ՊԱԼԱՏԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԻ ԲԱՑԱՅԱՅՏՈՒՄՆԵՐ

Մինչ աշխարհի մէկ մասին մէջ մտահոգութիւններ կը տարածուին, որ համաճարակի սկիզբէն աւելի քան մէկ տարի ետք քորոնաժահրը տակաւին կենսունակ է եւ վերջը չ՚երեւիր, աշխարհի ուրիշ հատուածի մը մէջ, աշխոյժ կերպով կը քննարկուին Մեծն Բրիտանիոյ արքայական ընտանիքին շուրջ զրոյցները: Վերջին օրերուն, միջազգային մամուլի էջերուն վրայ, այս նիւթը առաջ անցաւ քորոնաժահրի մասին լուրերէն:

Կիրակի, ամերիկացի հռչակաւոր հեռուստահաղորդավարուհի Օփրա Ուինֆրիին տուած հարցազրոյցին ընթացքին պարզ դարձաւ, որ Մեծն Բրիտանիոյ արքայազն Հերին եւ անոր ամերիկացի կինը՝ նախկին դերասանուհի, նորաձեւութեան տիպար Մեկըն Մարքըլը, համարձակ կերպով «պատերազմ» յայտարարած են Անգլիոյ թագաւորական ընտանիքին դէմ, ուրկէ հեռացած են մօտաւորապէս մէկ տարի առաջ եւ յայտնած, որ պիտի հրաժարին թագաւորական տիտղոսներէն եւ պարզ ու անաղմուկ կեանք մը պիտի վարեն: Սակայն անոնք չէին կանխատեսած, որ աղմուկը պիտի ծաւալի, քանի որ թագաւորական պարտականութիւններէն հրաժարելու աննախադէպ քայլով անոնք տեղի տուած են բազում ասէ-կօսէներու:

Անցեալ տարուան ապրիլի 1-նն անոնք որոշեցին ինքնուրոյն ապրիլ, փոխադրուիլ Միացեալ Նահանգներ, տարուան մէկ մասն ալ անցընել Գանատա, աշխատիլ եւ զբաղիլ ձեռնարկատիրական գործունէութեամբ եւ հրաժարիլ ո՛չ միայն թագաւորական տիտղոսէն, պետական հովանաւորութենէն, այլ նաեւ՝ «Sussex Royal» ապրանքանիշէն։

Թագաւորական ընտանիքը արդէն արձագանգած է վերջերս հեռարձակուած եւ բազում լրատուամիջոցներով կրկնուած հաղորդման ժամանակ հնչած մեղադրանքներուն, ըսելով, որ ընտանիքը Հերիի եւ Մարքըլի յարձակումներուն մտադիր է պատասխանել «արժանավայել լռութեամբ» եւ պատասխանը պիտի ըլլայ թագաւորական ընտանիքի այն անդամներուն կողմէ, որոնց ուղղուած է Հերիի եւ Մարքըլի քննադատութիւնը. «Թագաւորական ընտանիքը չի պատերազմիր, ի տարբերութիւն Սասեքսի դուքսին եւ դքսուհիին», նշուած է Անգլիոյ թագաւորական ընտանիքէն հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ:

Կը հաղորդուի նաեւ, որ Էլիզապէթ Բ. թագուհին մտադիր չէ դիտել աղմկայարոյց հարցազրոյցը, բայց պատրաստ է տեղեկանալ բովանդակութեան:

Հարցազրոյցին ընթացքին Մեկըն Մարքըլ Անգլիոյ թագաւորական ընտանիքը մեղադրած է ցեղապաշտութեան կապակցութեամբ, ըսելով, թէ արքայական տոհմի որոշ անդամներ, Սասեքսի դքսուհիին առաջին յղութեան ընթացքին, անհանգստութիւն յայտնած են ծնելիք երեխայի մորթի գոյնին պատճառով: Մեկընի մայրը ափրօ-ամերիկուհի սեւամորթ մըն է եւ Մեկըն ժառանգած է իր ճերմակամորթ հօր եւ սեւամորթ հօր մորթի գոյնին խառնուրդը: Անոր խառնածին ըլլալուն ակնարկելով՝ արքայական ընտանիքի որոշ ներկայացուցիչներ սկսած են գուշակել եւ տագնապիլ, թէ որքան գոց պիտի ըլլայ անոր որդիի մորթին գոյնը: Միեւնոյն ժամանակ, Մարքըլ չէ պատասխանած այն հարցումին, թէ թագաւորական ընտանիքի անդամներէն մասնաւորապէս ո՛վ եղած է նման զրոյցներու նախաձեռնողը, ան ըսած է՝ «ընտանիքին շատ վնաս պիտի չպատճառեմ եւ պիտի բաւարարուիմ այսքանով»:

Լրագրող Օփրա Ուինֆրի իր խօսքին մէջ ըսած է, թէ Հերին անձամբ խնդրած է եթերէն հասկցնել, որ այն անձը, որուն մասին իր կինը կը խօսի, Էլիզապէթ Բ. թագուհին ու արքայազն Ֆիլիփը չեն։ Մեկըն ըսած է, որ ճիշդ այս պատճառով իրենց որդին տիտղոս չէ ստացած։ Ան ակնարկած է, որ իրենք հրաժարած են թագաւորական պարտականութիւններէն, բայց իրենց որդիին տիտղոսէն չեն հրաժարած, սակայն որդին զրկուած է թագաւորական ընտանիքի պաշտպանութենէն:

Աւելի վերջ թագաւորական պալատը թագուհիի անունով այս առիթով յայտարարութիւն մը կատարելով՝ յայտնեց, որ ամբողջ ընտանիքը վշտացած է, որ Սասեքսի դուքսերը նման դժուար կեանք ունեցած են վերջին տարիներուն եւ պատրաստ են լուրջ կերպով դիտարկել պալատէն ներս ցեղապաշտութեան հարցը:

Հարցազրոյցին ընթացքին դքսուհին խոստովանած է նաեւ, որ արքայական ընտանիքի անդամին պարտականութիւնները իրեն ոչ ոք սորվեցուցած է եւ ինք յաճախ ստիպուած եղած է «Կուկըլ»ի օգնութեամբ, համացանցի մէջ, փնտռել որոշ մանրամասնութիւններ, որպէսզի խայտառակ չըլլայ հանրութեան առջեւ:

Այս հարցազրոյցին ժամանակ համարձակ դքսուհին բացայայտած է նաեւ ուրիշ գաղտնիք մը եւ յայտարարած, թէ ինքն ու Հերին ամուսնացած են հրապարակային արարողութենէն երեք օր առաջ։ Արարողութեան հիւրեր ներկայ չեն եղած, ներկայ եղած է միայն Քենթըրպըրիի արքեպիսկոպոսը, բայց այդ արարողութեան ժամանակ տրուած երդումն է, որ ամուսինները նկատած են իրական պսակադրութիւն: Թէ՛ թագաւորական ընտանիքին եւ թէ՛ իր ընտանիքին կողմէ եղած ճնշումներուն պատճառով Մարքըլ ինքնասպանութեան վատ մտածումներ ունեցած է, ըսած է, որ երկար ժամանակ ինք կը վախնար առանձին մնալէ, այդ վատ մտածումները միշտ հետապնդած են իրեն, մինչեւ որ առաջին յղութիւնը փոխած է իր տրամադրութիւնը:

Դքսուհիին յիշողութիւններով՝ ինք պարզապէս չէր ուզեր ապրիլ եւ յետադարձ հայեացք նետելով, կը հասկնայ, որ դարձած էր մամուլի, ընկերային ցանցերու «իսկական զրպարտչական արշաւին» զոհը:

Արքայազն Հերին ըսած է, որ ինք ամենէն շատ կը վախնար, որ Մեկընի պարագային կրկնուէր իր մօր՝ լէյտի Տայանայի պատմութիւնը, որ լրագրողներէն եւ հասարակութեան ուշադրութենէ խուսափելով զոհ դարձաւ ինքնաշարժի արկածի:

Այս հարցազրոյցէն առաջ Մարքըլ ակնարկած էր, որ իրենց երկրորդ երեխային սեռը արդէն յայտնի է՝ աղջնակ լոյս աշխարհ պիտի բերէ։ Մինչ այդ Մարքըլ, այս տարուան յուլիսին, վաղ յղութեան շրջանին, երեխայ մը կորսնցուցած է:

Աղմկայարոյց վերջին հարցազրոյցը բաղկացած է երկու մասէ՝ Օփրա Ուինֆրիի զրոյցը Մեկընին հետ եւ համատեղ զրոյց Հերիին հետ։ Հարցազրոյցին ծանուցման հրապարակումէն ետք, Պաքինկհամ պալատը պաշտօնապէս յայտարարած է, որ Հերին ու Մեկընը կը զրկուին իրենց պաշտպանութենէն: Այդ մասին արդէն ամիս մը առաջ յայտարարած էին, բայց հարցազրոյցը եկաւ պաշտօնապէս հաստատելու որոշումը: Զոյգին մէկ տարի ժամանակ տրուած էր անցնելու ընտանիքի աւագ անդամներու պարտականութիւններէն զերծ փորձաշրջանը եւ 2021 թուականին կրկին ընտանիք վերադառնալու: Փորձաշրջանը, սակայն, աւարտեցաւ յօգուտ ազատ կեանքի:

Արդէն նախկին դուքսն ու դքսուհին պատասխանելով ըսած են, թէ կը պատրաստուին ծառայել հանրութեան՝ անկախ իրենց պաշտօնական դերէն եւ բնակելու վայրէն։ Հարցազրոյցէն ետք թագուհիի անով հրապարակուած նամակին մէջ կը նշուի նաեւ, որ Հերին, Մեկընն ու անոնց որդին՝ Արչին, ընդմիշտ կը մնան թագաւորական ընտանիքի սիրելի անդամները:

Լրագրողներ բացայայտած են, որ Մարքըլի վրայ բացասական ազդեցութիւն կը ձգեն թագաւորական ընտանիքի անդամներուն սեւեռուն ուշադրութիւնը իրենց ամէն մէկ քայլին վրայ եւ Մարքըլի հայրական ընտանիքէն եկող տեսակ մը ճնշումը:

Ինչպէս յայտնի է, Մարքըլ չի հաղորդակցիր իր հօրը հետ եւ զայն չէր ալ հրաւիրած իր հարսանիքին: Թոմաս Մարքըլ կը շարունակէ դստեր մասին լրագրողներուն տեղեկութիւններ հաղորդել եւ լրատուամիջոցներէն մեծ գումարներ ստանալ:

«The Times» պարբերականը հրապարակած է Մեկըն Մարքըլի խորթ քրոջ՝ Սամանթա Մարքըլի յուշագրութիւններէն հատուած մը: Անոնք հրապարակուած են «Պարծենկոտ արքայադստեր օրագիրը» խորագրին տակ: Սամանթան մէջբերած է Մեկընի հօր խօսքերը՝ իր դստեր եւ Հերիի սիրավէպին սկզբնական շրջանէն։

«Շատ տարօրինակ սիրավէպ մըն է։ Բայց ան բոլորովին այն մարդը չէ, ինչ որ առաջ էր։ Երբ Հերին սենեակին մէջն է, անոր հետ հրեշտակի պէս է, բայց երբ դուրս ելլէ, Մեկընը կը փոխուի, կը դառնայ ուրիշ մէկը՝ չար եւ իշխող», հօր այս խօսքերը գիրքին մէջ գրած է Մեկընի խորթ քոյրը:

Գիրքը տակաւին լոյս չէ տեսած, բայց Մեկընի շրջապատի աղբիւրները լուրեր տարածած են, թէ Մեկըն սարսափով կը սպասէ գիրքին հրատարակման, բայց նաեւ ըսած է, թէ ինք երկու տարեկան եղած ատեն, երբ հայրն ու մայրը բաժնուած են, ինքը մօր հետ ապրած է եւ իր խորթ քոյրն ու եղբայրն ալ չէ տեսած: Քանի մը անգամ փորձեր եղած են Մարքըլին ու հօր յարաբերութիւնները վերականգնելու ուղղութեամբ, բայց ապարդիւն: Մարքըլ նոյնիսկ նամակ գրած է հօրը, խնդրելով վերջ տալ մամուլի միջոցով իր մասին խօսելէ եւ վերականգնել իրական յարաբերութիւնները: Հայրը իր կարգին ըսած է, թէ դուստրն ու անոր բարձրաշխարհիկ ամուսինը չեն արտօներ, որ ինք տեսնէ թոռնիկը եւ իրենք են, որ հեռու կը մնան: Լրագրողները տակաւին չեն գուշակած, թէ այս հարցին մէջ ո՛վ է ճշդախօսը:

Ըստ Մեկըն Մարքըլի մասին այլ գիրքի հեղինակին, թագաւորական ընտանիքի եւ Մարքըլի լարուած յարաբերութիւններուն մեծ մասը յօրինուած է, թագաւորական ընտանիքը կը կարօտնայ Մարքըլը, քանի որ ան առոյգութեամբ կը զարդարէր աւանդական ու կարծր օրէնքներուն կառոյցը:

Հակառակ այս բոլորին, ուղղուած հարցումներուն համաձայն, բրիտանացիներուն 50 տոկոսը դժգոհ է Հերիի եւ Մարքըլի վերջին հարցազրոյցէն, համարելով զայն անտեղի, իսկ զոյգին պահուածքը նկատելով անպատշաճ:

Հարցազրոյցը Մեծն Բրիտանիոյ մէջ ցուցադրուած է մարտի 8-ի երեկոյեան՝ «iTV» հեռատեսիլի կայանէն, դիտած է աւելի քան 11 միլիոն մարդ: Համեմատութեան համար նշած են, որ 2018 թուականի մայիսին, երբ զոյգը կ՚ամուսնանար Ուինտըրս ամրոցին մէջ, արարողութեան ուղիղ հեռարձակումը դիտած է 18 միլիոն բրիտանացի:

Վերջին հարցումներուն ընթացքին բրիտանացիները նաեւ իրենց համակրանքը յայտնած են զոյգին հանդէպ՝ ըսելով, թէ Լոնտոնի մէջ կը զգան իրենց բացակայութիւնը եւ կարօտով կը յիշեն զանոնք:

Հակառակ բրիտանացիներու դժգոհութեան, Սպիտակ տունէն գոհունակութիւն մը ելած է լրատուամիջոցները ցնցող այդ հարցազրոյցին առթիւ: Սպիտակ տան մամուլի քարտուղար Ճոն Փսաքի գովաբանած է Մեկըն Մարքըլի եւ անոր ամուսինին՝ Սասեքսի դուքս արքայազն Հերիի խիզախութիւնը. «Այն մարդէն, որ կրնայ խօսիլ հոգեկան առողջութեան հետ կապուած սեփական պայքարին մասին եւ պատմել իր անձնական պատմութիւնը, խիզախութիւն կը պահանջուի եւ հարկաւ ատիկա բան մըն է, որուն կը հաւատայ նախագահը», յայտարարած է Փսաքի:

Սպիտակ տան մամուլի քարտուղարը այս առիթով անգամ մը եւս ըսած է, թէ Միացեալ Նահանգներ ամուր եւ կայուն յարաբերութիւններ ունի Անգլիոյ ժողովուրդին հետ եւ յատուկ գործընկերութիւն՝ Միացեալ Թագաւորութեան կառավարութեան հետ կարգ մը հարցերու շուրջ, որ, անշուշտ, շարունակական պիտի ըլլայ:

Անցեալ տարի, երբ թագաւորական ընտանիքը դէմ էր, որ Հերին եւ Մարքըլը հեռանան պալատէն, զոյգը սպառնացած է, թէ աղմկայարոյց հարցազրոյց մը կու տայ, եթէ իրենց չարտօնեն հեռանալ: Անգլիոյ թագաւորական ընտանիքը երբեք կողմ չէ եղած, որ իրենց ներքին խոհանոցը հրապարակուի:

Թէեւ ընտանիքը զոյգը ազատ ձգած է իրենց որոշման մէջ, բայց ի վերջոյ, տրուած է աղմկայարոյց հարցազրոյցը, որուն մասին տակաւին երկար պիտի խօսուի պալատէն ներս ու դուրս: Ասիկա եղած է անոնց 2018 թուականի ամուսնութենէն ի վեր առաջին լայնածաւալ հարցազրոյցը:

Հերին նշած է, որ ընտանիքէն առանձնանալէն ետք, մեծ մօր՝ Էլիզապէթ Բ. թագուհիի հետ լաւ յարաբերութիւններ կը պահպանէ, յաճախ կը զրուցեն, սակայն տուժած են յարաբերութիւնները հօր՝ Ուելսի արքայազն Չարլզի հետ:

Մամուլի մէջ կը շարունակեն պնդումները այն մասին, որ թէ՛ Մարքըլ, թէ՛ Հերի, անկանխատեսելի քայլեր կը կատարեն եւ ապա խոր տառապանքի մէջ կ՚ընկղմին՝ մանկութեան եւ պատանեկութեան ժամանակ իրենց տարած ճնշումներուն պատճառով: Արքայազն Հերին ընդամէնը տասներեք տարեկան էր, երբ մայրը՝ լէյտի Տայանան զոհուեցաւ ողբերգական արկածով: Այս դրուագը մեծ հետք ձգած է անոր ներաշխարհին վրայ՝ խոցուած են աշխարհին հետ անոր յարաբերութիւնները: Խոցելի ներաշխարհ մը ունի նաեւ Մեկըն Մարքըլ, որ ծնողքին բաժանումին պատճառով, մանկութենէն ընկճուած է, յետագային անոր վրայ ազդած է նաեւ իր առաջին ամուսինէն՝ բեմադրիչ Թրեւըր Էնկելսընէն բաժանումը:

Բազմաթիւներ թագաւորական ընտանիքին շուրջ չդադրող ըսի-ըսաւներուն պատճառով կը մեղադրեն Մեկընը, որ միշտ ուզած է ըլլալ առաջին դերին մէջ, այդ պատճառով ալ չէ յարմարած պալատի կեանքին, ուր իրմէ առաջ հաստատուած անդամներ եւ դրուած օրէնքներ կային:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան

Հինգշաբթի, Մարտ 11, 2021