ՏՈՀՄԻ ՀԵՏԵՒՈՐԴՆԵՐ

Չիլինկարեան (Մամիկոնեան) տոհմը Հայաստանի մէջ այս օրերուն նշեց իր՝ արդէն իսկ աւանդական դարձած «Տոհմի օրը»: Ամէն տարի, Հայաստանի զանազան համայնքներուն մէջ, Չիլինկարեան (Մամիկոնեան) տոհմի անուանի մարդոց անուններով անուանակոչութիւններ տեղի կ՚ունենան, ահաւասիկ այս տարի Լոռիի մարզի Քարինջ համայնքի փողոցներէն մին անուանակոչուեցաւ արեւմտահայ նշանաւոր բանաստեղծ Ռուբէն Սեւակի անունով, որու բուն մականունը Չիլինկիրեան է:

Հետաքրքրական կառոյց մըն է Հայաստանի մէջ եօթ տարի առաջ՝ 2010 թուականին ստեղծուած Չիլինկարեան (Մամիկոնեան) հասարակական կազմակերպութիւնը: Չիլինկարեանները հայ ժողովուրդի այն հին տոհմերէն են, որոնք յաջողած են ուսումնասիրել իրենց պատմութիւնը, կատարել հաւաքչական մեծ աշխատանք. անոնք հաշուառած են տոհմակիցները եւ տակաւին կը շարունակեն հաշուառել, յայտնաբերած են այն բնակավայրերը, որոնք հիմնած են իրենց տոհմակիցները, նշմարած եւ վերականգնած են արհեստները, որոնցմով զբաղած են այս տոհմին պատկանող արհեստաւորներ, գտած են այս մականունը կրող անուանի մարդիկը, համախմբած են եւ ամէն տարի զանազան առիթներով կը հաւաքուին եւ մանաւանդ տոհմի երիտասարդներուն կը յորդորեն ճանչնալ, պահել եւ զարգացնել սեփական տոհմին պատմութիւնը:

Այս կազմակերպութեան ստեղծման նախորդած են Չիլինկարեան (Մամիկոնեան) տոհմի ուսումնասիրման հսկայածաւալ հետազօտական եւ բանահաւաքական աշխատանքներ, զորս դպրոցական տարիներէն հաւաքագրած եւ մշակած է տոհմի ներկայացուցիչ Էտուարտ Սարգսեան եւ այդ աշխատանքը ամփոփած է «Մամիկոնեան-Չիլինկարեան տոհմ» փաստավաւերագրական գիրքին մէջ:

Գիրքին մէջ, ի սկզբանէ, կը տեղեկացուի, որ Չիլինկարեան (Մամիկոնեան) տոհմի մականունները կրող ընտանիքներէն կարգ մը ընտանիքներ, դարբինի մասնագիտութիւն արտայայտող մականունին բուն իմաստէն հեռանալով, հետագային փոխած են մականունները՝ վերցնելով իրենց մեծ հայրերուն անունները: Փոխուած մականունները մօտ 78 են, որոնցմէ են Սարգսեան, Բասենցեան, Խաչատրեան, Պատալեան, Տէր-Գրիգորեան, Պետրոսեան, Հովադեղեան, Ադամեան, Տէր-Պօղոսեան, Չատինեան, Աղասեան, Ասատրեան, Պաղտասարեան, Անանեան, Օհանճանեան, Դաւիթեան, Դարբինեան եւ այլն: Ինչպէս նաեւ այդ տոհմին մէջ կը մտնեն Չիլինկարեան մականունի բոլոր փոխակերպումները՝ Չիլինկիրեան, Սիլինկարեան, Չելինկարեան, Շիլինկարեան, Տչիլինկարեան, Չիլինկարով, Չլինկարեան, Չիլինկարիտի, Չիլինկար եւ այլն:

Հաւաքագրուած տեղեկութիւններուն հիման վրայ, գիրքին հեղինակը՝ Էտուարտ Սարգսեան 1976-1980 թուականներուն կազմած է Չիլինկարեաններու-Մամիկոնեաններու 400 տարուան տոհմածառը: Ան, 1650 թուականէն սկսեալ, ամփոփած է մօտ 3500 արու ազգակիցներու շարունակական կառուցուածքը, ինչպէս նաեւ կը տեղեկանանք, որ Չիլինկարեանները իրենց պատմութեան ընթացքին հիմնադրած կամ վերաբնակեցուցած են քսան գիւղ (Վանք, Կոճողոտ, Մեծ Պարնի, Նաւուր, Իծաքար, Վարդաբլուր, Քարինջ, Մարց եւ այլն): Այս բնակավայրերուն մէջ ներկայիս ալ կը բնակին Չիլինկարեանները՝ պահպանելով իրենց տոհմական պատմութիւններն ու աւանդութիւնները, հարազատ են բոլոր տոհմակիցներուն համար այս բնակավայրերը, ուր անոնք երբեմն կ՚այցելեն:

Չիլինկարեաններու տոհմական արհեստներէն է դարբինի արհեստը, որ սարքաշինութեան զարգացման զուգահեռ սկսած էր կամաց-կամաց մոռցուիլ, դուրս գալ գործածութենէ: Հին ժամանակ, հայերուն մէջ մեծ տարածում գտած դարբնեգործութեան համբաւը նաեւ օտարներուն մէջ տարածուած է, հայ դարբիններու ձեռքի գործերը շրջած են աշխարհէ աշխարհ եւ զարդարած՝ շէնքեր, պատշգամներ, դարձած են ձեւաւորման մաս, տեղ գտած են թանգարաններու մէջ…

Վերականգնելով դարբինի մասնագիտութիւնը եւ արհեստանոցներ ստեղծելով զանազան բնակավայրերու մէջ, Չիլինկարեան (Մամիկոնեան) տոհմ հասարակական կազմակերպութիւնը մերթ ընդ մերթ դարբնեգործական աշխատանքներու ցուցահանդէս կը կազմակերպէ, ու կը ցուցադրէ տոհմի ներկայ դարբիններու աշխատանքները, կը քաջալերէ նաեւ այլ տոհմերէ դարբիններ, որոնք մաս կը կազմեն ցուցադրութեան:

Իսկ տարուան մէջ մէկ օր՝ Մայիս ամսուն, կազմակերպութիւնը Սարդարապատի մէջ կը նշէ Դարբին-զինագործի օր, որու ընթացքին նաեւ կը ցուցադրեն ինչպէս անցեալին, այնպէս ալ՝ արցախեան ազատամարտի ժամանակ հայ դարբիններու կռած զէնքերը: Դարբիններու օրը կը նշուի Սարդարապատի մէջ, քանի որ Սարդարապատի մէջ մղուող մարտերուն ընթացքին մեծ քանակութեամբ գործածուած են հայ դարբիններու ինքնաշէն զէնքերը:

Սարդարապատ յուշահամալիրի Հայոց ազգագրութեան թանգարանին մէջ Չիլինկարեան տոհմը մշտական ցուցադրութիւն ունի, ուր ներկայացուած է տոհմին տոհմածառը, որ այս թանգարանին մէջ կը գտնուի 1983 թուականէն ի վեր, հայ դարբիններու պատրաստած զէնքերն ու կենցաղային այլ իրերը, այլ հետաքրքրական մանրամասնութիւններ տոհմի պատմութենէն, ինչպէս նաեւ իբրեւ հասարակական կազմակերպութիւն հիմնադրումէն ետք՝ զինանշանը, կրծքանշանները, դրօշը:

Դարբինի օրը թանգարանի այդ բաժինը այցելութեան վայր կը դառնայ տօնի մասնակիցներուն համար: Ի դէպ, նախորդ տարուան Հոկտեմբերին Երեւան ժամանած էր Փարիզի քաղաքապետ Անն Իտալկոն, որ Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեանին եւ պաշտօնեաներուն հետ Երեւանի Հիւսիսային պողոտային վրայ ներկայ եղաւ դարբնեգործութեան նուիրուած ցուցահանդէսի մը, ուր տեղւոյն վրայ հայ դարբինը երկաթակուռ վարդ մը պատրաստեց եւ նուիրեց Փարիզի քաղաքապետին:

Ըստ տոհմի աւագներուն, իշխանական Մամիկոնեանները ժամանակին քաջ գիտակցելով, որ հայու ազնուական տեսակի պահպանման հիմքը քրիստոնէութիւնն է, ատոր համար, ի գին ամէն ինչի պայքարած են թշնամիին դէմ՝ պաշտպանելով Մեսրոպ Մաշտոցի, Սահակ Պարթեւի, Ղեւոնդ Երէցի տարածած ուսմունքը: Քանի որ դարբնոցներուն մեծ մասը, ըստ վկայութիւններուն, կը պատկանէին Մամիկոնեաններուն, անոնք ալ ստանձնած են զէնքի լայն արտադրութիւնը, որ ոգեշնչած է հայ ժողովուրդը: Պատմական վկայութիւններէն մէկուն համաձայն, Բիւզանդիոնի կայսր Վասիլ Առաջինը, որ Մամիկոնեան տոհմի ներկայացուցիչ էր, չփափաքելով արքունի զինագործութիւնը բացայայտօրէն տալ իր տոհմակիցներուն, փոխած է վերջիններուս մականունը։

Չիլինկարեանները, սերելով իշխանական Մամիկոնեան տոհմէն, կը շարունակեն հաւատարիմ մնալ իրենց նախնիներու գաղափարախօսութեանն ու գործին: Այդ պատճառաւ է, որ դարբնեգործութիւնն ու զինագործութիւնը անոնք կը նկատեն իրենց տոհմին բնորոշ արհեստ, եւ այդ մէկը մաս կը դարձնեն տոհմական պատմութեան:

Սարդարապատի թանգարանէն զատ Չիլինկարեան տոհմի անդամները իրենց տոհմին առընչուող այլ այցելութեան վայրեր եւս ունին: Անոնցմէ մին Երեւանի Ռուբէն Սեւակի անուան թիւ 151 դպրոցն է, որու թանգարանը նոյնպէս համալրած են իրենց տոհմին առընչուող նիւթերով: Ուրիշ վայր մըն է 2013 թուականին Էջմիածնի մէջ Ռուբէն Սեւակի մեծ հանդիսաւորութեամբ բացուած թանգարան-պատկերասրահը, որ կ՚ընդգրկէ մեծ բանաստեղծին անձնական իրերը, նամակներն ու հայ նկարիչներու շուրջ երկու հարիւր բարձրարժէք գեղարուեստական գործեր: Այս բոլորը նուիրաբերած է գրողին եղբօրորդին՝ գրող-հրապարակախօս, մեծ բարերար Յովհաննէս Չիլինկիրեանը:

Չիլինկիրեան (Մամիկոնեան) տոհմի անդամները հպարտութեամբ կը նշեն, որ իրենց տոհմի նշանաւոր մարդիկ սփռուած են աշխարհի տարածքին, անոնք մեծ ներդրում ունեցած են մշակոյթի եւ քաղաքականութեան մէջ, տնտեսական ու գործարար գետնի վրայ: Ռուբէն Սեւակը կը նկատեն ամենէն նշանաւոր անունը, որ նաեւ եղերական մահով մահացած եւ ազգի մը կորսուած մտաւորականութեան ճակատագիրը ամփոփած է իր ճակատագրին մէջ: Ինչպէս նաեւ Ռուբէն Սեւակի ընտանիքի բոլոր անդամները, որոնցմէ մաս մը տակաւին ողջ է, նոյնպէս այս տոհմին կը պատկանին:

Այս տոհմին կը պատկանի նաեւ Խորհրդային Միութեան հերոս, հայազգի մեծանուն բեւեռախոյզ, գիտնական, հասարակական-քաղաքական գործիչ, Ռուսաստանի Պետական տումայի երեսփոխան Արթուր Չիլինկարովը, որուն Հայաստան այցերուն ժամանակ հանդիպած են Չիլինկարեան Մամիկոնեան տոհմ կազմակերպութեան ղեկավարները եւ կազմակերպութեան պատուոյ անդամ ճանչցած զինք:

Այս տոհմին կը պատկանի քարիւղագէտ, Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ արտասահմանեան անդամ, Իտալիոյ Studiorum Minerva ակադեմիոյ, Պետֆորտի (Արիզոնա) եւ այլ համալսարաններու պատուոյ տոքթոր, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու ռազմածովային ուժերու հրամանատար Գէորգ (Ճորճ) Չիլինկարեանը, Հայաստանի առաջին հանրապետութեան արդարադատութեան նախարար Ռուբէն Դարբինեանը (բուն անուն մականունը՝ Արտաշէս Չիլինկարեան), հայդուկապետ Էկոր Չիլինկարեանը եւ այլ նշանաւոր գործիչներ։

Չիլինկիրեան տոհմի հետեւորդները 2013 թուականէն ի վեր լոյս կ՚ընծայեն նաեւ «Չիլինկար» պարբերաթերթը, ուր կը զետեղեն տոհմին առընչուող բազմազան նիւթեր:

Տոհմին վերաբերող գիրքին մէջ ալ հեղինակը կը գրէ, թէ իրենց տոհմը ապրած է Մուշի Վարդաբլուր, Կլտան եւ Պարնի գիւղերուն մէջ: Վկայութիւններ կան այն մասին, որ երբ Մամիկոնեան տոհմին մէջ երեխայ մը կը ծնէր, անոր վիզէն կը կախէին տոհմական զինանշանը, որուն վրայ պատկերուած էր մագիլներով խոյ բռնած արծիւ եւ խորհրդանշած է տոհմին նախահայրը, երբ ան, ըստ առասպելին, կրակ կ՚իջեցնէր երկինքէն:

Այսօր Մամիկոնեան-Չիլինկարեան տոհմի անդամներուն թիւը աւելի քան 10 հազար է, հակառակ անոր, որ անոնք զանազան մականուններ կը կրեն, բայց առիթներուն, արեան կանչով կը միանան: Կազմակերպութիւնը, ինչպէս նշուած է իրենց տեղեկագիրքերուն մէջ, ոչ մէկ քաղաքական նպատակ կը հետապնդէ, այլ նպատակ ունի նեցուկ կանգնիլ բոլոր այն հայրենասիրական ձեռնարկներուն, որոնք տեղի կ՚ունենան հայրենիքի մէջ, ինչպէս նաեւ համախմբման օրինակ դառնալ այլ տոհմերու անդամներուն, անոնց յուշելով, որ տոհմասիրութիւնը կը սկսի տոհմաճանաչողութենէն:

Իբրեւ նշանաբան անոնք ընտրած են «Համախմբուած տոհմ, յարատեւող ազգ, հզօր Հայաստան» կարգախօսը: «Մարդը կը մեռնի, բայց անոր արիւնը կը շարունակէ հոսիլ երեխաներուն, թոռներուն ու ծոռներուն երակներով, կը փոխանցուին միտքերը, երազանքները, բնաւորութիւնը, դիմագծերը։ Ճանչնալով մեր նախնիները՝ կը ճանչնանք մենք մեզ», կը նշէ Էտուարտ Սարգսեան՝ իր «Մամիկոնեան-Չիլինկարեան տոհմը» գիրքին մէջ:

Նշանաւոր հայ նկարիչ Մարտիրոս Սարեանի թոռնուհին՝ արուեստաբան եւ Մարտիրոս Սարեանի տուն-թանգարանի տնօրէն Ռուզան Սարեան կը նշէ, որ Մարտիրոս Սարեան նոյնպէս կը սերի Չիլինկարեան նշանաւոր տոհմէն: Սարեանի մայրը այդ ընտանիքի դուստրը եղած է եւ Սարեանը ծնած է իր Չիլինկարեան մեծ հօր տան մէջ: Այս մէկը եւս նշանաւոր փաստով մը կը հարստացնէ Չիլինկարեաններուն պատմութիւնը:

ԸՆԿԵՐՈՒԹԵԱՆ ՄԸ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ

Այս տոհմէն սերող յայտնի անուն է նշանաւոր Չիպօ սուրճի հիմնադիրը՝ Քարլ Չիլինկարեանը։ «Tchi»ն հայ գործարարի մականունին առաջին վանկն է, իսկ «bo»ն՝ «bohnen» բառէն է, որ կը նշանակէ սուրճի հատիկներ։

1949 թուականին Համպուրկի մէջ, Գերմանիոյ ամենէն հարուստ ընտանիքներէն մէկուն ներկայացուցիչ Մաքս Հերցն ու երիտասարդ հայ հաշուակալ Քարլ Չիլինկարեանը հիմնեցին «Tchibo»ն, որ դարձաւ աշխարհի ամենէն յայտնի եւ յաջողակ լուծուող սուրճ արտադրող ընկերութիւնը։

Քարլ Չիլինկարեանը ծնած է 1910 թուականին՝ Համպուրկի հայկական ընտանիքներէն մէկուն մէջ: Ստանալով հաշուակալի կրթութիւն՝ ան զբաղած է չիրերու, քաքաոյի, թէյի վաճառքով, որոնց շնորհիւ ալ դիզած է մեծ հարստութիւն։ Չիլինկարեանի եւ Հերցի ծանօթութիւնը վերածուած է համատեղ գործի: Գերմանացին կը զբաղէր սուրճի չոր հատիկներու ներմուծմամբ եւ կ՚ուզէր օգտուիլ հայ գործընկերոջ կողմէ վարձակալուած տարածքներէն, որպէսզի տեղադրէ սուրճի խարկման համար անհրաժեշտ սարքաւորումներ։

Դաժան մրցակցութեան պայմաններուն մէջ գոյատեւելու համար Չիլինկարեանն ու Հերցը որոշած են բովել չոր հատիկները, փաթեթաւորել զանոնք եւ տուփին մէջ նուէրներ դնել։ Այդպէսով անոնք գրաւած են գնորդները։ Երկար ժամանակ այդ սուրճի սպառողները կը կարծէին, թէ «Tchibo»ն սուրճի յատուկ տեսակ մըն է։ Ընկերութիւնը վեց տարուան ընթացքին բացած է աւելի քան հազար ճաշարան եւ շուրջօրեայ աշխատող սուրճի խանութներու ցանց։

Քսան տարուան համատեղ աշխատանքէն յետոյ Քարլի եւ Մաքսի միջեւ անհամաձայնութիւններ ծագած են։ Մաքս Հերցը այլեւս չէր ուզեր Քարլ Չիլինկարեանի հետ բաժնեկցիլ ընկերութիւնը, քանի որ վերջինս պարտքեր կուտակած էր ուրիշ ձեռնարկութեան ծախսերը փակելու համար, որոնք վճարելու համար Հերցէն 75 հազար մարք խնդրած էր, սակայն այդ ալ չէր օգնած:

Քարլ Չիլինկարեանը վերջնականապէս տապալած է եւ չէ կարողացած վերադարձնել պարտքը, որպէս հետեւանք ալ Մաքս Հերց անոր բաժնեմասը կրճատած է նախ 10 տոկոսով, իսկ յետոյ արդէն գնած է գործընկերոջ միւս մասնաբաժինը՝ անոր վճարելով ընդհանուր 225 հազար։ Սակայն մեր հայրենակիցին մականունի առաջին վանկը մնացած է առ այսօր աշխարհահռչակ նկատուող սուրճի ծրարին վրայ:

Քարլ Չիլինկարեան մահացած է 1987 թուականին եւ թաղուած՝ Համպուրկի մէջ:

Մաքս Հերց 1990-ականներուն սկիզբը առանձին կը ղեկավարէր «Tchibo»ն՝ շուկային մէջ յառաջատար դիրքեր զբաղեցնելով։ Ընկերութիւնը այդ ժամանակ սկսած է թողարկել նաեւ հագուստ, կենցաղային սարքաւորումներ, ինչպէս նաեւ զբաղիլ զբօսաշրջային եւ ապահովագրական գործունէութեամբ։

Հետագային ընկերութիւնը ընդարձակած է խանութներու ցանցը Զուիցերիոյ, Աւստրիոյ, Հոլանտայի, Հունգարիոյ, Չեխիոյ, Թուրքիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու մէջ։ Այսօր «Tchibo» ընկերութիւնը կը հանդիսանայ Հերց ընտանիքի սեփականութիւնը, բայց քանի որ ընկերութիւնը կը պահպանէ համահիմնադիրի՝ Չիլինկարեան մականունին առաջին վանկը, ուստի հայկական զանազան առիթներով կը նշուի, որ «Tchibo»ի հիմնադրութեան մէջ նաեւ հայը դերակատարութիւն ունի:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Հինգշաբթի, Օգոստոս 10, 2017