ԹՈՐՈՆԹՈՅԻ ՄԷՋ ՀԱՄԵՐԳ
Գանատայի հեղինակաւոր George Weston recital համերգասրահին մէջ վերջերս տեղի ունեցաւ Թորոնթոյի սիմֆոնիկ նուագախումբի «Մի՛ մոռնար զիս» խորագրով համերգը՝ նուիրուած 100-րդ տարելիցին: Նուագախումբին հետ ելոյթ ունեցաւ աշխարհահռչակ սոփրանօ Յասմիկ Պապեան ու ջութակահարուհի Նունէ Մելիքեան: Համերգի ընթացքին հնչեցին հայ երգահաններու՝ Եդուարդ Միրզոյեանի, Ալեքսանտր Յարութիւնեանի, Արամ Խաչատրեանի, Տիգրան Մանսուրեանի եւ Վաչէ Շարաֆեանի ստեղծագործութիւնները: Ի դէպ, վերջին երկու հեղինակներուն ստեղծագործութիւնները Գանատայի մէջ կատարուած են առաջին անգամ: Նուագախումբը ղեկավարած է Նուրան Արման:
Միւս կողմէ, Ապրիլի 22-ին Թորոնթօ քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ 100-րդ տարելիցի մշակութային ձեռնարկ: Հայ հանրայայտ խմբավար Փիթըր Ունճեանի ղեկավարած Թորոնթոյի սիմֆոնիկ նուագախումբի «Արարատ. Հայաստանի երաժշտութիւն» խորագրով համերգին որպէս մենակատարներ հանդէս եկան աշխարհահռչակ ջութակահար Սէրկէյ Խաչատրեան ու սոփրանօ Իզապէլ Պայրաքտարեան: Հնչեցին Արամ Խաչատրեանի, Կոմիտասի ստեղծագործութիւնները, կատարուեցաւ Ատոմ Էկոյեանի «Արարատ» գեղարուեստական ֆիլմին երաժշտութիւնը: Հիւրերու շարքին էին ինչպէս դեսպանութեան անձնակազմն ու հայ համայնքի ստուար զանգուածը, այնպէս ալ Թորոնթոյի տեղական մարմիններու ներկայացուցիչներ, Գանատայի խղճի ազատութեան գրասենեակի տնօրէն, դեսպան Էնտրիւ Պեննեթթ:
Ընկերամշակութային
- 11/28/2024