ՆԱՐԵԿ ԿԻՒՐԵՂԵԱՆ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ՌԻՈՅԻ ՈՂԻՄՊԻԱԿԱՆՆԵՐՈՒՆ

Գո­հու­նա­կու­թեամբ վե­րա­հա­սու կ՚ըլ­լանք, թէ Ռիո­յի Ո­ղիմ­պիա­կան­նե­րուն յա­ջող մաս­նակ­ցու­թիւն կը բե­րէ ա­մե­րի­կա­հայ Նա­րեկ Կիւ­րե­ղեան։ Ան որ­դին է նախ­կին պոլ­սա­հայ Մի­րի­ճան Կիւ­րե­ղեա­նի։

Թիա­վա­րու­թեան ճիւ­ղին մէջ Նա­րեկ Կիւ­րե­ղեան եւ Էն­տըրս Ո­ւայս զոյ­գը (ԱՄՆ) ար­ձա­նագ­րած է ու­շագ­րաւ յա­ջո­ղու­թիւն մը։ Ա­նոնք այդ մար­զին մէջ բարձ­րա­ցած են մին­չեւ կի­սաեզ­րա­փա­կի­չի հանգ­րուա­նին։ Կէս ա­ւար­տա­կա­նի բարձ­րա­ցած զոյ­գե­րու շար­քին Էն­տըրս Ո­ւայս եւ Նա­րեկ Կիւ­րե­ղեան կը գտնուին եր­րորդ շար­քի վրայ՝ յա­ջոր­դե­լով ի­րենց հո­լան­տա­ցի եւ սերպ մրցա­կից­նե­րուն։ 

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 10, 2016