«ՔԻՆՕ ՔՈՆԿ»Ի ՄՐՑԱՆԱԿԱԲԱՇԽՈՒԹԻՒՆԸ

Գա­րա­կէօ­զեան Տան հա­մա­լի­րէն ներս, «Նա­տիա եւ Տիգ­րան Կիւլ­մէզ­կիլ» գե­ղա­րուես­տա­կան աշ­խա­տա­նո­ցի շար­ժան­կա­րի դահ­լի­ճի եր­դի­քին տակ ե­րէկ ե­րե­կո­յեան տե­ղի ու­նե­ցաւ ե­զա­կի ձեռ­նարկ մը։ Այս­պէս, «Քի­նօ քոնկ» կար­ճա­ժամ­կէտ ժա­պա­ւէն­նե­րու խմբա­կին կող­մէ կազ­մա­կեր­պուած էր ե­րե­կոյթ մը, ո­րու ըն­թաց­քին ներ­կա­յա­ցուե­ցան զա­նա­զան կար­ճա­ժամ­կէտ գոր­ծեր։ Այս խմբա­կը կը գլխա­ւո­րէ յայտ­նի ա­րուես­տա­գէտ Սար­գիս Փա­չա­ճը, որ իր ըն­կեր­նե­րուն հետ կազ­մա­կեր­պած էր ե­րե­կոյ­թը։ Ներ­կայ էին նաեւ Գա­րա­կէօ­զեան Տան տնօ­րէ­նու­հի Ա­րու­սեակ Մո­նէ եւ փոխ-տնօ­րէ­նու­հի Նա­րօտ Քու­րու­ղօղ­լու։ Բա­ցու­մին Սար­գիս Փա­չա­ճը շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց Գա­րա­կէօ­զեա­նի ըն­տա­նի­քի հիւ­րըն­կա­լու­թեան հա­մար։

Կար­ճա­ժամ­կէտ ժա­պա­ւէն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­մէն վերջ տե­ղի ու­նե­ցաւ պար­գե­ւատ­րում։ Մրցա­նակ­ներ հաս­տա­տուած էին հինգ ա­նուա­նա­կար­գե­րու մէջ եւ իւ­րա­քան­չիւր ա­նուա­նա­կար­գի մրցա­նա­կը կո­չուած էր Իս­թան­պու­լի հինգ հայ­կա­կան լրա­տուա­մի­ջոց­նե­րու ա­նու­նով։ Լա­ւա­գոյն դե­րա­սա­նու­հին ընտ­րուե­ցաւ Նա­րօտ Ավ­ճը, լա­ւա­գոյն դե­րա­սա­նը՝ Ա­րի Թաշ, լա­ւա­գոյն պա­տա­նի դե­րա­սա­նը՝ Տիա­նա Չի­լին­կեա­րեան, լա­ւա­գոյն բե­մագ­րու­թեան հե­ղի­նակ ճանչ­ցուե­ցաւ Ա­լեքս Ու­ղուր­լեան եւ լա­ւա­գոյն ժա­պա­ւէ­նը ընտ­րուե­ցաւ՝ «Կա­րէն»։

Ե­րե­կոյ­թը ա­ւար­տեցաւ ըն­դու­նե­լու­թիւ­նով, ո­րու ըն­թաց­քին գե­ղա­րուես­տա­սէր­նե­րը շնոր­հա­ւո­րե­ցին «Քի­նօ քոնկ»ի խմբա­կը։

Շաբաթ, Մարտ 11, 2017