ԵՍ ՈՒ ԵՍ

Հեծելանիւ չեմ կրնար քշել՝ հաւասարակշռութիւն չունիմ, մինչդեռ կեանքի մէջ իմ հաւասակշռութիւնը կը գերազանցէ:

Բարձրէն ալ կը վախնամ, սակայն կը ձգտիմ դէպի բարձունքներ:

Նախապէս կը վախնայի մութէն, այսօր ալ անհանգիստ կ՚ըլլամ, սակայն խիզախաբար կը բանամ իմ հոգիի մութ անկիւնները: Կը մտնեմ ներս: Կը ստուգեմ, պահ մը կը տխրիմ: Շատ կ՚ուզեմ ձերբազատուիլ իմ բոլոր վատ սովորութիւններէն, մեղքերէն: Աւա՜ղ, տակաւին անզօր եմ:

Տնային աշխատանքներով զբաղիլ ալ չեմ սիրեր: Ես տնային տնտեսուհի մը չեմ: Այս միտքը իմ ուղեղի մէջ դաջուեցաւ պզտիկութենէս ի վեր: Մատ մը երեխայ էի, երբ կ՚երազէի մեծ ու գեղեցիկ տունի մը մասին՝ լեցուն ծառաներով: Յիրաւի, տունի գործ չեմ սիրեր, սակայն կը սիրեմ աշխատիլ: Կը սիրեմ աշխատցնել իմ ուղեղը: Կրնամ ամբողջ օր աշխատիլ: Պարապ մնալ չեմ սիրեր՝ բնաւ: Անմիջապէս կը ձանձրանամ, այնուհետեւ կ՚ունենամ տրամադրութեան խոր անկումներ: Այսօր շատ զբաղած եմ. երկու ձեռքով տասն ձմերուկ կը բռնեմ: Տնային գործեր, երկու փոքրիկ երեխաներ: Տունը կը հաւաքեմ, արդուկ կ՚ընեմ, երեխաները կը կերակրեմ, կը զբաղեցնեմ, ճաշ կը պատրաստեմ: Մասնաւոր դաս կու տամ, դպրոցի մէջ կը դասաւանդեմ, թերթիս մէջ կը գրեմ... Յոգնութիւնը շատ է, սակայն իմ հոգին գոհ է այս ծանրաբեռնուածութենէն՝ փառք Աստուծոյ, զբաղում ունիմ, աշխատանք ունիմ: Զիս կը յոգնեցնէ միմիայն տնային աշխատանքը:

Իմ իւրաքանչիւր օրը կ՚ապրիմ այնպէս, կարծես իմ կեանքի վերջին օրը ըլլայ: Մասնաւորապէս սեղանի շուրջ յայտնուած ատեն, կ՚ուտեմ այնպէս, կարծես այլեւս հաց պիտի չգտնեմ: Կ՚ուզեմ ամէն բանէն փորձել, ուտել այնքան մինչեւ իմ աչքը կշտանայ: Գիտեմ, որ այդ ուտելիքը իմ սառնարանի մէջ պիտի սպասէ: Կրնամ մաս մըն ալ վաղը ուտել: Սակայն այդպէս չեմ վարուիր: Ինծի կը թուի, թէ վաղը կրնամ ուտելիք չգտնել: Մասնաւորապէս վերջին պատերազմէն վերջ այսպէս զգուշաւոր դարձայ: Ենթագիտակցաբար, ինծի կը թուի, թէ յաջորդ վայրկեանին կրնայ պատերազմ, կամ մէկ ուրիշ աղէտ տեղի ունենալ: Եւ ես կը փորձեմ հնարաւորինս երկար ժամանակով ապահովել իմ կուշտութիւնը: Երբ իմ այս տարօրինակ զգացումի մասին պատմեցի իմ արցախցի ծանօթներէն մէկուն, ան հետաքրքրական դրուագ մը պատմեց իր կեանքէն. «Երբ ես փոքր էի, իմ մեծ մայրիկը միսով ճաշ պատրաստած ատեն, պզտիկներուն կը պատուիրէր առաջինը ուտել պնակի մէջ եղած միսերը: Տատս կ՚ըսէր. «Երեխաներ, առաջինը միսերը կերէք, կրնայ յանկարծ պատերազմ սկսիլ, որպէսզի օգտակար սնունդ առած ըլլաք: Ո՞վ գիտէ, յաջորդ անգամ ե՞րբ պիտի կարենանք միս գտնել: Այսպէս գոնէ ձեր մարմինը որոշ ժամանակ ուժով պիտի ըլլայ»: Ըսել է, թէ ես ու Էրիքի մեծ մայրիկը ենթագիտակցաբար նոյն կերպով կը խորհինք: Թէեւ քանի մը ժամ աւելի կուշտ ըլլալը ի՛նչ պիտի փոխէ իմ կեանքի մէջ, ես ալ չեմ գիտեր: Բնաւ չեմ ախորժիր իմ այս արատէն:

Առօրեայ կեանքիս մէջ շատ զգուշաւոր եմ: Գիտակցաբար ինքզինքս, կամ իմ ընտանիքը վտանգի չեմ ենթարկեր երբեք: Ինծի համար խիստ կարեւոր է մեր վաղուան անհոգ ու անվտանգ օրը: Սակայն իմ կեանքի մէջ կը սիրեմ սուր զգացումներ, կը սիրեմ քայլել «դանակի սուր ծայրէն»: Այստեղ ես կը պահեմ իմ հաւասարակշռութիւնը ու բնաւ չեմ վախնար իյնալէն:

Կը դողամ իմ ու ընտանիքիս կեանքի, առողջութեան վրայ, սակայն պատրաստ եմ կեանքս նուիրել հայրենիքիս, զաւակներս ալ՝ մեր հայրենիքի պաշտպանութեան, զօրացումին: Յայտնի երգի խօսքերը կը վերագրեմ ինծի.

Կեանքս կը տամ հայրենիքիս,
Հոգիս Աստծուն, պատիւս ինձ...

Այսպիսին եմ ես: Քիչ մը տարօրինակ, արտասովոր, բարդ ու բիւրեղեայ: Իմ հոգին կը նմանի յախճապակիի, անմիջապէս կը ճաթի:

Կարօտ եմ հանգիստի, սակայն իմ մայրիկի ու մեծ մայրիկի պէս, պատրաստ եմ մինչեւ իմ վերջին շունչը ծառայել, ինքզինքս չխնայել զաւակներուս համար:

Հանգիստ կեանք չեմ սիրեր, կը սիրեմ ամէնուր յաղթահարել դժուարութիւններ, միշտ ըլլալ զգօն, կազմ ու պատրաստ: Այսպիսին եմ ես:

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Երեւան

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 1, 2022