ՕՐՈՒԱՅ ԼՐԱՀՈՍԸ ԽԱՆՈՒԹԷՆ

Ձմեռ է:

Եղանակը ցուրտ է: Այլեւս կարճաթեւ կամ թեթեւ հագուած չենք կրնար դուրսը պտտիլ: Դուրսը ցուրտ է, ներսը՝ սառնամանիք: Մինչդեռ անցեալ տարիներուն, իմ ապրած բոլոր ձմեռներուն ներսը միշտ տաք էր. փողոցէն տուն կը շտապէինք տաքնալու համար: Սակայն այս տարի, ամիս մը առաջ, թիկունքէն ծանր ու անսպասելի հարուած ստանալէ վերջ այլեւս երբեք չկրցանք տաքնալ: Շշմած ենք ու անզգայացած:

Մեր աչքերը յառած ապագային, գալիքին՝ բարի լուրի մը կը սպասենք: Ներկան հեղձուցիչ է, կը խուսափինք ներկայէն: Բաց ծովու մէջ խեղդուողի մը նմանած ենք: Հազիւ մեր գլուխը վեր կը պահենք չխեղդուելու համար: Ամէն կերպ կը փորձենք մօտենալ ցամաքին, սակայն մեր տեսադաշտին մէջ տակաւին չենք նշմարեր:

Երանի՜ անոնց, որոնք կրնան ժպտիլ, երանի՜ անոնց, որոնք տօնական պատրաստութիւններ կը տեսնեն, երանի՜ անոնց, որոնք անտարբեր են տեղի ունեցածի հանդէպ:

Մեր երկիրը կործանման եզրին հասցուցածը ոսկորի մը պէս խրուած է մեր կոկորդին: Ծանր կշռաքարի մը պէս կախուած է մեր հոգիէն, կը խանգարէ մեզ շնչած ու արտաշնչած ատեն: Իր ներկայութեանբ անդադար կը մրմռացնէ մեր վէրքերը:

Այլեւս հեռատեսիլէն չեմ հետեւիր լուրերուն. յայտնի է հեռուստաընկերութիւններու բռնած ստիպողական դիրքորոշումը: Այդ քօղարկուած, շինծու լուրերը, ցաւ մըն է, որ կը պատճառեն մարդուս: Օրուայ անցուդարձին հետեւելու իմ հիմնական աղբիւրը դիմատետրն է:

Դիմատետրը աղբաման մըն է, լի տարատեսակ լուրերով ու կարծիքներով: Սակայն ի տարբերութիւն հեռատեսիլի, մենք հնարաւորութիւն ունինք զայն մաքրելու: Վերջին մէկ ամսուայ հոլովոյթին իմ էջը մաքրած եմ մարդկային աղբերէ ու իմ օրինակին հետեւած են շատեր:

Վերջերս ալ դիմատետրս թերթած ատեն հանդիպեցայ շատ հետաքրքրական դէպքի մը: Իմաստուն մէկը, առաւել արդիւնաւէտ ուղի մը ընտրած է օրուայ լրահոսին հետեւելու համար:

Եւ այսպէս՝ մարդ մը առաւօտեան կանգառ իջած ատեն հանդիպած է իր դրացի Վաղարշակին, որ ինչ-որ տեղ կը շտապէր.

-Վաղօ, ո՞ւր կ՚երթաս:

-Պիտի մտնեմ այն խանութը՝ այսօրուայ լուրերը կարդալու:

-Խանութի մէջ ի՞նչ լուր պիտի կարդաս:

-Եկո՛ւր, կը տեսնես:

Պահ մը խորհեցայ՝ անվերջանալի կորուստներէն խենթեցեր է: Սակայն, այնուամենայնիւ, ետեւէն մտայ խանութ: Մօտեցաւ պտուղներու եւ բանջարեղէններու բաժնին, ուշադիր նայեցաւ եւ գոչեց.

-Փա՛ռք Աստուծոյ, Մեղրին տակաւին մերն է:

-Ի՞նչ իմացար:

-Տես՝ կը գրէ «Մեղրիի արքայանարինջ»: Տեսքէն կ՚երեւի, որ այսօր բերած են:

-Առ քեզի լրատուութիւն...

-Հազա՛ր փառք ու պատիւ:

-Ի՞նչ տեսար:

-Գորիսը նոյնպէս մերն է:

-Այդ ինչպէ՞ս:

-Խնդրեմ, գրուած է «Գորիսի լոպի»: Երէկ չկար, վստահաբար այսօր բերին:

-Վաղօ, վայրկեան մը սպասէ:

-Ի՞նչ կայ:

-Կարծես թէ Պաղտատը նոյնպէս մերն է:

-Ի՞նչ Պաղտատ:

-Նայէ, այն անկիւնին կը գրէ «Պաղտատի խուրմայ»:

-Այդ անկիւնի հետ գործ չունիս:

-Ինչո՞ւ:

-Այդտեղ միջազգային լուրերն են, դուն տեղական լուրերը կարդայ:

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 10, 2020