ԽԱՉՎԵՐԱՑԻ ՏԱՂԱՒԱՐ ՏՕՆԸ

Վաղը, 11 սեպտեմբեր 2022-ին, Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին պիտի նշէ տաղաւար տօներէն հինգերորդը՝ Խաչվերացը:

Խաչվերացի տօնը յիշատակութիւնն է Կոստանդիանոս Մեծ Կայսրին մօր՝ Հեղինէ թագուհիին Տիրոջ Խաչը գտնելուն, 27 մայիս 327-ին:

Մեր Սուրբ Եկեղեցին Խաչվերացի յիշատակը միշտ կը կատարէ սեպտեմբեր ամսուն: Թէ ինչո՞ւ: Ստեփաննոս Ա. Քհնյ. Մանդինեանցը այսպէս կը գրէ.

«Խաչվերացը սեպտեմբերին տօնելու պատճառը հետեւեալն է. Խոսրով թագաւորը նուաճելով Երուսաղէմը, Սուրբ Խաչը Պարսկաստան տարաւ 622-ին. ապա Հերակլ կայսրի ժամանակ վերադարձաւ 629-ին, որ սեպտեմբեր 14-ին մեծ հանդիսութեամբ Երուսաղէմի տաճարին մէջ դրուեցաւ, այդ պատճառով Եկեղեցին ուրախանալով անոր գերութենէն ազատագրումին համար, Խաչվերացի տօնը այս թուականին սահմանեց» («Աստուածպաշտութիւն Հայաստանեայց Ուղղափառ Եկեղեցւոյ», Անթիլիաս, 2010, էջ 229):

Վաղուան ճաշու ընթերցուածները մեր Եկեղեցւոյ Սրբազան Հայրերը այսպէս կարգաւորած են: Եսայիի մարգարէութենէն (49.13-23): Պօղոս առաքեալին Գաղատացիներուն ուղղած նամակէն (6.14-18): Եւ Յովհաննէսի Աւետարանէն (3.13-21):

Գաղատացիներուն նամակին մէջ կը կարդանք.

«Գալով ինծի, քա՛ւ լիցի որ մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի խաչէն զատ ուրիշ բանով պարծենամ: Այդ խաչին միջոցաւ աշխարհը մեռած է այլեւս ինծի համար, ինչպէս ես մեռած եմ աշխարհին համար: Կարեւորը մարդուս թլփատուած կամ անթլփատ ըլլալը չէ, այլ՝ նոր արարած ըլլալը: Թող Աստուծոյ խաղաղութիւնն ու ողորմութիւնը ըլլան բոլոր անոնց հետ՝ որոնք այս սկզբունքին համաձայն կ՚ապրին. բոլոր անոնց՝ որոնք Իր ընտրեալ ժողովուրդը կը կազմեն» (Գղ 6.14-16):

Սրբազան առաքեալը հաստատ միտքով եւ բարձրաձայն կը յայտարարէ, թէ Տէր Յիսուսի Խաչը իրեն համար մի միայն պարծանք է, եւ այդ Խաչով ինք կը պարծենայ եւ ուրիշ ո՛չ մէկ բանով:

Պօղոս առաքեալին կեանքը եթէ ուշի ուշով ուսումնասիրենք, կը տեսնենք, թէ ինչպէս ինք նախապէս թունդ հակառակորդ մըն էր Քրիստոսի եւ Անոր խաչին, ո՛չ միայն հակառակորդ, այլեւ՝ հալածիչ, եւ իր պահուածքին պատճառով քրիստոնեաներուն համար ահ ու սարսափ դարձած էր: Յետագային, սակայն, երբ հալածելու եւ ձերբակալելու նպատակով Դամասկոս կ՚երթար, Տէր Յիսուս երեւցաւ անոր…: Այդ հանդիպումը Պօղոս առաքեալին համար շրջադարձային եղաւ, որովհետեւ մինչ այդ զՔրիստոս հալածողն ու Քրիստոսի Սուրբ Խաչը անպատուողն ու անարգողը, դարձաւ Քրիստոսի ամենէն նուիրեալ եւ զօրաւոր պաշտպանը եւ Սուրբ Խաչով պարծեցողը, որ իր մնացեալ ամբողջ կեանքը նուիրաբերեց Քրիստոսի, Անոր խօսքին եւ Ս. Խաչի քարոզութեան:

Կորնթացիներուն ուղղած իր նամակին մէջ կը կարդանք. «Խաչին մասին քարոզութիւնը յիմարութիւն կը թուի կորուստի ճամբուն մէջ գտնուողներուն համար, մինչ մեզի՝ փրկութեան ճամբուն մէջ գտնուողներուս համար Աստուծոյ զօրութիւնն է անիկա: Արդարեւ մարգարէութեան մէջ գրուած է.

Իմաստուններուն իմաստութիւնը պիտի խափանեմ, խելացիներուն խելքը պիտի կորսնցնեմ:

Այն ատեն ու՞ր պիտի մնան իմաստունները կամ ուսեալները եւ կամ այս աշխարհի հարցերը քննողները: Չէ՞ որ Աստուած ցոյց տուաւ՝ թէ այս աշխարհի իմաստութիւնը յիմարութիւն է: Որովհետեւ աշխարհը իր ունեցած իմաստութեամբ չկրցաւ ճանչնալ զԱստուած եւ Անոր իմաստութիւնը, ուստի Աստուած ուզեց յիմարութիւն համարուած խաչին քարոզութեամբ փրկել անոնք՝ որ կը հաւատան: Եւ թէպէտ հրեաներ հրաշք կ՚ուզեն, իսկ յոյներ իմաստութիւն կը փնտռեն, մենք խաչուած Քրիստոսը կը քարոզենք, որ գայթակղութիւն է հրեաներուն համար եւ յիմարութիւն՝ հեթանոսներուն համար, թէպէտ նոյն այդ հրեաներէն ու յոյներէն կանչուածներուն եւ դարձի եկածներուն համար՝ անիկա Քրիստոսն է, Աստուծոյ զօրութիւնը եւ Աստուծոյ իմաստութիւնը: Արդարեւ, Աստուծոյ տնօրինութիւնը, որ յոյներ յիմարութիւն կ՚որակեն, իմաստնագոյն է քան մարդկային որեւէ իմաստութիւն. եւ Աստուծոյ խաչը, որ հերաներ տկարութիւն կը համարեն, աւելի զօրեղ է քան մարդկային ամէն զօրութիւն» (Ա. Կր 1-18-25):

Պօղոս առաքեալին վերոնշեալ տողերը անմիջականօրէն նաեւ առընչութիւն ունին մեր օրերուն հետ: Ոմանք կրնան ըսել, թէ այդ ըսուածները հեթանոսներուն եւ յոյներուն կը վերաբերին, այո՛, այդպէս է, միաժամանակ սակայն այսօրուան հեթանոսներուն՝ զԱստուած մերժողներուն, եւ յոյներուն՝ գիտութիւնն ու նիւթը, համաշխարհայնացումը գերադասողներուն կը վերաբերի: Անուանումներն է, պարզապէս որ փոխուած է, իսկ խօսքին էութիւնն ու զօրութիւնը չէ՛ փոխուած, որովհետեւ այսօրուան հեթանոսներն ու յոյներն ալ նոյն կերպ կը մտածեն եւ կը մօտենան Քրիստոսին եւ Անոր խաչին, ինչպէս կը մօտենային Պօղոս առաքեալին ժամանակ՝ Կորնթոսի եւ ամէն տեղ ապրող հեթանոսներն ու յոյները:

Պօղոս առաքեալին վերը մէջբերուած այս հատուածը կարեւոր վկայութիւն մըն է այն առումով, որ Պօղոս մինչեւ իր դարձը կորուստի ճամբուն մէջ կը գտնուէր եւ յիմարութիւն կը սեպէր Քրիստոսի Խաչը, սակայն երբ զՔրիստոս ճանչցաւ եւ ընդունեց որպէս Տէր եւ Փրկիչ, ապա կորուստի ճամբէն ոստում կատարեց դէպի փրկութեան ճամբան եւ Քրիստոսի Սուրբ Խաչը այլեւս դադրեցաւ իրեն համար յիմարութիւն ըլլալէ, ընդհակառակը, Քրիստոսի Խաչը այլեւս իրեն համար Աստուծոյ զօրութիւնը դարձաւ: Պօղոս առաքեալին նման բազմաթիւ մարդիկ կան, որոնք որոշ ժամանակ մը խաւարի եւ կորուստի ճամբաներուն մէջ խարխափելէ ետք, կը հասնին Աստուածգիտութեան լոյսին եւ կորուստի ճամբէն դէպի փրկութեան ճամբայ անցնելու համար կարիքն ունին Քրիստոսի խաչին, որ մահէն դէպի կեանք տանող կամուրջն է, առանց որու կարելի չէ հասնիլ փրկութեան:

Գաղատացիներուն ուղղած իր նամակին մէջ առաքեալը կ՚ըսէ, նաեւ. այդ խաչին միջոցաւ աշխարհը մեռած է այլեւս ինծի համար, ինչպէս ես մեռած եմ աշխարհին համար: Ի՜նչ երանութիւն, հասնիլ հոգեւոր այնպիսի բարձրութեան եւ համարձակութեամբ յայտարարել, թէ խաչին միջոցաւ ես այս աշխարհին համար մեռած եմ, ինչպէս նաեւ այս աշխարհը մեռած է ինծի համար…:

Մեզմէ քանի՞ հոգի կրնայ նոյն համարձակութեամբ եւ ինքնավստահութեամբ առաքեալին նման այսպէս խոստովանիլ ու վկայութիւն տալ:

Մեզմէ քանի՞ն իրապէս այս աշխարհին մէջ ապրելով հանդերձ, իրենք զիրենք մեռած կը համարեն այս աշխարհին համար եւ կենդանի՝ Քրիստոսի համար:

Մեզմէ քանի՞ն աշխարհը մեռցուցած են իրենց համար եւ սկսած են ապրիլ յաւիտենականութեան համար:

Մեզմէ քանի՞ն աշխարհի հարստութիւնը, ճոխութիւնը, հմայքն ու հաճոյքները մերժելու ուժն ունին:

Մեզմէ քանի՞ն յանուն Քրիստոսի պատրաստ են ուրանալու աշխարհն ու աշխարհայինը:

Մեզմէ քանի՞ն յանուն Քրիստոսի Խաչին համարձակութիւն ունին ուրանալու իրենց կեանքը եւ պարծենալու Քրիստոսի խաչով:

Մեզմէ քանի՞ն պատրաստակամութիւնը ունին իրենց կեանքը, իրենց մարմինը տաճարագործելու Ամենասուրբ Երրորդութեան:

Աշխարհ երբ կ՚ըսենք, պէտք է ուշադիր ըլլանք եւ ճի՛շդ հասկնանք ըսուածը, որովհետեւ աշխարհը Աստուծոյ ձեռագործն է եւ Ծննդոցի գիրքի առաջին գլուխներուն վկայութեամբ, Աստուած ամէն բան բարի ստեղծեց, ընդ որում եւ աշխարհը: Այստեղ երբ աշխարհ կ՚ըսենք, նկատի ունինք բոլոր այն բաները, որոնք հակառակ են Աստուծոյ կամքին եւ մեզ կը հեռացնեն Աստուծմէ, Անոր ներկայութիւնը զգալէն այս աշխարհին վրայ: Աշխարհ երբ կ՚ըսենք, նկատի ունինք սատանան եւ իր արբանեակները, որոնք ամէն կերպով կը փորձեն գայթակղեցնել ու խաբել մարդիկը, զանոնք հասցնելու համար յաւիտենական տանջանքներուն: Աշխարհ երբ կ՚ըսենք, նկատի ունինք առանց Աստուծոյ եւ Անոր պատուիրաններուն՝ Աստուածաշունչին ապրուած կեանքը, որ Աստուծոյ ստեղծած լուսաւոր եւ բարի աշխարհը կը վերածեն խաւար ու չար անդունդի մը, ուր ամէն ինչ կը սեւնայ, կը կեղտոտի, կը կորսնցնէ իր սկզբնական մաքրութիւնն ու փայլքը:

Արդարեւ, որպէսզի կարենանք յաղթահարել աշխարհէն եկած այս բոլոր փորձութիւններն եւ դժուարութիւններն, որպէսզի համարձակութիւն ձեռք ձգենք Պօղոս առաքեալին նման կարենալ խոստովանելու համար, ապա կարիքն ունինք Տէր Յիսուսի Սուրբ Խաչին, որ առաքեալին բնորոշմամբ՝ Աստուծոյ զօրութիւնն է: Այդ Խաչին միջոցով է, որ պիտի կարենանք յաղթահարել մեր դէմ ցցուած բոլոր արգելքները եւ փոթորկոտ ովկիանին մէջ ապահով եւ անփորձանք նաւարկենք, հասնելու համար խաղաղութեան նաւահանգիստին:

Թող Սուրբ Խաչը պահէ ու պահպանէ մեզ ամէն տեսակի յարձակումներէ ու փորձութիւններէ, կամուրջ ըլլայ մեզի համար որու վրայէն անցնելով հասնինք յաւիտենականութեան, հասնինք մեր Տիրոջ ու Փրկիչին Յիսուս Քրիստոսին, վայելելու Անոր ներկայութիւնը եւ փառաբանելու ու օրհներգելու համար զԻնք յաւիտեանս յաւիտենից: Ամէն:

Աւարտելով այսօրուան գրութիւնը, ընթերցողներուն փունջ մը մտածումներ կը ներկայացնեմ Սուրբ Խաչի մասին:

Սուրբ Յովհան Ոսկեբերան Հայրապետ կը գրէ.

- Եղբայր, մի՛ ամչնար խաչի նշանէն, որովհետեւ ան զօրութեան եւ օրհնութիւններու աղբիւր է, որու մէջ կ՚ապրինք ստեղծուած նոր ստեղծագործութեամբ մը՝ Քրիստոսի մէջ...: Հագուէ՛ զայն եւ հպարտացիր անով որպէս թագ:

- Խաչին պատճառով դեւերը այլեւս սարսափելի չեն եւ արհամարհանքի արժանի են: Անով մահը այլեւս մահ չէ, այլ՝ երկարատեւ քուն, եւ մեր վրայ իշխող ամէն զօրութիւն ոտնահարուած է: Խաչը անցեալին դատապարտութեան գործիք կ՚անուանուէր, իսկ հիմա ցանկալի եւ գովելի դարձած է ան: Անցեալին խայտառակութեան եւ տանջանքի առարկայ էր խաչը, իսկ հիմա փառքի ու պատիւի առարկայ դարձած է: Իսկ թէ խաչը իսկապէս փառաւոր է, լսէ՛ Յիսուս Քրիստոսին, որ կ՚ըսէ. «Եւ այժմ, ո՜վ Հայր, փառաւորէ՛ զիս այն փառքով, որ ունէի Քու հետդ՝ աշխարհի գոյութենէն առաջ» (Յհ 17.5)՝ խաչը փառք անուանելով: Խաչը մեր փրկութեան գլուխն է, խաչը բազմաթիւ բարութիւններու պատճառն է: Անոր միջոցաւ մենք որ մերժուած ու անփառունակ էինք, հիմա որդիներու շարքին մէջ ընդունուած ենք: Անոր միջոցաւ մենք մոլութիւններէն դուրս գալով, ճշմարտութիւնը ճանչցանք: Մենք, որ անցեալին փայտին ու քարին կ՚երկրպագէինք, հիմա խաչով մեր Արարիչը ճանչցանք: Անոր միջոցաւ մենք՝ մեղքի ստրուկներս, ճշմարտութեան ազատութեան դարձանք: Եւ վերջապէս, Խաչով երկիրը երկինք դարձաւ:

Սուրբ Գրիգոր Տաթեւացին կը գրէ.

Խաչը, որ անցեալին դատապարտութեան գործիք կը համարուէր, հիմա փրկութեան պատճառ է, որովհետեւ մեր Փրկիչը անոր վրայ բեւեռուելով (գամուելով) անոր միացաւ։

Խաչը երկինքի բեւեռներն է եւ երկրի հաստատութիւնը։

Խաչը նահապետներուն ցանկութիւնն է եւ մարգարէներուն կանխասացութիւնը։

Խաչը առաքեալներուն քարոզութիւնն է եւ հայրապետներուն դաւանութիւնը։

Խաչը մարտիրոսներուն պսակն է եւ նահատակներուն յաղթանակը։

Խաչը թագաւորներուն թագն է եւ իշխաններուն իշխանութիւնը։

Խաչը կոյսերուն սրբութիւնն է եւ ամուսնացածներուն ողջախոհութիւնը։

Խաչը այրիներուն շնորհքն է եւ կիներուն բարեզարդութիւնը։

Խաչը ծերերուն ամրութեան ցուպն է եւ երիտասարդներուն իմաստութեան գաւազանը։

Խաչը կեանքի ծառն է եւ անմահութեան պտուղը։

Խաչը անմեղներուն խրատն է եւ մեղաւորներուն քաւիչը։

Խաչը մոլորածներուն ճանապարհն է եւ խաւարածներուն ճառագայթը։

Խաչը նաւարկողներուն ցնծութիւնն է եւ ճամբորդողներուն օթեւանը։

Խաչը երկնաւորներու ցնծութիւնը եւ երկրաւորներու զուարճութիւնն է։

Խաչը սանդարամետականներու սարսափը եւ երկրայիններու սաստիչն է։

Խաչը Քրիստոսի փառքն է եւ քրիստոնեաներուն պարծանքը։

Խաչը հոգեւոր զէնք է եւ չբթացող սուր։

Խաչը դժոխքի աւերողն է եւ գերեալներուն ազատողը։

Խաչը գերեզմաններուն կնքին է եւ կեանքի հարստութիւնը։

Խաչը դրախտի դռները բացողն է եւ արքայութիւնը որպէս ժառանգութիւն տուողը։

Խաչը Քրիստոսի կարապետն է եւ յարութեան հրաւէրը։

Խաչը անհաւատներուն կուրութիւնն է եւ հաւատացեալներուն զօրութիւնը, որ իր երկրպագուները պայծառացնելով՝ մեր Քրիստոս Աստուծոյ աջակողմը կը կանգնեցնէ։

Երջանկայիշատակ Գարեգին Ա. Ամենայն Հայոց Հայրապետը կը գրէ.

- Խաչը շալկել չգիտցող մարդուն ուսերուն վրայ մեղքին ընկճող բեռն է, որ կապարի նման կը ծանրանայ։ Խաչակրութեան՝ զոհողութեան յանձնառումին մէջ պատիւ կայ, այսինքն՝ «արհամարհանքը ամօթ»ին։ Խաչը իր ուսին վրայ կամաւորապէս վերցնող անձը սիրոյ ուշխք մըն է մարդկային կեանքին մէջ։ Խաչին մէջ չարչարանք, ամօթ տեսնող անձը, կեանքի գնացքին իսկ մէջ անշարժ գերեզման մըն է:

- Խաչը՝ յաղթանա՛կ է, երբ սիրով կը տարուի. տառապա՛նք կը դառնայ այն ատեն, երբ սէրն անոր մէջ ցամքի ինչպէս ծառը փայտ կը դառնայ, երբ աւիշը անոր մէջ սպառի կամ չորնայ:

Աւարտենք, Գէորգ Չէօրեքճեան Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին սրտառուչ տողերով, որովհետեւ համոզուած ենք, որ հայ ժողովուրդը այսօր եւս կարիքն ունի սթափեցնող այս յորդորին.

- Սակայն կը յարգենք մենք խաչը խօսքով եւ Խաչեցեալին կը պաշտենք լոկ շրթներով. ահա Հայ ժողովուրդը՝ քաղցած ու ծարաւ. ո՞ւր է սէրդ հա՛յ հարուստ. ահա Հայ ժողովուրդը՝ հիւանդ ու ախտաւոր, ո՞ւր է խնամքդ հայ բժիշկ. ահա Հայ ժողովուրդը՝ թշուառ ու անմխիթար, ո՞ւր է սէրդ հա՛յ հոգեւորական. ահա Հայ ժողովուրդը իրաւազուրկ եւ անօգնական, ո՞ւր է անձնուէր սէրդ հա՛յ փաստաբան. ահա Հայ ժողովուրդը սուրի եւ կրակի ճարակ, ո՞ւր է սէրդ հա՛յ երիտասարդ։ Միթէ՞ բոլորիս սիրտերուն մէջ ցամքած է սէրը. սէր՝ որ կը գերազանցէ մարդկային սիրտի ամենէն ազնիւ զգացմունքը եւ ամենէն հանճարեղ միտքի ստղեծագործութիւնը։

Շրջապատեցէք այս խաչը, հայ եղբայրներ եւ քոյրեր, որուն փարած են ձեր պապերը, ծունկի եկէք այս խաչափայտին առջեւ, որ սիրոյ խորհրդանշան է, եւ աղօթարար ակնածութեամբ վեր նայեցէք դէպի Խաչեցեալը, որ կատարողն է ձեր խնդրանքներուն, եւ այն ատեն «ողորմութիւն եւ խաղաղութիւն Տեառն մերոյ եւ Փրկչին Յիսուսի Քրիստոսի, եղիցի ընդ ձեզ եւ ընդ ամենեսեանդ»։ Ամէն:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

4 սեպտեմբեր 2022, Վաղարշապատ

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 10, 2022