ՀԵՌԱՆԱԼ ԲԱՑԱՍԱԿԱՆ ՄԱՐԴՈՑՄԷ

«Անձնական զարգացման» գիրքերու կամ ընկերային ցանցերու վրայ յաճախ կը տեսնենք «բացասական մարդոցմէ հեռացէ՛ք» առաջարկը։ Արդեօք այս լա՞ւ խորհուրդ մըն է։

Ըստ գերմանացի փիլիսոփայ Թէոտոր Ատորնոյի, դրամատիրութիւնը կ՚արտադրէ տարատեսակ բնաւորութիւն եւ ոճ այնքան, որքան գործարաններու մէջ կ՚արտադրուին տարատեսակ ապրանքներ։ Համակարգերու մեքանիզմներու համահունչ մարդոց բնաւորութիւն եւ կեանքի փիլիսոփայութիւն տալը դրամատիրութեան հիմնական նպատակն է։  

«Գովազդներու մէջ իւրաքանչիւր ապրանքի ներկայացումը շատ երջանիկ ընկերներու կամ ընտանիքի հետ՝ ձեւով մը «ծանուցումն» է կարօտը «ընկերականութեան» նկատմամբ, ինչ որ խլուած է պաստառի դիմաց գտնուողներու ձեռքերէն», կ՚ըսէ Ատորնօ։ Կրթութենէն յետոյ, այս նոր յարաբերութիւններու ստեղծման ամենաարդիւնաւէտ սարքն է հեռատեսիլը, ձայնասփիւռը ու մանաւանդ՝ համացանցը։ 

Դրամատիրութեան ամենամեծ վախն է՝ աշխատող ժողովուրդի աշխատանքային ժամերէն դուրս այլոց հետ յարաբերութիւններ հաստատելն ու շփման մէջ մնալը, քանի որ մարդկային բնութիւնը կառուցուած է համախմբուելու եւ ի վերջոյ՝ կազմակերպուելու։ Որպէսզի մարդիկ չհաւաքուին՝ աշխատանքային ժամերէն դուրս յարաբերութիւններ զարգացնելու համար, միշտ կան «սահմանումներ», որոնք կը խոչընդոտեն «համախմբուիլը». ինչպէս՝ աշխատանքային ժամերու աւելացումը, աշխատատեղերու ժամանցի վայրերէն հեռացումը, ցած աշխատավարձով ընկերային յարաբերութիւնները «շքեղութեան» մակարդակին բարձրացնելը…

Ֆրանսացի փիլիսոփայ Ալէն Պատիւ մարդկային յարաբերութիւններու վրայ դրամատիրութեան ազդեցութեան մասին իր ելոյթին մէջ ըսած է. «Եթէ դրամատիրութենէն առաջ կօշիկ մը ունէիք, վնասուելէն ետք կը վերանորոգէիք զայն։ Չէիք կրնար թափել, փոխել կամ հեշտութեամբ վերադարձնել։ Այդ ժամանակ մարդկային յարաբերութիւններն ալ նման էին։ Անոնք հիմնուած էին վերանորոգման վրայ։ Յետդրամատիրական ժամանակաշրջանին կը գերիշխէ փոխարինում-վերադարձ-թափել ձեւաչափը։ Այլեւս նոյնն են յարաբերութիւնները՝ վերադարձ, փոխարինում եւ թափում։ Վերանորոգման ջանք չկայ»։ Սա մեզի պարտադրուած է «առողջ եւ որակեալ կեանքի» մասին շարք մը խօսակցութիւններով, ուսուցումներով եւ առաջարկներով։ Օրինակ՝ նայինք մարդկային յարաբերութիւններու վերաբերեալ խորհուրդներ պարունակող յօդուածներու։ Տասն յօդուածէն առնուազն ութը կը վերաբերի հաղորդակցութեան բացակայութեան կամ յարաբերութիւններու պակասի։ Ա՛յս է դրամատիրութեան ուժը. այդ կրնայ մարդիկ համոզել, թէ ձեր ձեռքի եւ ոտքի շղթաները աւելի որակաւոր տեսք կրնան ունենալ՝ փայլեցնելով զանոնք։

«Հեռացուցէք բացասական մարդիկը ձեր կեանքէն»ը հիանալի խորհուրդ է, բայց պէտք է հասկնալ, թէ ո՞վ է բացասական մարդը։ Ընկեր մը, որ ձեզ դրականօրէն կը քննադատէ, բացասական չէ։ Այն մարդը, որ կը զգայ խնդիրը, կը տեսնէ եւ կ՚ուղղէ ծրագրի մը ռազմավարութիւնը, բացասական չէ։ Բարեկամ մը, որ կը համարձակի վիճիլ եւ հակադրուիլ մեզի՝ երբ իրաւունք ունի, բացասական չէ։ Բացասականը այստեղ թունաւոր մարդն է, որ ելք չ՚առաջարկեր, յուսահատութիւն կը սերմանէ ու ուրախութիւն կը զգայ ուրիշներու ձախողումներով։

Մարդոց մեծամասնութիւնը, որ կը նկարագրենք որպէս բացասական, կրնան ըլլալ անմեղ անհատներ, որոնք բախուած են բազմաթիւ ցաւերու իրենց մանկութեան կա՛մ իրենց կեանքի որեւէ փուլին, անոնց փորձառութիւնը անտեսուած են, ենթարկուած են հոգեբանական ճնշման ու յայտնուած են բացասական մտքերու մէջ՝ առանց վնաս պատճառելու հասարակութեան։ Անոնցմէ շատեր առհասարակ նիւթական դժուարութիւններու պատճառով չեն կրցած իրենք զիրենք բուժելու հնարաւորութիւն գտնել։ Այսինքն այն փաստը՝ որ մարդը «բացասական անձնաւորութիւն» պիտակը կը ստանայ միայն իր կրած վնասներու կամ անհնարութիւններու պատճառով, պէտք չէ բացառել զայն, օտարել կամ նոյնիսկ մեկուսացնել։ Որքան կը դիտարկեմ, աննրբանկատ կամ անազնիւ մարդիկ ընկերային ցանցերու վրայ կը փորձեն «սիրոյ թիթեռնիկի» տեսք ունենալ եւ ըսել՝ «բացասական մարդիկը պէտք է հեռացնել հասարակութենէն», անոնք «ուշադրութեան յիմարութեան» մէջ են։ Կը կարծեմ, թէ այսքան զզուելի ըլլալն ու այդ թոյնը հասարակութեան մէջ սերմանել փորձելը՝ մարդկութեան ամենամեծ ամօթներէն մին է։ 

Մենք այսօր հասած ենք այն կէտին, ուր «անբարենպաստ ազդեցիկներ» սխալ կը ճանչցուին։ Բացասական մարդոց հասարակաց առանձնայատկութիւններէն մէկը բողոքելը ապրելակերպ դարձնելն է: Բոլորս կրնանք բողոքել որոշ բաներէ, ինչ որ մեր ամենաբնական իրաւունքն է։  Այնուամենայնիւ, եթէ չափը անցընենք եւ մեր դժգոհութիւնը աճի ամէն օր, մեզի համար աւելի դժուար կ՚ըլլայ յառաջընթաց արձանագրել: Բողոքելը նպատակները կատարելագործելէ եւ պատասխանատուութենէ խուսափելու միջոց մըն է։ Մենք զմեզ այլ մարդոց հետ համեմատելը շատ բացասական վերաբերմունք է: Սա կը նշանակէ անձնական նկարագրի բացակայութիւն: Մարդիկ՝ որոնք ակրեսիւ կերպով ինքզինքնին կը բաղդատեն այլ մարդոց հետ, ակրեսիւ վերաբերմունք կը ցուցաբերեն նաեւ այն ​​մարդոց նկատմամբ, որոնց հետ կը բաղդատեն իրենք զիրենք եւ կը փորձեն տապալել զանոնք: Անոնք երջանիկ են ուրիշներու դժբախտութիւններով։ 

Երբ կը փորձենք իրականացնել մեր երազաները՝ մեր ճանապարհին յայտնուած առաջին իսկ խոչընդոտին մեր նպատակէն հրաժարիլը, ի հարկէ, բացասական ըլլալու աղբիւրն է: Ինչպէս մենք պէտք չէ մեր առջեւ դնենք անհնարին նպատակներ, այնպէս ալ պէտք չէ հրաժարինք մեր նպատակներուն հասնելու մեր ջանքերէն։ Յիշենք, իւրաքանչիւր յաջողութիւն կը պահանջէ ջանք: Այնուամենայնիւ, պէտք չէ շեղիլ իրատեսական նպատակներէն։ Նահանջելը, յանձնուիլը միշտ պարտուած կը զգացնէ, իսկ փորձելը՝ ուժեղ։

Եթէ «բացասական մարդոցմէ հեռանալ» ուզենք, պէտք է գիտնանք, թէ ո՞րն է բացասականը։ 

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Երկուշաբթի, Յունուար 10, 2022