«ԼԵԶՈՒՆ ԵՒ ԱՐԻՒՆԸ» ԿՈՍՏԱՆ ԶԱՐԵԱՆԷՆ ՆՈՐ ԳԻՐՔ

Ընթերցողին սեղանին Կոստան Զարեանէն նոր գիրք մը կայ՝ «Լեզուն եւ արիւնը. Յօդուածներ ու էսսէներ» խորագրով, որ հրատարակուած է գրականագէտ Երուանդ Տէր-Խաչատրեանի աշխատասիրութեամբ:

Զարեանի բազմաժանր գրականութեան մէջ իրենց պատուաւոր տեղը ունին իր գրած յօդուածներն ու էսսէները: Էսսէի սեռը, գրականութեան մէջ, բնորոշուելով իբրեւ քննասիրութիւն կամ փորձագրութիւն, մեր գրականութեան մէջ այնքան ալ մեծ տարածում չէ ունեցած, բայց ահաւասիկ, Կոստան Զարեանը յաճախ դիմած է այս ճիւղին՝ արտայայտելով իր մտածումները, խորհրդածութիւնները եւ յաճախ գրական ու իմաստասիրական շունչ տուած է իր այդ գրութիւններուն:

Քննասիրական իր գործերը Կոստան Զարեան գրած է 1908 թուականէն, եւ այդ սեռի գործերուն զուգահեռ անոր ստեղծագործական կեանքին մէջ միշտ ներկայ եղած է յօդ-ւածագրութիւնը:

«Լեզուն եւ արիւնը» ժողովածոն գրողին էսսէներուն եւ յօդուածներուն հարուստ ժառանգութեան ամփոփումն է, որ լոյս կը տեսնէ երկու գիրքով, որոնցմէ տակաւին Ա. հատորը հրատարակուած է: Երկու գիրքերուն մէջ ալ ներառուած են անտիպ յօդուածներ, դիմաստուերներ, օրագրութիւններ եւ իր ժամանակի մամուլի էջերուն մէջ ընթերցողին անծանօթ մնացած նիւթեր: Իսկ Զարեանի՝ ֆրանսերէնով գրած շարք մը հատուածներ այս գիրքին մէջ հայ ընթերցողին կը ներկայացուին առաջին անգամ:

Կոստան Զարեանի նոր գիրքը հրատարակած են Հայաստանի «Անտարէս», «Սարգիս Խաչենց» եւ «Փրինթինֆօ» հրատարակչութիւնները: Մինչեւ պատրաստ ըլլայ գիրքին Բ. հատորը, Ա. հատորը արդէն իսկ վայելքի դռներ բացած է Կոստան Զարեանի գրականութեան սիրահարներուն:

Վերլուծելով Կոստան Զարեանի տեսական ժառանգութիւնը, գրականագէտ Երուանդ Տէր-Խաչատրեան գիրքի յառաջաբանին մէջ կը գրէ.

«Կոստան Զարեանի գրական ուղին կ՚անցնի ոչ միայն ժամանակներու, այլեւ Երկիրներու ու Աստուածներու, ժողովուրդներու ու մշակոյթներու, բնագաւառներու ու ասպարէզներու, զանազան հասարակութիւններու ու հանրային շերտերու, քաղաքական զանազան կարգերու ու կառավարման զանազան ձեւերու ու հարիւրաւոր ու նոյնիսկ հազարաւոր անձերու ու անհատականութիւններու բազմութեան մէջէն:

«Եւ այդ ամէնը իրենց անդրադարձը ունեցած են գրողին ստեղծագործութիւններու էջերուն մէջ. գրողի անոր հայեացքը աշխարհային այդ վիթխարի բազմազանութենէն ու հարստութենէն միշտ զատած է կարեւոր եւ ուշագրաւ դիպուած մը, իրողութիւն մը, իրադարձութիւն մը, նոյնիսկ աննշան թուացող մանրամասնութիւն մը, որ գրողական արուեստը կը դարձնէ իրօք տեսնելու եւ տեսանելու արուեստ: Անցնելով Ֆրիտրիխ Նիցշէի, Հենրիկ Իպսէնի, Օսվալդ Շպէնկլէրի, Հերման Կայզերլինկի, Պենեդետտօ Կրոչէի, Օրթեկա ի Կասետի եւ այլոց գրականութեան ու գեղագիտութեան փորձութիւններէն, եւրոպական տեսութիւններու եւ փիլիսոփայական ըմբռնումներու բազմազանութեան մէջ գրողը կը պահպանէ իր ինքնուրոյն հայեացքը մարդու, բնութեան, կեանքի հանդէպ, եւ կը պահպանէ մանաւանդ իր ցեղի, իր ժողովուրդին նախաստեղծ ոգիի ու հանճարի գիտակցութիւնը: Այս առումով մեր գրողներէն թերեւս ոչ մէկը ունեցած է եւ ունի այն խոր եւ մեծ կապը հայ հինաւուրց մշակոյթի, հայ հնագոյն քաղաքակրթութեան հետ, որ ունի Կոստան Զարեանը: Այդ կապը անոր երկերուն մէջ կը դրսեւորուի բարձրագոյն ձեւով՝ իբրեւ գեղարուեստական մտածողութիւն եւ աշխարհայեացք, իբրեւ ոգեկան ոլորտ եւ լեզուամտածողութեան բարձրագոյն համակարգ, վերջապէս, իբրեւ ներաշխարհ, անհատականութեան դրսեւորում ու նկարագիր: Այդ իրողութիւնն ալ, որ կը կերպաւորուի իբրեւ գրողին ստեղծագործութեան ընթացքը պայմանաւորող բարձրագոյն գիտակցութիւն, գրողին իրաւունք եւ հնարաւորութիւն կու տայ բոլորովին այլ ձեւով՝ իւրովի նայիլ արուեստի ու գրականութեան խնդիրներուն եւ համաշխարհային քաղաքակրթութեան իրակութիւններու ոլորտը մտնել եւ մնալ իր ցեղի արժանապատիւ ներկայացուցիչը»:

Թերթելով «Լեզուն եւ արիւնը» ժողովածոն, զարմանքով կարելի է նկատել, թէ գեղար-ւեստական բարձր գրականութիւն ստեղծելուն զուգահեռ, Զարեան, ինչպիսի փութաջանութիւն եւ նախանձախնդրութիւն ունեցած է գրելու թատերախօսականներ, գրախօսականներ, յոբելեանի խօսքեր, ուղեգրութիւններ, ճամբորդական նօթեր, նկարչական ցուցահանդէսներու տեսութիւններ, կերպարուեստի հարցերու շուրջ վերլուծութիւններ. ստեղծած է գրողներու եւ արուեստագէտներու դիմանկարներ, համաշխարհային մշակոյթի զանազան շերտերու շուրջ գրի առած է իր մտածումները, խոհերը…

Այդ բոլորին հետ, ինչպէս կը նշէ Երուանդ Տէր-Խաչատրեան, գրողը տասնամեակներ շարունակ պահած է օրագիր, բայց ոչ սովորական, այլ՝ գրողի օրագիր: Զարեանը իր այդ գրառումներուն համար ժամանակին յօրինած է «նաւատոմար» բառը եւ իր օրագիրը գրած է իբրեւ նաւատոմար: Այսօր, Զարեանի արխիւին մէջ տակաւին անոր «Նաւատոմար»ի՝ ընթերցողին անծանօթ եւ անտիպ տետրակներ կան: «Լեզուն եւ արիւնը» հատորին մէջ ներառուած են 1930-ականներուն գրած Նաւատոմար-օրագրերը, որոնք կը տպագրուին առաջին անգամ:

Այս գիրքին մէջ լոյս տեսած գրութիւններուն նշանակալի մէկ մասը գրողը գրած է Պոլսոյ մէջ: Երբ 1910-ին Պելժիայէն կը հասնի Պոլիս, արեւմտահայ մտաւորականութիւնը արդէն կը ճանչնար զայն, այդ մասին կը գրէ «Ազատամարտ»ը, լուր մը թողարկելով եւ նշելով, որ Պոլիս ժամանած է Եւրոպայի մէջ նշանաւոր մտաւորական Կոստան Զարեան: Գրողը անմիջապէս կը յայտնուի պոլսահայ մշակութային, գրական կեանքի կեդրոնին, յօդուածներ կը գրէ տեղւոյն մամուլին մէջ, իսկ յետագային ինք կը յղանայ եւ կը հրատարակէ մամուլի անուններ: Հանգամանքներու բերումով Պոլիսէն հեռանալով, ան երկրորդ անգամ Պոլիս ոտք կը դնէ 1921 թուականին, եւ այդ ժամանակ է, որ կը հրատարակէ «Բարձրավանք» հանդէսը, բառ մը, որ իր յօրինածն էր, իբրեւ արուեստի բարձրագոյն տաճար:

Առհասարակ, բառերու յօրինումը՝ բառաստեղծումը Զարեանի արտայայտամիջոցներէն մէկն էր, որով ի ցոյց կը դնէր բառի միջոցաւ աշխարհ մը ստեղծելու իր կարողութիւնը եւ որուն միջոցաւ ալ պարզ էր լեզուին հանդէպ իր անսահման սէրը:

Երուանդ Տէր-Խաչատրեան նկարագրելով գրողին անցած ճամբան, կը նշէ, որ լիովին ապրած ըլլալով որպէս արեւմտահայ, արեւելահայ, սփիւռաքահայ, եւ նոյնիսկ հայրենադարձ գրողի ճակատագիրը, Կոստան Զարեան իր էութեամբ կատարեալ հայ էր, ազատ, նախնական հայ: «Իր ըսած Արարատեան մարդու լաւագոյն տեսակն ու օրինակը ինքն էր եւ հայ արդի գրականութիւնը կը տանէր իր մատնանշած նոր ճանապարհով», կը գրէ Երուանդ Տէր-Խաչատրեան:

Այս փետրուարին լրացաւ գրողին, հրապարակագիրին, արուեստաբանին եւ մեծ գեղագէտին 135-ամեակը:

«Լեզուն եւ արիւնը» նոր տպուած ժողովածոյէն կը ներկայացնենք գրութիւն մը՝ «Հայուն Յիսուսը», որ 1914 թուականին տպուած է «Մեհեան»ի մէջ։

ՀԱՅՈՒՆ ՅԻՍՈՒՍԸ

Ես կը սիրեմ Յիսուս Նազովրեցին եւ կը հաւատամ անոր:

Կը սիրեմ Պղատոնը եւս, եւ Տանդէն, եւ կը հաւատամ անոնց:

Հելլէնական ճարտարապետական ձեւի պարզ գծերու խորանկարին վրայ, Պղատոնը կը հանդիսանայ ակներեւ ու պայծառ, յղի գաղափարի մաքրամաքուր լոյսերով, աչքերը յառած կեանքի մեծ խորհուրդին վրայ, եւ եթէ Տանդէն կը վերցնէ յայտնատեսական խրթին տեսիլքներ, բանդագուշեալ շրջապատկերներով, խենթութեամբ քանդակուած երկինքներով, ուր դժոխքն եւ արքայութիւնը կը հաստատէ, այնուամենայնիւ, վստահ են ու վեհ իր քայլերը եւ իր անձը գծուած է մեր աչքերուն առջեւ իր ամբողջութեամբ:

Յիսուսը, մեր հոգիներուն մէջ, սքօղուած է գունատ անստուգութեամբ մը:

Ժագոպ Սմիթ մը իրաւունք ունի զայն նստեցնելու ֆլամանտացի ընտանիքի սեղանին շուրջը: Մուրիլլօ մը կամ Վելասգեզ մը կարող են նշաւակել անոր մարմինը եւ անոր աչքերուն մէջ դնել վառած ածուխ, վասն զի Սպանացին կը պահէ զայն իր հոգւոյն դժոխքին մէջ, հոգի մը, որ միշտ լեցուն է կրօնական տուայտանքներով:

Եւ կապոյտ երկինքի տակ, կոպճուտ ճանապարհներու վրայ, Իտալացին կը գծէ անոր պատկերը որպէսզի կարողանայ տեսնել զայն ամէն տեղ եւ միշտ՝ իր զօրաւոր տէրը եւ եղբայրը:

Բայց ո՞վ տեսած է, ո՞վ կը ճանչնայ Հայուն Յիսուսը:

Մեր Յիսուսը սոսկալիօրէն լռած է եւ ան երբեք ապրած չէ հայ հոգւոյն ներքնախորը, վասն զի ո՛չ ոք տեսած է զայն:

Անիծեալ գիշերներուն մէջ, երբ երկինքը նզովք կը թափէր լորձունքի նման, երբ հայ քաղաքը կ՚ապրէր սոսկումի վախը, երբ մռայլ տուներու դռները զարդարուած էին արիւնախանձ նշաններով, ոճիրին Տօնը լալու համար, մենք մեծ յոյսերով սպասեցինք անոր, - բայց ան երբեք չեկաւ:

Հայաստանի դաշտերուն վրայ, Մահն ու Ոճիրը յաճախ պարեցին տիւրերական սարապանտը եւ սքօղեցին կարմիր ստուերներով մեր աղօթքներու բոյսերը - բայց Յիսուս այնտեղէն երբեք չանցաւ:

Մեր տանջանքներուն դարերը հրդեհեցին երկինքը՝ վտանգը պոռացող մեր ձայներով եւ կառուցին սոսկավիթխար տաճարը մեր կմախքներուն - Յիսուս ոչ մէկ լոյսով զայն լուսաւորեց:

Մենք ոռնացինք դժբախտութիւնը, մտաբերեցինք Գողգոթան եւ մեր արիւնովը լուացինք անոր երեւակայական ոտքերը - բայց զայն երբեք չտեսանք:

Յիսուս օտար է մեզի:

***

Եթէ Յիսուսը ապրած չէ մեր հոգիներուն մէջ, եթէ մեր գաղափարներուն մօտ չէ ան, եթէ մենք չենք կարողացեր անոր պատկերը ստեղծել, իկօնի վերածել եւ արուեստ ստեղծել անով, պատճառը այն է, որ անոր ներքին բարոյականը, անոր իմացականութիւնը եւ ենթագիտակցական գաղտնիքը հեռու են մեզմէ:

Ազգային հանճարը, հիանալի յայտնատեսութեամբ մը ընդունելով Քրիստոնէութեան հիմնադրին պատուէրները, չէ ըմբռնած, չէ ապրած անոր ներքին եւ անձնական պայքարը: Հայկական հանճարը վերաստեղծած չէ, ցաւած չէ յղացման ցաւերով, վառած չէ նորէն կրօնաստեղծի բարոյական խարոյկը:

Ո՛չ մէկ գաղափար, ինչքան նոր եւ գեղեցիկ ըլլայ ան, կարելի է իւրացնել պարզօրէն, առանց ներքին պայքարի, առանց հոգեբանական ճիգի մը, որ կը մղէ զմեզ նորէն վերաստեղծելու զայն:

Նոյն կրօնքը կամ վարդապետութիւնը, տարածուելով տարբեր ժողովուրդներու մէջ, տարբեր ձեւեր եւ արտայայտութիւններ կ՚ունենայ, եւ ցեղին առաքինութիւններն եւ բարոյական հարստութիւններն են որ կ՚ապրեցնեն նոր կրօնքը եւ ոչ թէ հակառակը:

Քրիստոնէութիւնը ընդունելով մեր մէջ, այն ազատամիտ եւ համակրելի ձեւով, որ գիտենք, դժբախտաբար, աղքատ մնացած է. ան կարծես չունի ամենագլխաւորը՝ սիրտը, եւ Յիսուս հոն բռի կը մնայ:

***

Յիսուսը իսկական ստեղծագործողի եւ ինքնաստեղծի մեծաշուք օրինակն է:

Ան սոսկալի կռուի մարդն է՝ կռիւ, զոր մղեց ինքն իր դէմ:

Տարօրինակ, հոյակապ ճիգով մը, ան ոչնչացուց, մաքրեց ու սպաննեց այն որ իր արիւնին, հոգւոյն եւ մարմնին թուլութիւնը կը կազմէր՝ ՍԵՄԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ:

Առաջինն եղայ ան, հասկնալու գերագոյն յայտնատեսութեամբ մը, սեմական թոյնի վտանգը որ կը խեղդէր իր երակները, կ՚ուժասպառէր իր դնդերը, կը նուազեցնէր իր մտային կարողութիւնը, կը պարարէր իր սիրտը եւ անտարբերութեամբ կը լեցնէր իր հոգին: Արիական իտէալը առաջին երկնային ճառագայթը եղաւ, որ լուսաւորեց իր անձը եւ իր առջեւ բացաւ այն ոսկեփայլ եւ զմրուխտասփիւռ ճանապարհը, որ գիտակցօրէն տարաւ դէպի Գողգոթան:

Յաղթել ինքզինքին, տէրն ըլլալ բոլոր առաքինութիւններուն եւ խորհուրդներուն զոր անձդ կը պարունակէ իր մէջ, ըսել է՝ տիեզերական ոյժ դառնալ, ըսել է՝ աստուածանալ:

Այս հսկայ մարդը, այն օրն իսկ երբ կ՚ազատի իր ցեղին վատթարութիւններէն, իտէալամարտ մը կը դառնայ:

Սեմականը երբեք իտէալ չունի. ան ունի գործնապաշտ նպատակներ, բայց երազ՝ երբե՛ք: Սեմականը անհունը չի ճանչնար (Ֆիլոն Աղեքսանդրացին), ան կը սպասէ Աստուածի մը, բայց չի փնտռեր զայն:

Սեմական ցեղը ստորադաս ցեղ մըն է. ան կանացի է եւ նիւթապաշտ (Օթթօ Վայնինկեր):

Սեմականը թռիչք չունի, ստեղծագործութենէ հեռու, անհանճար ցեղ մըն է, որ կը վախնայ խորհուրդէն եւ տեսիլքէն: Ան գիտէ օրինակել, դիւրութեամբ ըմբռնել, կրկնել, բայց տիեզերական երաժշտութիւնը չի զգար երբեք, ան երգիծաբան է՝ հոգիով կաղ:

Յիսուսը հակահրեան է:

Ան ներքին վսեմ փոխակերպութիւնն է, ադամանդեայ հոգին, ժայռ մըն է ան՝ ընդմիշտ հրկիզուած, ովկիանոս մը ոգեղենութեամբ հարբած:

Յիսուս, միեւնոյն ատեն, բացարձակն է եւ մասնաւորը, շարժումն իսկ է ան, վասնզի ան միշտ, առանց յոգնելու կը քալէ:

Յիսուսը ըմբռնելու համար, պէտք է տառապիլ անոր անձին հետ, պէտք է ամուսնանալ անոր խորին պայքարին հետ, մաքրամաքուր աչքով պէտք է նայիլ անոր վրայ եւ ընդունիլ ոչ թէ այն, զոր ըսաւ, այլ այն, զոր ապրեցաւ ըսելու համար:

***

Ցաւով ըսենք՝ Հայ Հոգւոյն մէջ տուայ-տանք չկայ:

Այս ժողովուրդը, որ ապրած է հարիւր հազար Գողգոթաներ հարիւր հազար Յիսուսներու, այս ժողովուրդը ապրած չէ երբեք ներքին, բարոյական Գողգոթա մը: Ուշագրաւ է կրօնական տագնապներու փնտռումներու պակասը մեր մէջ. ուշագրաւ է նաեւ պակասը առաքելութեան եւ արիականութեան գիտակցութեան:

Հոն, ուր չկայ հոգեկան խորին կեանք, մտածումներ ու բուռն պայքար, անիծեալ հարցերու անխուսափելի մրճահարումը՝ հոն արուեստ չի կրնար ըլլալ:

Արուեստը միսթիք արիւնի հրճուանքն է. հրճուանքն է նաեւ բախտաւոր տեսիլքներու (Gaudium felicissimoe visionis):

Վէրքերուն սրտին մէջ անհրաժեշտօրէն պիտի ծնի նշանաբանը, թէ չէ՝ անէութիւնը կը կլանէ զմեզ:

Ձիւնը եւ Արիւնը ստեղծագործութեան կեդրոնն իսկ են, վասնզի առաջինը՝ նշանաբանն է անարատութեան, իսկ երկրորդը՝ նշանաբանն է զգայավառութեան գինիին:

Յիսուս մանուկ էր եւ ձիւն, եւ զգայավառութիւն (extase) էր ան, վասնզի կը թրթռար հրկիզուած ծաղիկի թերթի մը նման:

Եւ ահա ինչո՛ւ համար զայն պէտք է դասաւորել ամենամեծ արուեստագէտներու շարքին մէջ:

Բարոյագէտները, փիլիսոփաները, ընկերաբանները դիւրին կերպով կարող են ըմբռնել Սուրբ Պօղոսը, օրինակի համար, բայց Յիսուսը՝ երբեք: Զայն կարելի է հասկնալ միմիայն գեղագիտական համակրանքով, արուեստագէտին յատուկ թափանցումով: Անոր յղացումը բանաստեղծական է. ան գոյն է, երաժշտութիւն, գիծեր:

Արուեստ է ան:

Ուշագրաւ է, որ այն ժողովուրդները, որ կը սիրեն եւ կը տեսնեն Յիսուսը, կը զարդարեն զայն: Անոր վէրքերը թանկագին քարերով կը փայլեցնեն եւ իր չարչարուած մարմինը կը փաթթեն ոսկեզօծ նկարներով յեռուած, գոյնզգոյն կտաւներու մէջ:

Եւ Յիսուս, հակառակ տաժանակիր չարչարանքներուն, զորս ապրած է, կը ներկայանայ այս ժողովուրդներուն իբրեւ բերկրանք, ոչ թէ իբրեւ մարտիրոս, այլ իբրեւ ստեղծագործ եւ արուեստագէտ:

***

Յիսուսի հարցը մտերմօրէն կապուած է, հայազգի մտաւորական եւ հոգեկան ապագայ կեանքի բախտին հետ:

Համարը տանք այն արժէքներուն, զորս ունինք եւ միեւնոյն ժամանակ առանց նկատի առնելով խղճուկ խորհրդածութիւնները, դիւցազնական ճիգով մը գիտակցութիւնը ունենանք այն դատարկութեանը, որ կը շրջապատէ զմեզ եւ կը լեցնէ մեր հոգիները:

Արդարեւ, ստրկացած, մեռած բան մը կայ Հայ Հոգւոյն մէջ, որուն դէմ պարտաւոր ենք պայքարիլ:

Յիսուսը զոր դարերէ ի վեր ընդունած ենք կարծես ձեւի համար՝ գոյութիւն չունի ո՛չ մեր արուեստի մէջ, ո՛չ մեր գրականութեան, ո՛չ ժողովուրդին հաւատքին մէջ: Յիսուսը իբրեւ հայ՝ իբրեւ պատկեր, իբրեւ աստուած, որ կ՚ապրի, գոյությիւն չունի:

Ուստի, որպէսզի ապրինք կենդանի կեանքով, հարկ է կա՛մ վերաստեղծել զայն՝ նորէն ապրելով իր անձնական, ներքին պայքարը՝ արիական իտէալին հասնելու համար, կա՛մ պէտք է մարտնչիլ անոր դէմ, տապալել զայն, ստեղծելու համար նոր պատկերը մեր նոր հոգիին:

Վերադառնալ «հին աստուածներուն», ինչպէս ոմանք տգիտօրէն կը խորհին, ըսել է մնալ առանց ոչինչի, վասնզի անոնք իրաւամբ հին են եւ մեռած: «Վերադառնալե» բառն իսկ մտային ծուլութեան նշան է:

Ապրիլ այն հոգեկան աղքատութեան մէջ ինչպէս մենք կ՚ապրինք, կը նշանակէ ոճրագործել մեզի դէմ, եւ տիեզերական խորհուրդին դէմ: Ժողովուրդ մը, որ բարոյապէս չի նորոգուիր, նոր արժէքներ չի ստեղծեր, դատապարտուած է եթէ ոչ մեռնելու, գոնէ ապրելու ամօթալի, դիակի կեանքով մը:

Ես կը հաւատամ, որ այն մտաւորական ազնուականութիւնը, որ նոր կը ծնի, հայկական նոր արիւն մը ունի իր մէջ՝ հրդեհաշունչ եւ զգայավառ:

Կը հաւատամ, որ շատ շուտով, նոր արուեստ որոնելու ուղիին մէջ, ան պիտի հանդիպի կնճռոտ, բայց անհրաժեշտ կրօնական հարցերուն եւ իր վերածնութեան տաճարի մէջ պիտի ընդունի աստուած մը, որ կ՚ապրի եւ կը մղէ ստեղծելու:

Յիսուսը զոր կը սիրեմ, թող ներէ ինծի: Չէի ուզեր զայն տեսնել գունատ եւ աղքատ, ինչպէս կը ներկայնայ մեզի: Գիտեմ, որ ան պիտի նախընտրէր երկրորդ Գողգոթա մը, քան թէ այն անգոյն կեանքը, զոր կը վարէ Հայ հոգւոյն մէջ:

Ես կը զգամ՝ Յիսուս Նազովրեցին կ՚արդարացնէ զիս:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեքշաբթի, Փետրուար 11, 2020