ԽԱՆԴԱՄԻՐԵԱՆ ԹԱՏՐՈՆԻ 130-ԱՄԵԱԿԸ. ՓԱՌՔ, ՎԵՐԵԼՔ ԵՒ… ԿՈՐԾԱՆՈՒՄ

Հայ թատրոնի պատմութեան մէջ իր ուրոյն տեղը ունի 1891 թուականին Շուշիի մէջ, Ղազանչեցոց եկեղեցւոյ քով կառուցուած «Խանդամիրեան թատրոն»ը, որ կոչուած է կառուցողի եւ առաջին ղեկավարի՝ թատերական եւ հասարակական գործիչ Մկրտիչ (Նիքիթա) Խանդամիրեանի անունով: Խանդամիրեան բանիմաց եւ զարգացած գործիչ մըն էր եւ թատրոնը կառուցել տուած է ժամանակի բեմադրական պահանջներուն համապատասխան, որու շնորհիւ թատրոնը երկար ժամանակ Կովկասի կարեւոր մշակութային կեդրոններէն մէկն էր, ուր կը ջանային ելոյթ ունենալ ժամանակի հայ նշանաւոր դերասաններն ու թատերախումբերը: Այստեղ ելոյթ ունեցած են պոլսահայ տաղանդաւոր դերասանուհի Սիրանոյշը, մեծ դերասան, բանաստեղծ, գրող, նկարիչ եւ հասարակական գործիչ Պետրոս Ադամեանը, նոյնքան անուանի Յովհաննէս Աբէլեանը, Գէորգ Պետրոսեանը, Աւետեանները եւ այլք: Հիւրախաղերով Շուշի գացած եւ «Խանդամիրեան»ի բէմին վրայ հանդէս եկած են նաեւ ռուսական, ատրպէյճանական եւ ուքրանական թատերախումբեր։ Դուրսէն Շուշի գացած հայ եւ օտար դերասանական աստղաբոյլի ներկայութիւնը նպաստած է Շուշիի մէջ թատերական կեանքի զարգացման, տեղական թատերախումբերու ձեւաւորման, բայց Շուշին 19-րդ դարու վերջին եւ 20-րդ դարու սկզբին արդէն իսկ մշակութային կեդրոն էր: Այս քաղաքի մշակութային կեանքէն զատ նաեւ զով, ամարանոցային օդը, բարեկեցիկ ու շէն կեանքը կը գրաւէին շատերը, եւ Շուշին Թիֆլիզէն ետք տարածաշրջանի լաւագոյն քաղաքներէն կը նկատուէր:

Մկրտիչ Խանդամիրեան թատրոնը կառուցել տուած է Խանդամիրեաններու սեփական հողամասին վրայ, ուր կը բնակէր ընտանիքը: «Խանդամիրեան թատրոն»ի քարաշէն շէնքը ունեցած է 350 տեղերով դահլիճ, վերնայարկ, երկու օթեակ, դերասաններու զարդասենեակներ, նոյնիսկ՝ գրադարան եւ օժանդակ այլ յարմարութիւններ։ Սարքերը բերուած էին կա՛մ դուրսէն կամ ալ տեղի վարպետները պատրաստած էին Խանդամիրեաններուն ա-պըսպրանքով: Շէնքի լուսաւորութիւնը իրականացուած է քարիւղի եւ կազի լապտերներով: Պահպանուած են որոշ լուսանկարներ Խանդամիրեան թատրոնէն, այդ կարգին՝ թատրոնի բեմին վարագոյրի լուսանկարը, որ նկարազարդած է ծագումով գերմանացի, Թիֆլիզ ապրած եւ ստեղծագործած նկարիչ Օսքար Շմեռլինկ։

Ըստ պահպանուած վկայութիւններու, թատրոնի ճեմասրահին պատերը զարդարուած են հայ, ռուս եւ օտարազգի դերասաններու եւ թատերագիրներու լուսանկարներով, ինչ որ նորագոյն տեսք հաղորդած է թատրոնին: «Խանդամիրեան թատրոն»ը բացուած է Մուրացանի «Ռուզան» թատրերգութեան բեմադրութեամբ՝ 1891 թուականի 7 յուլիսին: Ստեղծագործութիւնը Արցախի կեանքէն առնուած սիրավէպ մըն է, ինչ որ աւելի հոգեհարազատ կը դարձնէր հանդիսատեսը եւ զայն աւելի կը կապէր թատրոնին: Մօտաւորապէս 15 տարի գործելէ ետք, թատրոնը, դժբախտաբար, 1905 թուականին կործանուած է. հայ-թաթարական բախումներու ժամանակ Շուշիի մէջ յառաջացած մեծ հրդեհէն, Շուշիի բազմաթիւ կառոյցներու, բնակելի տուներու եւ յուշարձաններու կարգին այրուած է նաեւ թատրոնին շէնքը…

ՄԻՆՉ ԽԱՆԴԱՄԻՐԵԱՆԸ

Մինչ «Խանդամիրեան թատրոն»ի կառուցումը, շուշեցիները արդէն իսկ հաղորդակից էին ժամանակի թատերական անցուդարձին: Տակաւին 1865 թուականին «Չմշկեան-Ամրիկեան-Մանդինեան» թատերախումբը Շուշիի մէջ խաղացած է երեք ներկայացում եւ ըստ տուեալներու, ատիկա շուշեցիներու առաջին հանդիպումն էր բեմէն խաղցուող նորագոյն թատրոնի հետ: 1873 թուականին քաղաքի նշանաւոր ընտանիքներէն Խանդամիրեանները կը կառուցեն քաղաքային ակումբ, որ նախատեսուած էր հասարակական հաւաքոյթներու, թատերական ներկայացումներու, երաժշտական եւ պարային համերգներու համար: 1882 թուականին Պետրոս Ադամեանի հիւրախաղերը Շուշիի մէջ պատմական իրադարձութիւն կը դառնան, շուշեցիները եւրոպական թատերական շունչ կը զգան քաղաքի մէջ եւ երկար ժամանակ կը յիշեն զայն:

Ադամեան կը խաղայ Շէյքսփիրի «Համլեթ» ու Ճաքոմեթթիի «Ոճրագործի ընտանիք» ներկայացումներուն մէջ: Այդ ժամանակ Շուշի կը գտնուէր հայ պատմաբան, հրապարակախօս Լէօն, որ ադամեանական խաղով տպաւորուած կը գրէ. «Դէմքերուն վրայ շէյքսփիրեան հանճարի հրճուանքը դրոշմուած էր. արուեստի, բարձր գաղափարներու ու ճաշակի հետ կապած էր Ադամեանը տեղի հանդիսատեսը: Հրաշք գործած բեմական հանճարը դարձած էր ամբողջ քաղաքի սիրելին»:

1880-ականներու վերջին ֆրանսական ուղեւորութենէն Շուշի կը վերադառնայ Մկրտիչ Խանդամիրեան: Ան ըլլալով բարեկեցիկ եւ նշանաւոր ընտանիքէ եւ իր հետ ալ բերելով Եւրոպա ստացած կրթութիւնը՝ կ՚որոշէ վերափոխել Շուշիի մշակութային կեանքը: Արդէն իսկ պատանի տարիքէն հրապոյր մը ունէր թատրոնին հանդէպ: Սակայն ընտանիքը զայն Մարսէյլ ղրկած էր՝ մետաքսի արտադրութեան մէջ մասնագիտանալու նպատակով։ Մարսէյլի մէջ ընտանիքի ապսպրած գործին հետ միասին նաեւ ֆրանսական թատերական կեանքին կը հետեւէր, ապա Շուշի գալով, ան իսկոյն իր գիտելիքները կը փորձէ ի սպաս դնել տեղւոյն մշակութային կեանքի զարգացման: Խանդամիրեան իր հետ Ֆրանսայէն նաեւ գրականութիւն բերած էր Շուշի եւ մշտապէս կապ պահած էր եւրոպական շրջանակներուն հետ, ինչ որ առանձին արդէն նպաստած էր Շուշիի մշակութային կեանքի յառաջընթացին: «Խանդամիրեան թատրոն»ի պատմութիւնը ուսումնասիրողները կը նշեն, որ Խանդամիրեան, Շուշի գալով, աւելի շատ թատրոնաշինութեան ասպարէզին մէջ ներդրում կատարած է, քան՝ մետաքսագործութեան, մինչդեռ վերջինիս մէջ կատարելագործուելու համար է, որ Եւրոպա գացած էր:

Մինչ թատրոնի շէնքին կառուցումը, ան նախ թատերախումբ կազմած է՝ համախմբելով շուշեցի թատերասէրներ եւ բեմի շնորհք ունեցող երիտասարդներ: Ճիշդ է՝ թատերախումբը սիրողական էր եւ սկզբնական շրջանին հանդէս կու գար հայոց թեմական եւ հոգեւոր ուսումնարաններու մէջ, բայց անոր գործունէութիւնն է, որ մղած է Խանդամիրեանը՝ թատրոնի շէնքը շինելու: Թատերական կեանքը կազմակերպելուն զուգահեռ Խանդամիրեան ինք նաեւ բեմադրութիւններ կը կատարէր, կը դիմէր թէ՛ հայկական, թէ՛ օտար հեղինակներու գործերուն, որոնք կը ներկայացուէին բեմէն:

Երբ 1891 թուականին կ՚ազդարարուի քաղաքի նորակառոյց թատրոնի շէնքի բացման մասին, Շուշիի բնակչութիւնը ցնծութեան մէջ էր, մամուլը լայնօրէն լուսաբանած է թէ՛ այդ իրադարձութիւնը, թէ՛ ալ «Խանդամիրեան»ի երդիքին տակ բեմադրուած առաջին ներկայացումը՝ «Ռուզան»ը, որուն տոմսերը արագ սպառուած էին, եւ շատեր թատրոն հասնելով՝ տուն դարձած էին, տոմս եւ տեղ չըլլալու պատճառով: Ներկայացումը բարեսիրական էր, հասոյթը ուղղուած է Կովկասի բարեսիրական ընկերութեան Շուշիի մասնաճիւղին, որու նպատակը ռուս-թրքական պատերազմի հետեւանքով Կովկաս՝ մասնաւորապէս Թիֆլիզ, գաղթած հայերուն, ինչպես նաեւ պատմական Հայաստանի հայութեան օգնելն էր եւ անոնց շրջանակին մէջ լուսաւորական աշխատանք տանիլը:

Խանդամիրեանները կը բնակէին նոյն այն շէնքին մէջ, ուր թատրոնն էր: Շէնքին մէկ մասն ալ կացարան էր հիւր եկած դերասաններուն համար: Ժամանակի մամուլը շռայլ կերպով նկարագրած է Շուշիի նշանաւոր շէնքերէն այդ մէկը, որուն բակը պտղատու այգին էր, իսկ շուրջը՝ քաղաքի գրաւիչ տեսարանները:

Հայրենի արուեստաբան Գրիգոր Օրդոյեան «Խանդամիրեան թատրոն»ի մասին գրուած իր յօդուածին մէջ կը նշէ, թէ Շուշիի այդ բեմին վրայ շատ ծափահարուած է հայ շրջիկ խումբերու առաջնուհին՝ Փառանձեմը (Սահակեան-Սաղաթելեան), այդ բեմին վրայ յաճախ խաղացած են պոլսեցի Մարի եւ Վարդիթեր Ֆելեկեանները եւ գուցէ՝ ամենէն աւելի՝ Արամ Վրոյրը Մարի Զապելին հետ:


Աղբիւրներ՝ «Արուեստագիտական հանդէս», «Մեղու Հայաստանի» թերթ

ՎԵՐԱԾՆՈՒՆԴ ԵՒ ԿՐԿԻՆ ՏԵՂԱՀԱՆՈՒԹԻՒՆ

Շուշիի «Խանդամիրեան թատրոն»ի կործանումէն 103 տարի յետոյ՝ 2008 թուականին Շուշիի մէջ կը ստեղծուի Մկրտիչ Խանդամիրեանի անունը կրող կազմակերպութիւն, որ կը միաւորէր Շուշիի մէջ 1992 թուականէն ետք կազմաւորուած «Սօս Սարգսեան» մանկապատանեկան, «Երուանդ Մանարեան» խամաճիկային եւ Շուշիի տրամաթիք թատրոնները: Այս միութիւնը տեսակ մը վերածնունդի գաղափարը ունէր իր մէջ, կը փորձէր նոր շունչ մը տալ խանդամիրեանական փառաւոր անցեալ ունեցած Շուշիի թատերական կեանքին: Միութիւնը մասնակցած է բազմաթիւ փառատօներու, նուաճած է մրցանակներ եւ պատուոյ գիրեր: Մկրտիչ Խանդամիրեանի անունը կրող այս ինքնատիպ թատերական միաւորի մէջ գտնուող խումբերը ելոյթ ունեցած են Հայաստանի եւ Արցախի բոլոր քաղաքներուն մէջ: Մասնաւորապէս նկատելի էր անոնց կապուածութիւնը զօրամասերուն, մանկական կեդրոններուն, դպրոցներուն եւ մանկապարտէզներուն: Անցնող տասնամեակներուն Շուշին կրկին մշակութային շունչ առած էր… 2020 թուականի Արցախի երկրորդ պատերազմին բերդաքաղաքը կրկին կը հայաթափուի եւ նոյեմբերի 7-էն 9-ը կ՚անցի Ատրպէյճանի զինեալ ուժերու վերահսկողութեան ներքոյ: Շուշիի մէջ մնացած են ազատագրուելէ ետք հայերու կողմէ ստեղծուած բոլոր նիւթական, մշակութային արժէքները, շէնք շինութիւնները եւ մշակութային ծաղկուն քաղաք Շուշիէն այսօր կրկին միայն յիշողութիւններ մնացած են: Շուշեցիները ծուարած են ամէն մէկը տեղ մը: Մկրտիչ Խանդամիրեանի թատրոնը այսօր Հայաստանի Կիւմրի քաղաքին մէջ է եւ հոն փորձեր կ՚ընէ՝ թատերական ներկայացումներ պատրաստելու եւ Կիւմրիի մէջ կեանք տալու հարազատ թատրոնին:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 1, 2021