ԱՊԱԳԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԳԱՐԵԳԻՆ Ա. ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ ՊՈԼՍՈՅ ՄԷՋ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս, նշանաւոր հայագէտ, արուեստաբան, Գերմանիոյ Լայպցիկ քաղաքի համալսարանի իմաստասիրութեան տոքթոր Գարեգին Ա. Յովսէփեան 1912 թուականին, երբ տակաւին հնագէտ, ուսումնասիրող էր, կ՚այցելէ Պոլիս, ուր կու տայ դասախօսութիւններ, նաեւ առիթ կ՚ունենայ ուսումնասիրելու հին ձեռագիրներ, որոնք կը պահուէին Պոլսոյ մատենադարաններուն մէջ:

Այդ ժամանակ Գարեգին Յովսէփեանին Պոլսոյ մէջ հանդիպած եւ անոր դասախօսութիւններուն ներկայ եղած է պոլսահայ Աղաւնի Մեսրոպեան՝ ապագայ երաժիշտ, մանկավարժ: Ան այդ ժամանակ 21-ամեայ աղջնակ մըն էր եւ վառ կերպով տպաւորուած է այդ այցէն:

Աղաւնի Մեսրոպեան 1891 թուականին Պոլիս ծնած է՝ քահանայի ընտանիքի մէջ: Իր նախնական եւ հիմնական կրթութիւնը ստացած է Էսաեան վարժարանին մէջ, իսկ 1906 թուականին իր ծնողքին հետ տեղափոխուած է Լոնտոն, ուր շարունակած է երաժշտական կրթութիւնը, ստացած՝ երաժիշտի բարձրագոյն վկայական, հետեւած է նաեւ նկարչութեան դասերու: Վերադառնալով Պոլիս, Աղաւնի Մեսրոպեան կը նուիրուի երաժշտական-մանկավարժական աշխատանքի՝ դաշնակահար ուսուցչուհի աշխատելով Պոլսոյ հայկական վարժարաններէն ներս, միաժամանակ ինքզինք նուիրելով հասարակական գործունէութեան: Անցեալ դարու երեսունականներուն պոլսահայ այս արուեստագիտուհին, ընտանեկան հանգամանքներու պատճառով կը ձգէ Պոլիսը, կ՚ամուսնանայ Բագրատ Համբարձումեանին հետ, կը մեկնի Թիֆլիզ, ուր կը բնակի մինչեւ 1931 թուականը, երբ ընտանեօք կը փոխադրուին Երեւան, ուր Աղաւնի Մեսրոպեան կը դառնայ Ձայնասփիւռային կոմիտէի արեւելահայկական երաժշտութեան մենակատար-դաշնակահարուհին եւ մինչեւ իր կեանքին վերջին տարիները կը կատարէ այդ գործը, սակայն նշանակալի մասնակցութիւն կ՚ունենայ նաեւ Հայաստանի հասարակական, մշակութային կեանքին: Մանաւանդ գրականութեան ու նկարչութեան նուիրուած էր, երբ սրտի հիւանդութեան պատճառով ստիպուած էր ձգել մանկավարժական, երաժշտական բնագաւառները: Ծանօթ են անոր նկարած «Կոմիտասը», «Թրքուհին», «Սեւանը» եւ այլն, գրած է յուշեր, որոնց մեծ մասը մնացած է անտիպ: Կեանքին ընթացքին Աղաւնի Մեսրոպեան տպագրուած տեսած է Կոմիտասի մասին յուշագրութիւնը: Իր եղբօր՝ պոլսահայ նշանաւոր գրող Լեւոն Մեսրոպի (Մեսրոպեան) միջոցաւ «Լրաբեր»ի էջերուն մէջ Աղաւնի Մեսրոպեան կը տպագրէ «Խաբրիկներ մեր աշխարհէն» նամակներու շարքը. այս նամականին ձեւով մը կամուրջ կը դառնայ սփիւռքի եւ հայրենիքի միջեւ:

Աղաւնի Մեսրոպեան Գարեգին Ա. Յովսէփեանի մասին իր յուշերը տպագրած է «Էջմիածին» հանդէսին մէջ, 1952 թուականի այն օրերուն, երբ Անթիլիասի մէջ վախճանած է Գարեգին Ա. Յովսէփեանը: Այդ յուշագրութիւնն ալ ան նուիրած է մեծ հայագէտի, հոգեւորականի անմար յիշատակին:

ՅԻՇՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՀԱՅ ԱԿԱՆԱՒՈՐ ԳԻՏՆԱԿԱՆԻ ՄԱՍԻՆ

ԱՂԱՒՆԻ ՄԵՍՐՈՊԵԱՆ

Գարեգին Վարդապետ Յովսէփեանը իմ հօրս վաղեմի բարեկամն էր: 1912 թուականի աշնան ես զայն ճանչցայ առաջին անգամ, Պոլսոյ մէջ, երբ հօրս հետ այցելութեան գացինք իրեն Բերա, Սագըզ Աղաճը, Լալէ փողոցի կեցավայրը, ուր իջեւանած էր իր էջմիածնական ընկերներուն՝ Կոմիտասի եւ նկարիչներ Փանոս Թէրլէմէզեանի ու Եղիշէ Թադէոսեանին մօտ:

Գարեգին Վարդապետ Յովսէփեանի Պոլիս այցելութեան նպատակները երկուքն էին. առաջինը՝ իր մասնագիտական կուռ պաշարով հայ մանրանկարչական դարաւոր արուեստը շարք մը դասախօսութիւններով պոլսահայութեան ծանօթացնել, իսկ երկրորդ՝ անձամբ ուսումնասիրել եւ պրպտել հին ձեռագիրներ, որոնք կը գտնուէին Պոլսոյ Օրթագիւղի Անտոնեան միաբանութեան մատենադարանին եւ Ղալաթիոյ Ս. Լուսաւորիչ Ազգային մատենադարանին մէջ:

Այդ օրերուն երջանիկ առիթներ չպակսեցան թէ՛ ծնողական տանս եւ թէ՛ մտաւորական լայն շրջանակներու մէջ զինքը մօտէն ճանչնալու իր ամբողջ էութեամբ: Անոր ծայրայեղ համեստութիւնը, բարեհամբոյր, զուարթ բնաւորութիւնը եւ ամէնուն հանդէպ ցոյց տուած սիրալիրութիւնը գրաւեցին բոլորին սիրտերը: Քանի մը շաբաթուան մէջ անոր տուած շարք մը դասախօսութիւնները գրաւեցին պոլսահայ մտաւորականութեան սէրն ու յարգանքը: Պոլսահայ մամուլը բարձրօրէն դրուատեց անոր դասախօսութիւններուն մեծ արժէքը եւ իր սիւնակներուն մէջ զետեղեց անոր գիտական մեծ պաշարին մասին ընդարձակ յօդուածներ: Պոլսահայ մտաւորականութիւնը մեծ յարգանքով շրջապատեց իր հիւր մեծ գիտնականը, զայն անուանելով պատմաբան, բանասէր եւ փիլիսոփայ:

Գարեգին Վարդապետ Յովսէփեանի հեղինակութիւնները թանկարժէք գործերու նման փնտռուեցան պոլսահայ մտաւորականութեան կողմէ: Ժողովուրդը գուրգուրանքով շրջապատեց զայն:

Գարեգին Վարդապետը, բացի Բերայի Իւնիոն Ֆրանսէզի սրահին մէջ տուած երեք դասախօսութիւններէն, Պոլսոյ մօտ կամ հեռաւոր հայաշատ կեդրոններուն մէջ ալ դասախօսեց: Այդ օրերուն պոլսահայութեան միակ տենչանքն էր մօտէն լսել եւ տեսնել հայրենի քաղցր յիշատակներով սրբացած Գարեգին Հայր Սուրբը:

Կ՚արժէ այստեղ յիշատակել Գարեգին Վարդապետի առաջին դասախօսութիւնը: Աննկարագրելի էր Բերայի Իւնիոն Ֆրանսէզի ընդարձակ համերգային դահլիճի ներքին եւ արտաքին միջանցքներուն մէջ հաւաքուած ժողովուրդին տեսքը: Որոշեալ ժամուն, որոտընդոստ ծափահարութեան մէջ բեմի վրայ երեւցաւ դասախօս Գարեգին Վարդապետը: Հակառակ անոր վտիտ եւ նիհար երեւոյթին, տպաւորիչ էր ան իր սեփ-սեւ սքեմին մէջ եւ արտայայտիչ՝ իր խօսքով: Բեմին վրայ զետեղուած մոգական լապտերի միջոցով իրարու ետեւէն կը դիտէինք հայրենի դարաւոր յիշատակարաններու լուսանկարներ՝ մագաղաթներ, խաչքարեր, խոյակներ, յայտնի թագաւորներու եւ թագուհիներու դիմանկարներ: Անոնցմէ շատեր լուսանկարուած էին Գարեգին Վարդապետի կողմէ, իսկ գունանկարուած՝ Եղիշէ Թադէոսեանի կողմէ:

Մեծ էր ներկաներուն հետա-քըրքրութիւնը. մոգական լապտերի վրայ ցուցադրուած ամէն պատկեր, հմտալից եւ կուռ բացատրութիւններով կ՚ամբողջացնէր գիտնական Գարեգին Հայր Սուրբին դասախօսութեան նպատակը: Կարելի՞ է արդեօք մոռնալ Բերայի Իւնիոն Ֆրանսէզի մէջ տեղի ունեցած առաջին դասախօսութեան վերջաւորութիւնը… Հայր սուրբը՝ կանգնած հայրենի Մասիսի դարաւոր պատկերին առջեւ, որ շքեղօրէն նկարուած էր իր հարազատ գոյներով, Արարատեան անծայրածիր դաշտերու վրայ տիրող իր վեհութեան մէջ:

Ահա տասնեակ տարիներ վերջն ալ նուիրականութեամբ կը վերյիշեմ իր այդ առաջին դասախօսութեան վերջին խօսքը՝ «Մասիսը հայ ժողովուրդի հաւատքը, յոյսը եւ փառքն է»: Այս վերջաբանի ներշնչած յուզումը վարարեց ներկաներուն սիրտերը եւ դասախօսութիւնը վերջացաւ փոթորկալից ծափերու որոտին տակ:

Գարեգին Սրբազանին հետ իմ երկրորդ հանդիպումը տեղի ունեցաւ 1925 թուականի աշնան, Սուրբ Էջմիածին իմ առաջին այցիս ժամանակ: Այդ օրերուն, իբրեւ իր վաղեմի բարեկամին դուստրը, ես հիւրընկալուեցայ Գարեգին Սրբազանի բնակարանը: Յաջորդ հանդիպումը 1926-ին էր, Սուրբ Էջմիածնի միւռոնօրհնութեան եռօրեայ հանդէսներուն: Այդ պատմական օրերէն հոգւոյս մէջ անմոռանալի մնացին ծանօթութիւնը հայ մտաւորականութեան աւագանիէն խումբի մը՝ Լէօ, Մանուկ Աբեղեան, Երուանդ Շահազիզ, Ստեփան Մալխասեան, Ստեփան Կանայեան, Գ. Էմին, բժշկապետ Համբարձում Քէչէկ եւ ուրիշներ: Այդ օրերը անցան ջերմ եւ մտերմական մթնոլորտի մէջ, որուն առանցքը կազմեց Գարեգին Սրբազանը իր հիւրասէր, զուարթ, կատակասէր բնաւորութեամբ:

Այդ օրերուն Գարեգին Արքեպիսկոպոսի առաջնորդութեամբ այցելեցինք Էջմիածնայ թանգարանը, Մատենադարանը, Էջմիածնայ յուշարձանները՝ Հռիփսիմէ, Գայիանէ, Շողակաթ եւ Զուարթնոց:

Այդ անմոռանալի այցելութեան վերջին յիշատակը եղաւ Գարեգին Արքեպիսկոպոսի՝ ինծի նուիրած երկու հեղինակութիւնները՝ առաջինը՝ «Հնագիտական քարտէս»վ, երկրորդը՝ «Թովմա Մեծոփեցու կեանքը»: Այս երկու մատեաններն ալ կը մնան մօտս իբրեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Աթոռի վախճեանել Վեհափառ Կաթողիկոս Գարեգին Ա.-ի մակագրած յիշատակները:

1945 թուականի աշնան Գարեգին Ա. Կաթողիկոսը Էջմիածին եկած էր կաթողիկոսական ընտրութեան առիթով: Այդ օրերուն թէ՛ Էջմիածնայ Վեհարանի, թէ՛ «Ինթուրիսթ» պանդոկին մէջ, որ իր մնայուն բնակութեան տեղը եղաւ, երջանիկ առիթներ շատ ներկայացան կրկին եւ կրկին վայելելու ծերունազարդ գիտնականի ներկայութիւնը: Ան, հակառակ իր յառաջացած տարիքին եւ իր արտաքին հիւանդագին վիճակին, երիտասարդի նման առողջ իմացականութիւն եւ սուր յիշողութիւն ունէր: Երանութեամբ յիշեց Պոլսոյ մեր տան մէջ իր անցուցած ընտանեկան պտոյտները, Վոսփորի եւ կղզիներուն վրայ մեր կատարած շոգենաւային զբօսանքները, Կոմիտասի եւ նկարիչներ Փանոս Թէրլէմէզեանի եւ Եղիշէ Թադէոսեանի հետ Պոլսոյ հնագիտական, պատմական վայրեր շրջիլը: Յաճախ արտասուալից յիշատակեց այն պոլսահայ մտաւորականները, որոնցմէ շատերը իր ընկերներն էին եւ զոհուեցան:

Ծերունազարդ գիտնականը իր յարաճուն աւիւնով երկար օրեր տքնաջան աշխատեցաւ մեր հայրենի մատենադարանի՝ իր կարօտալի ձեռագիրներու բաժնին մէջ:

Գարեգին Ա. Կաթողիկոսի՝ հայ մեծ գիտնականի անունը յաւերժօրէն կապուեցաւ հայ մանրանկարչութեան դարաւոր արուեստին հետ, որուն լուսաբանման համար ան զոհաբերեց իր ամբողջ կեանքը:

Գարեգին Կաթողիկոսը եղաւ այն անխոնջ մշակը, որ իր բազմաթիւ աշխատասիրութիւններով առյաւէտ պիտի ապրի իր ժողովուրդի զաւակներու սիրտերուն մէջ: Ան եղաւ այն երջանիկ հայ մեծ գիտնականը, որ իր ողջութեան սիրելի նորակերտ Խորհրդային հայրենի քին մէջ հաստատեց իր ձեռակերտ յաւերժական յուշարձանը:

Փա՜ռք իր անմահ յիշատակին:

*

ԳԱՐԵԳԻՆ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ. ԿԵՆՍԱԳՐԱԿԱՆ ԳԻԾԵՐ

Գարեգին Ա. Յովսէփեան ծնած է հին Արցախի Ջրաբերդ գաւառի, Մաղաւուղ գիւղին մէջ՝ 17 դեկտեմբեր 1867 թուականին: Ան վարպետ Կարապետի վեց զաւակներէն մին էր: Իր մանկութեան տարիներուն մասին յետագային ապագայ գործիչը գրած է. «Հայրս գիւղական առաջնակարգ երաժիշտ էր, բնաւորութեամբ վերին աստիճանի մեղմ էր ու քաղցր, երբեք իմ վրաս չէ բարկացածե»:

Ծնողքը աղքատ էր, եւ թերեւս չէր ալ պատկերացներ, որ բազմանդամ ընտանիքի յարկին տակ ապագայ կաթողիկոս մը կը մեծնայ:

Իր սկզբնական ուսումը Գարեգին Յովսէփեան ստացած է ծննդավայրի դպրոցին մէջ: Մօր հօրեղբայրը, որ Գանձասարի միաբան Անտոն Վարդապետն էր, հոգ տարած է, որ ան ուսում ստանայ: Ուսման համար վճարած է ուսուցիչին այգիին մէջ աշխատելով, եւ եղած է սիրուած աշակերտ: Այնուհետեւ Անտոն Վարդապետ զայն կը տանի Ամարասի վանքը, այնտեղէն ալ՝ Շուշիի հայոց թեմական հոգեւոր դպրոցը: Այստեղ նիւթական դժուարութիւններու հանդիպելով՝ Գարեգին Յովսէփեան կրկին գիւղ կը վերադառնայ եւ կարճ ժամանակի ընթացքին սորված գիտելիքները կը դասաւանդէ բակի երեխաներուն: Ի վերջոյ, Գէորգ Զ. Կաթողիկոսին հետ հանդիպումէն ետք Անտոն Վարդապետ նամակ մը կը յղէ ծնողքին, որպէսզի որդին Սուրբ Էջմիածին ճամբեն, եւ 1882 թուականին ան կ՚ընդունուի Գէորգեան հոգեւոր ճեմարան: Գարեգին Յովսէփեանի հետ այդ տարիներուն Ճեմարանի մէջ կ՚ուսանէին նաեւ նշանաւոր այլ գործիչներ՝ Մանուկ Աբեղեան, Լեւոն Շանթ, Աւետիք Իսահակեան, Կոմիտաս եւ ուրիշներ: Այստեղ ան վեց տարի յետոյ կը ձեռնադրուի սարկաւագ։

1890 թուականին ան աւարտած է Ճեմարանը, այդ շրջանին ան Մանուկ Աբեղեանի հետ շրջած է Հայաստանի գիւղերը, բանահաւաքութիւն կատարած է, եւ մէկ գիրքի մէջ հաւաքած է «Սասունցի Դաւիթ» առասպելի չորս պատում եւ այլ բանահիւսական նիւթեր: Երկու տարի անց քանի մը սարկաւագներու հետ (որոնց մէջ էր նաեւ Գէորգ սարկաւագը, յետագային՝ Գէորգ Զ. Կաթողիկոս) մեկնած է Գերմանիա եւ Լայպցիկի, Պերլինի եւ Հալլէի համալսարաններուն մէջ խորացուցած է իր աստուածաբանական եւ իմաստասիրական գիտելիքները։ Այդ տարիներուն ան զբաղած է նաեւ հիւանդախնամութեամբ, եւ յօդուածաշարքեր գրած է աղքատներու խնամքը նիւթին մասին: Գարեգին Յովսէփեան 1897 թուականին Լայպցիկի համալսարանին մէջ ստացած է իմաստասիրական տոքթորի աստիճան՝ ներկայացնելով «Միակամութեան ծագումը» թէզը։

1897 թուականին վերադարձած է Սուրբ Էջմիածին, եւ Խրիմեան Հայրիկի տնօրինումով ձեռնադրուած է աբեղայ, եւ Ճեմարանին մէջ նշանակուած է Հայ մատենագրութիւն եւ Աստուածաբանութիւն առարկաներու դասախօս: Սակայն աշխատանքը կը հիւծէ զայն եւ ան որոշ ժամանակ, բժիշկներու կարգադրմամբ, կը դադրեցնէ ծանր աշխատանքը:

1898 թուականին ստացած է վարդապետական աստիճան։

1899 թուականին տպագրուած է անոր Մխիթար Սասնեցիին եւ Խոսրովիկ Թարգմանիչին նուիրուած արժէքաւոր աշխատութիւնը, շուտով նշանակուած է Վիրահայոց առաջնորդական փոխանորդ, ապա՝ Երեւանի թեմական դպրոցներու տեսուչ։

1902 թուականին հրատարակած է «Սասնայ ծռեր. Սասունցի Դաւիթ» ժողովրդական վէպի երկու տարբերակները» ու «Փշրանքներ ժողովրդական բանահիւսութենէն» գիրքերը, աւելի ուշ՝ «Ռոստամ Զալ։ Ժողովրդական վէպ» հետազօտութիւնը։

Գարեգին Յովսէփեան 1902 թուականին ընտրուած է Մոսկուայի Կայսերական հնագիտական ընկերութեան կովկասեան բաժանմունքի իսկական անդամ, իսկ 1912 թուականին՝ Սեն Փեթերսպուրկի Կայսերական հնագիտական ընկերութեան անդամ։

1905-1906 թուականներուն ան նշանակուած է Ճեմարանի տեսուչ՝ դասաւանդելով նաեւ Ճեմարանի մէջ, իսկ 1907-1908 թուականներուն դարձած է «Արարատ» ամսագրի խմբագիր եւ Հռիփսիմէ վանքի վանահայր, իսկ Մատթէոս Իզմիրլեանի կաթողիկոսութեան տարիներուն կը նշանակուի անոր խորհրդական:

1912 թուականին Գարեգին Աբեղայ Յովսէփեան նկարիչ Եղիշէ Թադէոսեանի հետ կը մեկնի Պոլիս եւ Երուսաղէմ: Նկարիչը կ՚արտանկարէ այնտեղ պահուող հայկական կարեւոր ձեռագիրներու մանրանկարները, իսկ Գարեգին Յովսէփեան կ՚ուսումնասիրէ եւ կը նկարագրէ գրչագրական արժէք ունեցող ձեռագիրները, ինչպէս նաեւ կ՚արտագրէ անոնց յիշատակարանները: Անոր ջանքերով շատ ձեռագիրներ փրկուած են եւ կը պահուին Երեւանի «Մեսրոպ Մաշտոց» մատենադարանին մէջ:

1909-1910 թուականներուն մասնակցած է Նիկողայոս Մառի ղեկավարած Գառնիի պեղումներուն, նոյնպէս մասնակցած է այլ վայրերու մէջ ընթացած հնագիտական պեղումներու: Քասախ գետի ակունքներուն մօտ անոր յայտնաբերած Տրդատ Ա. թագաւորի յունարէն արձանագրութիւնը կը դառնայ դարասկիզբի նշանաւոր յայտնութիւններէն մին, եւ այդ ձեռագիրը յայտնաբերելէն ետք անոր կը շնորհուի Կայսերական հնագիտական ընկերութեան իսկական անդամի կոչում: Պատմահնագիտական եւ ճարտարապետական յուշարձաններու ուսումնասիրման բնագաւառէն ներս ան նոյնպէս հեղինակած է աշխատութիւններ. ինչպէս՝ «Պտղե-վանքը եւ գմբէթաւորումը հայ տաճարներուն մէջ», «Գերեզմանական կոթողներ եւ անոնց հնագիտական արժէքը հայ արուեստի պատմութեան համար», «Հաւուց թառի ամենափրկիչը» եւ այլն:

Ուշագրաւ են հայկական վանքերու դռներու փայտեայ փորագրութիւններու արուեստին նուիրուած իր ուսումնասիրութիւնները: Այդ շարքէն են «Սեւանայ Առաքելոց վանքի հարաւային դուռը» (1932թ.) եւ «Մշոյ Առաքելոց վանքի դուռը» (1937թ.) յօդուածները, հայ արուեստի զանազան բնագաւառներուն վերաբերող բազմաթիւ գործերը: Այդ բնոյթի ուսումնասիրութիւնները ամփոփուած են 1935 թուականին հրատարակուած՝ «Նիւթեր եւ ուսումնասիրութիւններ հայ արուեստի պատմութեան» շարքին մէջ:

Գարեգին Յովսէփեան հայ արուեստին նուիրուած շարք մը դասախօսութիւններով հանդէս եկած է Պոլսոյ, Թիֆլիզի, Մոսկուայի եւ այլ քաղաքերու մէջ։

1913 թուականին Գարեգին Յովսէփեանի անունով հրատարակուած է՝ «Գրչութեան արուեստը հին հայոց մէջ» աշխատութիւնը, իսկ մէկ տարի ետք լոյս տեսած է Թովմա Մեծոփեցիին նուիրուած ուսումնասիրութիւնը։

Գարեգին Յովսէփեան պատրաստած էր նաեւ «Հայ մանրանկարչութեան քարտէս» ծաւալուն աշխատասիրութիւնը, սակայն Առաջին Աշխարհամարտի պատճառաւ չէ կրցած զայն տպագրել:

1915-1917 թուականներուն ան կրկին նշանակուած է Ճեմարանի տեսուչ, զբաղած է նաեւ Սուրբ Էջմիածին եկող հայ գաղթականներու խնամքով, եւ անոնց հետ շփումի ժամանակ վարակուած է ժանտատենդով, որուն հետեւանքները կրած է ամբողջ կեանքին ընթացքին:

Պատմական Հայաստանէն Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին բերուած ձեռագիրներուն մէջ ան յայտնաբերած է միջնադարեան հեղինակներու՝ մինչ այդ կորսուած համարուող երկերու բնագիրներ։

Ծանօթ է, որ 1918 թուականի գարնան, Կարսի մէջ յայտնուած Գարեգին Յովսէփեան կրցած է կանխել քաղաքի հայ բնակչութեան կոտորումը: Աւելի ուշ, հոգեւոր գործիչը եւ հայ մշակոյթին նուիրեալ գիտնականը սուրը ձեռքին կը միանայ Սարտարապատի հերոսամարտի զինուորներուն, կոչ կ՚ընէ ժողովրդին՝ զինուիլ եւ պաշտպանել հայրենիքը։ Շատեր այդ կոչը կը նմանցնեն Աւարայրի ճակատամարտին հնչած Ղեւոնդ Երէցի կոչին եւ պատահական չէ, որ յետագային որոշ յուշագիրներ, պատմաբաններ Գարեգին Յովսէփեանը կոչած են՝ «նոր Ղեւոնդ Երէց»:

1920 թուականին, երբ կը բացուի Երեւանի համալսարանը, Գարեգին Եպիսկոպոս կը դառնայ հայ արուեստի եւ հնագիտութեան բաժիններու ուսուցչապետ, մինչ այդ արդէն ստեղծած էր Հայաստանի հնութիւններու պահպանման կոմիտէն:

1921 թուականին հրատարակած է «Բանբեր» ժողովածոն։

1925 թուականին ան կը ստանայ արքութեան պատիւ, երկու տարի անց կ՚ընտրուի Ռուսաստանի, Խրիմի, Նոր Նախիջեւանի թեմի առաջնորդ։

Յատկանշական է Միացեալ Նահանգներ անոր մեկնիլը: Երբ կը սպաննուի Ամերիկայի թեմի առաջնորդը եւ թեմը կը պառակտուի, Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Գարեգին Եպսկ. Յովսէփեանը կը ղրկէ Ամերիկա, որպէսզի ան իրավիճակը մեղմացնէ: Գարեգին Սրբազան կը հանդարտեցնէ հայ համայնքը եւ կը շահի ամերիկահայոց սիրտը, ու կ՚ընտրուի Ամերիկայի հայոց թեմի առաջնորդ եւ կը պաշտօնավարէ մինչեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս ընտրուիլը՝ 1943-ը:

Պատմութենէն ծանօթ է նաեւ, որ Գարեգին Յովսէփեան մեծ աջակցութիւն կ՚ունենայ «Սասունցի Դաւիթ» հրասայլային շարասիւնի ստեղծման գործին, ինչպէս նաեւ Կարմիր բանակին հայութեան կողմէ օգնութիւն ցուցաբերելու գործին մէջ, իսկ 1946-ին հայրենադարձութեան կազմակերպման աշխատանքներուն նոյնպէս կը բերէ իր նպաստը:

Կիլիկիայէ ներս ան ահռելի աշխատանք կը կատարէ, անոր տնօրինումով կը կառուցուին Դպրեվանքի Մատենադարանի ու թանգարանի շէնքերը, կը զօրանայ միասնականութիւնը Սուրբ Էջմիածինի եւ Կիլիկիոյ աթոռներուն միջեւ:

Կաթողիկոսի ջանքերով հաւաքուած է նաեւ մինչեւ 1250 թուական գրուած ձեռագիրներու 459 յիշատակարան, 1951 թուականին հրատարակած է «Յիշատակարանք ձեռագրաց» բացառիկ նշանակութիւն ունեցող հատորը։

Գարեգին Ա. Յովսէփեան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսը վախճանած է Անթիլիաս՝ 21 յունիս 1952 թուականին: Անոր մահը կը սգան Սուրբ Էջմիածնի, Անթիլիասի եւ բոլոր այն վայրերուն մէջ, ուր եղած է փոքրամարմին, բայց մեծ ուժով օժտուած կաթողիկոսը:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան

Երեքշաբթի, Յունուար 10, 2023