արաբատառ հաւաքածոյի ձեռագրացուցակներու կազմումին գործը կարելի եղածին չափ դիւրացնելու համար ընտրած են ձեռագիրներու թեմաթիք նկարագրութիւնը, որ աշխատանքի եւ ժամանակի արդիւնաւէտ տնօրինումէն զատ հնարաւորութիւն կու տայ նաեւ արդէն իսկ պատրաստ նկարագրութիւններու հիման վրայ կատարել ծաւալուն ուսումնասիրութիւններ եւ, փաստացի, թեման դնել գիտական շրջանառութեան մէջ.
«Առաջնորդուելով այս տրամաբանութեամբ եւ ուսումնասիրելով մատենադարանի արաբատառ հաւաքածոյին շուրջ առկայ հետաքրքութեան շրջանակները՝ առաջնահերթ կը նկատենք նշուած հաւաքածոյին արաբերէն, օսմաներէն, եբրայատառ արաբերէն բժշկագիտական ձեռագիրներու ընդարձակ նկարագրութիւնը եւ համապատասխան ուսումնասիրութիւնը, քանի որ շարքին պարսկերէն ձեռագիրները նկարագրուած եւ հրատարակուած են մատենադարանի Արեւելագիտութեան բաժնի յառաջատար գիտաշխատող, իրանագէտ Քրիստինէ Կոստիկեանի «Catalogue of Persian Manuscripts in the Matenadaran»ին մէջ», ըսած է Վեներա Մակարեան:
ՆԻՒԹԻՆ ՆՊԱՏԱԿՆԵՐԸ ԵՒ ԱՐԴԻԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ
Խօսելով այս գիտական թեմային ուսումնասիրութեան նպատակներուն մասին, Վեներա Մակարեան կ՚ըսէ, որ նպատակ կայ նախ եւ առաջ պատշաճ կերպով ուսումնասիրել եւ միջազգային հանրութեան ներկայացնել Հայաստանի ամենամեծ ձեռագրապահոցին արաբատառ հաւաքածոն, որ երկրորդն է հայերէն ձեռագիրներու հաւաքածոյէն ետք: Մասնագէտը կը նկատէ, որ այդ հաւաքածոյին՝ ներկայիս ամենաբովանդակալից եւ գիտական միջավայրին մեծ հետաքրքութիւն ներկայացնող, սակայն տակաւին չուսումնասիրուած մասը նոյնինքն բժշկագիտական աշխատութիւններն են:
«Մատենադարանի արաբատառ հաւաքածոյին նկարագրութիւնը եւ ուսումնասիրութիւնը ունի նաեւ այլ կարեւոր նպատակ մը՝ աշխարհին ցոյց տալ հայ քրիստոնեայ ձեռագիր ժառանգութեան կողքին այլալեզու, այլակրօն ժառանգութեան պահպանման ուղղուած մեր ջանքերը, օտար մշակոյթի նկատմամբ ունեցած մեծ հետաքրքրութիւնն ու ճանաչողութիւնը», շարունակած է Վեներա Մակարեան:
ԱԿՆԿԱԼՈՒՈՂ ԱՐԴԻՒՆՔՆԵՐԸ
Կը տեղեկանանք, որ նախագիծին իրականացման շրջանակէն ներս կը նախատեսուի մատենադարանի արաբատառ հաւաքածոյին արաբերէն եւ օսմաներէն բժշկագիտական ձեռագիրներուն ընդարձակ գիտական նկարագրութիւնը եւ ուսումնասիրութիւնը, յօդուածներու հրատարակումը, այդ կարգին նաեւ՝ միջազգային գիտական ամսագիրներու մէջ, ինչպէս նաեւ նպատակ կայ ծրագրին եւ ուսումնասիրուած նիւթին հիման վրայ զեկուցումներ ունենալ տեղական եւ միջազգային գիտաժողովներուն։
Ծրագրին աւարտէն ետք նախատեսուած է արաբատառ հաւաքածոյի բժշկագիտական բոլոր ձեռագիրներուն երկլեզու՝ հայերէն եւ անգլերէն, ընդարձակ ձեռագրացուցակի մը պատրաստում։
ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՄԱԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱԴՐԵԱԼՆԵՐ
Վեներա Մակարեանի դիտարկմամբ, մատենադարանի արաբատառ հաւաքածոն համաշխարհային ձեռագրային ժառանգութեան մաս կը կազմէ, սակայն, միեւնոյն ժամանակ, արաբերէնի եւ օսմաներէնի ամբողջական ձեռագրացուցակները տակաւին կազմուած չեն, մեծամասնութեամբ անյայտ են այլ ազգերու ձեռագրագէտներուն համար, հետեւաբար դուրս կը մնան համանուն ձեռագիր աշխատութիւններուն մատենագիտական ցանկերէն: Ուստի, այս գիտական խումբին կողմէ բժշկագիտական ձեռագիրներու նկարագրութեան համար ընտրուած սկզբունքը՝ թեմաթիք ընդարձակ նկարագրութիւնը եւ ուսումնասիրութիւնը, հնարաւորութիւն կու տայ զանոնք ներկայացնելու թէ՛ ձեռագրագիտական եւ թէ՛ բժշկագիտական տեսանկիւններէ՝ այդպէսով ապահովելով օրինակներուն գիտական շրջանառութիւնը եւ հասանելիութիւնը միջազգային գիտական լայն շրջանակներուն:
Որպէս հետեւանք, ինչպէս Վեներա Մակարեան կը հաստատէ, Մաշտոցեան մատենադարանի արաբատառ հաւաքածոյին բժշկագիտական ձեռագիրներուն նկարագրութիւններն ու ուսումնասիրութիւնները կը համալրեն բժշկագիտական եւ ձեռագրագիտական աշխատութիւններուն, տպագիր ձեռագրացուցակներուն եւ թուանշայնացուած շտեմարաններուն շարքերը: Ան նաեւ յոյս ունի, որ ձեռագիրներուն թեմաթիք նկարագրութիւնները շարունակական կ՚ըլլան, որպէսզի այս գիտական խումբը կարելիութիւն ունենայ պատրաստել մատենադարանի արաբատառ հաւաքածոյին թեմաթիք ձեռագրացուցակները, որոնք ալ յետագային կ՚ամբողջացնեն արաբատառ հաւաքածոյին արաբերէն եւ օսմաներէն ընդհանուր ձեռագրացուցակները, եւ այս մէկը գիտական խումբին հիմնական նպատակներէն մէկն է:
ԾՐԱԳՐԻՆ ԸՆԹԱՑՔԸ
Վեներա Մակարեան կը տեղեկացնէ, որ ներկայիս աւարտած են մատենադարանի արաբատառ հաւաքածոյին անտիպ ձեռագրացուցակներուն ուսումնասիրութիւնը, որոնց հիման վրայ խումբին երեք կատարողները սկսած են ձեռագիրներուն նկարագրութիւնները՝ զուգահեռաբար ճշդելով եւ յստակեցնելով բժշկագիտական շարքի ձեռագիրներուն քանակը, աշխատութիւններուն անուանումները եւ բովանդակութիւնը։
Վեներա Մակարեան այս տարուան մայիս 17-19 թուականներուն Մարպուրկի մէջ կազմակերպուած Մերձաւոր Արեւելքի գրադարանային կոմիտէի 43-րդ միջազգային գիտաժողովին «Arabic Medical Manuscripts of the Matenadaran» խորագիրը կրող զեկոյցով ներկայացուցած է մեր մատենադարանի արաբերէն բժշկագիտական ձեռագիրները: Շուտով տպագրութեան կը յանձնուի Վեներա Մակարեանին եւ խումբի երիտասարդ կատարող Անի Արթուրի Աւետիսեանին համահեղինակած յօդուածը, որ շարքին երկու՝ արաբերէն եւ եբրայատառ արաբերէն բժշկարաններուն մասին է, ուր նշուած ձեռագիրներուն նկարագրութենէն եւ ձեռագրագիտական համեմատական քննութենէն զատ ծաւալուն անդրադարձ մը կատարուած է նոյնինքն՝ «բժշկարաններուն» մասին, որոնք միայն գործնական բժշկութեան վերաբերեալ աշխատանքներ են եւ ուղղուած են՝ «անոնց, որոնք կարելիութիւն չունին բժիշկի դիմելու»։
Մասնագէտը համոզուած է, որ սոյն ծրագրին իրագործումը գիտութեամբ զբաղող անձերու եւ մասնագիտական շրջանակներու համար օգտակար պիտի ըլլայ, քանի որ մատենադարանի արաբերէն եւ օսմաներէն բժշկագիտական ձեռագիրները միջնադարեան մեծահամբաւ արեւելեան բժշկագէտներուն նշանաւոր գործերն են: Ան կարեւոր կը համարէ մանաւանդ բժշկագիտական ժողովածոները, որոնցմէ շատեր կ՚ընդգրկեն մինչեւ երեք-չորս նշանաւոր աշխատութիւններ: Վստահ է, որ բժշկագիտական տեսանկիւնէն ալ այս ձեռագիրներուն բնագրային ընդարձակ նկարագրութեան եւ ուսումնասիրութեան պահանջքը առկայ է հայ բժշկագիտութեան, ինչպէս նաեւ գործնական բժշկութեան ոլորտին մէջ։
«Ինչպէս գիտենք, հայ բժշկութիւնը ամբողջութեամբ ազդուած է անթիք եւ արեւելեան, մասնաւորապէս արաբական բժշկագիտական դպրոցէն, ուստի մատենադարանեան նշուած շարքի ձեռագիրներուն նկարագրութիւնը կարելիութիւն կու տայ ոլորտի մասնագէտներուն՝ գիտահամեմատական աշխատանքներ կատարելու:
«Այն փաստը, որ որոշ ձեռագիրներու ուսումնասիրման փուլին կը նախատեսուի նաեւ որոշ կարեւոր եւ արժանահաւատ դեղագիրներու (հաստատուած հեղինակին կողմէ՝ հետեւեալ գրութեամբ՝ «փորձուած է, օգնած է») բառացի թարգմանութիւնը, ուստի թեմային շուրջ հետաքրքրուածութեան շրջանակը աւելի կ՚ընդլայնի՝ ներգրաւելով նաեւ աւանդական բժշկութեամբ զբաղող բժիշկներ եւ դեղագէտներ, որոնք կարելիութիւն կ՚ունենան ծանօթանալու միջնադարեան ձեռագիր բժշկարաններուն մէջ առկայ բազմաթիւ դեղագիրներու եւ, ինչու ոչ, զանոնք յետագային դնելու կիրարկութեան մէջ», կ՚ըսէ երիտասարդ արաբագէտը:
Ան ձեռագրագիտական տեսանկիւնէն նոյնպէս կարեւոր կը սեպէ այս աշխատանքը, որուն հետեւանքով կ՚ունենանք նշուած շարքի ձեռագիրներուն ընդարձակ նկարագրութիւնները, որոնք յետագային մաս կը կազմեն մատենադարանի արաբատառ բժշկագիտական ձեռագրացուցակին:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Երեւան