ՅՈՅՍԻ ԱՇԽԱՐՀ…

Լրագ­րող բա­րե­կամ­նե­րէս մին, որ մեկ­նած էր Հա­յաս­տա­նի սահ­մա­նա­յին գօ­տի՝ նկա­րա­հա­նե­լու Կա­ղան­դէն մէկ օր ա­ռաջ գնդա­կո­ծուած Տա­ւու­շի սահ­մա­նա­յին Չի­նա­րի գիւ­ղի կեան­քը, Տա­ւու­շի մար­զէն իր հետ «Վան­քի ա­նու­շ» ա­նու­նով տուփ մը բե­րաւ, որ ոչ միայն դար­ձաւ Կա­ղան­դի օ­րե­րուն ի­րի­կուն­նե­րը թէ­յին հետ խմե­լու հրա­շա­լի համ մը, այլ նաեւ՝ մէկ ան­գամ եւս հա­յեաց­քը ուղ­ղե­լու դէ­պի Հա­յաս­տա­նի հիւ­սի­սը, ուր­կէ ե­կած էր «Վան­քի ա­նու­շ­»ը: Մինչ մենք տօ­նա­կան սե­ղան­նե­րու շուրջ ու­րախ նստած ենք եւ ա­մէն ին­չէն ետք Տա­ւու­շի պտուղ­նե­րու ա­նու­շով թէյ կը վա­յե­լենք, այն­տեղ՝ հիւ­սի­սը, ձիւ­նի, սառ­նա­մա­նի­քի եւ վտան­գի ներ­քոյ կանգ­նած է այս օ­րե­րու մեր հե­րո­սը՝ զի­նուո­րը եւ կը հսկէ մեր ան­դոր­րը: Անց­նող օ­րե­րուն կրկին դէ­պի Տա­ւուշ ուղ­ղուե­ցաւ ողջ հա­յու­թեան ու­շադ­րու­թիւ­նը: Դեկ­տեմ­բեր 29-ին սահ­մա­նին ար­ձա­նագ­րուած հե­տա­խու­զա­կան-ներ­թա­փանց­ման փոր­ձի (diversion) ար­դիւն­քին հայ­կա­կան կող­մը ե­րեք զոհ ու­նե­ցաւ: Ե­րեք հայ ըն­տա­նի­քի հա­մար Կա­ղան­դը դար­ձաւ սու­գի օր, կրկին հայ մայ­րեր սեւ հա­գան... Յա­ջոր­դող օ­րե­րուն սահ­մա­նա­յին այդ գօ­տի այ­ցե­լե­ցին Հա­յաս­տա­նի վար­չա­պե­տը՝ Կա­րէն Կա­րա­պե­տեան, նա­խա­րար­ներ, պաշ­տօ­նա­տար ան­ձինք, իսկ Կա­ղան­դի գի­շե­րը Տա­ւու­շի մար­զի հո­գե­ւոր դա­սը սահ­մա­նը հսկող զի­նուոր­նե­րուն հետ ան­ցուց տօ­նը՝ խան­դա­վա­ռե­լով զա­նոնք: Տա­ւու­շի Թե­մի Ա­ռաջ­նորդ Տ. Բագ­րատ Եպսկ. Գալս­տա­նեան, Տ. Ա­րամ Քա­հա­նան, խումբ մը ե­րի­տա­սարդ­նե­րու հետ զօ­րա­մա­սե­րով շրջե­ցան, այ­նու­հե­տեւ բարձ­րա­ցան մար­տա­կան յե­նա­կէտ՝ շնոր­հա­ւո­րե­լու դիր­քա­պահ զինուոր­նե­րը:

Տա­ւու­շի թե­մի ա­ռաջ­նոր­դը հայ­րա­բար շնոր­հա­ւո­րեց սահ­մա­նը հսկող զի­նուոր­նե­րը: Սրբա­զա­նը մաս­նա­ւո­րա­պէս ը­սաւ.

«Տա­ւուշ աշ­խար­հը մեր երկ­րի ա­մե­նէն եր­կար սահ­մա­նը ու­նի՝ շուրջ 350 քի­լօ­մեթր, ո­րուն վրայ կ՚ապ­րի մեր հե­րոս սահ­մա­նա­պահ ժո­ղո­վուր­դը եւ ի­րա­ւամբ մենք զայն կը կո­չենք Հա­յոց Աշ­խար­հի դար­պաս­նե­րը՝ Յոյ­սի Աշ­խար­հը, ո­րու ա­նա­ռի­կու­թեան մե­ծա­գոյն գրա­ւա­կա­նը մեր յաղ­թա­նա­կած ու ա­րիա­սիրտ բա­նակն է եւ բնա­կա­նա­բար մեր քա­ջա­րի սահ­մա­նա­պահ ժո­ղո­վուր­դը: Կ՚ու­զեմ շնոր­հա­ւո­րել մեր յաղ­թա­նա­կած ու խա­ղա­ղու­թեան լծուած Հա­յոց Բա­նա­կին՝ հայ ժո­ղո­վուր­դի ծո­ցէն ծնած այս հրաշ­քը եւ շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նել նա­խա­րա­րէն մին­չեւ զի­նուոր նուի­րու­մի, հայ­րե­նի­քի եւ Աս­տու­ծոյ սէ­րը ի­րենց կեան­քով կրե­լու հա­մար, շնոր­հա­կա­լու­թիւն ի­րենց ծնող­քին եւ ըն­տա­նիք­նե­րուն եւ ան­փոր­ձանք, ա­պա­հով ու խա­ղաղ ծա­ռա­յու­թիւն մեր տղա­նե­րուն: Մեր ա­ղօթ­քը մեր հե­րոս ու նա­հա­տա­կուած զի­նուոր­նե­րուն հա­մար, ո­րոնց ա­րիւ­նով կը սահ­մա­նագ­ծուի մեր կեան­քի ան­դոր­րը: Խո­նար­հում ի­րենց ողջ յի­շա­տա­կի եւ ի­րենց ըն­տա­նիք­նե­րուն առ­ջե­ւ»:

Մինչ սահ­ման այ­ցե­լե­լը՝ տա­րե­մու­տի Գո­հա­բա­նա­կան ա­ղօթ­քի ա­ւար­տին Տա­ւու­շի Բերդ ա­ւա­նի Սուրբ Յով­հան­նէս ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ Տա­ւու­շի Թե­մի Ա­ռաջ­նորդ Տ. Բագ­րատ Սրբա­զա­նի օրհ­նու­թեամբ, Տ. Ա­րամ Քա­հա­նա­յի եւ Գա­գիկ Սար­կա­ւա­գի մաս­նակ­ցու­թեամբ տե­ղի ու­նե­ցաւ նռան օրհ­նու­թեան կարգ եւ օրհ­նուած նու­ռե­րը բաժ­նուե­ցան բա­րե­պաշտ ժո­ղո­վուր­դին: Օրհ­նու­թե­նէն յե­տոյ ե­կե­ղեց­ւոյ բա­կը խմբուած հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րը միաս­նա­բար եր­գե­ցին Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան օրհ­ներ­գը եւ Ռա­փա­յել Պատ­կա­նեա­նի բա­ռե­րով գրուած «Եր­նեկ թէ այս նոր տա­րի­ն» եր­գը, ի նշան հա­յոց պե­տա­կա­նու­թեան գո­յու­թեան եւ սահ­ման­նե­րու ամ­րու­թեան: Ար­դէն եր­րորդ տա­րին է, որ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Ծայ­րա­գոյն Պատ­րիարք եւ Ա­մե­նայն Հա­յոց Կա­թո­ղի­կո­սի բարձր տնօ­րի­նու­թեամբ հա­յոց բո­լոր ե­կե­ղե­ցի­նե­րէն ներս տա­րե­մու­տի գի­շե­րը Գո­հա­բա­նա­կան մաղ­թան­քի ա­ւար­տին կը կա­տա­րուի նու­ռի օրհ­նու­թեան կարգ՝ նռնօրհ­նէք: Մար­տա­կան յե­նա­կէ­տեր եր­թա­լու ժա­մա­նակ ար­դէն, Բագ­րատ Սրբա­զա­նը, Տ. Ա­րամ Քա­հա­նան եւ խումբ մը ե­րի­տա­սարդ­ներ ի­րենց հետ տա­րին օրհ­նուած նու­ռե­րը եւ փո­խան­ցե­ցին դիր­քա­պահ զի­նուոր­նե­րուն: Քրիս­տո­նէու­թեան մէջ նու­ռի խորհր­դա­նի­շը բա­ւա­կա­նին տա­րո­ղու­նակ է, ան մեր Տի­րոջ՝ Յի­սուս Քրիս­տո­սի խորհրդա­պատ­կերն է՝ իր՝ գա­ւա­թին մէջ յե­ղուած ա­րեամբ, իսկ կեր­պա­րուես­տի մէջ, երբ պատ­կե­րած են Տէ­րը՝ նու­ռով, ար­տա­յայ­տած են Քրիս­տո­սի Յա­րու­թեան գա­ղա­փա­րը: Նու­ռը կը խորհր­դան­շէ աս­տուա­ծա­յին շնորհ­նե­րու բազ­մա­զա­նու­թիւ­նը, ե­կե­ղե­ցին՝ իր բազ­մա­թիւ հօ­տով:

Տ. Բագ­րատ Եպսկ. Գալս­տա­նեա­ն Տա­ւու­շի թե­մի ա­ռաջ­նոր­դու­թիւ­նը պաշ­տօ­նա­պէս ստանձ­նած է 2015 թուա­կա­նի Սեպ­տեմ­բե­րի 7-ին, որ­մէ յե­տոյ Տա­ւու­շի յատ­կա­պէս սահ­մա­նա­պահ շրջան­նե­րը կը գտնուին հո­գե­ւոր ա­ռաջ­նոր­դի ան­վե­րա­պահ ու­շադ­րու­թեան կենդ­րո­նին: Անց­նող տա­րուան ըն­թաց­քին Տա­ւու­շի հո­գե­ւոր թե­մի նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ քրիս­տո­նէա­կան դաս­տիա­րա­կու­թեան քա­ռա­սու­նե­րեք կրթօ­ճախ հիմ­նուած է «Մէկ հա­մայնք մէկ դպրո­ց» ծրագ­րի շրջա­նակ­նե­րէն ներս՝ շուրջ 2100 ա­շա­կեր­տով: Տա­ւու­շի Թե­մի սպա­սա­ւոր­նե­րը նպա­տակ դրած են թե­մի բո­լոր մա­նուկ­նե­րը ա­պա­հո­վել Աս­տուա­ծա­շուն­չով, ա­նոնց մէկ մա­սը ար­դէն ստա­ցած է Սուրբ Գիրք: Տա­ւու­շի Թե­մի ա­ռաջ­նոր­դի փո­խանց­մամբ՝ յա­ռա­ջի­կայ ե­րեք տա­րուան ըն­թաց­քին նպա­տակ ու­նին մար­զի եօ­թա­նա­սուն հա­մայնք­նե­րու մէջ բա­նալ կի­րակ­նօ­րեայ նմա­նա­տիպ դպրոց­նե­րու մեծ ու փոքր կեդ­րոն­ներ, ո­րոնց հա­մար ար­դէ­ն իսկ պատ­րաս­տած են վաթ­սու­նէ ա­ւե­լի ու­սու­ցիչ­ներ: Հո­գե­ւոր դաս­տի­ա­րա­կու­թիւ­նը վեհ մի­ջոց մըն է՝ սահ­մա­նա­յին բնա­կա­վայ­րե­րու մէջ ապ­րող մար­դոց ա­ռօ­րեայ կեան­քի ծանր հոգ­ե­րը թե­թեւց­նե­լու, զա­նոնք Հայ Ե­կե­ղեց­ւոյ ու­ժին կա­պե­լու հա­մար:

Հրա­շա­գեղ բնու­թիւն ու­նե­ցող Տա­ւու­շի մար­զի ա­մե­նէն մեծ նե­րու­ժը հո­ղին ա­մուր կառ­չած մար­դիկն են եւ բնու­թեան ըն­ծա­յած բա­րիք­նե­րը:

Այդ բա­րիք­նե­րէն կը պատ­րաս­տուի «Վան­քի ա­նու­շ­»ը: Սահ­մա­նա­մերձ գիւ­ղի բնա­կիչ­նե­րէն ձեռք բե­րե­լով հա­տապ­տու­ղը, պտու­ղը եւ ա­նու­շի հա­մար անհ­րա­ժեշտ այլ բա­րիք­ներ՝ Հա­ղար­ծի­նի վա­նա­կան հա­մա­լի­րին բա­կը կը շի­նուի «Վան­քի ա­նու­շ­»ը: Գիւ­ղա­ցի­նե­րը, ան­տա­ռէն, ի­րենց այ­գի­նե­րէն հա­ւա­քե­լով պտուղ­ներ՝ յա­ճախ պատ­րաս­տե­լու հարց կ՚ու­նե­նան: Ա­ռաջ­նոր­դա­րա­նը մտա­ծած է Հա­ղար­ծի­նի վա­նա­կան հա­մա­լի­րէն ներս հիմ­նել ա­նու­շի ար­տադ­րա­մաս եւ գիւ­ղա­ցի­նե­րէն գնե­լով ա­նոնց հա­ւա­քա­ծը՝ կը շի­նէ տե­սակ-տե­սակ ա­նուշ­ներ, ո­րոնք կը վա­ճա­ռուին միայն Հա­ղար­ծի­նի եւ Գո­շա­վան­քի մէջ: Վա­ճառ­քէն ստացուած ամ­բողջ հա­սոյ­թը կ՚ուղ­ղուի Տա­ւու­շի Թե­մի կող­մէ ի­րա­կա­նա­ցուող ծրագ­րե­րուն, իսկ թե­մին այս հար­ցին գծով կ՚ա­ջակ­ցին Ե­կե­ղե­ցի­նե­րու հա­մաշ­խար­հա­յին խոր­հուր­դի «Կլոր սե­ղա­ն» հիմ­նադ­րա­մը, Հայ օգ­նու­թեան ֆոն­տը եւ այլ միու­թիւն­ներ: Ա­նուշ­նե­րը զա­նա­զան տե­սա­կի են՝ ըն­կոյ­զէ մին­չեւ քի­ւուի, ան­տա­ռա­յին պտուղ­ներ, վայ­րի բնու­թեան մէջ ա­ճող հա­պա­լաս­ներ, ծա­ռե­րու պտուղ­ներ եւ այլն: Ոչ միայն «Վան­քի ա­նու­շ­»ը, այ­լեւ Տա­ւու­շի մէջ պատ-­րաս­տուող այլ ար­տադ­րանք­ներ, ինչ­պէս՝ բու­սա­կան «Ծի­րա­նէ» օ­ճա­ռը, ձե­ռա­գործ ի­րեր, ե­րա­խա­նե­րու աշ­խա­տանք­ներ, կը վա­ճա­ռուին Տա­ւու­շի մէջ ա­մէն տա­րի տե­ղի ու­նե­ցող փա­ռա­տօ­նե­րու ժա­մա­նակ. ինչ­պէս՝ Հա­ղար­ծի­նի մշա­կու­թա­յին շա­բա­թը, Մեղ­րի եւ հա­տապ­տուղ­նե­րու փա­ռա­տօ­նը, Դի­լի­ջա­նի գոր­գի փա­ռա­տօ­նը եւ այլն:

ԲՈ­ԼՈՐ ՊԱ­ՏԵ­ՐԱԶՄ­ՆԵ­ՐԸ ՆՈՅՆ ԳՈՅ­ՆԸ ՈՒ­ՆԻՆ

Տա­ւու­շի մար­զը ի­րաւ, հա­յոց յոյ­սի աշ­խարհ­նե­րէն մին է: Դժուար ճա­կա­տա­գիր բա­ժին հա­սած այս մար­զը մշտա­պէս կը գտնուի վտան­գի ներ­քոյ: Կան սահ­մա­նա­յին գիւ­ղեր, ո­րոնք ուղ­ղա­կի թշնա­միի նշա­նա­կէ­տին տակ են: Այն­տեղ ապ­րող մար­դոց հա­մար պար­զա­պէս սո­վո­րա­կան ու պարզ ա­ռօ­րեայ դար­ձած է կրա­կո­ցը: Իսկ երբ կը նա­յիս այն­տեղ ապ­րող քաջ ե­րա­խա­նե­րուն, ո­րոնք ոչ միայն կը վախ­նան կրա­կոց­նե­րէն, այ­լեւ ի­րենք կռիւ-կռիւ կը խա­ղան՝ նմա­նա­կե­լով պա­տե­րազ­մը, կը հասկ­նաս, որ այս մար­զը հա­յոց Յոյ­սի աշ­խարհն է: Այդ յոյս կը ներշն­չէ՝ քա­ջա­բար հո­ղին կառ­չած մնա­լու եւ պայ­քա­րե­լու, այն­պէս, ինչ­պէս շուրջ քսան տա­րիէ ի վեր այս­տեղ ապ­րող մար­դիկ կ՚ը­նեն: Հրա­դա­դա­րի կնքու­մէն յե­տոյ այս­տեղ կրա­կոց­նե­րը եւ ներ­թա­փանց­ման փոր­ձե­րը եր­բեք չեն դադ­րած: Չի­նա­րի պզտիկ գիւ­ղը Ատր­պէյ­ճա­նի հետ ու­նի 28 քի­լօ­մեթր­նոց սահ­ման: Ե­րե­ւա­նէն 250 քի­լօ­մեթր հե­ռա­ւո­րու­թեան վրայ գտնուող այս գիւ­ղին մէջ կեան­քը, հա­կա­ռակ պա­տե­րազ­մի վտան­գին, չէ դադ­րած: Սա­րե­րու վրայ թշնա­միի դի­պու­կա­հա­րի յե­նա­կէ­տը կայ, իսկ սա­րե­րու լան­ջին՝ գիւ­ղը: Ան­յա­ջող դիրք ու­նե­ցող գիւ­ղի ա­մենէն ծայ­րը գտնուող տու­նը թշնա­միի յե­նա­կէ­տա­յին դիր­քէն նոյ­նիսկ 1 քի­լօ­մեթր չէ, այլ 650 մեթր հե­ռա­ւո­րու­թեան վրայ է: Գիւ­ղի հո­ղե­րու մեծ մա­սը կը գտնուի սահ­մա­նին մօտ, իսկ մէկ մասն ալ ա­կա­նա­պա­տուած է, այդ պատ­ճա­ռաւ, գիւ­ղա­ցին շատ դժուա­րաւ կը հա­նէ իր օ­րուան ե­կա­մու­տը: Զար­մա­նալ կա­րե­լի է, որ այդ ա­մէն ին­չէն յե­տոյ չի­նար­ցին չի լքեր գիւ­ղը: Ճիշդ է՝ ե­րի­տա­սարդ­նե­րը կը փոր­ձեն դրամ շա­հե­լու հա­մար այլ վայ­րեր տե­ղա­փո­խուիլ, բայց մի­ջին տա­րի­քի բնակ­չու­թիւ­նը իր հո­ղին վրայ է: Ա­նոնք եր­բեք մտա­դիր չեն թշնա­միին ցոյց տալ, որ գիւ­ղը դա­տար­կուած է: Չի­նա­րին ոչ թէ պար­զա­պէս սահ­մա­նա­յին գիւղ է, այլ ան դի­պու­կա­հար­նե­րու շուն­չի տակ տե­ղա­կա­յուած բնա­կա­վայր մըն է, ուր պա­տե­րազ­մի դա­ժան պատ­մու­թիւն­նե­րը սկսած են 1990-ա­կան­նե­րու սկիզ­բը եւ եր­բեք չեն ա­ւար­տած: Ման­կա­պար­տէ­զը, դպրո­ցը, տու­նե­րը յա­ճախ կը գնդա­կո­ծուին, մար­դիկ ի­րենց մե­ռել­նե­րը կը թա­ղեն գի­շե­րը, որ­պէս­զի թշնա­մին մար­դոց հոծ բազ­մու­թիւն չնկա­տէ եւ կրակ չբա­նայ: Առ­հա­սա­րակ, կը խու­սա­փին տեղ մը հա­ւա­քուե­լէ, քա­նի որ գիւ­ղի բո­լոր կէ­տե­րը ուղ­ղա­կի թի­րա­խի ներ­քոյ են: Քա­նի մը տա­րի ա­ռաջ այս գիւ­ղին մէջ Focus on children հա­սա­րա­կա­կան կազ­մա­կեր­պու­թեան նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ տնկուե­ցան գա­նա­տա­կան 300 բար­տի­ներ, այն նպա­տա­կով, որ այդ բար­տի­նե­րը տա­րի­ներ անց­նե­լով պէտք է մեծ­նան, հա­սակ առ­նեն ու գո­ցեն մշտար­թուն հսկող դի­պու­կա­հա­րի տե­սա­դաշ­տը՝ գիւ­ղին մէջ: Նոյն կազ­մա­կեր­պու­թիւ­նը նաեւ ու­շադ­րու­թեան ներ­քոյ կը պա­հէ ման­կա­պար­տէ­զը՝ ա­պա­հո­վե­լով գոյ­քով, եւ առ­հա­սա­րակ, Չի­նա­րին ու ա­նոր նման սահ­մա­նա­յին գիւ­ղե­րը միշտ ու­շադ­րու­թեան տակ են, սա­կայն երբ կը բոր­բո­քի թշնա­միի ռազ­մա­տեն­չու­թիւ­նը, ա­պա բո­լոր ջան­քե­րը ջու­րը կ՚իյ­նան եւ գիւ­ղա­ցին պար­զա­պէս կ՚ապ­րի պա­տե­րազ­մի սար­սա­փը:

Հա­յաս­տա­նի սահ­մա­նա­յին գօ­տիէն Չի­նա­րիի մէջ է, որ կա­րե­լի է զգալ, թէ պա­տե­րազ­մը չէ ա­ւար­տած: Այն կայ իբ­րեւ մարդ­կու­թեան խա­րան, իբ­րեւ հայ սե­ւազ­գեստ մօր ար­ցունք, իբ­րեւ զի­նուո­րի վախ, բայ­ց եւ՝ քա­ջու­թեամբ ներ­կա­յա­նա­լու կամք ու տո­կունու­թիւն...

Աշ­խար­հի բո­լոր պա­տե­րազմ­նե­րը նոյն գոյ­նը ու­նին: Այ­սօր ոչ միայն Հա­յաս­տա­նի, Ար­ցա­խի սահ­մա­նա­յին գօ­տի­նե­րու մէջ, այլ ամ­բողջ աշ­խար­հի տա­րած­քին կը թե­ւա­ծէ պա­տե­րազ­մի ու­րուա­կա­նը: Նոր տա­րին մարդ­կու­թիւ­նը կը դի­մա­ւո­րէ խո­հե­րով, սա­կայն պա­տե­րազմ­նե­րուն վերջ տա­լու եւ խա­ղաղ ապ­րե­լու կամ­քը բո­լոր ազ­գե­րը չեն դրսե­ւո­րեր: Ժա­մա­նակն է, որ մարդ­կու­թիւ­նը միա­հա­մուռ ու­ժե­րով դէմ կանգ­նի պա­տե­րազմ­նե­րուն եւ ա­հա­բեկ­չու­թիւն­նե­րուն: Մար­դու ի­րա­ւունք­նե­րու հար­ցե­րով զբա­ղող հա­զա­րա­ւոր կազ­մա­կեր­պու­թիւն­ներ ի­րենց ա­ռօ­րեայ գոր­ծը պէտք է դարձ­նեն ա­հա­բեկ­չու­թիւն­նե­րու եւ պա­տե­րազմ­նե­րու դէմ պայ­քա­րը: 21-րդ դա­րուն, երբ քա­ղա­քակր­թու­թիւ­նը այ­լեւս հզօր թռիչք­ներ գոր­ծած է, պա­տե­րազ­մը պար­զա­պէս խա­րան է մարդ­կու­թեան ճա­կա­տին: Գի­տա­կան աշ­խար­հը, քա­ղա­քա­կան վեր­նա­խա­ւը եւ վեր­ջա­պէս, մտա­ւո­րա­կա­նու­թիւ­նը, իր ա­մէն մէկ քայ­լով պէտք է դէմ կանգ­նի պա­տե­րազմ­նե­րուն եւ այդ մէ­կը պէտք է ըլ­լայ ա­մե­նօ­րեայ աշ­խա­տանք:

Ա­հա խո­հագ­րու­թիւն մը, որ հայ գրող, պե­տա­կան մրցա­նա­կի դափ­նե­կիր, վա­ղա­մե­ռիկ Լե­ւոն Խե­չո­յեա­նը, իբ­րեւ ե­լոյթ ար­տա­սա­նած է Եւ­րո­պա­յի մէջ, բազ­մա­հա­զա­ր­­նոց լսա­րա­նի առ­ջեւ, տա­կա­ւին 2000 թուա­կա­նին հա­մո­զե­լով, որ ժա­մա­նա­կա­կից գրո­ղը, մտա­ւո­րա­կա­նը այլ գործ չու­նի, քան՝ իր խօս­քով եւ գրի­չով դէմ կանգ­նե­լու պա­տե­րազմ­նե­րուն:

ՊԱ­ՏԵ­ՐԱԶՄ ԵՒ ԳՐԱ­ԿԱ­ՆՈՒ­ԹԻՒ­Ն

ԼԵ­ՒՈՆ ԽԵ­ՉՈ­ՅԵԱՆ

Ա­հա տիե­զեր­քի յա­ւերժ խա­ղա­ղու­թեան մէջ փքուած, կլոր փո­րի նման երկ­րա­գուն­դը, նրա պոր­տը՝ բիբ­լիա­կան Անդր­կով­կա­սը ցնցւում, թփռտում է, այդ պոր­տի բաց վէր­քի վրայ է մշտա­պէս ցան­ւում ա­ղը:

Չոր հո­ղի ե­րե­սը ա­ռա­տօ­րէն թրջած, պղպջա­ցող ա­րիւ­նը Կով­կա­սի բնակ­չի հա­մար բնաջնջ­ման սար­սափ սփռող ա­նաս­նա­կան վախ է դար­ձել:

Հի­մա, այս­տեղ, պա­տե­րազմ­նե­րը եւ դի­պուած­նե­րը այն­պէս չեն, երբ գա­լիս էին ար­գո­նա­ւորդ­նե­րը՝ ոս­կէ գեղ­մը տա­նե­լու: Ե­թէ պա­տա­հէր, որ զի­նուո­րը նե­տից կամ սրից խո­ցուած ընկ­նում էր, պա­տա­հա­կա­նօ­րէն այդ կող­մե­րով թռչող մի հրեշ­տակ տես­նե­լով նրան՝ իջ­նում էր երկն­քից, խո­տի տե­րեւ կամ փե­տուր քսե­լով վէր­քին՝ փրկու­թեան լոյսն էր վա­ռում:

Հայ­կա­կան ա­ւան­դա­պա­տում­նե­րում պահ­պա­նուած տե­ղե­կու­թիւն­ներն էլ ա­սում են, թէ վի­րա­ւոր մար­տի­կը, երբ հայ­րե­նի հո­ղից մի պտղունց բե­րա­նում ծա­մե­լով՝ շա­ղախ դարձ­րած, դնում էր կտրուա­ծի վրայ, դա­դա­րում էր ա­րիւ­նա­հո­սու­թիւ­նը, վէր­քի բա­ցուած­քից հե­ռա­նում էր մա­հը:

Բիբ­լիա­կան աշ­խար­հը կողմ­նա­կից էր մար­դու ապ­րե­լուն:

Հի­մա այլ են պա­տե­րազմ­նե­րը Անդր­կով­կա­սում: Այս­տե­ղի կա­պոյտ, պսպղուն երկն­քով անց­նող հրեշ­տակ­ներն այ­լեւս չեն կա­րո­ղա­նում իջ­նել այ­րուող հո­ղին, կամ ե­թէ իջ­նում են, ի­րենք էլ զի­նուո­րի հետ մեռ­նում են ա­նօգ­նա­կան:

Ես ինքս, որ­պէս այդ պա­տե­րազ­մի ա­կա­նա­տես, գի­տեմ եւ շատ ան­գամ եմ լսել Աս­տու­ծոյ ձայ­նը, եւ թի­կուն­քիցս, եւ դէ­միցս, թէ ինչ­պէս էր կան­չում երկ­րագն­դի ե­րե­սից գի­շե­րուայ մի ակն­թար­թում կո­րած իր լե­րա­նը, իր լճին, իր քա­ղա­քին, խնձո­րի այ­գուն, իր մար­դուն, կո­րած իր հրեշ­տա­կին:

Այս մղձա­ւան­ջի, մե­նու­թեան ու քաո­սի խոր­քից ա­մէն մի պե­տու­թեան եւ ցե­ղի ա­ռաջ­նորդ իր ե­րաժշ­տու­թիւնն է հնչեց­նում, ժո­ղո­վուրդ­ներ են նե­տում հրդեհ­նե­րի մէջ եւ պա­րեց­նում են ի­րենց իսկ յօ­րի­նած մե­ղե­դու տակ:

Մարդ­կա­յին միտքն այս­պէս մո­լոր, կոյր, թա­փա­ռա­կան, դա­րեր շա­րու­նակ յանձ­նուած կարմ­րա­ծուփ սա­տա­նա­յի ճշդա­պահ խա­ղի օ­րէն­քին, նո­րից ու նո­րից վե­րա­դառ­նում է եւ իր վե­րա­դար­ձով դար­ձեալ ետ է գա­լիս եւ կանգ­նում իր սկզբի վրայ. դա­րեր շա­րու­նակ պա­տա­հած նոյն պա­տե­րազմ­ներն ու նոյն խա­ղա­ղու­թիւ­նը, այս կրկնու­թիւ­նից, ինքն ի­րե­նից չի փրկւում այս մար­դը...

Անդր­կով­կա­սը, աշ­խար­հագ­րա­կան դիր­քի պատ­ճա­ռով, հա­զա­րա­մեակ­ներ է ար­դէն իսկ, որ դէ­պի ճրա­գակ­րա­կը նե­տուող գի­շե­րա­յին թի­թե­ռի նման թռչկո­տում է Ա­րե­ւել­քի եւ Ա­րեւ­մուտ­քի մի­ջեւ: Եւ այս հան­գա­ման­քով է, որ չստեղ­ծուեց Անդր­կով­կա­սի միա­բա­նու­թիւ­նը:

Տա­կա­ւին դեռ այդ­պէս չէ:

Բե­րա­նում ծա­մուած, շա­խաղ դարձ­րած, վէր­քին դրուող հայ­րե­նի հողն էլ այ­լեւս չի փրկում այս պա­տե­րազմ­նե­րից:

Հի­մա գրո­ղի խնդի­րը, հայ­րե­նի­քի կա­ռոյ­ցը ա­նա­ռիկ պա­հե­լու հա­մար, ոչ թէ պա­թե­թիկ ո­ճով հե­րո­սա­կան վէ­պեր գրե­լով՝ զի­նուոր դաս­տիա­րա­կե­լու գործն է լի­նե­լու, այլ մէկ ազ­գի, մէկ պե­տու­թիւն ոչն­չա­նա­լը երկ­րագն­դի կոր­ծա­նում հա­մա­րե­լը: Գրա­կա­նու­թիւ­նը կա­րո­ղա­նա­լու հնա­րա­ւո­րու­թիւն է՝ պա­տե­րազ­մը ա­տել տա­լու ա­ռանց նշա­նա­կու­թեան, թէ ու՞մ, ո՞ր երկ­րի, ո՞ր գեր­տէ­րու­թեան պա­տե­րազմն է: Այս մո­լո­րա­կի, այս մար­դու փրկու­թեան ճա­նա­պարհն անց­նում է այն երկ­րի մի­ջով, որ­տեղ նրա բնա­կի­չը տուն է կա­ռու­ցում, որ­տեղ պա­հում է իր ա­րուես­տա­գէ­տին, իր գոր­ծա­րան­նե­րը, իր կնո­ջը, իր զա­ւակ­նե­րին, որ­տեղ բազ­մա­նում են պան­քե­րը, ծաղ­կում է ա­ռա­քի­նու­թիւ­նը, որ­տեղ բորբ ա­րե­ւի տակ ծփում են ցո­րե­նի դաշ­տե­րը, լճե­րում խայ­տում են ձկնե­րը, ա­ռա­տու­թիւ­նից շու­նը կտու­րին՝ խո­տի դէ­զի տակ, կա­տուն պա­տու­հա­նի գո­գին է մէջ­քը ու­ռեց­նե­լով ու­րա­խա­նում, երբ զա­ւակ­նե­րը ու­սա­նում են ցնծու­թեամբ, կոյ­սը հրճւում է, գա­զօ­ճա­խի կրա­կը չի մա­րում եւ կեան­քի օրհ­նու­թիւնն է թափ­ւում մշտա­պէս...

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեքշաբթի, Յունուար 10, 2017