ՊԱՄ, ԵՐԵՒԱՆ, ՊԱՄ (30)
Այդպէս թարմացած, դէմքին յայտնուած արեւը իբր նուէր ընդունած, դուրս եկաւ Նորան իրենց բակէն, սկսաւ քալել Սարեան փողոցի մայթով։ Զանայի հետ ժամադրուած էին ժամը չորսին, Մաշտոցի պուրակին մէջ։ Ձեռքը տարաւ ետեւ, մէջքէն կախուած թեթեւ պայուսակին. շօշափեց զայն, ստուգեց` տետրը առե՞ր էր. առեր էր։ Գրիչն ալ պէտք է որ տետրակին մէջ ըլլար արդէն. երէկ գիշեր այդպէս փակեր էր զայն։ Մինչեւ շատ ուշ, կէս գիշերէն ալ անդին, աշխատեր էր։ Գրադարանէն տուն բերած՝ Իրանի պատմութեան վերաբերող գիրքը աւարտեր, եւ ինքն իրեն խոստացեր էր, որ յաջորդ օրն իսկ, Զանայի հետ դասէն ետք, պիտի երթար, գիրքը յանձնէր, փոխարէնը մէկ ուրիշը առնէր բերէր, որպէսզի կարդար։
Բացի անկէ, որ մի քանի շաբաթէն քննութիւններ կային, Նորայի համար անդադար աշխատիլը, կարդալը, նօթեր առնելը, վերջին մի քանի ամիսներուն փրկութեան ձեւ մը եղած էին. ճամբայ մը փախուստի՝ կորուստէն, ցաւէն, Սեւանի այդ արեւմարէն, Արամէն։ Յաճախ կիսատ-պռատ, երբեմն ամբողջովին ձախողող ու խափուսիկ, բայց այնուամենայնիւ կամաց-կամաց աւելի իրական ու յաջողակ փախուստի մը միջոց։ Քիչ մնացեր էր, արդէն կը զգար Նորան. մի քանի շաբաթ ալ այդպէս, ու վերջնականապէս ետին պիտի կարենար ձգել երեւանեան իր կեանքը դաջած պատմութիւնն այդ։ Պիտի վերադառնար վանաձորեան իր վիճակին. ազատ, անկաշկանդ, առանց որեւէ բեռի, երջանիկ։
Մաշտոցի պողոտան անցնելով՝ ծննդավայր իր քաղաքը յիշեց. դեռ ձիւներու տակ ըլլալու էին Վանաձորը շրջապատող լեռները հիմա։ Ուր որ է տարի մը պիտի ըլլար զայն ձգել Երեւան գալուն։ Ընդունուեր էր Արեւելագիտութեան բաժին, դեռ ամառուայ կէսերուն եկեր մայրաքաղաք արձանագրուելու համար պաշտօնապէս, եւ ծանօթի մը միջոցով յարմար գինով այդ բնակարանը գտնելով, վարձեր էր անմիջապէս, վստահ ըլլալով, որ տնկից մը եւս կը գտնէ շուտով։ Շատ չանցած, հանդիպեր էր Արամին, որ մտովի ու հոգեպէս կտրեր էր զինք Վանաձորէն լիովին, մինչեւ... մինչեւ փլեր էր երազն այդ։
Քիչ մը կանուխ հասաւ այգի։ Յարմար ծառ մը գտնելով, նստաւ անոր շուքին, կռնակը յենեց բունին։ Քիչ անց, յանկարծ կողքի կածանէն անցաւ Զանան։ Ակնյայտ էր, որ զինք կը փնտռէր. ինք չաճապարեց սակայն։ Առիթ տուաւ, որ քալէր ան, ճեմէր այգիին մէջ։ Զարմանքով նկատեց, որ Զանան, զոր արդէն տեսեր էր ինք երկու անգամ, համակրելի գրաւչութիւն մը ունէր իր աչքին։ Փոքր էր իրմէ ակնբախօրէն, տասնութի կողմերը ըլլալու էր, բայց ուժեղ եւ ուղիղ տղամարդու կեցուածք մը ունէր արդէն, բարետեսիլ քայլուածք մը։
Զանան քալեց, անցաւ իրմէ ետեւ, դուրս եկաւ իր տեսադաշտէն։ Նորան վեր նայեցաւ, ծառի սաղարթին։ Փորձեց ներսիդին շարժող, համեստ ու փխրուն բայց այնուամենայնիւ տարօրինակէն շարժո՛ւն զգացումը հասկնալ։ Տերեւները զեփիւռի մը տակ խշշացին։ Իր ճիշդ աջին յայտնուեցաւ յանկարծ Զանան, եւ առանց նկատելու զինք՝ շարունակեց քալել։ «Զանա՛», ակամայ բացագանչեց Նորան, ու տեսաւ ցնցուիլը տղուն։ Ամչկոտ ժպիտ մը գծելով դէմքին, բարեւեց իրեն Զանան, ձեռքը երկարեց խոնարհելով։
-Շա՜տ ես լուրջ... ուսուցիչ-աշակերտ չենք, գործընկերներ ենք,- կատակեց Նորան, ու հրաւիրեց Զանան նստելու։ Վերջինս զգուշութեամբ մօտեցաւ, ու փորձելով նստիլ, կորսնցուց հաւասարակշռութիւնը, գրեթէ ինկաւ իր կողքին, հպեցաւ մարմնի աջակողմեան մասին։ Նորան վայրկեան մը Արամը յիշեց. բայց այս անգամ ամբողջովին զուրկ ցաւէ։ Զանայի ամչկոտ ցատկը դէպի միւս կողմ ու կարմրումը դէմքին՝ ծիծաղը շարժեցին նոյնիսկ։ Ծառի փէշերէն վեր նայելով բռնազբօսիկ հիացական բացագանչութիւն մ՚արտաբերեց տղան։
-Գեղեցիկ է, չէ՞։
Կարեկցելով օգնութեան հասաւ Նորան։ Եւ յաջորդող զրոյցը հալեցուց սառոյցը պահին։
ԵՐԱՄ
•շարունակելի