ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆԻ ԲԱԺԱԿԻ ՕՐԸ

Կեդրոնականի ընտանիքը երէկ մեծ խանդավառութիւն ապրեցաւ տարեկան աւանդական Բաժակի օրուան առթիւ։ Զանազան սերունդներէ սաներ համախմբուեցան մեծ ուրախութեամբ, նաեւ դպրոցի նկատմամբ երախտագիտական զգացումներով տոգորուած։ Կեդրոնական սանուց միութեան հաւաքատեղիին մէջ տեղի ունեցաւ Բաժակի օրը, որու ընթացքին 50-ամեայ եւ 25-ամեայ յոբելեար շրջանաւարտները, ինչպէս նաեւ վերջին շրջանաւարտները արժանացան ջերմ վերաբերմունքի։

Ներկայ էին Ղալաթիոյ խնամակալութեան ատենապետ Յարութիւն Էպէօղլու եւ իր գործակից ընկերները, վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Կարպիս Պալմումճու, տնօրէնուհի Սիլվա Գույումճեան, սանուց միութեան վարչութեան ատենապետ Գէորգ Սիմքէշեան եւ իր գործակից ընկերները, կրթական մշակներ եւ զանազան սերունդներէ շրջանաւարտներ։

Բաժակի պահուն հանդէս եկան երիցագոյն կեդրոնականցին՝ Սօնա Քէօսէեան-Զարդարեան եւ կրտսերագոյնը՝ Քնար Պալճը։ Բոլոր ներկաները բաժակ բարձրացուցին աւանդական կարգախօսով. «Ապրի՛ Կեդրոնականը, ապրի կեդրոնականցին»։

Սրտի խօսքերով հանդէս եկան Սօնա Քէօսէեան-Զարդարեան, Սիլվա Գույումճեան, Կարպիս Պալմումճու եւ Գէորգ Սիմքէշեան։ Այս վերջինը միեւնոյն ժամանակ դրուագներ ցուցադրեց՝ մօտաւոր անցեալին Նիւ Եորքի մէջ Էսաեան-Կեդրոնական սանուց միութեան հիմնադրութեան 50-ամեակին առթիւ կազմակերպուած յոբելենական ձեռնարկին։

50-ամեայ շրջանաւարտներէն Պօղոս Չալկըճըօղլու արտայայտուեցաւ յոբելեար դասարանի անունով։ Այս առթիւ յուշանուէրներ յանձնուեցան իրեն եւ Ստեփան Էօզչեթինքայայի, Կարօ Հալէպլիի, Գէորգ Սուլթանօղլուի, Վահագն Չաքարի եւ Արթօ Քիւրքճեանի։ 25-ամեայ յոբելեար շրջանաւարտներն ալ ստացան յուշանուէրներ, անոնց անունով խօսեցան՝ Վարուժան Մակար եւ Փայէլ Գազանճը։ Յայտագրի տեւողութեան խօսք առին նաեւ վերջին շրջանաւարտներէն ներկայացուցիչներ։

Այսպէսով կեդրոնականցիները Բաժակի օրուան բարձր տրամադրութիւնով անգամ մը եւս հաղորդակցութիւն թարմացուցին, ըմբոշխնեցին իրարու հետ համախմբուելու հաճոյքը ու վերանորոգեցին իրենց երախտագիտական զգացումները վարժարանին նկատմամբ։

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 10, 2018