ՕՏԱՐ ԲԱՐՔԵՐ

ՆՈՐԱՁԵՒ ԿՈՂԱԿԻՑ ՄԸ…

Այս պատմութիւնը մեզի կու գայ Ճաբոնի մայրաքաղաքը՝ Թոքիոյէն։ Ցարդ ամուսնութիւնները կը կնքուէին այր մարդու եւ կնոջ միջեւ։ Սակայն 21-րդ դարուն՝ ամուսնութիւնները արտօնուեցան կնքուելու այր մարդու եւ այր մարդու եւ կամ կնոջ եւ կնոջ միջեւ ալ։ Նոյնիսկ՝ գէթ Ամերիկայի մէջ, արտօնութիւն տրուեցաւ երկու էրիկ մարդոց եւ կամ երկու կիներու զաւակ որդեգրելու։ Ուրեմն՝ ամուսնութեան մեր գիտցած աւանդական դրութիւնը հիմնովին յեղաշրջուեցաւ, դէպի լաւը կամ դէպի վատը՝ դուք որոշեցէք։

Գալով մեր Թոքիոյի պատմութեան, ամուսնութեան նորաձեւ կողակիցի մը դրութիւնը ստեղծուեցաւ՝ որ բոլորովին տարբեր է ցարդ ընդունուած համակարգէն։ Հիմա թոյլ տուէք որ բացատրեմ։

Խնդրոյ առարկայ անձը կը կոչուի Աքիհիքօ Քոնտօ։ Ան 38 տարեկան է, ունի կայուն գործ մը եւ ընկերային լայն շրջանակ։ Սակայն 2018-ին, ան անպաշտօն կերպով ամուսնացած է առասպելական կերպարի մը հետ, զոր կոչած է Հաթսունէ Միքօ։ Անպաշտօն՝ որովհետեւ տեղի ունեցած է առանց պետական արտօնութեան։

Բայց եթէ ինծի հարցնէք, Հաթսունէ Միքօ ուրիշ բան չէ՝ եթէ ոչ մեր գիտցած պուպրիկը, չէ՞ք խորհիր!

Վերադառնալով այս տարօրինակ ամուսնութեան՝ մեր փեսան հետեւեալ ձեւով արդարացուցած է իր արարքը։ «Ես երկար ժամանակէ ի վեր գիտէի, որ մարդկային կողակից մը չէի ուզեր, որովհետեւ ընտանեկան կեանքը Ճաբոնի մէջ  շատ կնճռոտ է։ Առաւել, միշտ ալ զգացած էի բուռն գրաւչութիւն մը՝ առասպելական կերպարներուն հանդէպ։ Երբ միասին ենք, ան ժպիտ մը կը բերէ դէմքիս»։

Երբ իրեն հարցուցած են, թէ ի՞նչ է առաւելութիւնը առասպելական կերպարին, ան հետեւեալ ձեւով արտայայտած է իր մտածելակերպը։ «Միքոն միշտ հոն է ինծի համար։ Ան երբեք անհաւատարիմ պիտի չգտնուի իմ նկատմամբս եւ ես երբեք պիտի չտեսնեմ իր  հիւանդանալը կամ մեռնիլը…»։

Հոս պէտք է աւելցնեմ, որ Աքիհիքօ առանձին չէ իր այս արարքին մէջ, որովհետեւ հազարաւոր մարդիկ կը հետեւին իր օրինակին՝ եւ նոյնիսկ Ճաբոնէն դուրս ալ!

ԽՂՃԱՄԻՏ ԳՈՂԸ…

Այս դէպքը պատահած է վերջերս Թեքսաս նահանգի Փորթ Արթհըր քաղաքին մէջ։ Բուն նիւթին չանցած՝ կ՚ուզեմ ներածական մը ներկայացնել գողերու մասին։

Գողերը՝ առ հասարակ, լաւ տպաւորութիւն մը չեն ձգած մարդոց վրայ։ Այս մէկը արդարացի է, որովհետեւ անոնք իրենց գողութեամբ ոչ թէ միայն նիւթական վնասներու կ՚ենթարկեն տուներու բնակիչները, այլեւ բարոյական ալ՝ բռնաբարելով անոնց մենութիւնը, այսինքն ամերիկեան մեկնաբանութեամբ՝ violating their privacy.

Վերադառնալով մեր տարօրինակ պատմութեան՝ խնդրոյ առարկայ մեր գողը կը կոչուի Մարքոս Հապըրտ։ Բայց ինչո՞ւ խղճամիտ բնութագրեցի զինք, հիմա թոյլ տուէք որ բացատրեմ։

Ուրեմն Մարքոս օր ցերեկով կը մտնէ բնակարանի մը առջեւի պարտէզը եւ կ՚ուզէ գողնալ խոտ կտրելու մեքենան, որ կը գտնուէր հոն։ Բայց երբ կը տեսնէ, թէ խոտերը մեծցեր են, գործի կ՚անցնի եւ խոտերը կտրելէ ետք՝ մեքենան կ՚առնէ ու կը քալէ։

Յանկարծ տանտէրը վերահասու դառնալով եղածին, կը վազէ Մարքոսի ետեւէն, որպէսզի մեքենան ետ առնէ։ Զայս տեսնելով՝ Մարքոս մեքենան կը թողու փողոցին մէջտեղը եւ թռիչք կ՚առնէ դէպի իր տունը…

Այս հարցին մէջ զիս զարմացնողը հետեւեալն է. եղբայր, խոտ կտրելիք մեքենան ի՜նչ արժէք կը ներկայացնէ, որ մարդ ուզէ գողնալ զայն։ Վստահ եմ, եթէ ձերբակալուէր, Մարքոս պիտի ենթարկուէր տուգանքի եւ հաւանաբար ալ բանտարկութեան։ Արդեօք կ՚արժէ՞ այդ տաղտուկն ու անոր անհաճոյ հետեւանքները՝ գործածուած մեքենայի մը համար, չեմ հասկնար ու վերջ։

ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ

Ուրբաթ, Յունիս 10, 2022