ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ՇՆՈՐՀԱՆԴԷՍ

Ե­րե­ւա­նի Պե­տա­կան հա­մալ­սա­րա­նի Հայ բա­նա­սի­րու­թեան ֆա­քիւլ­թէէն ներս ե­րէկ տե­ղի ու­նե­ցաւ հե­տաքրք­րա­կան գրքի մը շնոր­հան­դէ­սը։ Բա­նաս­տեղծ, քնա­րեր­գու եւ հա­սա­րա­կա­կան-քա­ղա­քա­կան գոր­ծիչ Վա­հան Տէ­րեա­նի ծննդեան օ­րուան զու­գա­դի­պե­ցաւ այս ձեռ­նար­կը, ո­րու ըն­թաց­քին ծա­նօ­թա­ցուե­ցաւ ա­նոր ծո­ռին՝ Գէորգ Է­մին-Տէ­րեա­նի կող­մէ հե­ղի­նա­կուած գործ մը։ Ներ­կա­յա­ցուած գիր­քը կը կո­չուէր «Վա­հան Տէ­րեա­նի ան­յայտ նա­խա­ձեռ­նու­թիւ­նը. հայ որ­բե­րու յու­շե­րը»։

­Վա­հան Տէ­րեան 1915-ի Դեկ­տեմ­բե­րին այ­ցե­լած էր Ե­րե­ւան եւ Ցարս­կա­յա փո­ղո­ցին մէջ գտնուող որ­բա­նո­ցի սա­նե­րուն յանձ­նա­րա­րած՝ նկա­րագ­րել ի­րենց ապ­րած­նե­րը։ Այդ ե­րա­խա­նե­րուն ձե­ռագ­րե­րը բա­ցա­ռիկ փաս­տա­թուղ­թեր են ու պատ­մա­գի­տա­կան շատ կա­րե­ւոր նիւ­թեր կը պա­րու­նա­կեն։ Ա­նոնք մեծ ազ­դե­ցու­թիւն գոր­ծած են Վա­հան Տէ­րեա­նի հե­տա­գայ կեան­քի եւ գոր­ծու­նէու­թեան վրայ։

Ե­րէ­կուան շնոր­հան­դէ­սին ըն­թաց­քին Գէորգ Է­մին-Տէ­րեան յայտ­նեց, որ Վա­հան Տէ­րեան ի­րա­կա­նա­ցու­ցած է մեծ նա­խա­ձեռ­նու­թիւն մը։ Որ­բա­նո­ցին մէջ գտնուող 8-15 տա­րե­կան ե­րա­խա­նե­րը տա­ռաս­խալ­նե­րով, ման­կա­կան լե­զուով նկա­րագ­րած են ի­րենց կեանքն ու 1915-ի ա­ռօ­րեան։ Ան հա­մո­զուած է, որ այդ բո­լո­րը կը հան­դի­սա­նան Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան վե­րա­բե­րեալ ա­մե­նա­յու­զիչ վկա­յագ­րե­րը։ Գիր­քը կ՚ընդգր­կէ 24 ե­րա­խա­յի 34 նա­մակ եւ այդ բո­լո­րը չեն խմբագ­րուած։

Հե­ղի­նա­կը՝ Գէորգ Է­մին-Տէ­րեան եր­կու տա­րուան ըն­թաց­քին հա­ւա­քած է Վա­հան Տէ­րեա­նի վե­րո­յի­շեալ նա­խա­ձեռ­նու­թեան վե­րա­բե­րեալ այն նիւ­թե­րը, ո­րոնք զա­նա­զան պատ­ճառ­նե­րով գաղտ­նի պա­հուած են տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին։ «Նա­խա­տե­սուած էր գիր­քը հրա­տա­րա­կել 2015 թուա­կա­նին, սա­կայն տե­ղե­կա­տուու­թիւ­նը բա­ւա­կան ծա­ւա­լուն էր եւ աշ­խա­տան­քը եր­կա­րե­ցաւ», ը­սաւ Գէորգ Է­մին-Տէ­րեան եւ ա­ւել­ցուց, որ այս գոր­ծը հան­րու­թեան հա­մար կրնայ մեծ նշա­նա­կու­թիւն ու­նե­նալ՝ որ­պէս պատ­մա­կան փաստ։ Գէորգ Է­մին-Տէ­րեա­նի խօս­քե­րով, աշ­խա­տան­քը հնա­րա­ւո­րու­թիւն կ՚ըն­ձե­ռէ նաեւ բա­ցա­յայ­տե­լու հա­մար Վա­հան Տէ­րեա­նի գոր­ծու­նէու­թեան ան­յայտ կող­մե­րը։

Շնոր­հան­դէ­սի ըն­թաց­քին ե­լոյթ մըն ալ ու­նե­ցաւ Ե­րե­ւա­նի Պե­տա­կան հա­մալ­սա­րա­նի Հայ բա­նա­սի­րու­թեան ֆա­քիւլ­թէի տե­սուչ Արծ­րուն Ա­ւա­գեան, ըստ ո­րու Վա­հան Տէ­րեա­նի վե­րա­բե­րեալ իւ­րա­քան­չիւր ե­րե­ւոյթ մեծ ար­ձա­գանգ կը գտնէ հա­սա­րա­կու­թեան մէջ։ «Տէ­րեա­նի նման մե­ծու­թիւն­նե­րը ան­կա­րե­լի է բա­ցա­յայ­տել մին­չեւ վերջ։ Գէորգ Է­մին-Տէ­րեան բա­րեխղ­ճօ­րէն ու­սում­նա­սի­րած է եւ մե­զի կը ներ­կա­յաց­նէ Տէ­րեա­նի կեան­քի այն հա­տուա­ծը, որ կա­պուած է գրո­ղի ազ­գա­յին մտա­հո­գու­թիւն­նե­րու, ցա­ւե­րու հետ։ Գիր­քը ըն­թեր­ցե­լէ վերջ մենք ա­ւե­լի հան­գա­մա­նա­լից պատ­կե­րա­ցում մը կը կազ­մենք հայ որ­բե­րու տա­ռա­պանք­նե­րու եւ զրկանք­նե­րու մա­սին», ը­սաւ Արծ­րուն Ա­ւա­գեան։

 

Ուրբաթ, Փետրուար 10, 2017