ՓԱՐԻԶԻ ՀՐԷՇԸ «ԱՊՈՒ ՂՐԷՊ» ԲԱՆՏԻՆ ԾՆՈՒՆԴՆ Է

«Ա­րե­ւելք» կայ­քէ­ջին վրայ կը կար­դանք.-

Այս տա­րուան ըն­թաց­քին եր­կու ան­գամ Ֆրան­սա­յի մայ­րա­քա­ղա­քը՝ Փա­րի­զը հա­րուա­ծած ա­հա­բեկ­չու­թիւ­նը Եւ­րո­պա­յի սիր­տը դար­ձուց ա­ւե­լի մերկ ու թա­փան­ցիկ՝ վտան­գին դի­մաց: Ու գաղտ­նիք ալ չէ, որ այ­սօր Եւ­րո­պա «ներ­խու­ժած» ան­պատս­պար­նե­րու շար­քե­րուն մէջ կան մեծ թի­ւով ծրա­գիր-ա­հա­բե­կիչ­ներ: Ա­նոնք, որ Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի սար­սափ­նե­րէն կու գան: 2003 թուա­կա­նին դէ­պի Ի­րաք ներ­խու­ժու­մով ու յատ­կա­պէս ի­րա­քեան հզօր բա­նա­կին լու­ծա­րու­մով ան­նա­խըն­թաց կեր­պով ա­ճե­ցան մահ­մե­տա­կա­նի ա­նու­նով հան­դէս ե­կող խմբա­ւո­րում­նե­րը եւ դար­ձան ա­հա­բեկ­չու­թեան թա­գը վերց­նող­ներ: Ոչ ոք հարցուց ա­նոնց ար­մատ­նե­րուն ու սկզ­բ­նա­ւոր­ման մա­սին: Բո­լո­րը ի­րենց բե­րան­նե­րը  լայն բա­ցին մահ­մե­տա­կա­նին ու մահ­մե­տա­կա­նու­թեան դէմ շատ յա­ճախ յայ­տա­րա­րե­լով, որ այս ա­հա­բե­կիչ­նե­րու ար­մատ­նե­րը կա­պուած են այս կրօն­ի օ­րէնք­նե­րուն եւ ըմբռ­նում­նե­րուն հետ:

Սա­կայն ա­հա­բեկ­չու­թիւ­նը մահ­մե­տա­կա­նը չէր:

Պատ­մա­կան ան­ցեա­լը լոյ­սին տա­լու կա­րիք չկայ, փաս­տե­լու հա­մար, որ մահ­մե­տա­կանն ու ա­րա­բը փայ­լուն քա­ղա­քակր­թու­թիւն կեր­տած գո­յու­թիւն­ներ են:

Եւ­րո­պան այ­սօր կը մղկտայ: Վա­խը, սար­սա­փը, «Ի­րաք-Շա­մի իս­լա­մա­կան պե­տու­թիւն»ի (ISIS) դէմ պա­տե­րազմ մղե­լու կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը դար­ձած են ա­մէ­նօ­րեայ խնդիր­ներ:

Եւ­րո­պա­ցիք սա­կայն կը մոռ­նան ի­րենք ի­րենց հարց տալ, թէ ո՞ւր եւ ինչ­պէ՞ս ա­ճե­ցան այս ա­հա­բե­կիչ­նե­րը: Ինչ­պէ՞ս Փա­րիզ եւ Պրիւք­սէլ հա­սան եւ այ­սօր դար­ձած են հա­մա­տա­րած սպառ­նա­լիք մը:

Պա­տաս­խա­նը մէկ է: Փա­րի­զի ա­րուար­ձան­նե­րուն մէջ պտը­տող հրէշ­նե­րը կամ հրէ­շա­յին ծրա­գիր­ներ ի­րենց լա­րուած գօ­տի­նե­րուն եւ ար­կղե­րուն մէջ պա­հող ծայ­րա­յե­ղակն­նե­րը ար­դիւնք են, նոյն Ա­րեւ­մուտ­քի  ա­րե­ւե­լեան կողմն աշ­խար­հի հան­դէպ  ու­նե­ցած տհաս, ան­հե­ռա­տես եւ «քաոս յա­նուն քաո­ս­»ի կի­րա­ռած  քա­ղա­քա­կա­նու­թեան:

Ու գաղտ­նիք չէ, որ ա­նոնք այդ հրէ­շա­մար­դե­րը ծնունդ ա­ռին Ի­րա­քի ա­մե­նէն խա­ւար քա­ղաք­նե­րուն ու բան­տե­րուն մէջ:

Ա­պու Ղրէ­պի մէջ, Ֆա­լու­ժա­յի մէջ, Թատ­մո­րի  մէջ, Լի­պիոյ Սարթ քա­ղա­քի կեդ­րո­նա­կան բան­տին մէջ: Հոն է նաեւ, որ եւ­րո­պա­ցիք նպա­տա­կադ­րե­ցին սպան­նել Ա­րե­ւել­քի հզօր  քա­ղա­քակրթու­թիւ­նը:

Դա­տար­կե­ցին Ա­րե­ւել­քի թան­գա­րան­նե­րը, այ­րե­ցին ա­նոր գրա­դա­րան­նե­րը, ան­տուն  եւ ա­նօգ­նա­կան դար­ձոււ­ցին ա­նոր նկա­րող­նե­րը եւ վի­պա­սան­նե­րը:

Ա­նոնք նոյն ա­րաբ­ներն էին, որ կը խօ­սէին Մու­թա­նա­պի­յի եւ Ժա­հէ­զի լե­զուով, ա­նոնք նոյն ա­րաբ­ներն էին, որ աստ­ղե­րուն ա­նուն կու տա­յին եւ թուա­բա­նու­թեան ու տա­րա­հա­շի­ւի հիմ­քը կը կեր­տէին:

Եւ­րո­պան, այ­լեւ ամ­բողջ աշ­խար­հը այ­սօր կանգ­նած է մե­ծա­գոյն խնդրի մը առ­ջեւ: Ու այդ խնդի­րը հասկ­նա­լու ու ա­նոր յար­մար եւ ա­պա­հով լու­ծում­ներ մէջ­տեղ բե­րե­լու հա­մար հարկ է, որ վե­րա­տե­սու­թեան են­թար­կուի Ա­րե­ւել­քի ա­ռըն­թեր Ա­րեւ­մուտ­քի ընդ­հա­նուր քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը:

Ու ա­մե­նա­կա­րե­ւո­րը այն է, որ  եւ­րո­պա­ցիք հարց տան Փա­րի­զի ա­րուար­ձան­նե­րուն մէջ պտը­տող հրէ­շին ինք­նու­թեան եւ ար­մատ­նե­րուն մա­սին:

Հոն­կէ կը սկսի լու­ծում­նե­րու նոր հանգ­րուա­նը:

Այ­ո՛, միայն հոն­կէ:

Ս. Ա.

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 1, 2015