ԿԻՐԱԿՄՈՒՏՔԻ ԽՈՐՀՐԴԱԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐ. Ո՞Վ ՀՐԱՒԻՐԵԼ

Վաղուան ճաշու ընթերցուածները հետեւեալներն են.

Եսայիի մարգարէութենէն 37.14-38:

Պօղոս առաքեալին Թեսաղոնիկեցիներուն ուղարկած 2-րդ նամակէն 1.1-12:

Ղուկասի Աւետարանէն 14.12-24:

Ղուկասի Աւետարանին մէջ կը կարդանք.

«Ապա Յիսուս տանտիրոջ ըսաւ.

-Երբ ճաշի կամ ընթրիքի հրաւէր կու տաս, մի՛ կանչեր բարեկամներդ կամ եղբայրներդ, ազգականներդ եւ հարուստ դրացիներդ, որպէսզի չըլլայ որ անոնք ալ քու հրաւէրիդ փոխարէն քեզ հրաւիրեն, եւ այս ձեւով քեզի հատուցում կատարած ըլլան։ Ընդհակառակը, երբ ճաշկերոյթ կու տաս, կանչէ աղքատներն ու խեղանդամները, կաղերն ու կոյրերը եւ այն ատեն երանելի պիտի ըլլաս, որովհետեւ անոնք փոխարէնը քեզի հատուցանելիք ոչինչ ունին։ Եւ գիտցած եղիր, որ քու հատուցումդ պիտի ստանաս արդարներու յարութեան ժամանակ։

Երբ սեղանակիցներէն մէկը այս խօսքերը լսեց, ըսաւ Յիսուսի.

-Երանի՜ անոր որ Աստուծոյ արքայութեան մէջ ճաշ պիտի ուտէ։

Յիսուս անոր հետեւեալ առակը պատմեց.

-Մարդ մը կար, որ մեծ ընթրիք մը սարքեց եւ շատեր հրաւիրեց։ Ընթրիքի ժամուն իր ծառան ղրկեց, որպէսզի հրաւիրեալներուն ըսէ. “Եկէք, ամէն ինչ պատրաստ է արդէն”։ Հրաւիրեալները սկսան մէկ առ մէկ հրաժարիլ։ Առաջինը ըսաւ. “Արտ մը գնեցի, պէտք է երթամ տեսնեմ զայն, հետեւաբար կը խնդրեմ որ ներողամիտ գտնուի”։ Միւսը ըսաւ. “Հինգ զոյգ եզ գնեցի, պէտք է երթամ փորձեմ զանոնք, հետեւաբար կը խնդրեմ որ ներողամիտ գտնուի”։ Ուրիշ մը ըսաւ. “Տակաւին նոր ամուսնացայ, հետեւաբար չեմ կրնար գալ”։ Ծառան վերադարձաւ եւ իր Տիրոջ պատմեց անոնց ըսածները։ Այն ատեն տանտէրը վրդոված՝ ըսաւ ծառային. “Անմիջպէս հրապարակ գնա՛ եւ հրապարակներուն ու փողոցներուն մէջ որքան որ աղքատ, խեղանդամ, կաղ եւ կոյր տեսնես՝ բոլորն ալ հոս բեր”։ Քիչ ետք ծառան վերադառնալով ըսաւ. “Տէ՛ր, հրամանդ կատարեցի, բայց տակաւին տեղ կայ”։ Տէրը ծառային հրամայեց. “Քաղաքէն դուրս գնա՛ եւ ճամբաներուն վրայ ու դաշտերուն մէջ ո՛վ որ գտնես՝ ստիպէ որ գայ, որպէսզի տունս լեցուի։ Կ՚ըսեմ ձեզի, որ առաջին հրաւիրեալներէն ո՛չ մէկը իմ ընթրիքէս պիտի ճաշակէ”»։

Շաբաթ օրով մը Տէր Յիսուս փարիսեցի իշխանաւորի մը տունը մտած էր ճաշելու: Ջրգողեալ մարդ մը տեսնել, մեր Տէրը կը հարցնէ ներկայ Օրէնքի ուսուցիչներուն եւ փարիսեցիներուն, թէ Օրէնքը Շաբաթ օրով կ՚արտօնէ բժշկութիւն կատարել: Անոնք չեն պատասխաներ: Տէր Յիսուս կը բժշկէ այդ մարդը, եւ անոնց կ՚ըսէ.

-Եթէ ձեզմէ մէկուն էշը կամ եզը ջրհոր իյնայ, զայն չի՞ հաներ Շաբաթ օրով (Ղկ 14.5): Անոնք դարձեալ լուռ կը մնան:

Յետոյ մեր Տէրը տեսնելով, թէ ինչպէս հրաւիրեալները պատուոյ տեղեր կը փնտռեն նստելու համար, անոնց առակով մը կը թելադրէ, որպէսզի երբ հրաւէր ստանայ ու երթայ, պատուոյ տեղ չփնտռէ, այլ՝ նստի վերջին աթոռին, եւ ձգէ որ զինք հրաւիրող գայ ու առաջնորդէ զինք աւելի պատուոյ տեղ մը նստելու (կարդա՛ Ղկ 14.7-11):

Ետքէն Տէր Յիսուս կը բացատրէ, թէ ո՞վ պէտք է հրաւիրել եւ կը խօսի նաեւ մեծ խնջոյքին առակը:

Հետաքրքական է հրաւէրի մասին մեր Տիրոջ ըմբռնումը, որ տարբեր է մեր աշխարհիկ-երկրային ըմբռնումէն: Արդի ընկերութիւնը մանաւանդ, միշտ տարուած է փոխադարձ շահերու հիման վրայ կազմելու կամ ունենալու իր յարաբերութիւնները, այսինքն՝ հոն ուր շահ կայ, որմէ որ ակնկալիք կայ, ով որ մեծահարուստ է, կամ բարձր դիրքերու հասած է, այդպիսիները զիրար կը հրաւիրեն, միշտ իրենց միտքին մէջ ունենալով իրենց շահը:

Տէր Յիսուսի ըմբռնումը սակայն ամբողջութեամբ տարբեր է մարդկային այս տմարդի ըմբռնումէն: Արդարեւ, Տէր Յիսուս կը թելադրէ հրաւիրել այնպիսիները, որոնք փոխադարձը տալու ի զօրու չեն, որոնք իսկապէս կարիքի մէջ են: Այսպէս, Տէրը կը թելադրէ չհրաւիրել մեր բարեկամները, եղբայրները, կամ ազգականներն ու հարուստ դրացիները, որոնք ի վիճակի են քու հրաւէրիդ փոխադարձելու, եւ այդպիսով հատուցումդ կորսնցուցած կ՚ըլլաս: Ընդհակառակը, Տէրը կը թելադրէ հրաւիրել աղքատներն ու խեղանդամները, կաղերն ու կոյրերը, որոնք փոխհատուցելիք ոչինչ ունին, եւ այդպիսով յարութեան ժամանակ հատուցումի արժանի պիտի ըլլաս:

Ղպտի Եկեղեցւոյ հոգեւորականներէն Հայր Թատրոս Եաագուպ Մալթի, իր Ղուկասի Աւետարանին մեկնութեան մէջ այսպէս կը գրէ.

«Սուրբ Կիւրեղ Մեծը այս օրինակին [ո՞վ հրաւիրել] մասին կը խօսի, ըսելով, թէ անոնք որոնք կ՚ուզեն գեղեցիկ պատկեր մը ներկայացնել, մէկ գոյն գործածելով չեն բաւարարուիր. այդպէս ալ բոլորին Աստուածը, հոգեւոր գեղեցկութիւն պարգեւողն ու սորվեցնողը, մեր հոգիները զանազան առաքինութիւններով կը զարդարէ, որպէսզի սուրբ կեանք մը ունենանք տարբեր կողմերով [որպէսզի կատարելութեան հասնի Իր նմանութիւնը մեր մէջ]: Այս պատճառով Տէր Յիսուս հրամայեց Օրէնքի ուսուցիչներուն, փարիսեցիներուն եւ դպիրներուն, որպէսզի խոնարհութեան հոգիով ընթանան եւ ձերբազատուին սին փառքի սէրէն եւ առաջին աթոռները չփնտռեն: Եւ հիմա անոնցմէ աղքատասիրութիւն կը պահանջէ, իրենց ճաշկերոյթներուն հարուստներ չհրաւիրել՝ անոնցմէ փառաբանանք լսելու համար եւ երեւելու, այլ՝ [հրաւիրել] կարօտեալները, խեղանդամները, ամէն տեսակի մարմնական հիւանդութիւններ ունեցողները, որպէսզի երկինքներու մէջ Աստուծմէ իսկ հատուցում ստանան: Սուրբ Կիւրեղ Մեծը կը շարունակէ իր խօսքը այս առաքինութեան մասին՝ որ հոգին կը զարդարէ, ըսելով.

“Դասը, որ կը սորվեցնէ մեզի՝ աղքատասիրութիւնն է, Աստուծոյ աչքին թանկարժէք բանը…:

Ուրախութի՞ւն կը զգաս երբ կը մեծարեն քեզ ընկերներդ ու ազգականներդ, որոնց ճաշկերոյթի կը հրաւիրես. ըսեմ քեզի, թէ ի՛նչ բանը աւելի լաւ է, որով հրեշտակները կը մեծարեն քեզ, վերին իմաստուն զօրութիւններն ու սուրբերն ալ այդ կ՚ընեն, նաեւ Աստուած կ՚ընդունի այն, որ բոլորը կը հրաւիրէ, կը սիրէ ողորմութիւնը եւ գթասիրտ է: Փո՛խ տուր անոր եւ մի՛ վախնար, պիտի վերադարձնէ զայն քեզ աւելիով, քանի որ ըսուած է. ‘Ով որ աղքատին կ՚ողորմի, Տիրոջ փոխ կու տայ’ (Առ 19.17): Ան գիտէ փոխ տրուածը եւ կը խոստանայ վերադարձնել զայն (տե՛ս Մտ 18.23-35):

Ձեռք բեր Աստուծմէ բխած շնորհքը: Երկինքի ու երկրի Տէրը քեզի ընկեր ըրէ, որովհետեւ իրապէս որ մարդը շատ ոսկիով մարդոց ընկերութիւնը ձեռք կը բերէ, որով եթէ բարձր դիրքեր ունեցողները մեր հետ ընկերացան, մեծ ուրախութիւն կը զգանք մեր կարելիութենէն վեր եղող նուէրներ նուիրելով, որպէսզի պատիւ զգանք անոնց մօտ ըլլալուն եւ մտերմութիւնը վայելելուն, այս բոլորով հանդերձ սակայն, ասոնք անցողակի բաներ են, շուտով կը վերջանան, երազի շուքին նման կ՚անցնին:

Չ՚արժե՞ր մտածել Աստուծոյ տան մէջ անդամակցութիւն ձեռք բերելու մասին: Կամ զայն մեծ բան մը կը համարե՞նք: Անպայմանօրէն մեռելներէն յարութիւն առնելէ ետք Յիսուսի ներկայութեան դիմաց պիտի կանգնին, եւ հատուցում պիտի տրուի գթասիրտներուն եւ ողորմածներուն, իսկ դաժան դատաստան պիտի ըլլայ կարծրասիրտներուն նկատմամբ, որոնք բնական սէր չունէին…: Ըսուած է, արդարեւ. ‘Որովհետեւ Աստուած Իր դատաստանին մէջ անողորմ պիտի ըլլայ այն մարդուն նկատմամբ՝ որ ուրիշներուն հանդէպ ողորմած չէ եղած’ (Յկ 2.13)”»:

Խնջոյքի առակին պարագային ընթերցողներուն որոշ հատուածներ պիտի ներկայացնենք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միաբաններէն՝ Գերպ. Տ. Վաղինակ Ծայրագոյն Վարդապետ Մելոյեանի այս առակին մասին կատարած մեկնութենէն:

Այսպէս.

«Մարդ մը կար, որ մեծ ընթրիք մը սարքեց եւ շատեր հրաւիրեց» (Ղկ 14.16): Իսկ թէ ի՞նչ է հաւատացեալին համար պատրաստուած ընթրիքը, երկու բացատրութիւններ կան, որոնք զիրար կ՚ամբողջացնեն.-

ա.- Կարգ մը մեկնիչներ կ՚ըսեն թէ «ընթրիքը» պիտի ըլլայ Քրիստոս Ի՛նք, որ յայտարարեց. «Ե՛ս եմ կեանքի հացը» (Յհ 6.35, 48): Քրիստոս Ի՛նք պիտի ըլլայ հաւատացեալներուն կերակուրը Աստուծոյ արքայութեան մէջ: Բայց հարկաւ բնագիրը Աստուծոյ արքայութեան մէջ ըլլալիք «ընթրիքին» մասին չէ որ կը խօսի, այլ՝ այս աշխարհին մէջ հաւատացեալներուն ունեցած «ընթրիքին» մասին: Ի՞նչ է հաւատացեալներուն «ընթրիքը» այս աշխարհին մէջ: Այդ ընթրիքը նոյնինքն Աստուծոյ ներկայութիւնն է: Աստուած Ի՛նքն է որ Իր ներկայութեամբ կը լեցնէ ու կը լիացնէ Իր զաւակները: Սիրտ մը որ իր մէջ չունի Քրիստոսը՝ դատա՛րկ է այդ սիրտը: Հոգի մը որ իր մէջ չունի Սուրբ Հոգին՝ պարա՛պ է այդ հոգին: Անձ մը որ իր մէջ չունի մեր երկնաւոր Հօր տաքուկ շունչը՝ անշունչ անձ է անիկա:

բ.- Այլ մեկնիչներ կ՚ըսեն թէ «ընթրիքը» Քրիստոսի Աւետարանն է, Աստուծոյ կենսատու խօսքը: Քրիստոս Իր խօսքով կշտացուց մարդոց էութեան մէջ գոյութիւն ունեցող Աստուածադիր ծարաւը: Ինչպէս ըսի, տուեալ երկու բացատրութիւնները զիրար կ՚ամբողջացնեն, որովհետեւ կարելի չէ զատել իրարմէ Քրիստոսը եւ Քրիստոսի Աւետարանը, կամ՝ Աստուծոյ ԽՕՍՔԸ՝ Աստուծոյ խօսքէն:

3.- «Շատեր հրաւիրեց»: Փրկիչին գալու եւ փրկութիւնը ընդգրկելու հրաւէրը ուղղուած չէ մարդոց որոշ դասակարգին միայն, այլ՝ անխտիր բոլորին: Բազմաթիւ են Աստուածաշնչական այն վկայութիւնները, որոնք կը պարզեն, թէ Աստուած բոլոր մարդոց փրկութիւնը կ՚ուզէ: Թուեմ անոնցմէ մէկ-երկուքը: Պօղոս առաքեալ կը հաստատէ. «Ա՛յդ է բարին եւ այդ կը փափաքի Աստուած, մեր Փրկիչը, որ կ՚ուզէ որ բոլոր մարդիկը փրկուին եւ հասնին ճշմարտութեան ճանաչումին, թէ՝ մէկ Աստուած կայ միայն, եւ Աստուծոյ ու մարդոց միջեւ միակ միջնորդ մը՝ Յիսուս Քրիստոս մարդը, որ ինքզինքը իբրեւ փրկագին տուաւ բոլոր մարդոց համար» (Ա.Տմ 2.3-6): «Բոլոր մարդիկը» եւ «բոլոր մարդոց համար» բացատրութիւնները որոշապէս ցոյց կու տան, որ Աստուծոյ կամքն է «որ բոլոր մարդիկը փրկուին»: Պետրոս առաքեալ կը վկայէ, որ Աստուած «չ՚ուզեր որ ոեւէ մէկը կորսուի, այլ՝ կ՚ուզէ որ բոլորն ալ ապաշխարելու առիթ ունենան» (Ա.Պտ 3.9): 

Մէկը կրնայ մտածել, որ «շատեր» բառը (Յունարէն՝ Vuollop), չ՚ընդգրկեր «բոլորը» նշանակութիւնը, այլ խօսքով, ցոյց չի տար, որ բոլոր մարդիկը հրաւիրուեցան փրկութեան: Առարկութիւնը տեղին է եւ շիտակ: Բայց կարեւոր է գիտնալ, որ մենք հոս ունինք «շատեր» բառը եւ ո՛չ թէ «բոլորը» բառը, որովհետեւ Քրիստոս Իր երկրաւոր կեանքի ընթացքին, Իր փրկութիւնը առաջին հերթին ուղղեց միայն հրեաներուն եւ ո՛չ թէ աշխարհի բոլոր ժողովուրդներուն, եւ նոյնիսկ երբ Իր աշակերտները առաքելութեան պիտի ղրկէր, անոնց պատուիրեց չմտնել հեթանոսներուն շրջանները եւ Սամարացիներուն քաղաքները, այլ մասնաւորաբար երթալ Իսրայէլի կորսուած ոչխարներուն (Մտ 10.5-6): Բայց Իր յարութենէն ետք, Յիսուս պատուիրեց Իր փրկութիւնը տարածել բոլոր ժողովուրդներուն մէջ, ինչ որ առակն իսկ ցոյց կու տայ իր 22-23 համարներուն մէջ, որուն մասին քիչ մը անդին պիտի խօսինք:

«Ընթրիքի ժամուն իր ծառան ղրկեց, որպէսզի հրաւիրեալներուն ըսէ. “Եկէք, ամէն ինչ պատրաստ է արդէն”» (Ղկ 14.17):

Քանի մը հաստատումներ.-

1.- «“Ընթրիքի” ժամուն»: Նախորդ համարին մասին խօսած ատեն, բացատրեցինք, թէ ի՞նչ է «ընթրիք»ը, եւ ըսինք, թէ ատիկա Քրիստոսի Աւետարանն է, կամ՝ նոյնինքն Քրիստոսը: Հիմա տեսնենք, թէ ինչո՞ւ մեր հոգեւոր կերակուրը կոչուած է «ընթրիք»: Երեք բացատրութիւններ.-

ա.- Ընթրիքը օրուան աւարտին տեղի կ՚ունենայ: Ինչպէս օրուան ծանր աշխատանքին կը յաջորդէ ընթրիք եւ հանգիստ, այնպէս ալ, երբ մեր երկրաւոր կեանքի հաւատքի ու աշխատանքի օրերը իրենց աւարտին հասնին՝ մենք զմեզ դէմ յանդիման պիտի գտնենք Տիրոջ պարգեւած ընթրիքին ու հանգիստին:

բ.- Մեծն Կիւրեղ կը բացատրէ, թէ Քրիստոսի կողմէ տրուածը «ընթրիք» կոչուած է, որովհետեւ ընթրիքը երեկոյեան եւ գիշերուան միջեւ տեղի կ՚ունենայ, եւ որովհետեւ մեր իսկական «ընթրիքը»՝ Քրիստոս, Ինք եւս երեկոյեան եւ գիշերուան միջեւ ընծայուեցաւ խաչին վրայ:

գ.- Բոլորս ալ գիտենք, որ մեզի համար պատուական եւ սիրելի հիւրերը ընթրիքի՛ կը կանչենք եւ ո՛չ թէ նախաճաշի կամ ճաշի: Եւ ինչո՞ւ: Որպէսզի կարենանք իրենց հետ աւելի երկար նստիլ, եւ սիրալիր յարաբերութիւն ու խօսակցութիւն ունենալ: Ասիկա նոյնքան ճշմարիտ է Քրիստոսի պարագային: Քրիստոս Ինք եւս մեզի հանդէպ Իր ունեցած մեծ սիրոյն համար եւ մեզ պատուելու համար՝ մեզ ընթրիքի կը կանչէ եւ ո՛չ թէ նախաճաշի կամ ճաշի: Ընդհանրապէս նախաճաշի կամ ճաշի եկողը որոշ ժամանակ մնալէ ետք կը մեկնի, բայց ընթրիքի եկողը՝ երկա՜ր կը մնայ, եւ նոյնիսկ կրնայ իր եղած տունին մէջ գիշերել, ճիշդ ինչպէս Յիսուս Ինք գիշերեց Զակքէոսի տունը, ընթրելէ ետք անոր տան մէջ (Ղկ 19.5): «Ընթրիք» բացատրութեամբ ըսել ուզուածը, հետեւաբար, այն է՝ որ Յիսուս մեզ կը հրաւիրէ, որպէսզի մեր երկրաւոր կեանքի օրերը հետը անցընենք, քովը գիշերենք՝ մնանք, մինչեւ որ ժամանակը գայ եւ հրաւիրուինք ամբողջ յաւիտենականութեան ընթացքին հետը մնալու, եւ Իրեն հետ սիրալիր ժամանակ անցընելու:

3.- «Իր ծառան ղրկեց»: Ըստ կարգ մը մեկնիչներու, ընթրիք սարքող մարդը կը ներկայացնէ մեր երկնաւոր Հայրը, իսկ մարդուն կողմէ ղրկուող ծառան՝ Քրիստոսը, բայց հաւանական չի թուիր որ հոս յիշուող ծառան ըլլայ Քրիստոսը՝ Ինք: Մենք վերեւ բացատրեցինք, որ ընթրիք սարքողը Քրիստոս Ինքն է, այլ խօսքով, Քրիստոս Ինքն է որ փրկութեան հրաւէրը ուղղեց հրեայ ժողովուրդին, եւ Իր խաչելութենէն ու յարութենէն ետք, շարունակեց այդ հրաւէրը ուղղել անոնց, այս անգամ սակայն Իր աշակերտներուն միջոցաւ: Հետեւաբար, հոս յիշուող ծառան կը ներկայացնէ առաքեալներուն ամբողջ գունդը: Թէ ինչո՞ւ այստեղ յոգնակիով՝ «ծառաներ» ըսելու փոխարէն, կ՚ըսուի՝ «ծառան», պարզապէս անոր համար, որ Քրիստոսի հայեացքով առաքեալները մէ՛կ ամբողջութիւն են, մէ՛կ գունդ են, մէ՛կ եւ միա՛կ նպատակի մը կանչուած: Չմոռնանք որ հոս եզակիով յիշուած՝ «ծառայ» բառը, Մտ 22.3-ին մէջ յոգնակիով յիշուած է՝ «ծառաներ»: Այս իրողութիւնը կը պարզէ, որ Քրիստոսի համար առաքեալներու բազմութիւնը մէկ է, բայց մէկ ըլլալով հանդերձ անոնք առանձին-առանձին անհատներ են, իւրաքանչիւրը կոչուած գործելու եւ աշխատելու Քրիստոսի միեւնոյն դաշտին մէջ՝ միեւնոյն նպատակին համար, եւ այդ նպատակը մարդիկը Իրեն բերելն է:

4.- Առակը մեզի ցոյց կու տայ, որ ծառան երեք անգամ կը ղրկուի հրաւիրեալները ընթրիքի կանչելու (17, 21 եւ 23 համարներ): Հարսանիքի հրաւիրեալներուն առակին մէջ եւս կը տեսնենք, որ ծառաները երեք անգամ կը ղրկուին (Մտ 22.3, 4, 8-9): Արդ, Յիսուս իսկապէ՞ս Իր աշակերտներուն միջոցաւ երեք անգամ փրկութեան հրաւէր ուղղեց հրեաներուն: Այո՛: Առաջին անգամ անոնց ղրկեց Իր 12 աշակերտները (Ղկ 9.1-6), երկրորդ անգամ անոնց ղրկեց Իր 72 աշակերտները (Ղկ 10.1), իսկ երրորդ անգամ դարձեալ անոնց ղրկեց Իր 12 աշակերտները Իր յարութենէն ետք (Մտ 28.18-20), որ սակայն անմիջապէս հակառակութեան հանդիպելով՝ պիտի դառնային ու բացուէին ամբողջ աշխարհին, ինչ որ մեզի ցոյց կու տայ Գրծ 1.8-ը ուր կը կարդանք. «Երբ Սուրբ Հոգին իջնէ ձեր վրայ, զօրութեամբ պիտի լեցուիք եւ Իմ վկաներս պիտի ըլլաք՝ Երուսաղէմի, ամբողջ Հրէաստանի եւ Սամարիայի մէջ, եւ մինչեւ աշխարհի ծայրամասերը»: Արդարեւ, բոլորս ալ գիտենք, որ Հոգեգալուստէն ետք, աշակերտները ուղղակիօրէն հեթանոսներուն չգացին, այլ իրենց առաքելութիւնը նախ սկսան Երուսաղէմէն, ապա տարածուեցան «ամբողջ Հրէաստանի եւ Սամարիայի մէջ», հուսկ ապա երթալու համար «մինչեւ աշխարհի ծայրամասերը»:

6.- «Եկէք»: Ամբողջ Աստուածաշունչը ուղղակի թէ անուղղակի կոչ մըն է գալու Աստուծոյ եւ ընդգրկելու Անոր փրկութիւնը: Տարբեր առիթով մը դարձեալ Յիսուս ըսաւ. «Ինծի՛ եկէք» (Մտ 11.28): Յիսուս մեզ չի հրաւիրեր Իրեն գալու, որովհետեւ մեր կարիքը ունի, ընդհակառակը, մեզ կը հրաւիրէ Իրեն գալու, որովհետեւ գիտէ որ մե՛նք է որ Իր կարիքը ունինք:

Առանց Իրեն մենք չենք կրնար ապրիլ, որովհետեւ Ի՛նքն է Կեանքը:

Առանց Իրեն մենք աղքատ ենք, որովհետեւ Ի՛նքն է Հարուստը:

Առանց Իրեն մենք վիրաւոր ենք, որովհետեւ Ի՛նքն է Բժիշկը:

Առանց Իրեն մենք թշուառ ու դժբախտ ենք, որովհետեւ Ի՛նքն է Երջանկութիւնը:

Առանց Իրեն մենք սգաւոր ենք, որովհետեւ Ի՛նքն է Մխիթարութիւնը:

Առանց Իրեն մենք խաւար ենք, որովհետեւ Ի՛նքն է Լոյսը:

Ինչպէս կը մթննայ երկինքը առանց արեւին, լուսինին եւ աստղերուն, այնպէս ալ, կը մթննայ մեր մէջ եղող երկինքը՝ առանց ճշմարտութեան ու արդարութեան արեգակին՝ Յիսուսի:

Հրեաներ չէին անդրադառնար, որ այս առակին ընդմէջէն, իրենց սպասած ու խոստացուած Փրկիչն էր որ կոչ կ՚ուղղէր իրենց. «Եկէք»: Իրենք կը սպասէին, որ Փրկիչը տարբեր ձեւով մը յայտնուէր. յայտնուէր նիւթական զօրութեամբ՝ նիւթական ազատագրութիւնը բերելու իրենց: Անոնք կ՚ուզէին մէկը, որ զիրենք ազատագրէր Հռոմէական տիրապետութենէն եւ ո՛չ թէ Սատանային տիրապետութենէն: Անոնք կը սպասէին մէկը, որ պիտի գար վերականգնելու Դաւիթի թագաւորութիւնը եւ ո՛չ թէ Աստուծոյ թագաւորութեան ներկայութիւնը իրենց կեանքին մէջ:

«Հրաւիրեալները սկսան մէկ առ մէկ հրաժարիլ: Առաջինը ըսաւ. “Արտ մը գնեցի, պէտք է երթամ եւ տեսնեմ զայն, հետեւաբար կը խնդրեմ որ ներողամիտ գտնուի”» (Ղկ 14.18):

Քանի մը հաստատումներ.-

1.- 18-20 համարներուն մէջ կը տեսնենք երեք անձեր, որոնք երեք տարբեր պատճառաբանութիւններ կը ներկայացնեն չընդառաջելու համար հրաւէրին: Առաջինը կ՚ըսէ. «Արտ մը գնեցի, պէտք է երթամ եւ տեսնեմ զայն»: Ո՞վ կը ներկայացնէ յիշեալ անձը: «Արտը» խորհրդանիշ է աշխարհին, ուստի արտ գնողը կը ներկայացնէ աշխարհին կապուած մարդիկը, որոնք չեն կրնար ընդառաջել Աւետարանի հրաւէրին: Ասկէ առաջ բացատրեցինք, որ հրեաներուն ակնկալութիւնը աշխարհային թագաւորութիւն մըն էր, ուստի, անոնք աշխարհին կապուած ժողովուրդ էին:

Համաձայն Սուրբ Օգոստինոսի, արտ գնող մարդը կը ներկայացնէ այն մարդիկը՝ որոնք աշխարհի մէջ իշխանութիւն ունին յատուկ կամ որոշ բաժնի մը վրայ, եւ ուստի, կը խորհրդանշէ՝ մեծամտութիւն:

Իսկ համաձայն Սուրբ Ամբրոսիոսի, արտ գնող մարդը կը ներկայացնէ այն մարդիկը՝ որոնք երկրային բաներով կը զբաղին եւ երկրային տուներ ունենալ կը ցանկան եւ ատիկա զիրենք կը հեռացնէ Աստուծոյ արքայութենէն:

«Միւսը ըսաւ. “Հինգ զոյգ եզ գնեցի, պէտք է երթամ փորձեմ զանոնք, հետեւաբար կը խնդրեմ որ ներողամիտ գտնուի”» (Ղկ 14.19):

Քանի մը մատնանշումներ.-

1.- Սարքուած ընթրիքին ներկայ չըլլալու համար, առաջին երկու անձերուն ներկայացուցած պատճառաբանութիւնները իրարու հետ առընչութիւն ունին:

Առաջինին մէջ կը խօսուի «արտի» մասին, իսկ այստեղ կը խօսուի «հինգ զոյգ եզի» մասին: Անոնք իրարու հետ առընչութիւն ունին, այն իմաստով՝ որ եզը արտին մէջ աշխատցուող կենդանին է: Երկու հարցում կայ, որոնց պէտք է պատասխանել.-

ա.- Որո՞նց կը ներկայացնէ «հինգ զոյգ եզ» գնող մարդը: Եթէ արտ գնողը կը ներկայացնէ աշխարհին կապուած մարդիկը, ինչպէս վերեւ ըսինք, ապա «հինգ զոյգ եզ» գնող մարդը կը ներկայացնէ աշխարհային ցանկութիւններով, մտահոգութիւններով եւ գործերով բռնուած մարդիկը:

բ.- Ի՞նչ կը խորհրդանշէ եզը: Եզը կը խորհրդանշէ աշխարհային գործերը, մտահոգութիւնները, ցանկութիւնները, փափաքները, եւ այլն: Չմոռնանք որ եզերը կը գործածուին արօրի միջոցաւ արտերուն մէջ ակօսներ բանալու կամ զանոնք հերկելու: Իսկ արտերը հերկելէ ետք՝ անոնց մէջ սերմեր կը ցանուին: Ուստի, «հինգ զոյգ եզ» գնող եւ զանոնք փորձելու գացող մարդը կը ներկայացնէ աշխարհի համար գործող, քրտնող, աշխատող, սերմանող, ցանող ու երկնող մարդիկը:

«Ուրիշ մը ըսաւ. “Տակաւին նոր ամուսնացայ, հետեւաբար չեմ կրնար գալ”» (Ղկ 14.20):

Քանի մը մատնանշումներ.-

1.- Երրորդ այս անձը որ կը մերժէ հրաւէրին ընդառաջել, մերժող առաջին երկու անձերէն տարբեր խօսելաոճ մը ունի:

Առաջին երկուքը ըսին. «Կը խնդրեմ որ ներողամիտ գտնուի»: Իսկ այս անձը ըսաւ. «Չեմ կրնար գալ» (Յունարէն՝ ou dunamai elqein-ու տինամէ էլթհին): Խորքին մէջ, ո՛չ թէ «չէր կրնար» երթալ, այլ՝ «չէր ուզեր» երթալ: Այս ճշդումը ընելը շատ կարեւոր է, որովհետեւ ասիկա ցոյց կու տայ, որ ոեւէ մարդ չի կրնար ըսել, թէ «չի կրնար» ընդառաջել արքայութեան հրաւէրին: Ամէն մարդ կարող է ընդառաջել: Յիսուսի գիրկը բաց է բոլոր մարդոց առջեւ: Բայց մարդիկ իրենք է որ «չեն ուզեր» ընդառաջել, այո՛, «չեն ուզեր» եւ ո՛չ թէ չեն կրնար:

Եթէ ըսենք, մարդիկ «չեն կրնար» ընդառաջել արքայութեան հրաւէրին, մեղադրելին եւ հաշուետուն Աստուած Ի՛նք կ՚ըլլայ, իսկ եթէ ըսենք, մարդիկ «չեն ուզեր» ընդառաջել արքայութեան հրաւէրին, մեղադրելին եւ հաշուետուն մարդիկ իրե՛նք կ՚ըլլան:

3.- Ովքե՞րը կը ներկայացնէ ամուսնացող մարդը: Օգոստինոս կ՚ըսէ, թէ այս ամուսնացող մարդը կը ներկայացնէ այն մարդիկը՝ որոնք մարմնական հաճոյքները կը փոխանակեն սրբութիւններուն հետ:

Իսկ համաձայն Ամբրոսիոսի, ամուսնացող մարդը կը ներկայացնէ այն մարդիկը՝ որոնք երկրաւոր հոգեր կ՚ունենան, ջանալով իրենց կնոջ կամքը կատարել (Ա.Կր 7.33):

3.- «Անմիջապէս քաղաք գնա՛ եւ հրապարակներուն ու փողոցներուն մէջ որքան որ աղքատ, խեղանդամ, կաղ եւ կոյր տեսնես՝ բոլորն ալ հոս բեր»: Քաղաքը որուն մասին բնագիրը կը խօսի, կը պատկերացնէ Երուսաղէմ քաղաքը: Փրկութեան հրաւէրի ձայնը առաջին անգամ հո՛ն էր որ պիտի հնչուէր, հոնկէ տարածուելու համար քաղաքին հրապարակներն ու փողոցները, ապա հոնկէ եւս դուրս գալու եւ դառնալու սեփականութիւնը ամբողջ Հրէաստանին, Սամարիային եւ աշխարհին: Ասոր վկայութիւնը մենք կը գտնենք Գործք Առաքելոց գիրքին 1.8-ին մէջ, որ կ՚ըսէ. «Երբ Սուրբ Հոգին իջնէ ձեր վրայ, զօրութեամբ պիտի լեցուիք եւ Իմ վկաներս պիտի ըլլաք՝ Երուսաղէմի, ամբողջ Հրէաստանի եւ Սամարիայի մէջ, եւ մինչեւ աշխարհի ծայրամասերը»:

4.- Հրապարակ, փողոց, աղքատ, խեղանդամ, կաղ, եւ կոյր: Այս բոլոր բառերը կը պարզեն հիմնական մէկ բան, այն՝ որ հասարակ խաւին, այլ խօսքով, աղքատ եւ անուս խաւին պատկանող հրեաներուն որոշ մէկ մասը ընդառաջեց արքայութեան հրաւէրին: Որո՞նք եղան արքայութեան հրաւէրը մերժողները եւ այդ հրաւէրին ընդդիմացողները.-

ա.- Մերժողները եղան ընդհանրապէս ուսեալ ու հարուստ, դիրք ու հանգամանք ունեցող մարդիկը, եւ առաջին հերթին Փարիսեցիները իրենք, որոնք «արտեր ունէին» այլ խօսքով՝ որոնք կապուած էին այս աշխարհին իրենց մտայնութեամբ, եւ որոնք խոստացեալ Փրկիչէն երկրաւոր թագաւորութիւն ակնկալող ու հետապնդող մարդիկ էին:

բ.- Տիրոջ հրաւէրը մերժեցին նաեւ Օրէնքի ուսուցիչները, որոնք ապաւինած էին «հինգ զոյգ եզերուն», այսինքն՝ Մովսէսի հինգ գիրքերուն եւ այդ գիրքերուն մէջ տեղ գտած տասը պատուիրաններուն, որոնց մէջ կը տեսնէին իրենց ազատագրութիւնն ու փրկութիւնը:

«Կ՚ըսեմ ձեզի, որ առաջին հրաւիրեալներէն ո՛չ մէկը իմ ընթրիքէս պիտի ճաշակէ» (Ղկ 14.24):

Քանի մը մատնանշումներ.-

1.- Ուշադրութիւն պէտք է դարձնել, որ այստեղ խօսքը ընդհանուր կերպով հրեայ ժողովուրդին մասին չէ, այլ՝ «առաջին հրաւիրեալներուն» մասին, իսկ որո՞նք են առաջին հրաւիրեալները: Ասկէ առաջ բացատրեցինք, որ անոնք Փարիսեցիներն ու Օրէնքի ուսուցիչներն են: Առաջին անգամ անոնք էր որ պէտք էր դարձի գային, մանաւանդ որ ուսեալ էին եւ լաւապէս ծանօթ՝ Մովսիսական օրէնքներուն եւ Մեսիային վերաբերող մարգարէական կանխասացութիւններուն: Անոնք ունէին այնպիսի առաւելութիւններ, որոնցմէ զրկուած էր անուս դասակարգը, բայց անոնք փոխանակ օգտագործէին իրենց ունեցած առաւելութիւնները եւ Յիսուսի գային, ընդհակառակը, իրենց գիտութիւնը օգտագործեցին ընդդիմանալու գիտութեան Աստուծոյն՝ Քրիստոսի:

2.- «Ո՛չ մէկը իմ ընթրիքէս պիտի ճաշակէ»: Փարիսեցիներուն եւ Օրէնքի ուսուցիչներուն համար ըսուած այս խօսքը չենք կրնար հասկնալ իր բացարձակ իմաստով, որովհետեւ եղան Փարիսեցիներ, որոնք հաւատացին Յիսուսի, ինչպէս օրինակ Նիկոդեմոս (Յհ 3.1-4, 7.50-51, 19.39), Պօղոս առաքեալ (Փիլ 3.5), եւ ուիրշներ: Ղուկաս կը հաստատէ, թէ «նոյնիսկ քահանաներէն շատ-շատեր հաւատքը կ՚ընդունէին» (Գրծ 6.7):

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

5 Դեկտեմբեր 2022, Վաղարշապատ

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 10, 2022