ԵՍ ԵՒ ԴՈՒՆ (Գ.)

Երբ սէրն ի աշխարհ եկաւ, եկաւ իմ սիրտս բնակեցաւ.
Հապա իմ սրտէս ի դուրս՝ երկրէ երկիր թափեցաւ.
Եկաւ ի գլուխս ելաւ, ի ուղեղս ելաւ թառեցաւ:
Աչիցս արտասուք ուզեց, նա արիւն ի վար վաթեցաւ:

Նահապետ Քուչակ

Պարզապէս սիրահարեցայ Արիի ընտանիքին: Իմ ապագայ կեսուրմայրիկը իր անկեղծ ու բարի ժպիտով ջերմացուց իմ հոգիի ամէն մէկ անկիւնը, իսկ հայրիկը՝ իր բարեացակամ ու հոգատար վերաբերմունքով գերեց իմ սիրտը:

Գտայ:

Գտայ այն ընտանիքը, որու մասին երկար փափաքած եմ: Գտայ իմ երկրորդ տունը, որ կառուցուած է ո՛չ թէ քարերէ, աւազէ, այլ՝ մարդկային ջերմութենէ, սիրով, ուրկէ կը բուրէ խաղաղութիւն ու հոգատարութիւն միմեանց նկատմամբ: Ինչպէս յետագային խոստովանեցաւ Արիի ծնողքը, այդ օրը ես նոյնպէս անոնց վրայ բաւական լաւ տպաւորութիւն ձգեցի: Անոնք ալ երջանիկ եղան իրենց զաւկի քով տեսնելով ինծի պէս բարի ու անկեղծ, խնդումերես հայուհի մը: Այդ օր իմ երեսը միշտ կը ժպտար ու կը փայլէր: Յետագային իմ երկրորդ մայրիկը դէմքիս միշտ փնտռած է այդ նոյն անհոգ ու գեղեցիկ ժպիտը, սակայն չէ կրցած գտնել:

Երջանկութենէս կը սաւառնէի եօթներորդ երկինքին մէջ: Մտքիս մէջ անդադար կը փառաբանէի ու շնորհապարտ կ՚ըլլայի Աստուծոյ՝ զիս այսքան շատ սիրելու համար, թէպէտ արժանի չէի: Երբեւէ չէի կրնար պատկերացնել, որ մեր Տէրը այսքան ողորմած պիտի գտնուի ինծի հանդէպ:

Ծնողքի հետ բարեյաջող ծանօթութիւնը ա՛լ աւելի ամրապնդեց մեր կապը: Անոնք գտան: Մենք զիրար գտանք: Սակայն կայ մէկը, որ պիտի կորսնցնէ, որ երբեք պիտի չտայ իր համաձայնութիւնը՝ իմ մայրիկը: Ինծի համար յստակ էր վերջինիս արձագանգը, ուստի չէի շտապեր անոր յայտնել Արիի մասին:

Մեր ծանօթութենէն եօթն ամիս անց Արին իր մայրիկի ու հայրիկի հետ հասաւ Արցախ: Մեր սէրը ամրապնդուեցաւ նշանդրէքի մատանիներով, որու կարմիր թելը կտրեց Արիի հայրիկը, իսկ մինչ այդ մայրիկը գեղեցիկ արեւմտահայերէնով իմ ձեռքը խնդրեց:

Ինչպէ՞ս համաձայնեցաւ մայրիկս:

Մայրիկս Արիենց ժամանումէն տասն օր առաջ իմացաւ մեր յարաբերութիւններու մասին: Շաբաթներ առաջ ես անոր տեղեկացուցած էի, որ շուտով իմ պոլսահայ ընկերը իր ընտանիքով պիտի գայ Արցախ: Անոնք կը փափաքին զիս քանի մը օրով հիւրընկալել իրենց տունը: Անշուշտ, այս միտքը բնաւ հաճելի չեկաւ իմ մայրիկին: Ան իր անհանգստութիւնները առաջ կը քշէր. «Ի՞նչ գործ ունիս դուն օտարի տունը: Ի՞նչ պիտի ընես այնտեղ: Տուն մը կ՚երթաս, ուր կայ երիտասարդ մը, որ կրնայ սիրահարիլ քեզի: Չէ՛: Երբե՛ք: Ո՛չ մէկ պարագայի»:

«Մայրի՜կ, դուն բանէ մը լուր չունիս: Մենք վաղուց սիրահարած ենք իրարու», իմ մտքի մէջ քմծիծաղով կամացուկ մը շշնջացի ես: Միեւնոյն ժամանակ ալ կը փորձէի համոզել իմ մայրիկը: Սակայն ան ամուր կեցած էր իր դիրքերուն մէջ եւ բնաւ զիջելու տրամադրութիւն չունէր: Ինչեւէ... անցան օրեր... ահաւասիկ հասաւ ժամը՝ ճշմարտութեան:

Իմ մայրիկը բաւական ծանր ընդունեց այս լուրը եւ իմ առջեւ դրաւ պայման՝ կամ ես, կամ Արին։ «Ես աղջիկ չունիկ Թուրքիա հարս ղրկելու», կարճ ու կտրուկ ամէն անգամ կը պնդէր յամառ մայրս: Իսկ ես ի պատասխան կը յայտէի՝ երկուքդ միասին, երկուքէդ ալ չեմ հրաժարիր:

Արին շատ հանգիստ ընդունեց մայրիկիս արձագանգը եւ իրեն բնորոշ հանդարտութեամբ աւելցուց. «Եթէ զիս ճանչնայ՝ վստահաբար պիտի փոխէ իր կարծիքը»: Այդպէս ալ եղաւ:

Մեր բանիմաց ու քաղաքակիրթ ազգականներու դրական կարծիքներն ալ իրենց հերթին ազդեցին մայրիկիս մտափոխութեան համար: Ան իր մէջ ունէր վախեր, որոնք բնական են ու առողջ:

Ահաւասիկ, այսպիսին էր մեր սիրոյ պատմութիւնը, որ երկու տարի անց ամրապնդուեցաւ Սուրբ Պսակով ու Աստուծոյ օրհնութեամբ:

Ես եւ դուն որքան տարբեր, նոյնչափ եւ աւելին նման ենք մէկզմէկու: Ամբողջական, հանգիստ ու խաղաղ ենք, երբ քով քովի ենք: Յաճախ կէս բառէն, կամ անխօս կը հասկնանք զիրար: Մենք երջանիկ ենք, քանզի ունինք զիրար: Կը սիրենք միասին երազել, աղօթել, Զաւէնիկի հետ խաղալ, մեր ունեցածը վայելել եւ անհամբեր սպասել ծնունդին Դանիէլի, որ առաջ Աստուած գալ շաբաթ պիտի համալրէ մեր ընտանիքը:

Սէրը կը նմանի հովին: Զայն չես տեսներ, սակայն կը զգաս:

Նոյնպէս ես ու Արին, մեր սէրը, երբեմն քիչ մը թթու, կծու, բայց միշտ համեմուած անուշահոտութեամբ ու ներումով, աստուածային օրհնութեամբ:

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

•վերջ

Երեւան

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 1, 2021