ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՇԱՐՔԷՆ
Այս շաբաթ փոքրիկ Զաւէնիկ մանկապարտէզին մէջ սորվեցաւ բառերը վանկերու բաժնելու նուրբ արուեստը: Նախապէս դաստիարակը մեզի ղրկած էր համապատասխան տեսերիզը, ուր տղաքը սիրով կը վանկատեն բառերը: Յիրաւի, մենք անոնց հետ մանկապարտէզ չենք յաճախեր, սակայն տեղեակ ենք մեր բալիկներու իւրաքանչիւր քայլէն։ Դաստիարակները օրուան աւարտին մեզի կը ղրկեն զեկոյց մը՝ տեսերիզներու, լուսանկարներու տեսքով եւ ամփոփիչ քանի մը բառով, կը ներկայացնեն իրենց օրը՝ ինչեր սորվեցան, ինչեր ըրին:
Զաւէնը մէկ տարեկանէն սկսեալ կը յաճախէ մանկապարտէզ: Կը յիշեմ, մէկամեակը բոլորելէ վերջ շաբաթը անգամ մը՝ շաբաթ օրերը զինք կը տանէինք Գարակէօզեան վարժարանին կից՝ մշակութային կեդրոն, ուր տեղի կ՚ունենային անգլերէնի դասեր՝ տարիքային խումբերով։ Անշուշտ, Զաւէնը կը մասնակցէր ամենէն փոքրերու խումբին։ Այնուհետեւ Պոլիսէն փոխադրուեցանք ու հաստատուեցանք Հայաստան, ուր Զաւէն երկու տարեկանին սկսաւ յաճախել մանկապարտէզ: Ան միշտ մեծ սիրով միացած է իր հասակակիցներուն եւ անոնց հետ միասին ծանօթացած՝ աշխարհին ու նորանոր բաներ սորված:
«Մեր այգին» մանկապարտէզէն, դաստիարակներէն այնքան գոհ ենք, որ գրեթէ երկու տարի ամէն օր չորս ժամ կը կորսնցնենք ճանապարհներուն վրայ. մեր տունէն մանկապարտէզ ժամ մըն է հանրաշարժով: Կ՚ուզեմ դպրոցը փոխել, սակայն տակաւին իմ մէջ համարձակութիւն, վճռականութիւն չեմ գտած: Բաց աստի, քանի մը ամիս մնացած է, շուտով Զաւէնիկ պիտի դառնայ դպրոցական:
Երեկոյեան, երբ բոլոր ընտանիք հաւաքուած էր, ես Զաւէնի հետ անցայ մտավարժանքի.
-Զա-ւէն, ծափիկներու ուղեկցութեամբ ես վանկատեցի իմ մանչուկի անունը, քանի՞ վանկ է:
-Երկու, գոհունակութեամբ իր զոյգ մատիկներով ցուցուց ու արտասանեց որդիս:
-Իսկ հիմա ես բառեր ըսեմ, դուն վանկատէ:
-Կ՚ըլլայ:
-Արեւիկ, Դանիէլ, Արի, Լուսէ, Արա, Վաղարշակ:
-Ա-րե-ւիկ՝ երեք վանկ, Դա-նի-էլ՝ երեք վանկ, Ա-րի՝ երկու վանկ, Լու-սէ՝ երկու վանկ, Ա-րա՝ երկու վանկ, Վա-ղար-շակ՝ երեք վանկ, պատասխանեց Զաւէնիկ եւ հարցուց. մամա, Արան ո՞վ է:
-Գօչունեանը, շուտով մեզի այցելութեան պիտի գայ:
Այստեղ քիչ մը կեցանք: Ես պատմեցի մեր հիւրի մասին, որ, եթէ Աստուած կամենայ, շուտով պիտի այցելէ մեզի: Այնուհետեւ շարունակեցինք մեր մտավարժանքը:
-Տղաս, իսկ հիմա կրնա՞ս վանկատել Արցախն ու Հայաստանը:
-Ար-ցախ՝ երկու վանկ, Հա-յաս-տան՝ երեք վանկ:
-Շատ ապրի՛ս: Իսկ հիմա վանկատէ մուկ բառը:
-Ո՛չ, մամա, սպասէ՛, բա Շուշին, խուճապահար շտապեց ինծի յիշեցնել Զաւէնիկ:
Այդ վայրկեանին ես ինքզինքս քիչ մը յանցաւոր զգացի: Ախր, ինչպէ՛ս կրնայի մոռնալ: Միւս կողմէ ալ ուրախ եմ, որ Զաւէնիկ յաճախ կը յիշեցնէ ինծի իմ բացթողումները:
-Շիտակ ես, որդի՛ս: Դե՛հ, վանկատէ Շուշին:
-Շու-շի՝ երկու վանկ:
-Իսկ հիմա Հադրութը:
-Հա-դրութ՝ երկու վանկ, մա՛մ, պէտք է հայերէնը շատ լաւ սորվի՞մ, որպէսզի կարենամ օգնել Արցախին, Շուշիին, Հայաստանին:
-Այո՛, տղաս, պէտք է հայերէնը շատ լաւ սորվիս, զԱստուած շատ սիրես, շատ խելացի եւ ուժեղ ըլլաս, որպէսզի կարենասմ օգնել Հայաստանին ու Արցախին:
-Մամա՛, եօթ տարեկանին լաւ հայերէ՞ն պիտի խօսիմ:
-Այո՛, զաւակս:
-Ութ տարեկանին ալ ֆրանսերէն պիտի խօսի՞մ:
-Այո՛, տղաս:
Չեմ գիտեր ուրկէ՞ Զաւէնիկին միտք մտած է, թէ ութ տարեկանին ֆրանսերէն պիտի խօսի: Ան յաճախ այս հարցը կու տայ ինծի: Պէտք է խոստովանիմ, որ ես նոյնպէս ունիմ այդպիսի ցանկութիւն, որու մասին սակայն երբեւէ վերջինիս քով չեմ բարձրաձայնած:
Այդ օրը Զաւէնիկ բազմիցս յիշատակեց Շուշիի անունը: Նոյնիսկ անակնկալ մը պատրաստեց մեզի համար. իր զգեստապահարանին դուռին փակցուց Արցախի դրօշակը եւ զիս հրաւիրեց իր սենեակ.
-Մամա, աչքերդ գոցէ, ձեռքդ ինծի տուր երթանք իմ սենեակ՝ անակնկալ ունիմ:
Երբ տեղ հասանք ըսաւ, կրնաս աչքերդ բանալ.
-Նայէ՛, Շուշիի դրօշակը:
Արցախի դրօշակին Զաւէնիկ մշտապէս Շուշիի դրօշակ կ՚ըսէ:
Այդ օրը նոյեմբերի ութն էր, չարաբաստիկ համաձայնագրի, Շուշիի, Արցախի յանձնումի նախօրէն: Թերեւս իմ հինգամեայ փոքրիկը բան մը զգացած էր: Չէ՞ որ ոչինչ կը մոռնայ: Իսկ մենք կը հաւատանք ու կ՚ապաւինինք Աստուծոյ ողորմութեան, զօրակցութեան եւ մեր զինուորի բազուկի ուժին:
Աստուած օգնական ու պահապան Հայաստան ու Արցախ աշխարհներուս:
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Երեւան
Ընկերամշակութային
- 11/29/2024