ԾՆՆԴԵԱՆ 150-ԱՄԵԱԿ. ԱՆՐԻ ՄԱԹԻՍԻ
20-րդ դարու տաղանդաւոր արուեստագէտ, ֆրանսացի գեղանկարիչ ու քանդակագործ, «ֆովիզմ» ուղղութեան հիմնադիր-ներկայացուցիչ՝ Անրի (Հենրի) Մաթիսի ծննդեան 150-ամեակն է այս տարի:
Անրի Էմիլ Պէնուա Մաթիս ծնած է 1869-ի դեկտեմբեր 31-ին, Ֆրանսայի Քաթօ Քամպէզի փոքրիկ քաղաքը: 1882-1887 թուականներուն միջնակարգ դպրոցը, ապա Սեն Քանթենի Անրի Մաթենի վարժարանն աւարտելէ յետոյ, ան կը մեկնի Փարիզ, ուր կ՚ուսանի Իրաւագիտութեան դպրոցին մէջ: 1888-ին աւարտելով ուսումը, Անրի կը վերադառնայ Սեն Քաթեն եւ աշխատանքի կը լծուի իբրեւ փաստաբանի քարտուղար:
1889 թուականին կուրաղիի վիրահատութիւնը ճակատագրական կտրուկ փոփոխութեան պատճառ կ՚ըլլայ Անրիին համար. յետվիրահատական շրջանին մայրը անոր նկարչական իրեր կը նուիրէ: Սկիզբը Անրի գունաւոր բացիկներ կը կրկնօրինակէ, իսկ յետոյ կ՚որոշէ նկարիչ դառնալ եւ կը մտնէ Քանթեն տը լա Թուրի նկարչական դպրոցը: 1891 թուականին՝ ձգելով իրաւաբանական գործունէութիւնը, ան կ՚երթայ Փարիզ եւ կ՚ընդունուի Ժիւլեանի ակադեմիան: 1893 թուականին կը տեղափոխուի Փարիզի École Nationale Supérieure Des Arts Décoratifs բարձրագոյն դպրոցը: Ապա 1895-ին կ՚ընդունուի Կիւսթաւ Մորոյի արուեստանոց՝ որպէս հրաւիրեալ ուսանող: Այդ շրջանին Անրին կը գտնուի ժամանակակից նկարիչներու եւ ճաբոնական աւանդական արուեստի ազդեցութեան տակ։
1896 թուականին Մաթիսը կը ծանօթանայ հռչակաւոր քանդակագործ Օկիւսթ Ռոտենի, նկարիչ Էմիլ Պերռնարի եւ Վինսենթ վան Կոկի ընկեր ու անոր գործերու մեծ հաւաքածոյի տէր՝ աւստրալիացի նկարիչ Ճոն Փիթըր Ռասելին հետ: Ռասել Անրիին Վան Կոկի երկու աշխատանք կը նուիրէ, կը ծանօթացնէ անոր աշխատանքներու եւ, ընդհանրապէս «իմփրեսիոնիզմ» ուղղութեան հետ: Շփումը Ռասելին հետ արմատական ազդեցութիւն կ՚ունենայ Անրիին վրայ. աւելի ուշ ան իր ուսուցիչն ու գունային տեսութեան բացայայտողը անուանած է Ռասելը:
1896-ին Մաթիսի հինգ նկար կը ցուցադրուին Գեղարուեստից ազգային միութեան դահլիճին մէջ: Երկու կտաւ կը գնուին կառավարութեան կողմէ, որոնցմէ՝ «Կարդացող կինը»՝ Ֆրանսայի նախագահ Ռամպուի բնակարանին համար: Ցուցահանդէսէն յետոյ Անրի Մաթիս կը դառնայ Գեղարուեստից ազգային միութեան անդամ:
1898 թուականին նկարիչը Ամելի Փերէյրին հետ կ՚ամուսնանայ՝ Լոնտոնի մէջ անցընելով մեղրալուսինը: Յետագային անոնք երկու որդի կ՚ունենան: Իսկ մինչ այդ՝ 1894 թուականին ան անօրինական դուստր մը կ՚ունենայ իր բնորդուհի Գարոլինա Ժոլպոյէն:
1890-1904 թուականներուն Մաթիս փնտռտուքներու եւ ստեղծագործական որոնումներու մէջ կ՚ըլլայ՝ փորձելով գտնել իր ուրոյն ուղին արուեստի մէջ: Ան կը սկսի խորութեամբ ուսումնասիրել հռչակաւոր նկարիչներու ստեղծագործութիւնները: Իր վրայ մեծ ազդեցութիւն կը ձգեն Փոլ Սեզանի գործերը: Ան Սեզանը իր ներշնչանքը կը համարէր: Այս շրջանին, Մաթիս կը ստեղծէ իր ամենայայտնի կտաւներէն մէկը՝ «Պարը»:
1904 թուականի յունիսին, Վոլմար Ամպրուազ պատկերասրահին մէջ կը բացուի Մաթիսի առաջին անհատական ցուցահանդէսը, որ սակայն մեծ յաջողութիւն չի գտներ: Իսկ իր առաջին գլուխգործոցը՝ «Շքեղութիւն, հանգիստ եւ վայելք» կտաւը կ՚ըլլայ՝ ստեղծուած 1904-1905 թուականներուն:
1905-ին Մաթիս, Անտրէ Տերենի հետ կը ստեղծէ նոր ոճ մը, որ պատմութեան մէջ մտաւ «ֆովիզմ» անունով. այդ ոճին բնորոշ էին հարթ եւ պարզ պատկերները, յստակ գիծերը եւ միագոյնութեան գերիշխումը։ Ֆովիզմի մէջ Մաթիսին յաղթանակ կ՚ապահովէ «Գլխարկով կինը» կտաւը: (Ֆովիզմը արուեստի մէջ որպէս ուղղութիւն տեւեց քանի մը տարի՝ 1904-1908 թուականներու միջեւ եւ իր անունը ստացաւ համախոհ նկարիչներու՝ Մաթիսի, Տերենի եւ Մորիս տը Վալամիքի կողմէ. ֆր.-fauve՝ վայրի, ազատ, այսինքն՝ ընդհանուր տիրող կանոնները չընդունող):
Ֆովիզմի դերի շուտափոյթ նուազումը եւ խումբին լուծարումը ոչ մէկ բացասական ազդեցութիւն կ՚ունենան Մաթիսի ստեղծագործական վերելքին վրայ։ Անոր լաւագոյն աշխատանքներէն մի քանին ստեղծուած են ճիշդ այդ ժամանակահատուածին։
1906-նին Մաթիս կը ծանօթանայ երիտասարդ նկարիչ Փապլօ Փիքասոյին հետ: Փիքասոն զայն գլխաւոր մրցակից եւ ընկեր կը համարէր։ Նոյն թուականին Անրին կը ճամբորդէ Ալժիր եւ Պիսքրա-օազիս ու կը տարուի իսլամական զարդանախշերու գծերով՝ արապեսքա ոճով։ Այդ ժամանակ ան իրեն համար կը բացայայտէ ափրիկեան ժողովուրդներու քանդակագործութիւնը, վիզմ»ով եւ դասական ճաբոնական փայտափորագրութեամբ։ Այդ շրջանին է, որ կը ստեղծուին նկարիչի առաջին վիմագրութիւնները՝ փայտի եւ խեցիի վրայ։
Հետաքրքրական է, որ «Կանաչ երիզ» (հեղինակային անուանումը՝ «Մատամ Մաթիս») կտաւը, ուր հեղինակը պատկերած է իր կինը, ժամանակակիցները ապշեցուցած է իր «անճոռնիութեամբ»: Իսկ այսօր ան հազարաւոր տոլարներ կ՚արժէ: Մատամ Մաթիսի սանտրուածքը հեղինակը վրձնած է սեւ ու կապտամանիշակագոյն երանգներով: Պայծառ վարդագոյն եւ գոց կանաչ երանգներով նկարուած դէմքի երկու կէսերը կը սահմանազատուին նկարի բանալին հանդիսացող տարրով՝ կանաչ երիզով: Այն կը հատէ մատամ Մաթիսի դէմքը՝ վերէն վար եւ կը շեշտադրուի քիթին վրայ:
Կտաւը «Կանաչ երիզ» անուանումը ստացած է իր գնորդներէն՝ Սառա եւ Մայքըլ Սթայններու կողմէն:
Ինչպէս բոլոր հռչակաւոր մարդիկ, Մաթիս եւս տարօրինակութիւններ ունէր. մինչ նկարել սկսիլը, ան մէկը խեղդելու սուր ցանկութիւն կ՚ունենար….
Մաթիսի վերջին ընդարձակ հարցազրոյցը առաձին գիրքով, ուր ան կը պատմէ իր արուեստի եւ հոգեկան վիճակին մասին, տպագրուեցաւ պատրաստ ըլլալէ 72 տարի վերջ՝ 2013-ի սեպտեմբերին: Հարցազրոյցը կատարուած էր 1941-ին՝ քանի մը օր շարունակ, Լիոն եւ Նիցցա քաղաքներու մէջ: Մաթիս զայրացած էր, որ հարցազրոյցը յապաւուած էր իր խօսքերը կրճատելու հաշւոյն՝ ձգելով 260 էջ միայն: Կրճատման պատճառ դարձած էին պատերազմական շրջանին թուղթի սակաւութիւնը եւ տպագրման ծախսերը կրճատելու անհրաժեշտութիւնը:
«Դուք աղաւաղել կ՚ուզէք իմ աշխատանքը, ես կա՛մ կ՚ընեմ լաւ, կամ ընդհանրապէս չեմ ըներ: Կամ կը տպագրէք 310 էջը ամբողջութեամբ, կա՛մ ընդհանրապէս չէք տպագրեր», ըսած էր Մաթիս:
Գիրքի խմբագիր, Փրոֆ. Սերժ Կիլպոն նշած է, թէ Մաթիսի թոռան հետ երկարատեւ բանակցութիւններէն յետոյ միայն հնարաւոր դարձած է գիրքի ամբողջական տպագրութիւնը:
ՇԱՔԷ ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ