ԱՒԱՆԴՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԵՒ ՀԱՒԱՏԱՄՔԻ ԶԱՐՄԱՆԱԼԻ ՅԱՋՈՐԴԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ

Ամերիկեան հեղինակաւոր The Wall Street Journal-ը վերջերս ծաւալուն յօդուածով մը անդրադարձաւ հայկական մշակոյթին։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, թերթը իր ընթերցողներուն հիացմունքի տպաւորութիւններով ներկայացուցած է հայկական արուեստի հնագոյն նմոյշները, պատմական Հայաստանի առեւտրական հնարաւորութիւննները եւ քրիստոնէութիւնը աշխարհի վրայ առաջին անգամ որպէս պետական կրօն ընդունած երկիրը։ «Հակառակ, որ Հայաստանի պատմութիւնը հարուստ է աւերումներով, 20-րդ դարուն տեղի ունեցած զանգուածային սպանութիւններով եւ հակառակ հայկական հողերը բազմիցս ասպատակուած են հրոսակներու կողմէ, մենք կը զգանք զարմանալի յաջորդականութիւն մը աւանդութիւններու եւ հաւատամքներու, որոնք պահպանուած են դարերու ընթացքին», նշուած է յօդուածին մէջ։

Ամերիկեան թերթը անդրադարձ կատարած է նաեւ Կիլիկիոյ հայկական թագաւորութեան։ Այս կապակցութեամբ նշուած է հետեւեալը. «Մենք կը տեղեկանանք նաեւ, որ դարերու ընթացքին հայերը դարձած են խոշոր առեւտարականներ՝ գտնուելով աշխարհի երկիրներու խաչմերուկին երեք ջրային աւազաններու՝ Միջերկրականի, Սեւ ծովու եւ Կասպից ծովու մուտք ունենալով։ Միջերկրական ծովու ափին Կիլիկիոյ հայկական թագաւորութիւնը հաւանական է՝ կապեր ունեցած է Խաչակիրներու պետութիւններու հետ եւ հայ առեւտրականները աշխոյժ առեւտուր իրականացուցած են, որոնք զանոնք տարած են դէպի Անգլիա, Չինաստան, Հնդկաստան եւ Ռուսաստան, բայց մենք նախ գիտենք հայկական քրիստոնէութեան մասին։ Տպաւորութիւնը այն է, որ այդ մէկը անզիջում է, անփոփոխ ու ամուր, կարծես՝ կը յիշեցնէ տապանը, որ կանգնած է Արարատի լանջին»։

The Wall Street Journal յիշատակած է նաեւ հայկական  զարդերու մասին ու նշանաւորած մինչեւ 14-րդ դարը հայկական Դուին քաղաքի հզօրութիւնը։ «Կը տեսնենք 11-13-րդ դարերու զարդեր՝ հայկական Դուին քաղաքէն, որ մինչեւ 14-րդ դարուն մոնղոլներու կողմէ աւերուիլը, Կոստանդնուպոլսէն դէպի Արեւելք եղած է ամենախոշոր քաղաքներէն մին», նշած է յօդուածագիրը։

Միւս կողմէ, National Geographic-ի առաջարկով վերջերս Հայաստան այցելեց յորդանանցի լուսանկարիչ Ռամի Իսէր։ «Արցունքներ Հայաստանէն» ցուցահանդէսը իրականացնելու նպատակով կազմակերպուած էր իր այցելութիւնը։ Ռամի Իսէրի Հայաստանի մէջ նկարահանած լուսանկարները կը ցուցադրուին Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու, Եգիպտոսի, Ֆրանսայի, Իտալիոյ, Լիբանանի եւ այլ երկիրներու մէջ։ Բարեգործական ցուցահանդէս մըն ալ նախատեսուած է Երեւանի մէջ։ Այդ ամբողջին հասոյթը պիտի տրամադրուի Կիւմրիի դպրոցներէ մէկուն համակարգչային սենեակի բացման համար։

«Խաչքարը մարդոց աղօթքն է առ Աստուած։ Միշտ կը մտածեմ՝ ինչքա՜ն մեծ է այն հաւատքը, որ կը ստիպէ քարին աղօթք արտասանել», ըսած է այս առթիւ յորդանանցի լուսանկարիչը, որ բուն մասնագիտութեամբ տնտեսագէտ մըն է, որ աւելի ուշ տեղեակ դարձած է, որ խաչքարը աւելի քան 1900 տարիէ ի վեր հայկական մշակոյթի կարեւոր մէկ մասնիկն էր։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 1, 2018