ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ Նկարիչներու Միութիւնը ԱՐՑԱԽԻՆ Ի ՆՊԱՍՏ Կը Կազմակերպէ Ցուցահանդէս-Վաճառք
Հայաստանի Նկարիչներու միութիւնը դարձեալ կը կազմակերպէ ցուցահանդէս-վաճառք մը, որուն հասոյթը պիտի փոխանցուի Արցախին:
Ցուցահանդէս-վաճառքը պիտի կայանայ Օգոստոսի 2-16 թուականներուն: Անիկա պիտի շարունակուի նաեւ Արցախի մէջ: Այս անգամ պիտի ներկայացուին նոր աշխատանքներ: Գործերը պէտք ներկայացնել մինչեւ Յուլիսի 20-ը:
Միւս կողմէ, Հայաստանի Նկարիչներու միութիւնը արդէն կազմակերպած էր ցուցահանդէս-վաճառք մը, որմէ գոյացած 4 միլիոն դրամը փոխանցուած էր Արցախին: Ցուցահանդէսին ներկայացուած էր Նկարիչներու միութեան 1960-80 թուականներու ստեղծագործողներու ութսուն լաւագոյն աշխատանք: Կազմակերպիչները գործերը ներկայացուցած էին իրենց արժէքէն բաւական ցած գինով, որպէսզի հնարաւորինս շատ վաճառուի եւ Արցախին օգնութիւնը շատ ըլլայ: Վաճառուած էր ընդհանուր առմամբ ինն նկար: