ՃԵՐՄԱԿ ՍՏՐԿՈՒԹԻՒՆ

Այս օ­րե­րուն Իս­թան­պուլ կը գտնուին Հա­յաս­տա­նի Լսա­տե­սո­ղա­կան լրագ­րող­նե­րու ըն­կե­րակ­ցու­թիւն հա­սա­րա­կա­կան կազ­մա­կեր­պու­թեան (Association of Audio-Visual Reporters) ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը, ո­րոնք քա­ղա­քին մէջ Ե­րեք­շաբ­թի կազ­մա­կեր­պե­ցին կլոր սե­ղան մը՝ մարդ­կա­յին շա­հա­գործ­ման (թրա­ֆի­քինկ) նիւ­թով եւ հան­դի­պում­ներ պի­տի ու­նե­նան այս նիւ­թի շրջա­գծէն ներս:

Իս­թան­պուլ մեկ­նե­լէ ա­ռաջ ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ Ե­րե­ւա­նի մէջ ըն­կե­րակ­ցու­թեան գրա­սե­նեա­կէն ներս հան­դի­պում մը ու­նե­ցաւ Լսա­տե­սո­ղա­կան լրագ­րող­նե­րու ըն­կե­րակ­ցու­թեան հիմ­նա­դիր-նա­խա­գահ Ար­զու­ման Յա­րու­թիւ­նեա­նի հետ, որ ման­րա­մաս­նեց Իս­թան­պուլ ի­րենց այ­ցե­լու­թեան նպա­տակ­նե­րը եւ ը­նե­լիք­նե­րը:

Մինչ այդ, նշենք, որ ըն­կե­րակ­ցու­թիւ­նը հիմ­նուած է 2003 թուա­կա­նին եւ նպա­տակ ու­նի ա­ջակ­ցիլ Հա­յաս­տա­նի մէջ քա­ղա­քա­ցիա­կան հա­սա­րա­կու­թեան կա­յաց­մա­ն: Իր գոր­ծու­նէու­թեան տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին ըն­կե­րակ­ցու­թիւ­նը ի­րա­կա­նա­ցու­ցած է եւ կը շա­րու­նա­կէ ի­րա­կա­նաց­նել Հա­յաս­տա­նի մէջ մարդ­կա­յին բռնու­թեան՝ ստրկա­կան, սե­ռա­կան, բռնի եւ չնչին վար­ձատ­րու­թեամբ աշ­խա­տան­քի տես­քով ա­նօ­րի­նա­կան շա­հա­գործ­ման պայ­քա­րի տե­ղե­կա­տուա­կան հար­թա­կի զար­գա­ցու­մը, խթա­նած է եւ կը խթա­նէ ըն­կե­րա­յին գո­վազ­դի անվ­ճար տա­րա­ծու­մը, կ՚ի­րա­կա­նաց­նէ տե­ղե­կա­տուա­կան քա­րո­զար­շաւ՝ ընդ­դէմ մարդ­կա­յին բռնու­թեան: Ըն­կե­րակ­ցու­թիւ­նը միա­ժա­մա­նակ մաս մը կազ­մէ Հա­յաս­տա­նի կա­ռա­վա­րու­թեան ա­ռըն­թեր մարդ­կա­յին շա­հա­գործ­ման դէմ պայ­քա­րի խոր­հուր­դի աշ­խա­տան­քա­յին խում­բին:

 Թուր­քիա այցն ալ մարդ­կա­յին շա­հա­գործ­ման մա­սին լրագ­րո­ղա­կան եւ այլ մա­կար­դակ­նե­րէ ներս ի­րա­զե­կում ը­նե­լու, տուեալ­ներ հա­ւա­քե­լու եւ փոր­ձի փո­խա­նա­կում կա­տա­րե­լու ար­շա­ւի ի­րա­կա­նաց­ման ծրագ­րե­րէն մէկն է։

-Պա­րոն Յա­րու­թիւ­նեան, ի՞նչ ծրագ­րով կը գտնուիք Թուր­քիա:

-Ծրա­գի­րը, զոր ար­դէն եր­րորդ տա­րին ըլ­լա­լով կ՚ի­րա­կա­նաց­նենք, կը կո­չուի «Տե­ղե­կա­տուա­կան ամ­պիո­նի զար­գա­ցում Հա­յաս­տա­նի մէջ՝ ընդ­դէմ մարդ­կա­յին բռնու­թեա­ն»: Այդ ծրա­գի­րը իր մէջ կը նե­րա­ռէ ոչ միայն Հա­յաս­տա­նի լրագ­րող­նե­րու բաղ­կա­ցու­ցիչ պա­հը՝ ինչ­պէս լու­սա­բա­նել մարդ­կա­յին բռնու­թեան նիւ­թե­րը, այլ նաեւ զար­գա­ցում­նե­րը կը տա­նինք դէ­պի մի­ջազ­գա­յին հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւն: Իսկ մեր այ­ցը Թուր­քիա նաեւ պայ­մա­նա­ւո­րուած է Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան ա­մե­նա­մեայ հա­շուե­տուու­թեան այն մա­սով, ուր մաս­նա­ւո­րա­պէս կը նշուի, թէ բա­րեն­պաստ կ՚ըլ­լար, որ սկսուի այդ պայ­քա­րին՝ հայ-թր­­քա­կան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան գետ­նի վրայ: Այս ուղ­ղու­թեամբ մենք կար­ծես, թէ ա­ռա­ջին քայ­լե­րը կը նե­տենք: Ա­ռայժմ մենք լրագ­րութեան դաշ­տին մէջ պի­տի սկսինք մեր հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան՝ հե­տա­գայ զար­գա­ցում­նե­րը փո­խան­ցե­լով մեր գոր­ծըն­կեր­նե­րուն, ա­ռանձ­նա­պէս ալ հե­տա­գա­յին պի­տի նպաս­տենք՝ թէ՛ տե­ղե­կա­տուու­թիւ­նը հասց­նե­լով հոն գտնուող հա­յաս­տան­ցի­նե­րուն եւ թէ օգ­տա­կար ըլ­լա­լով ա­նոնց այն­տե­ղէն տե­ղա­փոխ­մա­ն: Այ­սինքն, այս այ­ցէն ետք, ընդ­դէմ մարդ­կա­յին շա­հա­գործ­ման բո­լոր քայ­լե­րը մենք կը փոր­ձենք հա­մա­գոր­ծակ­ցա­բար ի­րա­կա­նաց­նել թր­­քա­կան կող­մին հետ։ Տես­նենք, թէ ի՛նչ ար­դիւնք կ՚ու­նե­նայ։

-Այ­սինքն, ոչ միայն ի­րա­զե­կում պի­տի ի­րա­կա­նաց­նէք, այլ նաեւ՝ գործ­նա­կան քայ­լեր պի­տի կա­տա­րուի՞ն:

-Այս այ­ցե­լու­թիւ­նը հիմ­նա­կա­նը հե­տա­զօ­տու­թեան նպա­տակ ու­նի՝ ընդ­հան­րա­պէս մարդ­կա­յին շա­հա­գործ­ման դէմ պայ­քա­րի թր­­քա­կան տե­ղե­կա­տուա­կան դաշ­տի գոր­ծու­նէու­թեան մի­ջոց­ներն ու ձե­ւե­րը կը փոր­ձենք հասկ­նալ ու տես­նել, թէ որ­քա­նո՛վ կա­րե­լի է զա­նոնք ներգ­րա­ւել հայ­կա­կան կող­մի գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րուն, որ­քա­նո՛վ ա­նոնք ընդ­հա­նուր եզ­րեր ու­նին:

-Իսկ դի­ւա­նա­գի­տա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու բա­ցա­կա­յու­թեան պայ­ման­նե­րուն մէջ, ինչ­պէ՞ս կա­րե­լի է ի­րա­կա­նու­թիւն դարձ­նել այդ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը:

-Մարդ­կա­յին շա­հա­գոր­ծու­մը իր էու­թեամբ անդ­րազ­գա­յին յան­ցա­տե­սակ մըն է, այս­տեղ ազ­գա­յին պատ­կա­նե­լիու­թիւ­նը որ­պէս այդ­պի­սին, երկ­րորդ փլան կը մղուի: Բո­լոր յա­ռա­ջա­դէմ եր­կիր­նե­րը հա­կուած են, որ­պէս­զի հա­մա­տեղ ու­ժե­րով պայ­քա­ր մ­ղուի այս չա­րի­քի դէմ, քա­նի որ որ­պէս օ­րէնք, այս յան­ցա­տե­սա­կը մէկ երկ­րի մէջ չի կա­տա­րուիր, գո­յու­թիւն ու­նին ծագ­ման եր­կիր­ներ եւ ըն­դու­նող եր­կիր­ներ, այ­սինքն կան սահ­մա­նա­հա­տում­ներ, ո­րոնց մի­ջո­ցաւ երկ­րէ եր­կիր մար­դի­կը խա­բե­լով կը տե­ղա­փո­խեն եւ կ՚են­թար­կեն ստրկու­թեան: Չու­նե­նա­լով Թուր­քիոյ հետ դի­ւա­նա­գի­տա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­ներ, այ­նու­հան­դերձ, Ին­թեր­փո­լի մա­կար­դա­կով այ­սօր Հա­յաս­տա­նը կը գոր­ծակ­ցի Թուր­քիոյ հետ: Եւ Ին­թեր­փո­լի մի­ջո­ցաւ է, որ մենք կը կա­րո­ղա­նանք շա­հա­գործ­ման են­թար­կուած­նե­րը Թուր­քիա­յէն տե­ղա­փո­խել Հա­յաս­տան: Այ­սինքն, կայ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան ձեւ մը: Մեր առ­ջեւ դրուած խնդիրն է այդ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը տե­ղա­փո­խել նաեւ հա­սա­րա­կա­կան դաշտ, փոր­ձել քա­ղա­քա­ցիա­կան հա­սա­րա­կու­թեան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու եւ լրա­տուա­մի­ջոց­նե­րու մի­ջեւ ալ սկսիլ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան եւ նպաս­տել նա­խ ե­ւ ա­ռաջ նուա­զեց­նե­լու շա­հա­գործ­ման են­թար­կուած­նե­րու քա­նա­կը: Մենք շա­հա­գործ­ման են­թար­կուած­նե­րը այս պա­րա­գա­յին կը կո­չենք զո­հեր:

-Ին­չո՞ւ իբ­րեւ թի­րախ ընտ­րուած է Թուր­քիան:

-Ցա­ւօք սրտի, մենք այ­սօր Հա­յաս­տա­նէն ու­նինք զո­հեր Թուր­քիոյ մէջ, մա­նա­ւանդ սե­ռա­կան գետ­նի վրայ շա­հա­գոր­ծում տե­ղի կ՚ու­նե­նայ: Շա­տեր ան­գի­տակ­ցա­բար կ՚են­թար­կուին խար­դախ­նե­րու գոր­ծու­նէու­թեան ու կը դառ­նան զո­հեր: Մեր նպա­տա­կը այս յան­ցա­տե­սա­կը նուա­զեց­նելն է:

Մեկ­նե­լով մարդ­կա­յին շա­հա­գործ­ման դէմ այ­սօր ծա­ւա­լուող պայ­քա­րէն, մեկ­նե­լով 21-րդ դա­րուն մարդ­կա­յին ա­տե­լու­թե­նէն այդ ե­րե­ւոյ­թին դէմ, յոյ­սով ենք, որ թր­­քա­կան կող­մը բա­ւա­կա­նա­չափ դրա­կան կը վե­րա­բե­րուի մեր այս այ­ցին։ Քա­նի որ ի վեր­ջոյ, երբ խօս­քը կը վե­րա­բե­րի մար­դուն, ան­հա­տին, վե­րա­նա­լով մեր ազ­գա­յին պատ­կա­նե­լիու­թե­նէն, իւ­րա­քան­չիւ­րը կը մտա­ծէ եր­բե­ւէ չի­յնալ այս ցան­ցին մէջ: Չեմ կար­ծեր, որ այս­տեղ ազ­գա­յին պատ­կա­նե­լիու­թիւ­նը ա­ռաջ­նա­յին դեր կը խա­ղայ։ Ուս­տի մենք ող­ջա­միտ վե­րա­բեր­մունք եւ ա­ջակ­ցու­թիւն կը կ­­՚ակն­կա­լենք:

-Հա­յաս­տա­նէն մին­չեւ հի­մա ինչ­պի­սի՞ պայ­քար մղուած է՝ մարդ­կա­յին շա­հա­գոր­ծու­մը դա­դրեց­նե­լու ա­ռա­ջադ­րու­թեամբ:

-Հա­յաս­տա­նէն Թուր­քիա պայ­քար­ներ մղուած են անցեալի մէջ: Ցա­ւօք սրտի, ա­նոնք շա­րու­նա­կու­թիւն չեն ու­նե­ցած: Այդ աշ­խա­տանք­նե­րը տա­րուած են թէ՛ հա­սա­րա­կա­կան դաշ­տէն, թէ՛ Հա­յաս­տա­նի մէջ գոր­ծող մի­ջազ­գային կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րէն ներս, բայց ժա­մա­նա­կի ըն­թաց­քին կանգ ա­ռած է: Եւ հի­մա մենք կը փոր­ձենք թար­մաց­նել այդ ա­մէն ին­չը: Ե­կած է նոր սե­րունդ, ե­կած են նոր մօ­տե­ցում­ներ, Հա­յաս­տա­նի դիր­քո­րո­շում­նե­րը փո­խուած են այս յան­ցա­տե­սա­կին հան­դէպ, եւ պայ­քա­րը այ­սօր պէտք է դրուի նոր մա­կար­դա­կի մը վրայ: Ը­սեմ նաեւ, որ անցեալի մէջ տե­ղե­կա­տուա­կան հա­մա­գոր­ծաց­կու­թիւն չէ ե­ղած, ե­ղած է հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւն՝ զո­հե­րուն ա­ջակ­ցող հա­սա­րա­կա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու հետ։ Բայց այս մէ­կը ա­ռա­ջին ան­գամ ըլ­լա­լով՝ տե­ղե­կա­տուա­կան դաշ­տին մէջ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան եզ­րեր պի­տի ո­րո­նենք:

Մենք ար­դէն յա­ջո­ղած ենք կապ հաս­տա­տել հա­սա­րա­կա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու, մի­ջազ­գա­յին կա­ռոյց­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու եւ քա­նի մը թր­­քա­կան լրա­տուա­մի­ջոց­նե­րու հետ:

Պի­տի փոր­ձենք գոր­ծա­ծել նաեւ հայ­կա­կան հա­մայն­քի, կա­ռոյց­նե­րու, լրա­տուա­մի­ջոց­նե­րու ու­ժե­րը:

Պոլ­սոյ Պատ­րիար­քու­թե­նէն ար­դէն պատ­րաս­տա­կա­մու­թիւն յայտ­նած են 10 Սեպ­տեմ­բե­րին (այ­սօր) ըն­դու­նե­լու հա­մար մեր ըն­կե­րակ­ցու­թեան ան­դամ­նե­րը։ Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նոր­դին հետ պի­տի հան­դի­պինք ու պի­տի ներ­կա­յաց­նենք մեր մտա­հո­գու­թիւն­նե­րը, մա­նա­ւանդ գի­տենք, որ Պատ­րիար­քու­թիւ­նը այ­սօր բա­ւա­կա­նա­չափ աշ­խա­տանք կը տա­նի՝ Հա­յաս­տա­նէն Թուր­քիա մեկ­նած մար­դոց հետ՝ վտանգ­նե­րու եւ այլ հար­ցե­րու մա­սին զգու­շաց­նե­լով զա­նոնք:

Պի­տի փոր­ձենք տե­ղա­կան ոս­տի­կա­նու­թիւն­նե­րու հետ հան­դի­պիլ՝ հասկ­նա­լու հա­մար, թէ ի՞նչ ձե­ւով կրնանք գոր­ծակ­ցիլ գո­նէ ա­ռայժմ տե­ղե­կա­տուա­կան մա­կար­դա­կով:

-Պի­տի փոր­ձէ՞ք հան­դի­պիլ շա­հա­գործ­ման են­թար­կուած­նե­րուն հետ:

-Միան­շա­նակ: Ան­պայ­ման պի­տի փոր­ձենք զո­հե­րուն հետ հան­դի­պիլ: Գի­տենք հա­մա­պա­տաս­խան հա­սա­րա­կա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­ներ, ո­րոնք կ՚աշ­խա­տին զո­հե­րուն հետ։ Ա­նոնց մի­ջո­ցաւ ալ զո­հե­րուն հետ հան­դի­պում­նե­րու ըն­թաց­քին պի­տի հասկ­նանք, թէ ի՞ն­չ պայ­ման­ներ զա­նոնք տա­րած են Թուր­քիա եւ ո՞ր կէ­տե­րու վրայ գոր­ծուած են սխալ­նե­րը, ո­րոնց պատ­ճա­ռով յայտ­նուած են շա­հա­գոր­ծող­նե­րու ձեռ­քը: Այ­սինքն, այդ ա­մէն ին­չը նախ­նա­կան մա­կար­դա­կի վրայ պար­զա­բա­նե­լու պի­տի պար­զա­բա­նենք եւ այդ տե­ղե­կա­տուու­թիւ­նը պի­տի բե­րենք ու տա­րա­ծենք Հա­յաս­տա­նի մէջ, որ­պէս­զի պարզ դառ­նայ, թէ Թուր­քիոյ հետ կա­պուած ինչ­պի­սի՛ վտանգ­ներ կրնան ծա­գիլ:

-Շա­հա­գործ­ման են­թար­կուած­նե­րուն թի­ւը հետզ­հե­տէ կը նուա­զի՞, թէ՝ կը շատ­նայ:

-Վի­ճա­կագ­րու­թիւ­նը ցոյց կու տայ, որ հետզ­հե­տէ կը նուա­զի: Մենք մե­զի հետ կը տա­նինք նաեւ Հա­յաս­տա­նի ոս­տի­կա­նու­թեան տրա­մադ­րած տե­ղե­կա­տուու­թիւ­նը, թէ 2008-2014 թուա­կան­նե­րու մի­ջեւ Թուր­քիոյ հետ կա­պուած մենք քա­նի՞ դէպք ու­նե­ցած ենք, եւ մեր ու­նե­ցած այդ վի­ճա­կագ­րու­թիւ­նը ցոյց կու տայ, որ մի­տու­մը կը նուա­զի: Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան տուեալ­նե­րով՝ ար­դէն եր­րորդ տա­րին ըլ­լա­լով՝ Հա­յաս­տան մարդ­կա­յին շա­հա­գործ­ման դէմ պայ­քա­րող եր­կիր­նե­րու շար­քին ա­ռա­ջին խում­բին մէջ տեղ կ՚առ­նէ: Այս մէ­կը ի հար­կէ, ի­րա­կա­նու­թիւն դար­ձած է ի­րա­ւա­կան մար­մին­նե­րու, լրագ­րող­նե­րու եւ հա­սա­րա­կա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու լաւ աշ­խա­տան­քի շնոր­հիւ :

-Ը­սիք, որ մարդ­կա­յին շա­հա­գործ­ման դէմ պայ­քա­րը անդ­րազ­գա­յին է, այ­սինքն միայն հայ զո­հե­րուն չէ ուղղուած ձեր աշ­խա­տան­քը:

-Ա­յո, ա­մէն ինչ պի­տի ը­նենք, որ­պէս­զի զա­նա­զան ազ­գու­թիւն­նե­րու, բո­լոր եր­կիր­նե­րու զո­հե­րու հետ կա­պուած տի­րա­պե­տենք ի­րա­վի­ճա­կին: Շա­հա­գոր­ծող­նե­րը միշտ կէս քայլ ա­ռաջ են։ Մեր ա­մէն մէկ բա­ցա­յայ­տու­մէն յե­տոյ ա­նոնք նոր քայ­լե­րու կը ձեռ­նար­կեն, նոր մի­ջոց­ներ կը կի­րա­ռեն, ուս­տի այդ հե­տա­զօ­տու­թիւն­նե­րը, զա­նա­զան եր­կիր­նե­րու հետ կա­պուած, մե­զի հա­սա­նե­լի պի­տի ըլ­լան, որ­պէս­զի մենք հասկ­նանք, թէ ի՛նչ կայ ու­րիշ երկ­րի մը մէջ եւ չկայ Հա­յաս­տա­նի մէջ, վտան­գի պա­րա­գա­յին ինչ­պէ՞ս կա­րե­լի է կան­խար­գի­լել:

Այ­սօր աշ­խար­հի մէջ ար­դէն ա­մէն մարդ բա­ցէ ի բաց կը խօ­սի բռնու­թիւն­նե­րու, կո­տո­րած­նե­րու, ան­ցեա­լի մէջ ե­ղած դէպ­քե­րու մա­սին: Ե­թէ դուն այ­սօր չպայ­քա­րիս, կրնայ ըլ­լալ վաղն ալ դուն են­թար­կուիս այդ ա­մէն ին­չին: Ստրկու­թիւ­նը, բռնու­թիւ­նը, շա­հա­գոր­ծու­մը ազ­գա­յին պատ­կա­նե­լիու­թիւն չու­նին:

ՃԵՐ­ՄԱԿ ՍՏՐԿՈՒ­ԹԻՒՆ

Թրա­ֆի­քին­կը մար­դոց՝ ստրկա­կան, սե­ռա­կան, բռնի եւ չնչին վար­ձատ­րու­թեամբ աշ­խա­տան­քի տես­քով ա­նօ­րի­նա­կան շա­հա­գոր­ծումն է։ Ան ծանր, անդր­սահ­մա­նա­յին, կազ­մա­կեր­պուած յան­ցա­գոր­ծու­թիւն մըն է եւ նոյն­չափ շա­հու­թա­բեր, ինչ­պէս նաեւ թմրա­մի­ջոց­նե­րու եւ զէն­քե­րու ա­պօ­րի­նի վա­ճառ­քը։ Ան­ձե­րու, մա­նա­ւանդ՝ կի­նե­րու եւ ե­րա­խա­նե­րու շա­հա­գոր­ծու­մը կան­խար­գի­լե­լու, զսպե­լու եւ պատ­ժե­լու մա­սին ար­ձա­նագ­րու­թիւ­նը ըն­դու­նուած է Միա­ցեալ ազ­գե­րու կազ­մա­կեր­պու­թեան (ՄԱԿ) կող­մէ՝ 2000 թուա­կա­նին, Ի­տա­լիոյ Փա­լեր­մօ քա­ղա­քին մէջ եւ ան ՄԱԿ-ի՝ «Անդ­րազ­գա­յին կազ­մա­կեր­պուած յան­ցա­գոր­ծու­թիւն­նե­րու դէ­մ» ար­ձա­նագ­րու­թեան մաս կազ­մող մի­ջազ­գա­յին հա­մա­ձայ­նա­գիրն է:

Մարդ­կա­յին շա­հա­գոր­ծու­մը կը նկա­տուի շա­հու­թա­բեր ար­տադ­րու­թիւն։ 2004 թուա­կա­նին ամ­բողջ աշ­խար­հի տա­րած­քին մարդ­կա­յին շա­հա­գոր­ծու­մէն ստա­ցուած տա­րե­կան ե­կա­մու­տը գնա­հա­տուած է 5-9 մի­լիառ ա­մե­րի­կեան տոլ­ար։

Ըստ 2008 թուա­կա­նի ՄԱԿ-ի տուած գնա­հա­տա­կան­նե­րուն՝ տա­րե­կան մօ­տա­ւո­րա­պէս 2.5 մի­լիոն հո­գի՝ 127 եր­կիր­նե­րէ 137 զա­նա­զան եր­կիր­նե­րու մէջ կ՚են­թար­կուի մարդկա­յին շա­հա­գոր­ծու­մի: Բայ­ց ե­ւ այն­պէս, յստակ չեն այս տուեալ­նե­րը, ո­րոնք միայն գնա­հա­տա­կան­ներ են եւ կրնան ա­նընդ­հատ փո­խ­­ուիլ, քա­նի որ շա­հա­գոր­ծու­մը շա­րու­նա­կա­բար կա­տա­րուող գոր­ծո­ղու­թիւն մըն է:

Մարդ­կա­յին շա­հա­գոր­ծու­մը կը տար­բե­րի մար­դոց մաք­սա­նեն­գու­թե­նէն: Մաք­սա­նեն­գու­թեան ժա­մա­նակ մար­դիկ կա­մա­ւոր կը դի­մեն մաք­սա­նենգ­նե­րու՝ զի­րենք գաղտ­նի, ա­նօ­րի­նա­կան կեր­պով մէկ վայ­րէն միւ­սը տե­ղա­փո­խե­լու հա­մար։ Այս պա­րա­գա­յին ա­նօ­րի­նա­կան փաս­տա­թուղ­թե­րու մէջ խար­դա­խու­թիւն­ներ, սխալ տուեալ­ներ կրնան չըլ­լալ, իսկ ժա­մա­նու­մէն յե­տոյ մաք­սա­նեն­գուած ան­ձը կրնայ ին­քը ընտ­րել իր ճա­նա­պար­հը։

Մինչ­դեռ մարդ­կա­յին շա­հա­գործ­ման զո­հե­րուն կ՚ար­գի­լուի ժա­մա­նու­մէ յե­տոյ հաս­նիլ ի­րենց նպա­տա­կա­յին վայ­րը, ա­նոնք ի­րենց կամ­քէն ան­կախ, բռնի կեր­պով կը պահուին եւ կը կա­տա­րեն հար­կադ­րա­կան աշ­խա­տանք։ Իսկ թէ ո՛րն է հար­կադ­րա­կան աշ­խա­տան­քը, ա­նոր բնոյ­թը նկա­րագ­րուած է Մարդ­կա­յին շա­հա­գործ­ման մա­սին ար­ձա­նագ­րու­թեան մէջ. շատ յա­ճախ զո­հե­րը ընդ­հան­րա­պէս վար­ձատ­րու­թիւն ալ չեն ստա­նար, կամ կը ստա­նան շատ չնչին գու­մար մը՝ ի­րենց կա­տա­րած աշ­խա­տան­քին փո­խա­րէն։

Մարդ­կա­յին շա­հա­գործ­ման են­թար­կուած ան­ձը հար­կադրուած աշ­խա­տանք կը կա­տա­րէ հե­տե­ւեալ պայ­ման­նե­րով.

Աշ­խա­տանք պարտ­քի դի­մաց, օ­րի­նակ՝ որ­պէս վճար՝ որե­ւէ եր­կիր զինք տե­ղա­փո­խե­լու հա­մար:

Աշ­խա­տանք բռնի ու­ժով, այ­սինքն, երբ ուղ­ղա­կի կը տնօ­րի­նեն մար­դը:

Սե­ռա­կան բռնու­թիւն. զո­հե­րը հիմ­նա­կա­նը թե­րա­հաս­ներ, որ­բեր կամ պա­տա­նի­ներ կ՚ըլ­լան, բայց կրնան ըլ­լալ նաեւ թէ՛ կի­ներ եւ թէ տղա­մար­դիկ, ո­րոնք ա­ւե­լի խո­ցե­լի են. կը գտնուին հո­գե­պէս կամ նիւ­թա­պէս ծանր վի­ճա­կի մէջ։

Ան­չա­փա­հաս­նե­րու աշ­խա­տանք. սո­վո­րա­բար ե­րա­խա­նե­րուն կը հաս­ցուին ֆի­զի­քա­կան, հո­գե­բա­նա­կան, ըն­կե­րա­յին եւ բա­րո­յա­կան մեծ վնաս­ներ, զա­նոնք կը զրկեն կրթու­թե­նէ, զար­գա­ցու­մէ եւ ըն­տա­նիք ու­նե­նա­լէ։

Ճիշդ է՝ բուն շա­հա­գործ­ման հա­մար մէկ վայ­րէ միւ­սը եր­թա­լը անհ­րա­ժեշտ պայ­ման մը չէ, բայց զո­հե­րու հա­մար «աշ­խա­տա­տե­ղի­նե­ր» գտնող յան­ցա­գործ­նե­րը սփռուած են զա­նա­զան եր­կիր­նե­րու մէջ եւ կը ճա­նա­պար­հոր­դեն նշուած նպա­տա­կով։ Խար­դա­խու­թեամբ, խա­բէու­թեամբ ա­նոնք աշ­խա­տան­քի կը տե­ղա­ւո­րեն զո­հե­րը, ո­րոնք շատ ա­ւե­լի ուշ կը տե­ղե­կա­նան ի­րենց ի­րա­կան աշ­խա­տան­քի բնոյ­թի եւ ի­րա­կան աշ­խա­տա­վար­ձի քա­նա­կու­թեան մա­սին։

Մարդ­կա­յին շա­հա­գոր­ծու­մի այս տե­սա­կը կը կո­չեն ճեր­մակ ստրկու­թիւն:

Մի­ջազ­գա­յին կա­ռոյց­նե­րը եւ պե­տու­թիւն­նե­րը, այդ կար­գին նաեւ Հա­յաս­տա­նը, մեծ պայ­քար կը մղեն մարդ­կա­յին շա­հա­գոր­ծու­մի դէմ: Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան քրէա­կան օ­րէնսգր­­քին հա­մա­ձայն՝ ան­չա­փա­հաս­նե­րը շա­հա­գործ­ման են­թար­կե­լը կը պատ­ժուի ա­զա­տազրկ­մամբ՝ եօ­թէն տա­սը տա­րի ժամ­կէ­տով, գոյ­քի բռնագ­րաւ­մամբ կամ ա­ռանց ա­տոր, ո­րո­շա­կի պաշ­տօն­ներ զբա­ղեց­նե­լու կամ ո­րո­շա­կի գոր­ծու­նէու­թեամբ զբա­ղե­լու ի­րա­ւուն­քէ զրկե­լով:

Տեսակցեցաւ՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 10, 2015