ԿԻՐԱԿՄՈՒՏՔԻ ԽՈՐՀՐԴԱԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐ. ՔՆՆԵՆՔ ՈՒ ՓՈՐՁԵՆՔ ՄԵՆՔ ՄԵԶ
Վաղուան Ճաշու ընթերցուածները հետեւեալներն են.
Եսայի մարգարէութենէն 17.7-14:
Պօղոս առաքեալին Կորնթացիներուն ուղղած 2-րդ նամակէն 13.5-13:
Մարկոսի Աւետարանէն 11.27-33:
Կորնթացիներուն ուղղած իր երկրորդ նամակի վերջին գլուխին մէջ Առաքեալը յորդորներ ուղղելէ ետք անոնց, այսպէս կ՚աւարտէ նամակը.
«Քննեցէ՛ք դուք ձեզ, տեսնելու համար թէ նոյն հաւատքին մէջ կը մնա՞ք: Փորձեցէ՛ք դուք ձեզ. Քրիստոս Յիսուսի ներկայութիւնը կը զգա՞ք ձեր ներսիդին, թէ պարզապէս Իր անունը կը կրէք: Յուսամ գիտէք, թէ մենք այդ փորձը յաջողապէս կատարած ենք: Եւ կը խնդրենք Աստուծմէ, որ չարիք չգործէք: Ասիկա ըսելով՝ չենք ուզեր մենք մեզ ընտիր ցոյց տալ. ընդհակառակը, կ՚ուզենք որ դուք բարիք գործէք, նոյնիսկ մեզ ամօթով ձգելու չափ: Որովհետեւ Աստուծոյ ճշմարտութեան դէմ ոչինչ կրնանք ընել, այլ միայն կրնանք անոր համար աշխատիլ: Ուրախութեամբ յանձն կ՚առնենք տկարանալ, միայն թէ դուք զօրանաք: Ուստի կ՚աղօթենք, որ հետզհետէ կատարեալ ըլլաք: Ասիկա հեռուէն կը գրեմ ձեզի, որպէսզի երբ գամ՝ պէտք չունենամ խստութեամբ վարուելու ձեզի հետ այն իշխանութեամբ՝ որ Տէրը ինծի տուաւ ուղղելու համար, եւ ո՛չ թէ պատժելու:
Կը փակեմ նամակս, եղբայրներ, ո՛ղջ եղէք: Կատարեալ ըլլալու աշխատեցէք, քաջալերուեցէ՛ք: Համերաշխ եւ խաղաղութեամբ ապրեցէք իրարու հետ, եւ այն ատեն խաղաղութեան ու սիրոյ Աստուածը ձեզի հետ պիտի ըլլայ:
Սուրբ համբոյրով ողջունեցէք իրար: Այստեղի քրիստոնեաները կ՚ողջունեն ձեզ:
Տէր Յիսուս Քրիստոսի շնորհքը, Աստուծոյ սէրը եւ Սուրբ Հոգիին հաղորդութիւնը ձեր բոլորին հետ ըլլան: Ամէն» (Բ. Կր 13.5-13):
Կորնթացիներուն ուղղուած այս տողերը կը վերաբերին իւրաքանչիւր քրիստոնեայ հաւատացեալի, ով որ Տէր Յիսուս Քրիստոսը ընդունած է իր անձին համար որպէս Աստուած ու Փրկիչ: Ընթերցելով այս տողերը, ոմանք կրնան ենթադրել, թէ Առաքեալը իր հեղինակութեան գովքն է, որ կը կատարէ, սակայն բնաւ այդպէս չէ Առաքեալին դիտաւորութիւնը: Ճիշդ հասկնալու համար Առաքեալին նպատակը՝ տեսնենք, թէ լուսահոգի Զարեհ Արքեպիսկոպոս Ազնաւորեանը ի՛նչ կ՚ըսէ այդ մասին. «Կորնթացիներուն ուղղուած երկրորդ նամակը եւս գրուած է Պօղոսի առաքելական 3-րդ ճամբորդութեան ընթացքին: Այդ ժամանակ Պօղոս անձուկ եւ դժուարին պահ մը կ՚ապրէր Կորնթոսի եկեղեցիին հետ իր յարաբերութեան մէջ: Եկեղեցւոյ անդամներէն ոմանք Պօղոսի դէմ դիրքաւորուած էին: Առաքեալը բուռն կերպով կը հակազդէ, թէպէտ նաեւ համբերութիւն կը ցուցաբերէ եւ իր սէրը կը յայտնէ, յուսալով որ ի վերջոյ հակառակութիւնները վերջ կը գտնեն եւ համերաշխութիւն կը տիրէ:
Նամակին առաջին բաժինին մէջ Պօղոս կը քննարկէ իր կապերը Կորնթոսի եկեղեցիին հետ, եւ կը բացատրէ, թէ իր նախորդ նամակով ինչո՛ւ խստութեամբ կը յանդիմանէր իրեն հակառակողները: Անիկա գոհունակութեամբ կը յայտնէ՝ թէ իր խիստ վերաբերումը պատճառ դարձած է, որ անոնք զղջան եւ դարձի գալով համերաշխ կեանք մը ապրին:
Ապա Առաքեալը կոչ կ՚ընէ հաւատացեալներուն, որ առատ նուէրներով օգնեն Հրէաստանի կարօտեալ քրիստոնեաներուն: Վերջին գլուխներուն մէջ Պօղոս կը պաշտպանէ իր առաքելական հեղինակութիւնը եւ կեցուածքը Կորնթոսի մէջ գտնուող կարգ մը մարդոց դէմ, որոնք իրենք զիրենք կը դաւանէին “ճշմարիտ” առաքեալ, մինչ Պօղոսը՝ սուտ առաքեալ:
Սակայն նամակին մէջ Առաքեալին նպատակը իր անձը կամ անձնական հեղինակութիւնը կամ սեփական ուսուցում մը պաշտպանել չէ բնաւ: Իր առաքելական հեղինակութիւնը պաշտպանելով՝ իրականին մէջ Պօղոսին ճիգն է՝ ճշմարիտ Աւետարանը ընդունիլ տալ բոլորին, որպէսզի բոլորն ալ Քրիստոսը ճանչնան եւ ընդունին որպէս Տէր» («Աստուածաշունչ, Նոր Կտակարան Յիսուս Քրիստոսի», նոր աշխարհաբար թարգմանութիւն, համեմատութեամբ յունարէնի եւ գրաբարի, Անթիլիաս, 2001, էջ 575-576):
Հետեւաբար, պէտք չէ կարծել կամ ենթադրել, որ Առաքեալը իր հեղինակութեան գովքն է, որ կը կատարէ եւ կամ յանդիմանելու ոճով կը խօսի, ընդհակառակը, Առաքեալին նպատակը շատ պարզ ու յստակ է, ճանչցնել Յիսուս Քրիստոսը որպէս Տէր բոլորին:
Գալով մերօրեայ կեանքին, փորձենք այս հատուածը հասկնալ զայն բերելով մեր առօրեայ: Արդարեւ, Առաքեալը կը թելադրէ.
Քննեցէ՛ք դուք ձեզ, տեսնելու համար թէ նոյն հաւատքին մէջ կը մնա՞ք.
Մեզմէ քանի՞ն իր հաւատքին մէջ հաստատ է այսօր։
Մեզմէ քանի՞ն հակառակ չարին ամէն տեսակի գործած յարձակումներուն, կը շարունակէ իր հաւատքին մէջ զօրաւոր մնալ։
Մեզմէ քանի՞ն հակառակ ամէն կողմէ եկող յուսալքութեան ալիքներուն, ամուր կառչած է իր հաւատքին, անտեսելով ամէն տեսակի յուսալքութիւն, եւ Դաւիթ մարգարէին բառերով բարձրաձայն կը յայտարարէ, թէ՝ «Տէրը իմ հովիւս է. ես բանի մը կարօտութիւն պիտի չունենամ» (Սղ 23.1):
Մեզմէ քանի՞ն հակառակ իր ունեցած բազմապիսի եւ բազմաթիւ մտահոգութիւններուն եւ նեղութիւններուն, դարձեալ Սաղմոսերգուին բառերով, կ՚ըսէ՝ «աչքերս դէպի լեռները բարձրացուցի, ուրկէ օգնութիւն պիտի գայ ինծի: Իմ օգնութիւնս Տիրոջմէ պիտի գայ որ Արարիչն է երկինքին ու երկրին» (Սղ 121.1-2):
Մեզմէ քանի՞ն երբ հաւատքի քննութեան դէմ յանդիման գտնուի, համարձակութեամբ կը դաւանի իր հաւատքը, առանց վախնալու, առանց վարանելու, առանց կասկածելու, միտքին մէջ ունենալով Տէր Յիսուսի հետեւեալ խօսքերը, թէ՝ «ով որ մարդոց առջեւ դաւանի թէ Ինծի կը հետեւի, Ես ալ զայն Ինծի հետեւորդ պիտի դաւանիմ Հօրս դիմաց, որ երկինքի մէջ է: Իսկ ով որ զիս ուրանայ մարդոց առջեւ, նոյնպէս ալ Ես զինք պիտի ուրանամ Հօրս դիմաց, որ երկինքի մէջ է» (Մտ 10.32-33):
Առաքեալը կը շարունակէ.
Փորձեցէ՛ք դուք ձեզ. Քրիստոս Յիսուսի ներկայութիւնը կը զգա՞ք ձեր ներսիդին, թէ պարզապէս Իր անունը կը կրէք.
Մենք մեզ կը փորձե՞նք ամէն օր, մենք մեզ կը քննե՞նք ամէն օր, աւելի կարեւորը կը զգա՞նք Քրիստոսի իրական ներակայութիւնը, թէ պարզապէս մենք մեզ կը խաբենք, կարծելով թէ Քրիստոսի ներկայութեան մէջ ենք, հաւատքի կեանքին մէջ ենք:
Այսօր ինչքա՜ն մեծ է բանակը այն քրիստոնեաներուն, որոնք յանուն Քրիստոսի պատրաստ են ամէն տեսակի այլանդակութիւն գործելու:
Այսօր ինչքա՜ն մեծ է թիւը այն քրիստոնեաներուն, որոնք պատրաստ են Քրիստոսի սպասաւորները՝ դեսպանները անարգելու եւ անպատուելու:
Այսօր ինչքա՜ն մեծ է թիւը անունով քրիստոնեաներուն, որոնք ոտնակոխելով ամէն սրբութիւն եւ նուիրականութիւն իրենք զիրենք Քրիստոսի հետեւորդ կը դաւանին:
Այսօր ինքա՜ն շատ է թիւը անոնց, որոնք Քրիստոսի անունը կը կրեն, սակայն Քրիստոսի գործերը չունին իրենց մէջ, եւ կ՚անտեսեն նոյնինքն Քրիստոսի ըսածը, թէ «ով որ ուզէ Ինծի ծառայել՝ պէտք է Ինծի հետեւի, եւ Ինծի ծառայողը պիտի ըլլայ հոն՝ ուր Ես կը գտնուիմ: Եւ Հայրս պիտի պատուէ Ինծի ծառայողը» (Յհ 12.26):
Այսօր ինչքա՜ն շատ է թիւը այնպիսիներուն, որոնք անուանապէս քրիստոնեայ են միայն, այսինքն՝ միայն Քրիստոսի անունը կը կրեն, սակայն զՔրիստոս չեն ճանչնար: Այս ուղղութեամբ կ՚արժէ անգամ մը կարդալ Գէորգ Զ. Չէօրեքճեան Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին հետեւեալ տողերը. «Մէ՛կ ճանապարհ ունինք միայն անտեսանելի Աստուածը ճանչնալու համար, եւ այդ ճանապարհը՝ Յիսուս Քրիստոսն է։ Մէկ փաստ ունինք միայն անտեսանելի Աստուծոյ գոյութիւնը ապացուցանելու համար, եւ այդ ապացոյցը Յիսուս Քրիստոսն է։
Ով որ կ՚ուզէ զԱստուած աշխարհէն վտարել, ան նախ պէտք է Յիսուսին վտարէ աշխարհէն ու պատմութենէն։ Այնքան ատեն որ Յիսուս կ՚ապրի մարդու սիրտին մէջ, այնքան ատեն որ այդ արտաքնապէս աղքատ, բայց հոգիով հարուստ Մարդու պատկերը կենդանի ըլլայ մեր հոգիին մէջ, նաեւ Աստուած կ՚ապրի մարդու սիրտին եւ աշխարհին մէջ։
Թէ ինչ ուժ ունի Յիսուսի սիրոյ թոյլ փայլքը անգամ աստուածաճանաչողութեան նկատմամբ, ձեզի պատմութիւն մը պատմեմ։ Քահանայ մը, կ՚այցելէ իր ծուխին. ան կ՚այցելէ մարդու մը, որ շաբաթներէ ի վեր առանց աշխատանքի մնացած էր։ Աղքատութիւնը իշխած էր տան վրայ. ան, գլուխը երկու ձեռքերուն մէջ առած, տխուր նստած էր սեղանին առջեւ։ Պատուհանի անկիւնը կանգնած էր անոր միակ մխիթարիչը՝ օղիի շիշը։ Քահանան կը սկսի խօսիլ. մարդ պէտք չէ կորսնցնէ քաջութիւնը, պէտք է յոյսը Աստուծոյ եւ գալիք լաւագոյն ժամանակներուն վրայ դնէ։ Մարդը կը կատղի, բռունցքով կը հարուածէ սեղանին ու կ՚ըսէ. «Որո՞ւն պէտք են այդ անմիտ խօսքերը, եթէ Աստուած օգնել ուզէր, կրնար, շատ ժամանակ ունէր։ Հիմա, բազուկս է իմ աստուածս. կը փտտի բազուկս, կ՚ոչնչանայ նաեւ աստուածս»։ Քահանային կը մնար լուռ ու մունջ ձգել ու հեռանալ, որպէսզի անոր բարկութեան աւելի գռեհիկ պտուղները չվայելէր։ Եւ այդպէս ալ ըրաւ. սակայն անոր անմիջական գործը եղաւ աշխատանք գտնել եւ վաստակաւոր աշխատանք։ Եւ յաջողեցաւ։ Իսկ հետեւա՞նքը. մարդը արցունքոտ աչքերով կու գայ քահանային մօտ, կը խոստովանի ըսելով թէ «հիմա կը տեսնեմ, որ Աստուած կայ», եւ ապագային ալ կը պահէ այդ հաւատքը։ Հասկնալի է, որ քահանան Յիսուսի ներողամտութեան շունչը եւ Անոր սիրոյ հոգին, թէեւ նուազ կերպով, բայց իր մէջ ունէր։ Անիկա անարգանքը կրեց, բայց փոխարէնը սէր ցոյց տուաւ, եւ այդ սէրը յաղթեց մարդու հոգիին մէջ ծնունդ առած անաստուածութեան»:
Ապա, նամակի վերջին տողերուն մէջ Առաքեալը հետեւեալ կերպով կը դիմէ կորնթացիներուն, անոնց ընդմէջէն իւրաքանչիւր քրիստոնեայ հաւատացեալի, թէ՝ «կատարեալ ըլլալու աշխատեցէք, քաջալերուեցէ՛ք: Համերաշխ եւ խաղաղութեամբ ապրեցէք իրարու հետ, եւ այն ատեն խաղաղութեան ու սիրոյ Աստուածը ձեզի հետ պիտի ըլլայ»:
Իւրաքանչիւր քրիստոնեայ հաւատացեալ կանչուած է կատարեալ ըլլալու, այդ մէկը Աստուածաշունչի պատգամն է ուղղուած բոլոր ժամանակներու հաւատացեալներուն: Աւելին, այդ Տէր Յիսուսի թելադրութիւնն է իւրաքանչիւր հաւատացեալի, թէ՝ «դուք կատարեալ եղէք, ինչպէս որ ձեր երկնաւոր Հայրը կատարեալ է» (Մտ 5.48):
Աւելին, որպէս հաւատացեալներ մենք կոչուած ենք իրարու հետ համերաշխութեամբ եւ խաղաղութեամբ ապրելու, իրողութիւն մը, որու հիման վրայ միայն խաղաղութեան եւ սիրոյ Աստուածը մեզի հետ կ՚ըլլայ միայն: Մենք ի՛նչ կ՚ընենք սակայն, այսօր. անտանելի ատելութեամբ ու թշնամանքով լեցուած ենք մէկս միւսին նկատմամբ, մենք մեզ հաւատացեալ ու փրկուած կը կարծենք, սակայն կ՚ատենք մեր նմանը, մենք մեզ քրիստոնեայ կը յայտարարենք, սակայն չե՛նք կրնար համերաշխութեամբ ապրիլ մեր կողքինին հետ, ո՞ւր մնաց մեր քրիստոնէութիւնը, մեր Քրիստոսասիրութիւնը, միթէ՞ այդ է որ կը պահանջէ մեզմէ Քրիստոս: Չէ՞ որ Քրիստոսի մեզմէ պահանջածը ամէն բանէ առաջ սէր է, սէր Աստուծոյ եւ մեր նմանին նկատմամբ (կարդա՛ Մտ 22.34-40), ինչպէս նաեւ Իր աւանդած պատուիրանն է՝ «սիրեցէ՛ք իրար: Ինչպէս Ես ձեզ սիրեցի՝ դուք ալ իրար սիրեցէք: Ձեր իրար սիրելով է, որ մարդիկ պիտի գիտնան, թէ դուք Իմ աշակերտներս էք» (Յհ 13.34-35): Ահաւասիկ այս պարագային է միայն, այսինքն՝ զԱստուած եւ մեր նմանը սիրելով, որ մեր մէջ համերաշխութիւնն ու խաղաղութիւնը կը թագաւորեն, որով խաղաղութեան եւ Սիրոյ Աստուած կու գայ մեզի հետ ըլլալու յաւիտեանս յաւիտենից: Հետեւաբար, կոչուած ենք խաղաղութեան եւ համերաշխութեան հետամուտ ըլլալու, սիրելով մեր նմանը եւ մեր նմանին ընդմէջէն սիրելով զԱստուած, որովհետեւ «այն մարդը որ կ՚ըսէ՝ “ես կը սիրեմ զԱստուած”, բայց իր եղբայրը կ՚ատէ, ստախօս մըն է: Ով որ չի սիրեր իր եղբայրը՝ որ կը տեսնէ, ինչպէ՞ս կրնայ սիրել զԱստուած՝ որ չի տեսներ: Մինչդեռ Քրիստոսի մեզի տուած պատուէրը սա է.- Ով որ զԱստուած կը սիրէ, պէտք է իր եղբայրն ալ սիրէ» (Ա. Յհ 4.20-21):
Հետեւաբար, քննենք ու փորձենք մենք մեզ, տեսնելու համար թէ նոյն հաւատքին մէ՞ջ ենք, մեր մէջ կը զգա՞նք Տէր Յիսուսի ներկայութիւնը, եւ զգալէ անդին կ՚ապրի՞նք Անոր ներկայութեամբ եւ թելադրութիւններով: Սիրենք մեր նմանները եւ զԱստուած: Համերաշխ ու խաղաղ ապրինք բոլորին հետ, որպէսզի խաղաղութեան եւ սիրոյ Աստուած թագաւորէ մեր կեանքերուն վրայ, որով եւ արժանի ըլլանք Առաքեալին այս օրհնութեան, թէ՝ «Տէր Յիսուս Քրիստոսի շնորհքը, Աստուծոյ սէրը եւ Սուրբ Հոգիին հաղորդութիւնը ձեր բոլորին հետ ըլլան: Ամէն» (Բ. Կր 13.13):
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
26 սեպտեմբեր 2022, Վաղարշապատ
Ընկերամշակութային
- 11/29/2024