ՄԱՅԻՍԻ 9-Ը
Իմ սիրելի տօներէն մին: Համայն հայոց, արցախցիներու սիրելի տօնը:
Ամէն տարի այդ օրը իմ սիրտը կը փառաւորուէր: Արցախը, իր քաղաքամայր Ստեփանակերտով կը պճնուէր: Մարդիկ կը հագուէին իրենց ամենագեղեցիկ զգեստները ու կը շտապէին հրապարակ:
Մայիսի 9-ը Ստեփանակերտի մէջ կը բացուէր տօնական տրամադրութեամբ: Այդ օրը քաղաքը կ՚ունենար բազում հիւրեր: Պատուոյ հիւրերու շարքին կը դասուէր Հայաստանի Հանրապետութեան օրուայ նախագահը: Այո՛, Հայաստանի Հանրապետութեան օրուայ նախագահը կը ջանար այդ օրը ըլլալ Արցախի մէջ:
Առաւօտեան ժամը իննին կամ տասին կը սկսէին տօնական միջոցառումները. զինուորական շքերթ հրապարակի մէջ, այցելութիւն Եղբայրական գերեզմանոց, յաղթանակած Շուշի քաղաք:
Շուշիի ազատագրումի յոբելենական տարեդարձները Արցախի մէջ կը նշուէին առանձնակի շքեղութեամբ, մեծ զօրահանդէսներով: Այժմ կ՚ուզեմ պատմել Շուշիի ազատագրումի 15-ամեակին նուիրուած շքեղ զօրահանդէսի մասին.
2007 թուականն էր: Քանի մը շաբաթ անց ես դպրոցէն պիտի ըլլայի շրջանաւարտ: Կ՚աւարտէի իմ տասնամեայ կրթութիւնը: Ի դէպ, մեզմէ վերջ դպրոցները դարձան տասնմէկամեայ, այնուհետեւ անցան տասներկուամեայ կրթական համակարգին: Ինչպէս բոլոր շրջանաւարտներու համար, ինծի համար նոյնպէս այդ տարին բաւական բարդ էր. մասնաւոր պարապմունքներ, խիստ զբաղուածութիւն, համալսարան ընդունելիութեան նախապատրաստութիւն...
Քանի մը ամիսէ ի վեր շարունակ քաղաքամայր Ստեփանակերտը կը պատրաստուէր շքեղագոյն զօրահանդէսի: Գրեթէ ամէն օր տեղի կ՚ունենային փորձեր: Զինուորական նուագախումբը փողեր կը փչէր, զինուորականները կը քայլէին... Այդ օրը՝ մայիսի 9-ին բոլոր արցախցիները պիտի շտապեն հրապարակ: Կեդրոնը պիտի վերածուի մարդկային ծովու: Ըսել է, թէ ասեղ նետելու տեղ պիտի չըլլայ: Այդ ծով բազմութեան մէջէն անկարելի պիտի ըլլայ վայելել զօրահանդէսը: Զօրահանդէսը պիտի կարենան վայելել միայն բարձրաստիճան պաշտօնեաներն ու իրենց հիւրերը:
Բոլորը կը խօսէին սպասուելիք զօրահանդէսի մասին ու կը փափաքէին վայելել զայն, թէպէտ վայելելու հնարաւորութիւնները հաւասար էին զերոյի: Կը յիշեմ, մեր դրացիները մեզի այցելութեան եկած էին ու կը քննարկէին այս հարցը: Իւրաքանչիւրը կը փորձէր պատկերացնել այդ օրը: Մեծ հայրս ու մեծ մայրս նոյնպէս փափաքեցան այդ օրը ներկայ գտնուիլ փառաշուք զօրահանդէսին:
-Տատիկ, պապիկ, իրաւէ՞ն կ՚ուզէք երթալ,- հարցուցի ես:
-Ով չ՚ուզեր: Կ՚ուզենք, սակայն գիտենք, որ անկարելի է: Նոյնիսկ եթէ հասնինք այնտեղ, պիտի չկարենանք դիտել,- քմծիծաղով պատասխանեց իմ մեծ հայրը,- բաց աստի, ծովածաւալ ամբոխի մէջ, այդքան ժամ պիտի չկարենանք ոտքի վրայ մնալ,- յաւելեց ան:
-Ես ձեզի համար պիտի գտնեմ տոմսակ: Դուք անպայման ներկայ պիտի ըլլաք այդ զօրահանդէսին եւ պատուաւոր հիւրերու շարքէն վայելէք զայն,- այս խօսքերը վճռական արտասանեցի ես, առանց պատկերացումի, թէ ինչպէս պիտի կարենամ իրականացնել իմ ամենասիրելիներու փափաքը, ինչ որ այլեւս ինծի համար դարձած է նպատակ:
Բոլորը կուշտ ծիծաղեցան իմ յայտարարութեան վրայ, իրենց միտքերու մէջ զիս համարելով խելացնորած: Կարճ ժամանակ անց անոնք մոռցան իրենց ցանկութեան մասին: Իսկ այն դարձած էր իմ օրակարգի գլխաւոր նիւթը. «Ինչպէ՞ս կրնամ ես իմ մեծ հօրն ու մեծ մօրը այդպիսի նուէր ընծայել»: Իմ միտքը անդադար զբաղած էր այս հարցով: Օր ու գիշեր կը փնտռէի ուղիներ:
Չեմ յիշեր Եռատօնէն քանի օր առաջ էր, որ «Սպայի տուն» կոչուած դահլիճի մէջ տեղի ունեցաւ միջոցառում մը, որուն ներկայ էի նաեւ ես ու այդ օրերուն Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան: Ես կեցած էի իմ մեծ հօր ու մեծ մօր երազանքէն քանի մը մեթր անդին: Պարզապէս անհրաժեշտ էր իմ մէջ հաւաքել համարձակութիւն ու մօտենալ պաշտպանութեան նախարարին եւ խնդրել զօրահանդէսի երկու տոմսակ: Յուզմունքէն ամբողջ մարմինս կը դողար: Կը գիտակցէի, թէ հնարաւոր է ու այս իմ վերջին հնարաւորութիւնն է: Պէտք է գործել: Միջոցառումի աւարտին իմ ոտքերը ուղղուեցան դէպի բարեհամբոյր նախարարը, որուն այդ ընթացքին ես հայեացքով կը հետապնդէի.
-Բարեւ Ձեզ, պրն. նախարար: Իմ անունը Արեւիկ է: Ես ունիմ տատիկ ու պապիկ, որոնք բաւական տարեց են եւ ունին առողջական խնդիրներ: Իմ մեծ մօր ոտքերը շատ կը ցաւին: Ան չի կրնար ոտքի մնալ ու քայլել: Անոնք շատ կը փափաքին ներկայ գտնուիլ փառաշուք զօրահանդէսին: Սակայն Դուք ալ գիտէք, թէ անհնար է: Կ՚աղաչեմ Ձեզի, եթէ կարելի է ինծի երկու տոմսակ յատկացնել, որպէսզի իմ ամենասիրելիները այդ օրը կարենան վայելել միջոցառումը:
Ի զարմանս, պրն. Օհանեանը տեղւոյն հրահանգեց իր օգնականին՝ երկու նստատեղով հրաւիրատոմս յատկացնել ինծի: Իմ մեծ հայրն ու մեծ մայրը պիտի դիտէին զօրահանդէսը պատուոյ հիւրերու շարքէն՝ նախարարներու եւ այլ բարձրաստիճան հիւրերու հետ միասին: Չկար ասկէ մեծ ուրախութիւն ինծի համար: Անսահման ուրախութենէն կը սաւառնէի երկինքի մէջ: Շնորհակալութիւն յայտնելէ վերջ ինքզինքս չկորսնցնելով երկրորդ խնդրանքով դիմեցի յարգարժան նախարարին.
-Պրն. Օհանեան, այդ օրը, առտու կանուխ ճանապարհային ոստիկանութիւնը պիտի գոցէ դէպի հրապարակ տանող բոլոր ճանապարհները: Տատիկս պիտի չկարենայ երկար քայլել:
-Հոգ չէ: Այդ օրը ոստիկաններուն ցոյց կու տանք ձեր հրաւիրատոմսերը ու կը նշէք, որ անձամբ իմ հիւրերն էք: Անոնք պիտի բանան ճանապարհը:
Թռչունի թեւերով հասայ տուն: Ուրախութենէն աչքերէս արցունքներ կը յորդէին: Տեսնելով հրաւիրա-տոմսերը մերոնք շատ շուարեցան:
Մայիսի 9-ի վաղ առաւօտեան մեր «Նիուայ» վաճառանիշով ինքնաշարժը հասաւ հրապարակ: Ոստիկանները սիրով բացին մեզի համար ճանապարհը: Իմ մեծ հայրն ու մեծ մայրը առաջին անգամ իրենց կեանքի մէջ այդքան մօտիկէն դիտեցին զօրահանդէս: Հոգ չէ, որ ես միայն վայելեցի զօրահանդէսի ձայնը, քանի մը հարիւր մեթր հեռուէն:
Այնուհետեւ շարժուեցանք Շուշի:
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Երեւան