ՉՍԵՐՏՈՒԱԾ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ

-Ինչո՞ւ պատերազմ պատահեցաւ:

-Պատերազմի գլխաւոր պատճառը մեր հաւատքի հիմերու երերումն է: Հայ ազգը բաւական հեռացաւ Աստուծմէ: Դադրեցաւ բարիք գործելէ. ի փոխարէն՝ մեր մէջ շատցաւ չարութիւնն ու մեղքերը, եւ Աստուած որոշեց պատժել մեզ: Թերեւս Խորհրդային Միութեան տարիներուն հաւատքը մեր մէջ աւելի շատ էր, քան այսօր:

Գրեթէ եօթանասուն տարի, երբ արգիլուած էր տալ Աստուծոյ անունը, այցելել եկեղեցի, ներքուստ հայու մէջ ծածուկ կ՚ապրէր հաւատքը: Իսկ այսօր, երբ մենք ազատ ենք մեր հաւատքի մէջ, մեր առջեւ բաց են Աստուծոյ տան դռները, խանութներու մէջ դիւրութեամբ կրնանք գտնել Սուրբ Գիրքը, երբ եկեղեցականներ իրենց աչքերը ջուր կտրած կը սպասեն անառակ որդիներու վերադարձին, Տիրոջ դուռը բախող չկայ: Աւելի ճիշդ կան, բայց սակաւաթիւ:

Մենք ազգովին հեռացանք Աստուծմէ, Յիսուս Քրիստոսէն: Այս տագնապալից ժամանակաշրջանին փոխանակ Տիրոջ ապաւինելու, մենք տրուեցանք աշխարհի հոսքին. միաձուլուեցանք: Իսկ ինչպէս յայտնի է, այսօր աշխարհին կը տիրեն սատանան, չար ուժերը, որոնց գերնպատակն է մարդը դարձնել անհաւատ: Մարդիկը դիւթելով ու հմայելով՝ սատանան կը կուրացնէ մեր սիրտը ու անզգալաբար մեզ կը պոկէ մեր հաւատքէն: Աշխարհ բռնած է անհաւատութեան ուղին: Հաւատքը արժանցուցած են ծաղր ու ծանակի, հաւատացնեալները կը դիտեն վերէն ու քամահրանքով: Իսկ մենք չունենալով ամուր հաւատք, անմիջապէս կ՚իյնանք այդ որոգայթներու մէջ. կը սկսինք մեր հաւատքը չափել դիմացինի հաւատքով, աղաւաղել Տիրոջ խօսքը, հեռանալ ճմարիտ ուղիէն...

Իբր այդ ալ, կը յայտնուինք որոգայթներու մէջ: Կուրօրէն, անգիտակցաբար կը սկսինք ենթարկուիլ չար ուժերու… եւ շարունակաբար կը սխալինք, կը գործենք զանազան մեղքեր: Իսկ այժմ կը խեղդուինք մեր մեղքերու ովկիանոսին մէջ:

Պատերազմ կոչուած չարիքը Տէրը թափեց մեր գլուխին, որպէսզի սթափինք, որպէսզի բռնենք ճշմարիտ ուղին: Աստուած մեզ այնքան շատ կը սիրէ, որ ոչնչացնելու փոխարէն տուաւ, կու տայ ապաշխարութեան հնարաւորութիւնը:

Այսօր ալ չար ուժերը կը շարունակեն տիրել Հայաստան ու Արցախ աշխարհներուն, քանզի մենք ազգովին տակաւին ուշքի չեկանք. այս բոլորի մէջ չնշմարեցինք մեր մեղքի առիւծի բաժինը եւ չզղջացինք:

-Կը նշանակէ, եթէ մենք ազգովին դարձի չգանք, Տէրը պիտի վերացնէ՞ մեզ երկրի երեսէն:

-Ամենեւին: Պարզապէս մեզ այնքան շատ փորձանքներու ու փորձութիւններու պիտի ենթարկէ, մինչեւ որ դառնանք դէպի Իրեն:

-Արդեօք կրնա՞նք փրկել մեր երկիրը, կորսնցուցածը ետ բերենք:

-Անշուշտ: Եւ այդ ընելը շատ դիւրին է: Պարզապէս ազգովին պիտի ապաշխարենք եւ ապրինք հաւատքով: Մեղք գործելու փոխարէն՝ պիտի գործենք բարիք:

-Իսկ ինչպէ՞ս կրնանք դառնալ դէպի Աստուած:

-Ապաշխարելով: Ի՞նչ է ապաշխարումը: Ապաշխարումը սեփական մեղքերու գիտակցումն ու զգումն է: Ապաշխարհումը փոխուիլն է. դադարիլ մեղքեր գործելէ, դէպի Աստուած դառնալ, ճմարիտ ուղին ընտրել:

Իրականութեան մէջ Տէրը ընտրելը, զԱյն տեսնելը շատ դիւրին է, քանզի Աստուած այստեղ է, մեր հոգիի մէջ, մեր դրան շեմին: Պարզապէս պէտք է դուռը բանանք եւ ներս առնենք զԻնքը: Իսկ այդ դուռը կրնանք բանալ մեր սրտաբուխ, անկեղծ ու անշահախնդիր աղօթքներով, կիրակնօրեայ պատարագներու մասնակցելով, հաղորդութիւն ստանալով, Աստուածաշունչը սեղանի գիրք դարձնելով: Տիրոջ ու Յիսուս Քրիստոսի ապաւինելով, փառաբանելով ու օրհնելով: Եթէ մենք ազգովին ապաշխարենք եւ ապրենք Աստուծմով, հրաշքներու տեղատարափ կը թափի ո՛չ միայն մեր հայրենիքներու, այլեւ՝ մեր ընտանիքներու, մեր անձնական կեանքերու մէջ: Պարզապէս պէտք է ապրիլ հաւատքով եւ դադրիլ մեղքեր գործելէ:

Մեղքի առիւծի բաժին կը հանդիսանայ հայհոյանքը, բամբասանքը, անէծքը, նախանձը, բարկութիւնը, ցասումը, չարամտութիւնը, աչքածակութիւնը, շատակերութիւնը, եսասիրութիւնը, սնահաւատութիւնը եւ սնապաշտութիւնը, կուռքերու փառաբանումը, դաւաճանութիւնը...

Աստուած մեզի տուած է ընտրելու հնարաւորութիւնը: Հայաստանի ու Արցախի օրհասական վիճակի կարգաւորումը կախեալ է մեզմէ՝ մեր իւրաքանչիւրէն: Մեր ձեռքերուն մէջ կը գտնուի մեր սրբազան հայրենիքներու պայծառ ապագան:

Զօրաւոր հաւատքը պողպատէ վահան մըն է, որ կրնայ պաշտպանել մեզ ու մեր երկիրը ամէն տեսակ փոթորիկներէ ու հովերէ:

Ամէն բան շատ յստակ է՝ միայն ու միայն հաւատքով՝ Տիրոջ օգնութեամբ կրնանք փրկել մեզ ու մեր սրբազան հայրենիքները, որոնք վաղը բռունցք մը պիտի դառնան:

Թող Աստուած օրհնէ Հայաստան ու Արցախ աշխարհները: Թող Տիրոջ կամքը ըլլայ մեր սրբավայրերու մէջ:

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

•վերջ

Երեւան

Չորեքշաբթի, Մարտ 10, 2021