ԾԱՌԵՐԸ ԵՒ ԲՈՅՍԵՐԸ ՀԱՅԵՐԷՆ ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԻՆ ՄԷՋ (Ա.)

Անցեալ դարասկիզբին Պոլսոյ ֆրանսական հիւանդանոցի ներքին հիւանդութիւններու բժիշկ, նաեւ Ֆրանսայի Նանսի քաղաքին մէջ բժշկագործած Յովհաննէս Արթինեան (ծնած՝ 1872-ին եւ մահացած`1951-ին), Պոլսոյ մէջ հրատարակած է շատ ուշագրաւ եւ հետաքրքրական գիրք մը՝ «Աստուածաշունչի տունկերը» խորագրով:

Բժիշկ-հասարակական գործիչը երկար տարիներ ուսումնասիրած է Սուրբգրոց բուսաբանութիւնը՝ կազմած հատոր մը, որ Աստուածաշունչի մէջ յիշատակուած տարատեսակ բոյսերու, տունկերու, ծառերու մէկ մասը միայն հայերէնով ներկայացնելու առաջին աշխատութիւնն է:

Գիրքը լոյս տեսած է 1913 թուականին՝ «Աւետաբեր» թերթին մատենաշարով եւ թերթին մէջ ալ հեղինակը այդ նիւթով յօդուածներ հրատարակած է: Օրին «Աստուածաշունչի տունկերը» գիրքը մեծ ընդունելութիւն գտած է այն պատճառով, որ Յովհաննէս Արթինեան բաւական տեղեկութիւն հաւաքած է ոչ միայն ծառերու, այլեւ հայոց պատմութեան եւ գրականութեան եւ մանաւանդ՝ Սուրբգրոց մասին եւ գիտական նիւթը ջանացած է հնարաւորինս մատչելի դարձնել ընթերցողին: Ան նաեւ յենած է մեր նախնեաց թարգմանութիւններու վրայ: Կարդալով Աստուածաշունչի մէջ յիշատակուած տունկերուն հայերէն անուանումները, անգամ մը եւս կը համոզուինք, որ զուր չէ, որ Աստուածաշունչի հայերէն թարգմանութիւնը անուանուած է «Թագուհի թարգմանչաց»։

Նշենք նաեւ, որ հեղինակը այս գիրքը նուիրած է իր մօր, որուն շնորհիւ սորված, կարդացած եւ սիրած է Սուրբ Գիրքը:

Կը ներկայացնենք պոլսահայ մտաւորական բժիշկին կատարած գիրքէն հատուածներ, ուր հեղինակը կու տայ տունկին հայերէն անուանումը, անոր նշանակութիւնը եւ նաեւ ո՛ւր կը հանդիպի այդ բուսատեսակը կամ ծառը:

ՀԱԳՆԻ

Այս ծառի անունը յիշուած է Աստուածաշունչի մէջ երկու տեղ: Աստուածաշունչէն զատ հագնիի յիշատակութիւնը կը գտնենք Խորենացւիի «Յաղագս Վարդավառին խորհրդոյ» ճառին մէջ, ուր քերթողահայրը կ՚ակնարկէ Ղեւտական գրքի ԻԳ. 40 համարին: Հագնին ոչ միայն յունաց, այլ նոյնիսկ միջին դարու մէջ ի պատուի էր. վանքերու բակերուն եւ պարտէզներուն մէջ տնկուած էր ու միաձունք անոր ստուերին տակ կը ճառէին զգաստութեան վրայ: Վարդապետները իբրեւ պահապան սրբութեան եւ արգելիչ բղջախոհութեան, հագնիի տերեւներէ գօտի կը կապէին, փայտէն կը շինէին յուռութ եւ կ՚ուտէին սերմերը:

Պերնարտինոս Սկորտինիոս աբբան Է. դարուն կը գրէ որ ջրթափութեան լաւ դարման է հագնիի տերեւները դնել կերակուրին եւ ըմպելիքին մէջ եւ յաճախ ձեռքը պահել հագնիի փայտէ կոթով դանակ մը:

Պղինիոս ալ կը գրէ, թէ ցինի բոյնէ առնուած հագնիի շիւղ մը իբրեւ յուռութ կը բուժէ վիզի ջիղերուն պրկումը:

Հագնին ծառատունկ է աղաւնիճներու տոհմէն, Միջերկրականի շրջափակ երկիրներու յատուկ, 2-3 մեթր բարձրութեամբ, ոստերը շատ ճապուկ են ուռենիի ճիւղերու նման: Տերեւները ընդդիմադիր, բարդ են բազմամատն, 5-7 սրածայր երկայնկեկ տերեւներով, ինչպէս կանեփին տերեւները եւ ամբողջ են, այսինքն եզրերը ատամ չունին: Ծաղիկները երկշուրթն, անկանոն, կապոյտ, մանիշակագոյն, երբեմն սպիտակագոյն, կը կազմեն անուշահոտ ողկոյզներ բազմածաղիկ, անկոթ, ընդդիմադիր տերեւներու անութէն բարձրացող հասկի մը երկայնութեամբ: Պտուղը սեւուկ, մանր է, կորիզը չորս խորշ ունի միասերմ: Մանր սերմերը կարմրուկ պղպեղի հատիկներու կը նմանին:

Յայտնի է, թէ թարգմանիչ հայրերը «ագնոս»ին հայերէն բառը չէին գիտեր կամ գուցէ չէին ճանչնար տունկը, որով շատ յաջողութեամբ հայացուցին զայն եւ շինեցին հագնի: Սակայն մեր նախնեաց մատենագրութեանց մէջ կը գտնենք կանեփուկ եւ խնկողկոյւզիկ անունները, որոնք կը պատշաճին հագնիին:

Հագնիի ծառի հանդիպեցանք այստեղ Քաղկեդոն, Մոտայի պողոտային վրայ, պարտէզի մը պատին կից, Անատոլուի երկաթուղիի գծին երկու կողմը Իզմիտի մօտ եւ Ատափազար Սաքարեզր թաղը, տաճիկ գերեզմանատան մը բոլորտիքը:

ՀԵՐՁԻ, ՍՂՈՑԻ

Աստուածաշունչի երկրորդական թղթոց, Դանիէլի Գրքէն Շուշանայ պատմութեան մէջ միայն կը գտնուի հերձիի եւ սղոցիի յիշատակութիւնը:

Հերձին այն ծառն է, որ տարածուած է Միջերկրականի ծովեզերեայ երկիրներու բոլոր անջրդի վայրերուն մէջ. Քիոսի մէջ առատօրէն կայ, կը կոչուի սագըզ աղաճը: Անոր ծուռտիկ ճիւղերէն կը քաղեն մազտաքէ կոչուած ռետինը, զոր Արեւելքի մէջ կանայք կը գործածեն իբրեւ ծամոն, ծամելու ձիւթ:

Հերձին ծառատունկ է 1-3 մեթր բարձրութեամբ, ռետնային զօրաւոր եւ անախորժ հոտ ունի, տերեւները մշտատեւ են, 4-10 ձուաձեւ, բթածայր տերեւիկներով, որոնք զոյգ թիւով ընդդիմադիր են, կարծր, վրան փայլուն, տակը գունատ եւ աղօտ: Տերեւներու կոթիկը թեւաւոր է, ծաղիկները հոծ, հասկաձեւ ողկոյզները կը կազմեն մէկ կամ երկու հատ, տերեւին անութէն ելած ու հազիւ տերեւիկի մը երկայնութիւնը կ՚ունենան, ծաղիկներու կոթը շատ կարճ կ՚ըլլայ, ծաղիկները որձ եւ էգ առանձին են, որձ ծաղիկներուն բաժակն ունի հինգ փերթ, իսկ էգինը՝ երեք-չորս, թերթ չունին, հինգ առէջ ունին բաժակին խորը կցուած, յատակէն իրար միացուած հինգ թելերով, խոշոր, չորսանկիւն կկչաններով, սերմնափակին ծիլը շատ կարճ է, երեք դէպի դուրս դարձած սոսորդներով:

Պտուղն է փոքրիկ, կլորիկ եւ սրածայր. նախ կարմիր կ՚ըլլայ, յետոյ հասուննալով կը սեւնայ:

Հերձին կը ծաղկի ապրիլ-մայիս ամիսներուն եւ պտուղը կը հասնի հոկտեմբեր-նոյեմբերին:

Իր ամէն մասերը պնդիչ են, պտուղէն կը հանեն իւղ մը, որ իբր ձէթ կը գործածուի:

Հերձին եւ սղոցին անբաժան ընկերներ են ու միասին կը գտնուին Միջերկրականի երկիրներուն անտառներուն մէջ: Սղոցին կաղնիի տեսակ մըն է, որու տերեւները տեւական են եւ կանաչ, աւելի թանձր ու փշոտ, իր բալուտը անուշ է եւ Սպանիոյ, Ալճերիոյ մէջ իբրեւ շագանակ կ՚ուտուի: Իշխանաց կղզիներուն եւ Տաճկաստանի մէջ առատօրէն կը գտնուի սղոցի, բալամուտի ծառ:

ԲԵՒԵԿՆԻ

Բեւեկնին եւ հերձին իրարու շատ նման տունկեր են եւ բուն ուտուող պիստակին հետ բեւեկնեայց տոհմին մէջ պիստակենիներու սեռը կը կազմեն, ունենալով երեքն ալ այդ սեռին յատուկ նկարագիրները. առանձին որձ եւ էգ ծաղիկներ ունին, հնգամասն բաժակով, անթերթ եւ հինգ առէջով, ծիլը շատ կարճ է, սոսորդները դուրս ծռած են, պտուղը մէկ կորիզ, մէկ ունդ ունի:

Բեւեկնին եւ հերձին այնչափ իրարու մօտ են, որ յաճախ իրարու հետ շփոթուած են, երկուքն ալ կու տան ռետին: Երկուքն ալ ողկուզաւոր ծաղիկներ ունին բարդ տերեւներու անութէն ելած, երկուքին ալ փայտը լաւ վառելիք կ՚ըլլայ:

Պտուղը բաւական փոքր է, կլոր, տափակ, նախ կարմիր, որ յետոյ հասուննալով, կը սեւնայ, պտուղին սուր ծայրը, փոխանակ հերձիի պտուղին նման, կոթին ուղղութեամբ ըլլալու, կը գտնուի շեղակի մէկ կողմ յարած: Բեւեկնիի թթուաշ պտուղը ուտելի է, նուշը կու տայ ձէթ եւ իր պնդիչ կեղեւէն կը հանեն Քիոսի բեւեկն ըսուած ռետինը: Միջերկրականի շրջափակ երկիրներու մէջ առատօրէն կը գտնուի բեւեկնի, Սուրիոյ, Պաղեստինի մէջ: Պոլիս, Մոտայի ծովափին վրայ, կան բեւեկնիի խոշոր ծառեր (չիթլեմպիք):

Հայկական գաւառներու մէջ բեւեկնին կը կոչուի բտմի, պտուղը՝ բուտ կամ բուտմ, որ նոյնն է արաբական պութմ եւ եբրայական բոտնիմ անուններուն հետ:

Բտմիին իւղը ծանօթ է հայոց մէջ «Վանայ ձէթ» անուամբ: Սեպտեմբեր, հոկտեմբեր ամիսներուն, երբ պտուղը հասունցած է, կը ժողվեն եւ կը ծեծեն, յետոյ ամբողջութեամբ կ՚եփեն, իր թեթեւ իւղը երեսը կ՚ելլէ, այդ իւղով Շատախի կողմերը, ինչպէս Գաջէդի մէջ, կը շինեն կանաչագոյն օճառ մը շատ անուշահոտ, որ կակուղցնող է եւ ձեռքի պատռուածներու համար լաւ. կը վառեն նոյնպէս այդ ձէթը:

Մայիս ամսուն, երբ ծաղիկը նոր թափած է եւ պտուղը՝ թարմ ու կանաչ, երբ դեռ կորիզը չէ փայտացած, գիւղացիք անոր մանրահատիկ ողկոյզները կը ժողվեն ու աղջուր կը դնեն («Մանանայ», Սրուանձտեանց):

Բեւեկնին, ինչպէս կաղնին եւ սօսին, արեւելքի խոշոր եւ նուիրական ծառերէն մէկն է եւ յիշատակի կոթող անապատին մէջ: Աբրահամի ժամանակ մեծ թիւով թագաւորներ կռուի կը բռնուին եւ զիրար կը կոտորեն մինչեւ Բեւեկնի ձորը, որ կը գտնուի անապատին մէջ (Ծն. ԺԴ. 6): Յակոբ իր կիներուն օտարոտի աստուածները եւ գինդերը բեւեկնիի մը տակ ծածկեց ի Սիկիմ (Ծն. ԼԵ. 4): Աբիսողոմ բեւեկնիի ծառէ մը կախուեցաւ իր մազերէն եւ Իսրայէլի զաւակները իրենց Տէր Աստուծմէն ուծացած՝ կաղնիներու, կաղամախիներու եւ բեւեկնիներու տակ պաշտօն կը մատուցանէին:

ՕՐՈՃ

Աստուածաշունչի Եբրայական բնագրին մէջ երեք տեղ կը յիշուի ռոթեմ բառը: Ռոթեմը գենիստայի տեսակ մըն է, զոր արաբները կը կոչեն ռըթեմ: Օրոճներու այս տեսակը սպիտակ ծաղիկներ ունի անուշահոտ, որոնք գրեթէ լերկ անտերեւ ծղօտներու վերեւ անկոթ փունջեր կը կազմեն:

Անապատին ծառատունկերէն մէկն է եւ առատօրէն կը գտնուի Սինայի թերակղզիին, Յուդայի անապատին, Պաղեստինի մէջ մինչեւ Մեռեալ ծովու ափերը: 3-4 մեթր բարձրութիւն կ՚ունենայ եւ բաւական հովանի կու տայ ծառայելու համար իբրեւ ապաստան: Իսրայէլացիները Սինայի անապատէն ներս իջեւանեցան նոյնպէս Ռաթամայի մէջ, օրոճաստան:

ԿԱՂԱՄԱԽԻ

Կաղամախին յիշատակութիւն եղած է հայերէն Աստուածաշունչի մէջ երկու տեղ:

Կաղամախիները, որոնք ուռենիներու հետ կը կազմեն առանձին տոհմ մը, շատ տարածուած են հիւսիսային կիսագունդի բարեխառն եւ խոնաւ մասերուն մէջ:

Կաղամախիները, այս բառը իր ընդհանուր անունով, մեծ ծառեր են, իրենց ծաղիկի բողբոջները, որոնք տերեւներէն կանուխ կ՚արձակուին, կը պարունակեն ռետնային նիւթեր եւ ատոր համար կը գործածուին բժշկութեան մէջ, իբրեւ ցաւը հանդարտեցնող: Քսանի չափ տեսակները ծանօթ են եւ յարգի, իրենց արագ աճման եւ կակուղ եւ թեթեւ փայտին համար. ասոնցմէ մէկ քանիները կ՚աճին մեր երկրի, ինչպէս նաեւ՝ Պաղեստինի մէջ:

Ատափազարի Չարխի հրապարակը, հոն ուր գետակը, պատմական Մելաս, կը կազմէ կղզեակ մը, ամբողջ հոյակապ կաղամախիներ կ՚աճին:

ԿԱՂՆԻ

Կաղնին, ինչպէս հաճարին, արքակաղնին, շագանակենին, կը կազմէ առանձին սեռ մը կճեպաւորներու տոհմին մէջ:

Իր երեք հարիւրի չափ տեսակները տարածուած են հիւսային կիսագունդի բոլոր բարեխառն մասերուն մէջ:

Կաղնին առհասարակ, անտառային խոշոր ծառ է կարծր փայտով եւ երկարակեաց: Իբրեւ հնագոյնը մարդկութեան ծանօթ ծառերէն եւ արեւելեան ծագումով, կաղնիի բազմաթիւ տեսակները կ՚աճին Աստուածաշնչական երկիրներու մէջ: Առաջին մարդիկ անոր հովանիին տակ ապաստանեցան, անոր պտուղէն կերան եւ հոն իրենց առաջին խորանները կանգնեցին:

Կաղնիներու հովանիները եղան առաջին դամբարանները մարդկութեան, որպէսզի այդ դարաւոր ծառերուն տակ չկորսուին յիշատակը անոնց, զորս մարդիկ կ՚ուզեն որ ապրին իրենց մահուընէն յետոյ ալ:

Տեսակներէն են փշակաղնի, որդնաբեր կաղնի, սնկաբեր կաղնի եւ այլն: Սուրբգրոց մէջ նշանաւոր են մանաւանդ Մամբրէի կաղնին եւ Բասանի կաղնիները:

ՍՕՍԻ

Իսկապէս հայկական ծառն է սօսին, Հայաստան եւ Կովկաս եղած են իր բնագաւառը ու անկէ տարածուած ամէնուրեք, մինչեւ Հայաստանի եւ Փոքր Ասիոյ մէջ կրնայ տարածուիլ սերմով, օտար երկիրներու մէջ, Ֆրանսայի մէջ եւ այլուր կը տնկեն եւ կը հասցնեն մանր ճիւղեր տնկելով:

Հայկական պատմութեան մէջ սօսին ծանօթ է. մեր նախահարերը քրիստոնէութիւն ընդունելէ առաջ բնութեան պաշտօն կը մատուցանէին, յաղթ սօսիներու տակ կը զոհաբերէին եւ անոնց տերեւներու սօսաւիւնէն պատգամներ կը հանէին:

Նշանաւոր էին Արմաւիրի սօսիները, զորս Հայկի որդին Արմենակ տնկած էր, եւ Հայկազանց վերջին թագաւորը, Արայի որդին՝ Անուշաւան, կը կոչուէր «սօսանուէր»:

Մեծ ծառ է սօսին, մինչեւ 30-35 մեթր բարձրութեամբ, ուղիղ կը բարձրանայ եւ կը տարածէ իր ճիւղերը: Կեղեւը ողորկ է, գորշ կանաչագոյն եւ կ՚իյնայ, կը թափի լայն շերտերով: Տերեւները փոխադիր են, լայն, որթի տերեւներու նման բլթաւոր:

Սօսին Հայաստանէն անցաւ Յունաստան, Հռոմի մէջ, ուր պարտէզներու, ճամբաներու իբրեւ զարդ կը տնկուէր իր հովանիին համար:

Սօսեապաշտութիւնը ցարդ գոյութիւն ունի Փոքր Ասիոյ մէջ: Ատափազարի մօտ կայ հին սօսի մը, «չաթալ ղաւախ» կոչուած, ուր ուխտի կ՚երթան ամուլ կիներ, մայրերը կը տանին տղաքը, որոնք իրենց անկողինը կը թրջեն գիշերը եւ տակէն կ՚անցնին ու լաթի կտոր մը կը կապեն վրան:

Սօսին, իր ստուերէն զատ, մեծ օգուտ մը չունի, ինչպէս կը նկատէ նոյն ինքն Մխիթար Գօշ իր ԺԹ. առակին մէջ, բայց ունի քանի մը վնասներ:

Իր նոր տերեւները ունին իրենց վրայ աղուամազեր աստղաձեւ մանր փուշերով, որոնք հովին հետ կ՚երթան կը մտնեն մարդոց աչքը, քիթը, կոկորդը՝ յառաջ բերելով աչքի կարմութիւն, արտասուք, հարբուխ, հազ, ինչպէս սիզաբոյսներու եւ ուրիշ տունկերու արգաւաւորիչ փոշին յառաջ կը բերէ հեղձանք:

Ամերիկայի մէջ արգիլուած է ագարակներու մօտ եւ հիւանդանոցներու շուրջը սօսի տնկել:

Սօսին ուրիշ անպատեհութիւն մըն ալ ունի. իր ողորկ ու ճաթռտող կեղեւին տակ ձմեռը 20-100-ական խումբերով կ՚ապրի սարդազգի ցեց մը՝ կարմիր, քոսի ակարի տեսակէն, որ երբեմն մարդու ալ կը յարձակի: Կեղեւին տակ բարակ թելերէ բաւական թանձր ոստայն մը կը կազմեն եւ անոր ծալքերուն մէջ խմբովին կ՚անցընեն ձմեռը, գարնան կ՚իջնեն պարտէզներու մէջ եւ լուբիաներու ու մանաւանդ ելակենիներու տերեւներուն վրայ կ՚անցընեն ամառը՝ իրենց խայթոցով անոնց աւիշը ծծելով: Քաղաքներուն մէջ ուր չեն գտներ ելակենիներ, դժկամօրէն կը գոհանան սօսիին կարծր տերեւներովը ու երբ առիթը գտնեն՝ մարդուն վրայ կը յարձակին, մազերուն ելած ծակերը խոթելով իրենց խայթոցը եւ կը պատճառեն քերուըտուք, կարմրութիւն մորթի՝ իրենց թողած գրգռիչ հեղուկին հետեւանքով:

ԿԻՊՐՈՍ, ՀԻՆԱՅ

Հինայի տունկը, որ Սուրբ Գրքին մէջ կիպրոս կը կոչուի, փոքր ծառ մըն է արաբական ծագումով եւ տարածուած Հիւսիսային Ափրիկէի ամբողջ արեւելքի, Սուրիոյ մէջ, Մեռեալ ծովու եզերքը մինչեւ Հնդկաստան: Կիպրոսի մէջ ալ կայ, ուրկէ՝ իր յունական կիպրոս անունը:

Փոքր ծառատունկ մըն է վայրի յունապենիի մեծութեամբ, նուրբ ճիւղերով, սպիտակ կեղեւով, տերեւները ընդդիմադիր են, երկայնաձեւ, անատամն ու անկոթ: Ծաղիկները սպիտակ ողկոյզներ կը կազմեն անուշահոտ, երկու ճիւղերու մէջտեղէն ելած եւ ծայրադիր:

Հինան Արեւելքի մէջ հին ժամանակներէ ի վեր ծանօթ է իր տերեւներուն դեղին կարմրագոյն հիւթով: Եգիպտացիք անով կը ներկէին իրենց մոմիաներուն կարգ մը մասերը եւ միայն բարձր դասի անձերու յատուկ էր ի սկզբան անոր գործածութիւնը:

Երբ տաճիկներու ձեռքը անցաւ Եգիպտոսը, ուր կը մշակուէր մանաւանդ հինան, փաշաները իրենց վերապահեցին անոր մշակութիւնը եւ մեծամեծ գումարներ կը շահէին՝ ուղարկելով Կ. Պոլիս:

Արեւելքի մէջ կիները եւ նոյնիսկ մարդիկ, մասնաւորապէս պարսիկ այրերը, հինայով կը ներկեն իրենց մազերը, ձեռքին եւ ոտներուն մատները անոր կարմիր գոյնին համար եւ իբրեւ ափրոդիտեան: Ատափազարի մէջ մասնաւոր արարողութեամբ եւ երգերով հարսնիքէն երկու օր առաջ կ՚երթան հարսնցուին տունը, գլուխը հինայ դնելու եւ այս արարողութիւնը կը կոչուի «հինայուան »:

Հետեւեալ օրն ալ հարսնցուն կը տանին բաղնիք լուալու: Լեղակ խառնելով մէջը, կ՚ունենան սեւ գոյն, իսկ ընկոյզի կճեպի հետ կու տայ թուխ:

Կիպրոս, հինայ յիշատակուած է նաեւ Երգ Երգոցի մէջ:

ԿՏԱՒ, ՎՈՒՇ

Կտաւը կամ վուշը հիւսուածանիւթ տուող տունկերէն մէկն է, կովկասեան ծագում ունի եւ անկէ տարածուած է Եւրոպա, անոր հարիւրի չափ տեսակները կան, ասոնցմէ ամենէն ծանօթն ու ընդհանրացածն է մշակուած կտաւ ըսուածը:

Կտաւին ծղօտը կազմուած է երկայն թելերէ եւ փայտային մասէ, թելերը փայտէն զատելու համար, խուրձ կը կապեն եւ 15 օրի չափ վազուն ջուրի մէջ կը թողուն, թրջոց կը դնեն, յետոյ ծեծելով կամ մեքենայով փայտային մասը կը զատեն, կը նետեն, կտաւէն կը շինեն առտնին ամենէն յարգի կերպասները, կտաւատը բժշկութեան մէջ եւս կը գործածուի:

Փոքր քանակութեամբ եթէ ուտուի, փորը կակուղ կը պահէ, ջուրի հետ եփելով՝ կ՚ըլլայ լափա, փորի ցաւերը հանդարտեցնելու կամ պալարները հասունցնելու համար: Կտաւէն կը հանեն իւղ, որ նկարչութեան մէջ կը գործածուի իբրեւ չորցնող: Աստուածաշունչի մէջ յիշուած են կտաւ եւ վուշ բառերը եբրայական պիշտայ բառին փոխարէն:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

•շարունակելի…

Երեւան

Երկուշաբթի, Յուլիս 10, 2023