ԵՐԱԽՏԱԳԻՏՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ

Ան­ցեալ շաբ­թուան ըն­թաց­քին յու­զում­նա­ռատ ե­րե­կոյ մը տե­ղի ու­նե­ցաւ Հա­յոց Սփիւռ­քի բա­բա­խող սիրտ նկա­տուող Պէյ­րու­թի մէջ:

Պէյ­րու­թի շքեղ սրահ­նե­րէն մէ­կուն՝ «Քա­զի­նօ տը Լի­պա­ն»ի մէջ Հինգ­շաբ­թի, 19 Նո­յեմ­բե­րին, կա­յա­ցաւ նշա­նա­ւոր ե­րա­ժիշտ, յօ­րի­նող Մեծն Բրի­տա­նիոյ աշ­խար­հահռ­չակ ար­քա­յա­կան «Ռո­յը­լ» ֆիլ­հար­մո­նիք նուա­գա­խում­բի խմբա­վար եւ ՄԱԿ-ի մարդ­կա­յին հար­ցե­րու պա­տուոյ դես­պան Վար­դան Մել­քո­նեա­նի ե­լոյ­թը: Ե­րաժշ­տա­կան այդ ե­րե­կոն յու­զեց ներ­կայ ողջ հան­րու­թիւ­նը՝ հայ եւ օ­տա­րազ­գի, ինչ­պէս նաեւ ե­րե­կո­յի ա­ւար­տին յու­զուե­ցաւ ինք՝ օ­րուան հե­րո­սը՝ Վար­դան Մել­քո­նեան, երբ ձե­ռամբ Մե­ծի Տանն Կի­լի­կոյ Ա­րամ Ա. Կաթողիկոսին ստա­ցաւ Կի­լի­կիոյ կա­թո­ղի­կո­սու­թեան պար­գե­ւը՝ «Մես­րոպ Մաշ­տո­ց» շքան­շա­նը: Ներկայ հասարակու­թիւ­նը գնա­հա­տեց տա­ղան­դը հայ ե­րաժշ­տին, բայց քի­չեր անդ­րա­դար­ձան այն պատ­գա­մին, որ Վար­դան Մել­քո­նեան եր­կար ժա­մա­նա­կէ ի վեր որ­դեգ­րած է եւ կը փո­խան­ցէ իր բո­լոր գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րու ընդ­մէ­ջէն: Վար­դան Մել­քո­նեան ո­րո­շած է իր ողջ գոր­ծու­նէու­թեամբ իր ե­րախ­տա­գի­տու­թիւ­նը յայտ­նել այն ժո­ղո­վուրդ­նե­րուն, ազ­գե­րուն, ան­հատ­նե­րուն, ո­րոնք հայ ժո­ղովուր­դի ա­մե­նէն օր­հա­սա­կան պա­հե­րուն տէր կե­ցած եւ եր­դիք ու տա­նիք տուած են հա­զա­րա­ւոր որ­բե­րու եւ ան­տուն­նե­րու:

Ինք նոյն­պէս որբ ե­ղած է: Աշ­խար­հի ա­մենէն մեծ բե­մե­րը նուա­ճած այս հայը ան­ցած է որ­բու­թեան եւ դառ­նու­թեան ճա­նա­պար­հէն, կրե­լով հայ որ­բաշ­խար­հի բո­լոր տա­ռա­պանք­նե­րը՝ ֆի­զի­քա­կան եւ հո­գե­կան:

Այդ օ­րը Պէյ­րու­թի բարձ­րա­խա­ւա­յին նշուած սրա­հին մէջ պայ­ծառ լոյ­սե­րու ներ­քոյ նստած եւ դա­սա­կան ե­րաժշ­տու­թիւն վա­յե­լող մար­դոց­մէ շատ քի­չեր հա­ւա­նա­բար գի­տէին, թէ բե­մին վրայ, խմբա­վա­րի ճպոտը ձեռ­քին հպարտ կե­ցած այդ մար­դը՝ Վար­դան Մել­քո­նեա­նը, մեծ­ցած է Պէյ­րու­թի փո­ղոց­նե­րուն մէջ: Եւ ա­մէն ան­գամ ա­նոր հա­մար ծանր ու դժուար է վե­րա­դառ­նալ այն վայ­րը, ուր կան իր դա­ռն ման­կու­թեան յու­շերը: Ան Պէյ­րու­թի փո­ղոց­նե­րուն վրայ մտած է զա­նա­զան աշխատանքներու՝ կօ­շիկ ներ­կած է, մաս­տակ եւ այլ մանր ապ­րանք­ներ վա­ճա­ռած է՝ յա­ճախ քա­լե­լով հա­րիւ­րա­ւոր մեթ­րեր՝ տա­պի ու խճո­ղում­նե­րու ընդ­մէ­ջէն: Եր­բեմն ա­ռա­տա­ձեռն գտնուած են փո­ղո­ցա­յին շրջիկ ման­րա­վա­ճա­ռի հան­դէպ, յա­ճախ ալ ան ա­ռանց օրուան հա­ցի դրա­մի մնա­ցած է: Այ­սօր իր կեն­սագ­րու­թիւ­նը գրող շատ մը ա­րուես­տա­բա­ներ սրտաճմ­լիկ խո­րագ­րեր կ՚ընտ­րեն՝ «Պէյ­րու­թի փո­ղոց­նե­րէն մին­չեւ Ար­քա­յա­կան նուա­գա­խում­բ», «Յօ­րի­նո­ղը՝ ման­կա­տու­նէ­ն», «Որ­բը տուն շի­նե­ց»…

Մինչ ինք­զինք փո­ղոց նե­տե­լը՝ Վար­դան Մել­քո­նեան մեծ­ցած է Լի­բա­նա­նի Ժի­պէյլ շրջա­նի նշա­նա­ւոր «Թռչնոց բոյ­ն»ին մէջ: «Թռչնոց բոյ­ն»ը, որ Մա­րիա Ճէյ­քըպ­սըն հիմ­նած է 1915-ի որ­բե­րուն հա­մար, հե­տա­գայ տա­րի­նե­րուն եւ ցայ­սօր իբրեւ որ­բա­նոց կը ծա­ռա­յէ Լի­բա­նա­նի որբ կամ ծնո­ղա­կան խնամ­քէ զրկուած հա­զա­րա­ւոր հայ ե­րա­խա­նե­րու հա­մար: Վար­դան Մել­քո­նեան ծնո­ղա­կան խնամ­քէ զրկուած որ­բե­րէն մին էր, որ «Թռչնոց բոյն» յա­ճա­խած է շատ ա­ւե­լի կա­նուխ տա­րի­քէն, երբ իր հա­րա­զատ մայ­րը իր փոքր քրոջ՝ Լե­նա­յին ծնունդ տուած պա­հուն մա­հա­ցած է: Լե­նան ալ իր կար­գին, քառասուն օ­րուան նո­րա­ծին, միւս եղ­բօր եւ քոյ­րե­րուն հետ յանձ­նուած է «Թռչնոց բոյ­ն»: Վար­դան Մել­քո­նեան լաւ չի յի­շեր իր մայ­րը, սա­կայն մեծ հպար­տու­թեամբ միշտ կ՚ը­սէ, որ իր հո­գե­հա­րա­զատ «Մա­մա­ն»՝ Մա­րիա Ճէյ­քըպ­սը­նը ե­ղած է… Այդ տա­րի­նե­րուն Մա­րիա Ճէյ­քըպ­սըն կը բնա­կէր որ­բա­նո­ցին մէջ: Մէկ ան­գամ չէ, որ գրուած է Դա­նիոյ մէջ իր փա­փուկ կեան­քը ձգած եւ հայ որ­բաշ­խար­հին նուի­րած Դա­նիոյ Եկե­ղե­ցա­սէր տիկ­նանց ըն­կե­րու­թեան մի­սիո­նարու­հիի մա­սին, որ զո­հա­բե­րուե­ցաւ յա­նուն հայ մա­նուկ­նե­րու եւ մա­հա­ցաւ որ­բա­նո­ցի մէջ, ուր ալ թա­ղուած է ազ­նուա­կան տի­կի­նը՝ դառ­նա­լով ե­րախ­տա­գի­տու­թեամբ հնչող ա­նուն մը՝ հայ ժո­ղովուր­դի պատ­մու­թեան մէջ:

Մա­րիա Ճէյ­քըպ­սը­նին նուի­րուած Հա­յոց որ­բե­րու թան­գա­րա­նին մէջ, որ Ժի­պէ­յլի մէջ այս տա­րի բա­ցուե­ցաւ, ուր կայ մեծ շե­փո­րով հնա­տիպ նուա­գար­կիչ մը, ո­րով կը սի­րէր ե­րաժշ­տու­թիւն լսել Մա­ման: Ան նաեւ դաշ­նա­մուր նուա­գած է: Տա­րի­ներ ետք Վար­դան Մել­քո­նեան կը խոս­տո­վա­նի, որ իր վրայ մեծ ազ­դե­ցու­թիւն ձգած է այդ խորհր­դա­ւոր գոր­ծիք­նե­րէն հնչած կա­խար­դա­կան ե­րաժշ­տու­թիւ­նը: Միա­ժա­մա­նակ, եր­բեք չի մոռ­նար իր ա­ռա­ջին հան­դի­պու­մը Մա­մա­յին հետ: Երբ փոք­րիկն Վար­դան ա­ռա­ջին ան­գամ «Թռչնոց բոյ­ն» բե­րուած է, Մա­րիա Ճէյքըպ­սըն ծնկա­չոք ըն­դու­նած է զինք՝ չորս տա­րե­կան որ­բու­կի հա­սա­կին հա­ւա­սար վի­ճա­կով: Այդ ջեր­մու­թիւ­նը եւ հե­տա­գա­յին նաեւ՝ ե­րաժշ­տու­թիւ­նը, որ հնչած է Մա­մա­յի սե­նեա­կէն, ի­րենց հետ­քը թո­ղած են փոք­րիկ տղա­յի հո­գիին վրայ: Նաեւ՝ պա­տա­րագ­նե­րը, որոնք ամ­սուան ա­ռա­ջին Կի­րա­կի օ­րե­րը կը հնչէին ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ եւ ի­րենք ներ­կայ կ՚ըլ­լա­յին, հո­գե­կան մեծ ապ­րում­ներ պար­գե­ւած են: Վար­դան Մել­քո­նեան Հա­յաս­տան չէ ե­ղած, բայց այդ ե­կե­ղե­ցին իրեն հա­մար հո­գե­ւոր Հա­յաս­տա­նի պզտիկ ման­րա­պատ­կե­րը դար­ձած էր ման­կու­թե­նէն ի վեր, որ նաեւ հայ­րե­նա­սի­րու­թիւն ներշն­չած է հայ պզտի­կին:

Թե­րեւս ա­տի­կա ե­ղած է ա­նոր ե­րաժշ­տա­կան, հե­տա­գա­յին՝ ազ­գա­յին նուի­րու­մի սկիզ­բը: Պա­տա­նի տա­րի­քին ձեռք բե­րած է կի­թառ մը եւ սկսած է ինք­նուս նուա­գել: Դե­ռա­հաս տա­րի­քին դար­ձած է Լի­բա­նա­նի «Ֆոն­թա­նա» գի­շե­րա­յին ա­կում­բի ե­րաժշտա­կան խում­բի եր­գիչ-մե­նա­կա­տա­րը: Այդ վայ­րին մէջ ալ բա­ցուած է ա­նոր ճա­նա­պար­հը՝ դէ­պի Եւ­րո­պա: Ա­կում­բին մէջ աշ­խա­տող անգ­լիա­ցի ե­րա­ժիշտ մը օգ­նած է հայ ե­րի­տա­սար­դին՝ որ­պէս ե­րա­ժիշտ աշ­խա­տանք գտնել հիւ­սի­սա­յին Անգ­լիոյ ա­կումբ­նե­րուն մէջ: Հե­տա­գա­յին, Վար­դան Մել­քո­նեան, յի­շե­լով այդ շրջա­նը, ը­սած է. «Ես ու­րախ էի Լի­բա­նա­նէն հե­ռա­նա­լուս հա­մար, ո­րով­հե­տեւ 70-ա­կան­ներն էին, երբ սկսած էր հա­կա­մար­տու­թիւ­նը: Ես ա­րե­ւոտ Պէյ­րու­թէն գա­ցի Սքեկնես եւ կ­՚եր­գէի Թոմ Ճոն­սի եր­գե­րը, ա­նոր «Տի­լայ­լա»ն: Ան շու­տով հիմ­նա­կան աշ­խա­տանք գտած է լոն­տո­նեան Լէյ­չես­տըր հրա­պա­րա­կին վրայ գտնուող Talk of the Town ա­կում­բէն ներս եւ Պոնտ փո­ղո­ցը գտնուող Celebrity գի­շե­րա­յին ա­կում­բին մէջ: Վար­դան Մել­քո­նեան յայտ­նուե­ցաւ ITV-ի New Faces («Նոր դէմ­քե­ր») ծրագ­րին մէջ, ո­ր տա­ղանդ­ներ բա­ցա­յայ­տող հե­ռա­տե­սի­լա­յին շոու մըն էր: Ե­րե­կոյ մը ան Celebrity-ին մէջ հան­դի­պեցաւ եր­կու օ­ման­ցի ար­քա­յազ­ննե­րու եւ հա­մո­զեց զանոնք՝ պա­տուի­րել ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն մը՝ ձայ­նագ­րե­լու Ար­քա­յա­կան ֆիլ­հար­մո­նիք նուա­գա­խու­բին հետ:

Հա­կա­ռակ ա­նոր, որ Վար­դան Մել­քո­նեան կը բնա­կէր Լոն­տո­նի մօ­տա­կայ­քը, սա­կայն չէր մոռ­ցած իր ծննդա­վայ­րը եւ տա­րին ե­րեք ան­գամ կը ճամ­բոր­դէր Պէյ­րութ: Եւ շա­տե­րուն հա­մար զար­մա­նա­լիօ­րէն պան­դոկ չէր վար­ձեր, այլ կը մնար «Թռչնոց բոյ­ն»ը: Կը քնա­նար պզտիկ սե­նեա­կի մը մէջ՝ փոր­ձե­լով վեր­յի­շել ման­կու­թեան հո­տե­րը, ձայ­նե­րը... Նոր տնօ­րէ­նը զինք կը ներ­կա­յաց­նէր պզտիկ­նե­րուն եւ ան կը նստէր ճա­շե­լու ե­րա­խա­նե­րուն հետ. այդ պա­հուն կը յի­շէր այն պա­հը, թէ ինչ­պէս Մա­ման ըն­դու­նած էր զինք՝ հա­ւասարուե­լով պզտիկ ման­չու­կի հա­սա­կին: Այդ պար­զու­թիւ­նը՝ Մա­մա­յէն ե­կած, ամ­բողջ կեան­քի ըն­թաց­քին չէ լքած Վար­դան Մել­քո­նեա­նը: Հա­կա­ռակ փառ­քին եւ ար­քա­յա­կան բե­մե­րուն՝ ան պար­զու­թիւն կը սի­րէ եւ կը սի­րէ ըլ­լալ պարզ մար­դոց կող­քին: Իր ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րէն ա­մենէն գլխա­ւորը ան նուի­րած է Մա­րիա Ճէյքըպ­սը­նին «Վե­րապ­րու­մի սիմ­ֆո­նիա. Հրա­ժեշտ Մա­րիա­յի­ն» խո­րագ­րով, որ ձայ­նագ­րած է 2014 թուականին:

Այս տա­րուան Ապ­րի­լին, 100-ա­մեա­կի առ­թիւ եւ ի պա­տիւ Մա­րիա Ճէյքըպ­սը­նի, Մել­քո­նեան եւ ա­նոր դուստ­րը՝ Վե­րո­նի­քան նա­խա­տե­սած էին քա­լել Վա­նէն Պէյ­րութ ըն­կած 1000 քիլօմեթր ճա­նա­պար­հը, այն ճա­նա­պար­հը, որ իր ծնող­քը եւ շատ ու­րիշ­ներ ան­ցած են: Ա­նոր հայ­րը՝ Մով­սէս Մել­քո­նեան, Մուշ քա­ղա­քէն էր: Վար­դան Մել­քո­նեան կը յի­շէ հօր պատ­մու­թիւն­նե­րը՝ աք­սո­րի մա­սին: Մով­սէ­սը, փրկուե­լով, տե­ղա­ւո­րուած է Մեր­ձա­ւոր Ա­րե­ւել­քի Նպաս­տա­մա­տոյ­ցի Հա­յաս­տան գտնուող ման­կա­տու­նը, յե­տոյ տե­ղա­փո­խուած է Պէյ­րութ՝ փախս­տա­կան­նե­րու ճամ­բար: Այն­տեղ էր, մօ­տա­ւո­րա­պէս 1940 թուականին, որ ան հան­դի­պած եւ ա­մուս­նա­ցած է որ­բա­նո­ցի սանուհիներէն Հայ­կա­նոյ­շի հետ: Վար­դա­նը ծնած է քա­նի մը տա­րի անց: Հայ­կա­նոյշի մա­հէն ետք Վար­դա­ն կը տա­ռա­պէր վիշ­տէն եւ չէր կրնար հոգ տա­նիլ իր ե­րա­խա­նե­րուն: Այս ձեւով ճա­նա­պար­հը տա­րած է զիրենք դէ­պի «Թռչնոց բոյն»: Հե­տա­գա­յին այ­լեւս չեն տե­սած հայրը:

Սա­կայն ուխ­տագ­նա­ցու­թիւ­նը, որ Վար­դան Մել­քո­նեան պի­տի կա­տա­րէր իր հայ­րե­րու ճամ­բով, ինչ-ինչ պատ­ճառ­նե­րով չէ ի­րա­կա­նա­ցած: Ճամ­բան, որ կ­՚անց­նէր նաեւ Սու­րիա­յէն, վտան­գա­ւոր էր: Վար­դան Մել­քո­նեան, որ այ­սօր թէեւ խա­ղաղ պայ­ման­նե­րու մէջ կը ստեղ­ծա­գոր­ծէ, եւ ա­պա­հով կեանք մը ու­նի, ան­դա­դար կրկին կը մտա­ծէ պա­տե­րազմ­նե­րու մա­սին, որ մարդ­կու­թեան դա­դար չեն տար: Ան իր հա­սա­րա­կա­կան գոր­ծու­նէու­թեամբ կը պայ­քա­րի ա­նոր դէմ, վստահ ըլ­լա­լով, որ ե­թէ իւ­րա­քան­չիւր քա­ղա­քա­կիրթ մարդ պզտիկ պայ­քար մը մղէ, պա­տե­րազմ­նե­րը կը դադ­րին կամ զա­նոնք հրահ­րող­նե­րը կը զգու­շա­նան: Քայ­լար­շա­ւը, որ շա­տոնց ծրագ­րած էր, չկա­յա­ցաւ, բայց Պէյ­րու­թի հա­մեր­գը թե­րեւս այդ պատ­գամն էր, որ ան պի­տի փո­խան­ցէր այդ ճա­նա­պար­հով ան­ցած ա­տեն: Բա­զմա­հա­զա­ր­նոց դահ­լի­ճը կը թնդար ծա­փա­հա­րու­թիւն­նե­րով: Ինք յաղ­թած նկա­տեց ինք­զինքին: Պէյ­րու­թի մէջ ա­ռա­ջին ան­գամ հնչեց «Տրէյք փաս­սէյ­ճ» հա­մա­նուա­գը, որ ձօն էր կրկին Մա­մա­յին եւ բո­լոր ա­նոնց, որոնք տէր կանգնած են հա­յոց որ­բե­րուն: Ե­րախ­տի­քի իր պատ­գա­մը Վար­դան Մել­քո­նեան փո­խան­ցեց հա­մայն աշ­խար­հին, յի­շեց­նե­լով, որ հա­յը կը յի­շէ, չի մոռ­նար ինք­զինք փրկո­ղը: Ան նաեւ յի­շե­ցուց, որ այ­սօր ալ բար­բա­րո­սու­թիւն­նե­րու զոհ կը դառ­նան մա­նուկ­ներ, կը կոր­սուին ման­կու­թիւն­ներ եւ աշ­խար­հը պար­տա­ւոր է ա­ւե­լի սթափ գտնուիլ ներ­կայ դա­ժա­նու­թիւն­նե­րու հան­դէպ: Նաեւ յի­շե­ցուց, որ հա­յը ե­րախ­տա­պարտ է, այս­քան տա­րի ետք հա­յը կա­րող է այդ զօ­րեղ զգա­ցու­մը՝ ե­րախ­տա­գի­տու­թիւ­նը ա­րուես­տի ճամ­բով փո­խան­ցել այն մար­դոց, որոնք իր կող­քին էին ա­մենէն դժուար պա­հե­րուն: Վար­դան Մել­քո­նեան այ­սօր ինք կը շա­րու­նա­կէ «Մա­մա»ին նուի­րա­կան ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը: Ան սա­տար կը հան­դի­սա­նայ Մե­ծի Տանն Կի­լի­կիոյ Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան հո­վա­նիին տակ գոր­ծող «Թռչնոց բոյ­ն»ին, եւ իբ­րեւ ՄԱԿ-ի մարդ­կա­յին հար­ցե­րու պա­տուոյ դես­պան հե­տա­մուտ է լքուած ե­րախա­նե­րու ար­դա­րու­թեան եւ ի­րա­ւուն­քի ձայ­նը բարձ­րաց­նե­լու գոր­ծին: Պէյ­րու­թի հա­մեր­գի ողջ հա­սոյ­թը տրա­մադ­րուե­ցաւ «Թռչնոց բոյ­ն» եւ լքեալ ե­րա­խա­նե­րու «Մել­քո­նեան» ֆոն­տին:

Ե­րաժշ­տու­թեան ճա­նա­պար­հը ընտ­րած են նաեւ Վար­դան Մել­քո­նեա­նի զա­ւակ­նե­րը՝ Ռի­չըրտ եւ Վե­րո­նի­քա Մել­քո­նեան­ները: Քրոջ եւ եղ­բօր վեր­ջին հա­մա­տեղ ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւ­նը կը կո­չուի Հայ­կա­նոյշ: Այդ մէ­կը անունն է իրենց մեծմօր, զոր չեն տե­սած: Այս ըն­տա­նի­քին մէջ պատ­մու­թիւ­նը կար­ծես կրկնուած է. Վար­դա­նի հայ­րը՝ Մով­սէս չէ տե­սած իր հայ­րը, Վար­դա­նը կորսն­ցուցած է կա­պը իր հօր հետ եւ ա­նոր զա­ւակ­նե­րը նոյն­պէս չեն տե­սած իրենց մեծհայ­րե­րը եւ մեծմայրե­րը: Վիշ­տը, սա­կայն չէ դառ­նա­ցու­ցած Վար­դան Մել­քո­նեա­նը: Ա­րուես­տի տե­սա­բան­նե­րը նկա­տած են, որ իր յօ­րի­նած ե­րաժշ­տու­թեան մէջ կան լոյ­սէ հա­մա­նուագ­ներ, որոնք կը հնչեն եւ յոյ­սի եւ ապ­րու­մի զգա­ցում­ներ կը փո­խան­ցեն հան­դի­սա­կա­նին: Հայ ե­րա­ժիշ­տը կը շա­րու­նա­կէ ստեղ­ծա­գոր­ծել եւ ապ­րեց­նել իր ստեղ­ծած ա­րուես­տով:

Հա­յը յաղ­թած է:

Որ­բը տուն շի­նած է:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 1, 2015