ՍԹԱՆԻՍԼԱՒ ՍՈՒՔԱԼՍՔԻ. ԿՈՐՈՒՍԵԱԼ ԺԱՌԱՆԳՈՒԹԻՒՆ ՄԸ - Բ -

2018 թուականի դեկտեմբերին թողարկուեցաւ «Պայքար. Սուքալսքիի կեանքը եւ կորուսեալ արուեստը» խորագրեալ վաւերագրական ժապաւէնը, որ արտադրուած է Լէոնարտօ տի Քափրիոյի եւ բեմադրուած՝ Իրէք Տոպրովոլսքիի կողմէ։  Վաւերագրականը՝ քիչ յայտնի արուեստագէտին նոր ու շատ աւելի մեծ համբաւ բերելու փորձ մըն էր։ Վաւերագրական ժապաւէնին մէջ տեղ գտած հարցազրոյցներն ու տեսանիւթերը կը պատմեն մարդու մը կեանքին մասին, որ կորսնցուցած է իր արուեստի մեծ մասը Բ. Աշխարհամարտին։ 

Վաւերագրական ժապաւէնի հերոսը՝ Կլէն Պրէյ Սուքալսքիի հետ ծանօթացած է հանճարի վերջին տարիներու ընթացքին, փորձած է կրկին բացայայտել արուեստագէտը եւ հետաքրքրուած է անոր ստեղծագործութիւններով։ Վաւերագրականը հիմնուած է Սուքալսքիի տեսահոլովակներու վրայ, որոնք Կլէն Պրէյի կողմէ նկարահանուած են՝ մօտաւորապէս 200 ժամ, 5 տարուայ ընթացքին։ 

Վաւերագրականին մէջ Սթանիսլաւ Սուքալսքի կը խօսի իր կեանքի եւ ստեղծագործութիւններուն մասին։ Արուեստագէտ Կլէն Պրէյ նկարահանած է իր տարեց ընկերը՝ կեանքի վերջին տարիներուն՝ փաստելու համար անոր բարձրորակ արուեստն ու անհատականութիւնը։ Պրէյ կը բացատրէ, թէ ինչպէս պատահաբար հանդիպած է Սուքալսքիի գծանկարներուն եւ յայտնաբերած, որ հեղինակը ողջ էր ու կը բնակէր քանի մը շէնք հեռաւորութեան վրայ։ Գալիֆորնիոյ Պըրպենք քաղաքին մէջ համեստ կեանք մը կ՚ապրէր Սուքալսքի, ապա պարզուեցաւ, որ ան յայտնի լուսանկարիչ ու քանդակագործ մըն է Շիքակոյի եւ նախապատերազմական Լեհաստանի մէջ։ 

1968 թուականին փոփ առարկաներու հաւաքիչ Կլէն Պրէյ կը յայտնաբերէ միահիւսուած ստորագրութեամբ գիրք մը՝ Սթանիսլաւ Սուքալսքիի մասին, որու անունը երբեք չէր լսած։ Գիրքը կը պարունակէ արուեստագէտի նկարներու եւ քանդակներու լուսանկարները։ Կլէն, որ շատ տպաւորուած է անոր ստեղծագործութիւններէն, գիրքը ցոյց կու տայ իր շրջապատի գեղարուեստասէր ընկերներուն, որոնք եւս կը հիանան Սուքալսքիի աշխատանքներով։ Օր մը, գրախանութի մը մէջ, Պրէյ պատահաբար կը հանդիպի նոյն ստորագրութեամբ որմազդի մը։ Գրավաճառը կը յայտնէ, թէ նկարի հեղինակը որմազդը իրեն նուիրած է քանի մը տարի առաջ ու կը բնակի քանի մը քիլօմեթր հեռաւորութեան վրայ։ Պրէյ անմիջապէս կը շտապէ ծանօթանալու Սուքալսքիի հետ։ Ան այդ օրերուն 25 տարեկան էր եւ ժամանակի ընթացքին աւելի ու աւելի կը հիանայ 80-ամեայ Սուքալսքիով։ 

Կլէն Պրէյ միշտ կ՚այցելէր Սուքալսքիին եւ ժամանակ կ՚անցընէր անոր հետ։ Սուքալսքի Պրէյին պատմած է իր Զերմաթիզմի տեսութեան մասին։ Ան իր այս տեսութիւնը բացատրեց 40 հազար գծանկարներով եւ 54 հատորէ բաղկացեալ ժողովածոյով։ Այս տեսութիւնով ան կը պնդէ, թէ մարդկութեան ծագումը կու գայ Զատիկի կղզիէն՝ մեծ ջրհեհեղէն յետոյ։ Ան համոզուած է, թէ Փրոթոնկի լեզուն, զոր ինք գտած է, միակ լեզուն է աշխարհի վրայ։

Ամերիկա վերադառնալէն ետք Սուքալսքին փոխեց իր ազգայնական միտքերը եւ յայտնեց, թէ չի հաւատար սահմաններուն՝ ըսելով. «Եթէ քաղաքացի ես, դուն աշխարհի քաղաքացի ես»։ Այս խօսքը կը ցոլանայ իր իր «Վերջին շունչը» անունով քանդակին վրայ։

Նշելով, որ արուեստը պէտք է չափազանցութիւն ըլլայ, Սուքալսքի այս միտքը արտացոլած է իր քանդակներու վրայ։ Ան ինքզինք կը բնութագրէ հետեւեալ խօսքերով. «Ես մէկ գրպանս Ռոտինը, իսկ միւսին՝ Միքելանճելոն դնելով քալեցի դէպի արեւ»։ 

Սուքալսքի իր գծանկարներուն, նկարներուն ու քանդակներուն մէջ ստեղծած է իւրայատուկ դիցաբանութիւն, ինչպէս նաեւ ունի իւրայատուկ ձեռագիր։

Հակառակ իր երեւակայութեան դրսեւորումներուն՝ ինք իր ամենավատ թշնամին էր։ Սուքալսքիի զանազան արուեստագէտներու դէմ բանաւոր յարձակումները, ի վերջոյ, «ջուրին տուին» իր ամենամեծ փափաքը. ունենալ բազմաթիւ հիացած հանդիսատեսներ։ 

Սուքալսքիի մահէն ետք հրապարակուած կտակով յայտնի դարձած էր, որ ան ամէն ինչ, նոյնիսկ տան բանալին թողած էր Պրէյին։ Պրէյ ցնցուեցաւ անոր մահէն յետոյ եւ երբ ան Սուքալսքիի տունը այցելեց, գետինը տեսաւ այն որմազդը, որ զինքը տարած էր մեծ արուեստագէտին մօտ։ Անոնք հանդիպեցան եւ նոյնպէս բաժնուեցան այդ որմազդով։ 

«Հակառակ բթամատը ստեղծած է բոլոր քաղաքակրթութիւնները։ Հասարակ մարդիկ չկրցան դիմանալ անոր ուժի գերակայութեան։ Այս պատճառով անոնք փոս փորեցին անոր եւ իրենց միջեւ։ Սա պայքարն է՝ որակի եւ քանակի միջեւ», ըսած է Սուքալսքի իր «Պայքարը» անունով ստեղծագործութեան մասին։

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 1, 2021